29 նոյեմբեր 2015-ին Սիտնիի «Չացուուտի Քոնքորս» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ձեռնարկին սկիզբը հանդիսատեսին բաժնուեցաւ «Խորհուրդներ ու վկայութիւններ» խորագիրը կրող գրքոյկ մը:
Երեքուկէս ժամ տեւող յայտագիրը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ սկաուտական կազմի տողանցք-մուտքով դէպի բեմ, ուր Իզապէլ Մարգարեան եւ Թամար Աղաջանեան յաջորդաբար երգեցին Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան անդամ Մովսէս Ինճէճիկեան: Ան ըսաւ. «Մենք` Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան բոլոր անդամներս, ներկայիս գրիչը բռնած կը պայքարինք, բայց ի հարկին, թող թուրքը իմանայ, Խանասորն ու Վիտոշը վկա՛յ, «Նեմեսիս»-ն ու Արցախը վկա՛յ, սուրը երբեք չէ սրբուած մեր զինանշանին վրայէն, այլ միշտ կանգնած կը մնայ մեր նահատակներուն արիւնով ներկուած կարմիր դրօշին դիմաց»: Ապա խօսելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ապակեդրոնացեալ գործելաոճին մասին` Մ. Ինճէճիկեան հաստատեց. «Գործելաոճը կազմակերպութեան գոյատեւման բանալիներէն մէկն է, որ առիթ կ՛ընծայէ ազգասէր երիտասարդներ պատրաստել, որոնք իրենց ուժերուն եւ երկրի պայմաններուն համեմատ նիզակներ կը փորձեն դառնալ թուրքին սրտին մէջ»: Ան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Այս յաղթանակը մէկ մասնիկն է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին, որ ոչ թէ միայն 11,000 քառ. քիլոմեթր հող միացուց արդի Հայաստանին, այլ միացուց նաեւ հայրենիքն ու սփիւռքը` համազգային պայքար մղելու համար»:
Հանդիսութեան երկու բաժիններուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական հայադրոշմ յայտագիր: Ազգային 10 երգերով մթնլորտը ճոխացուցին 125-ամեակին առիթով Հայաստանէն ժամանած երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան: Ասմունքեցին Վարուժան Սանճեան` «Տատրագոմի հարսը»-էն հատուած մը եւ Մանուկ Կոտոյեան` «Շուշիի կանչը»: Նորա Սեւակեան կատարեց ազգայնաշունչ ընթերցումներ: Ելոյթ ունեցան Համազգայինի երկու պարախումբերը` «Նայիրի» եւ «Սիտնի» պարի համոյթները: Համազգային «Նուպար Խաչատուրեան» թատերախումբը ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան անդամներու հետ միասնաբար հանդէս եկան «ՀՅԴ հիմնադրութենէն պատկեր մը» եւ «Արցախեան պատերազմէն օրագիր մը» թատերական ներկայացումներով` Կարօ Խաչիկեանի բեմադրութեամբ:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան կոմիտէին անունով արտասանած իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքները այսօրուան հայկական իրականութեան համար. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հպարտօրէն ճանչցուած է իբրեւ ազգայնական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն: Ազգայնականութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, նոյնքան կարեւոր է հայ իրականութեան համար: Դաշնակցական ազգայնականներն էին, որոնք վառ պահեցին Հայ դատը, սուրո՛վ զինեալ պայքար մղելու, գրիչո՛վ Հայ դատի յանձնախումբեր հիմնելով քաղաքական աշխատանք տանելու: Դաշնակցական ազգայնականներն առաջիններէն էին, որոնք լքեցին իրենց հանգստութիւնը, երբ Արցախի ազատագրման շարժումի կոչը հնչեց հայ աշխարհին»:
Գայսէրեան թուարկեց նաեւ այն բոլոր աշխատանքները, որոնք ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպութիւնը իր ուղեկից միութիւններով իրագործեց զանազան բնագաւառներու մէջ` ի ծառայութիւն հայ ազգին ու ժողովուրդին, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կ՛ընթանայ դէպի յաղթանակ եւ պարտուողականութիւն չի դաւանիր:
Օրուան պատգամը փոխանցելու համար Արցախէն հրաւիրուած էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Ան բնութագրելով Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան առանցք հանդիսացող «հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքների վերականգնումն ու անկախ պետականութեան ստեղծումը» հաստատեց այն իրականութիւնը, որ «Դաշնակցութիւնը միշտ այնտեղ է, որտեղ կան` պայքար, ոտնահարուած իրաւունքներ, համազգային խնդիրներ»: Կատարելէ ետք արժեւորումը 19-րդ դարու աւարտին Դաշնակցութեան ծնունդին անհրաժեշտութեան` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, թէ 125 տարիներու ընթացքին ՀՅԴ-ի առջեւ դրուած օրակարգերը փոփոխութեան ենթարկուած են, իսկ այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ հիմնական օրակարգը ամփոփուած է` հայկական պետականութեան լինելութեան, անկախութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման եւ, վերջապէս, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացերուն մէջ:
Անդրադառնալով 70 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու համար տարուած աշխատանքներուն, որոնք, ի դէպ, կը շարունակուին մինչեւ օրս, Դ. Իշխանեան բացատրեց. «ՀՅԴ-ը ինչպէս միշտ, այսօր էլ բոլոր մարտահրաւէրներին նայում է բաց աչքերով, պատրաստակամ լինելով դառնալ ոչ միայն մասնակիցը, այլեւ առաջամարտիկը բոլոր հարցերի լուծման գործում: Քանի դեռ հայ ժողովուրդը ունի արդար Դատ, ազատ ապրելու իրաւունք եւ ցանկութիւն ու նաեւ կամք, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի կողքին է», ապա եզրափակեց. «Հայրենիքում լինենք իշխանութիւն, թէ ընդդիմութիւն, Դաշնակցութիւնը ունի իր նպատակը եւ առաքելութիւնը` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումը: Արցախը այդ նպատակի առաջին քայլն էր, մի մասնիկը: Դաշնակցութեան երթն անկասելի է»:
Ձեռնարկին փակման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերու գիտակցութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ ըսաւ. «Հայութեան փրկութիւնը միասնութեան մէջ է»: Իր ելոյթի աւարտին խօսքը ուղղելով դաշնակցական երիտասարդութեան` սրբազան հայրը յորդորեց. «Այսօրուան ոգին կենդանի պէտք է պահել, ոգին կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ: Կը մաղթեմ, որ ձեր ժառանգած ոգին ձեր մէջ հրաշք գործէ: Նայեցէք ձեր անցեալին եւ ձեր ղեկավարութեան: Սորվեցէք անոնց հայրենասիրութենէն եւ անոնց անսակարկ նուիրումէն, որպէսզի արժանի ըլլաք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունին: Ձեր երթը կանաչ ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ մանաւանդ` դաշնակցակա՛ն երիտասարդութիւն»: