Նախորդ երկուշաբթի արաբական շարք մը երկիրներ Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեցին, յատկապէս` Իրանի եւ իսլամական խմբաւորումներու հետ անոր հանդուրժողական վերաբերմունքին պատճառով:
Միջին Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի գործակատարը Ռիատը կը թուի ըլլալ այս անգամ, յատկապէս այն հանգամանքով, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր մրցակիցն է, իսկ քարիւղ արտադրող այս մեծագոյն երկիրները Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով հակառակ դիրքերու վրայ կը գտնուին:
Երկու երկիրներու լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սէուտական Արաբիա այցելութեան յաջորդող օրերուն:
Վերլուծաբաններ յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիան ու Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք կը թափեն ետ մղելու Իրանի դէմ իրենց միասնական ճակատը տկարացնել միտող իւրաքանչիւր քայլ: Վերջերս Քաթարի մերձեցումը Իրանին եւ աջակցութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ին ու Քաաիտային ու մանաւանդ Համաս շարժումին, առիթ հանդիսացան կայծակնային արագութեամբ ճնշումի ենթարկելու Քաթարը:
Այս զարգացումներու լոյսին տակ Ռիատ կը յաւակնի շրջանի իսլամական եւ արաբական երկիրներու ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած ըլլալ` ամերիկեան արտօնութեամբ:
Երէկ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական շարժումները ֆինանսաւորողները, այսօր կը դառնան ահաբեկչութեան դէմ պայքարողներ հաւանաբար` Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական շարժումներու ֆինանսաւորումը կասեցնելու համար քաւութեան նոխազ մը գտնելու հեռանկարով: Այդ նոխազի յարմարագոյն զգեստը այժմ Քաթարին կը սազի:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ հետեւիլ Ծոցի երկիրներու եւ Քաթարի դիւանագիտական առճակատման թրքական հակազդեցութեան: Թուրքիա եւս Համաս շարժումի հիմնական զօրակիցներէն կը համարուի, իսկ Քաթար Թուրքիան կը նկատէ տարածաշրջանի մահմետական իր մեծագոյն եղբայրը: Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չնայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ տրուած լիազօրութիւններուն, իսկ Սէուտական Արաբիա Համասին եւ Իսլամ եղբայրներուն զօրակցող իւրաքանչիւր երկիր իր թշնամին պիտի համարէ:
Յառաջիկայ օրերուն հաւանական է, որ Ռիատ, Միացեալ Նահանգներու միջոցով, ճնշում բանեցնէ նաեւ Էրտողանի վարչակարգին վրայ` նկատի ունենալով Էրտողանի կուսակցութեան եղբայրական պատկանելիութիւնը:
Միւս կողմէ` Թուրքիա Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ներքաշուելով Սուրիոյ մէջ լարուածութեան գօտիներու հաստատման գործընթացին մէջ` պիտի բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Իրանի եւ Քաթարի հետ, յատկապէս Ծոցի երկիրներու եւ Քաթարի լարուածութեան լոյսին տակ` տարածաշրջանին մէջ նոյն համայնքին պատկանող իր մրցակիցին` Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնելու առաջնային նպատակով:
Միացեալ Նահանգներ քրտական գործօնի օգտագործման բերումով թրքական դերակատարութեան նուազ կարեւորութիւն սկսած էր տալ վերջին տարիներուն, այժմ, երբ կը նպատակադրէ տարածաշրջանին մէջ Ռիատի դերակատարութեան վստահիլ, բնականաբար պիտի նսեմանայ Թուրքիոյ ազդող ուժ ըլլալու հանգամանքը: Երկիր մը, որ վերջին տարիներուն թշնամական մակարդակի հասցուց իր յարաբերութիւնները Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ եւս:
«Գ.»
8 յունիս 2017