Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Շուէտի Հայ Գաղութը

$
0
0
Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան

Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան

Շուէտի հայ գաղութը Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի եւ Դանիոյ հայ գաղութներուն հետ միասին կը մտնէ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան մէջ:

Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութիւնը կազմաւորուած է 1980 թուականին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն   Ա.-ի կոնդակով:

Սկզբնական շրջանին Գերմանիոյ հայ գաղութն ալ ընդգրկուած էր այս պատուիրակութեան կազմի մէջ, որ 1991 թուականին հռչակուած է առանձին թեմ:

Կենտրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան կեդրոնը Վիեննան է`  Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, որուն առաջնորդն է Տիրան վրդ. Պետրոսեան, 2013 թուականէն:

1. Պատմական Ակնարկ

Շուէտահայ գաղութի կրօնական կեանքը սկսած է ձեւաւորուիլ  երկրին մէջ հայկական մշակութային միութիւններու ստեղծման զուգընթաց: Շուէտի հայ գաղութը կազմաւորուած է 1974 թուականին`  ի հաշիւ Լիբանանէն, Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Թուրքիայէն եւ պատմական Հայաստանէն գաղթած հայերու:  Անոնց  հոսքը Շուէտ պայմանաւորուած եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ստեղծուած անկայուն քաղաքական իրավիճակով եւ Շուէտի մէջ ընկերային ապահովութեան բարձր մակարդակով:

Շուէտի հայ գաղութի կեդրոնը Սթոքհոլմն է:  Հայ հոգեւորականները ժամանակ առ ժամանակ  այցելած են Շուէտ, պատարագ մատուցած եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարած: 1977 թուականին Սթոքհոլմ այցելած է Ղեւոնդ արք. Չէպէեանը: 1978 թուականին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ  Սերովբէ արք. Մանուկեանի գործուն ջանքերով եւ տեղի հայորդիներով հիմքը դրուեցաւ Շուէտի մէջ հայ եկեղեցական համայնքին:

Գաղութին մէջ հայկական եկեղեցի չկայ, որուն պատճառով ալ արարողութիւնները կը կատարուին շուէտական եւ ասորական եկեղեցիներու մէջ: Եկեղեցական գործունէութեան համար Շուէտի կառավարութիւնը կը յատկացնէ նպաստ:

shved-(1)_123015

1980 թուականին հայերու թիւը Շուէտի մէջ հասած է 2000-ի: Հետագայ տարիներուն հայերու հոսքը Շուէտ շարունակուած է յատկապէս Իրանէն: 1990-ական թուականներուն Շուէտ հաստատուած են հարիւրաւոր հայորդիներ Հայաստանէն: Երկրին մէջ հայերու թիւի ստուարացման զուգընթաց` սկսած է ձեւաւորուիլ համայնքային ազգային աշխուժ կեանքը:

1989 թուականի դեկտեմբերին Սանտուիքէն քաղաքի մէջ գումարուած է Շուէտի հայկական միութիւններու առաջին համագումարը, որ քննարկած եւ անհրաժեշտ  համարած է ստեղծել Շուէտի հայ գաղութային ազգային կեանքը կեդրոնացնող եւ համադրող կեդրոն: 1991 թուականին կայացած երկրորդ համագումարին որոշումով Ուփսալա քաղաքին մէջ հիմնադրուած է «Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոն»:

2015  թուականի տուեալներով, Շուէտի մէջ կը բնակի շուրջ 12 հազար հայ. այդ թիւին մէկ երրորդը հայաստանցիներ են: Մօտ 4000 հայ կը բնակի Սթոքհոլմ` արուարձաններու մէջ, շուրջ 1500-ը`  Ուփսալա, 1000-ը` Սոտերթելիա,  600-700-ը` Վեսթերոսում, մնացածը` Կաթըմպըրկ, Մալմէօ, Լինչոփինկ, Եոնչոփինկ, Օրեպրօ եւ այլ քաղաքներու մէջ:  Շուէտահայերու մեծ մասը կ՛աշխատի գործարաններու, պետական կամ մասնաւոր հաստատութիւններու մէջ: Կան քաղաքական գործիչներ, դասախօսներ, գիտնականներ, գործարարները, արհեստաւորներ, առեւտրականներ:  Շուէտի խորհրդարանի մէջ ծագումով հայ 2 պատգամաւորներ կային` Մուրատ Արթին եւ Իզապէլ Տինկիզեան: Սթոքհոլմի մէջ կը գտնուին «Շուէտի հայկական միութիւնները համադրող կեդրոն»-ը  եւ  անոր «Նոր Հորիզոն»  պաշտօնաթերթի գրասենեակները:

shved-(4)_123015

2000 թուականին Շուէտի խորհրդարանը հանդէս եկած է օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութեամբ: Հայ գաղութի լոպիստական աշխատանքներու կարեւորագոյն նուաճումներէն է 2009 թուականի հոկտեմբերին Մեծ եղեռնի ճանաչման փաստը Շուէտի մեծագոյն ընդդիմադիր Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան համագումարին մէջ:

