Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի պատկերասփիւռի «Առաջին լրատուական ծառայութիւն» կայանի (իշխանութեան բանբերի հանգամանք ունի) «Օրակարգ» լրատուական յայտագիրի երեքշաբթի, 6 յունիսի հաղորդումներուն շարքին էին երկու ուշագրաւ տեղեկութիւններ.
Ա.- Մեծ արդիւնաբերողներ պիտի պարտադրուի որոշ թափանցիկութիւն, որպէսզի շահատուրքերը հակակշիռի տակ բերուին:
Բ.- Որոշուած է փակել դրամագլուխներու «փախուստ»-ի ճամբաները, այսինքն, կասեցնել այլուր փոխանցումը Հայաստանի մէջ շահուած այն գումարներուն, որոնք առանց շահատուրքի կը տեղափոխուին կիպրական, լիւքսամպուրկեան, պահրէյնեան եւ այլ դրամատուներ: Որոշումին նպատակն է Հայաստանի մէջ գործառնութիւն կատարողներուն եւ շահ ապահովողներուն պարտադրել, որ օրինական հարկերը վճարեն:
Երկրորդ որոշումին վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու համար պահ մը ետ երթանք, գոնէ` 4-5 տարի ետ, եւ յիշենք, որ այդ օրերուն Հայաստանի քաղաքական-ելեւեմտական բեմը պահ մը փոթորկեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ գործատէրեր, պետական բարձրաստիճան եւ նուազ ականաւոր անձնաւորութիւններ, մինչեւ անգամ կրօնաւորներ տարիներէ ի վեր ստեղծած են «օֆշորային հաշիւներ», այսինքն, իրենց ապահոված շահերը «կը փախցնեն» այլ երկիրներու դրամատուներ ու ելեւմտական գանձարաններ` խուսափելով օրինական հարկերը վճարելէ: Հարցը ունէր նաեւ կաշառակերութեան «պոչիկներ»: Փոթորիկը աւելի ուշ մեղմացաւ եւ յետոյ «մոռցուեցաւ»: Իշխանութիւնները հաւաստիք տուին, որ կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին («օֆշորային փոխանցումներ»-ն ալ արձանագրուած էին այդ սիւնակին տակ): Եկուր տես, որ հարկերէ փախուստի այս դրութիւնը ի զօրու է (եղեր) մինչեւ այսօր, եւ կառավարութիւնը ի վերջոյ «խելքի ընկած է» եւ որոշած` «մօտ ատենէն դադրեցնել օֆշորային փոխանցումներ»-ը…
Նախ եւ առաջ, պէտք է գոհունակութեամբ ողջունել յիշեալ որոշումները, որոնք սկզբունքով կ՛իյնան երկրի տնտեսական, ընկերային եւ յարակից վիճակները բարեփոխելու կառավարութեան յայտարարուած ուղիին մէջ, մանաւանդ որ կը յաջորդէ խորհրդարանական ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն. չենք ուզեր հոս կրկնել բոլոր այն խոստումներն ու անոնց վրայ կառուցուող յոյսերը, ըստ որոնց` կառավարման նոր դրութիւնը բարիք պիտի բերէ մեր հայրենիքին: Այսուամենայնիւ, կարելի չէ անխառն զգացումներով դիմաւորել այս քայլերը, որովհետեւ մատնուած են «կաթէն բերանը այրողը պաղ թանը փչելով կը խմէ»-ի վիճակին. նոյնինքն «օֆշորային»-ի պարագան կը թելադրէ վերապահութիւն եւ սպասողական վիճակ: Արդեօք քանի մը տարի ետք դարձեա՞լ պիտի խօսուի նման գայթակղութիւններ արգիլող միջոցառումներու մասին: Իսկ աւելի՛ կարեւորը` ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ այն «անմատչելիներէն», որոնք տարիներէ ի վեր, մինչեւ այսօ՛ր կ՛օգտագործեն գումարներու փախուստի ճամբաները:
Կարեւոր է բանալ ցարդ շարունակուող գայթակղալի ու վնասարար գործառնութեանց էջերը եւ երկիր վերադարձնել «օֆշորային» գումարները: Կառավարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ` «ոչ ոք պէտք է ինքզինք օրէնքէն գերադաս համարէ», ահա այսպէ՛ս պիտի զարնուի փորձաքարի:
6 յունիս 2017