Ամէն տարի ապրիլի 24-ին Շուէտի հայկական կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցական համայնքի նախաձեռնութեամբ տարբեր համայնքներու մէջ եւ յատկապէս Սթոքհոլմի մէջ կը կազմակերպուին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տարաբնոյթ ձեռնարկներ, երաժշտական հանդիսութիւններ եւ ցուցահանդէսներ:

2. Հոգեւոր Հովիւներ

Շուէտի հայաբնակ քաղաքներու մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը  բերած են Արսէն արք. Պէրպէրեան, Անուշաւան ծ. վրդ. Զղջանեան, Ներսեհ վրդ. Խալաթեան, Դանիէլ վրդ. Թումանեան, Բարսեղ Ա. քհնյ. Խաչերեան, Մկրտիչ քհնյ. Գրիգորեան,  Նորայր քհնյ. Գեանջումեան:

2013 թուականի նոյեմբեր 13-էն Ամենայն Հայոց հայրապետի տնօրինութեամբ Սկանտինաւիոյ երկիրներու հայ գաղութներու հոգեւոր պատասխանատու կը նշանակուի Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան: Հայ հոգեւորականները եկեղեցական արարողութիւններ եւ  պատարագներ կը մատուցեն Դանիոյ, Նորվեկիոյ  եւ Շուէտի հետեւեալ քաղաքներուն  մէջ`  Սոտերթելիա, Ուփսալա, Կոթընպըրկ, Մալմէօ, Վեսթերոս, Օրեպրօ, Լինչոփինկ, Եոնչոփինկ, Մութալա, Նորչոփինկ, Եւլէ եւ այլն: Ստեղծուած են հայկական դպրոցներ եւ կը կազմակերպուին ազգային-եկեղեցական հանդիսութիւններ:

3. Համայնքային, Եկեղեցական, Ծխական Խորհուրդներ

Սթոքհոլմի Եկեղեցական Համայնք

Շուէտի եկեղեցական առաջին համայնքը Սթոքհոլմի եկեղեցական համայնքն է, որ ստեղծուած է Սթոքհոլմի հայ մշակութային միութեան  հիմքի վրայ: Սթոքհոլմի հայ մշակութային միութիւնը ստեղծուած է 1974 թուականին: Եկեղեցական համայնքը սկզբնաւորուած է 1978-79 թուականներուն:

Սթոքհոլմի հայ եկեղեցական համայնքի ատենապետն է Հրաչ Մարութեանը:

Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի

Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի

Սէոտերթելիոյ Հայ Համայնքը

Սոտերթելիոյ հայ համայնքը կազմաւորուած է 1980-ին, իսկ որպէս եկեղեցական համայնք` գրանցուած է 1990-ին: Աշխատասէր եւ նուիրեալ համայնքի անդամները ջանք չեն խնայեր հայապահպանութեան սրբազան գործը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ` սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ համախմբելու երազանքով: Համայնքը կրցած է ձեռք բերել իր սեփական եկեղեցին, որուն շուրջ համախմբուած համայնքը ջանք չի խնայեր շուէտական ճարտարապետութեան կանոններու համաձայն կառուցուած եկեղեցին հայկական եկեղեցաշինութեան շունչ տալու առումով, մասնաւորապէս` սուրբ խորանի կառուցումը, ներքին նորոգութեան եւ յարդարման աշխատանքները, սրբապատկերները, մկրտութեան աւազանը, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով երկինք խոյացած խաչքարը, որ կանգուն մնալով` միշտ պիտի յիշեցնէ մեր տառապեալ անցեալն ու լուսաւոր ապագան: Օտար հողի վրայ հայոց եկեղեցին որպէս մեծ ժառանգութիւն պիտի փոխանցուի սերունդներուն:

Եկեղեցին միշտ բաց է  հաւատաւոր հայորդիներուն առջեւ  եւ իւրաքանչիւր կիրակի կը մատուցուի սուրբ պատարագ, տեղի կ՛ունենան մկրտութիւններ, պսակներ, հոգեհանգիստներ:

Սէոտերթելիոյ եկեղեցական  խորհուրդը կրցած  է հայը ամուր կապել իր պապերու աւանդութեան, համայնքը իր հիւրասիրութեան շնորհիւ կրցած է ձեռք բերել նաեւ հիւրասէր համայնքի անուն: Այդ կը վկայեն համահայկական  մշակութային ձեռնարկները, որոնք կը կազմակերպուին Շուէտի հայութեան համար` մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ եկած հայերու, իւրաքանչիւր կիրակի,  պատարագէն ետք, սրահին մէջ կատարուող հիւրասիրութեան: Շարունակելով այս գեղեցիկ աւանդոյթը` համայնքի Ծխական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, 2015 հոկտեմբեր 24-ին տեղի ունեցաւ Սկանտինաւիոյ երկիրներու առաջին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ օծումը` աշխարհի տարբեր անկիւններէն ժամանած  հայերու մասնակցութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>