Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մոնրէալաբնակ Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանը Կը Հարստացնէ «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոն Իր «Ընթերցողը» Քանդակով

$
0
0

ԱԼԵՆ ՔՈԹԷ

Դոկտ. Մկրտիչ Տարագճեան

«Ռեճինալտ Տաուսըն գրադարան»-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, օժտուած քանդակագործ  դոկտ. Մ. Տարագճեան Մոնրէալ քաղաքին կը նուիրէ պրոնզաձոյլ մեծ չափի հոյակապ գործ մը` «Ընթերցողը»: Ողջունելի յաւելում մը` քաղաքի հանրային արուեստի հաւաքածոյին, որ կը զարդարէ գրադարանի գլխաւոր մուտքը «Կրահամ պուլվար»-ի եւ «Քինտըրսլէ Աւենիւ»-ի անկիւնը:

Այս յատկանշական յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ մայիս 26-ին, խուռներամ  արուեստասէրներու ներկայութեան, որոնց շարքին` հեղինակաւոր դէմքերու, ինչպէս` ուժանիւթի նախարար Փիեռ Արքան, Քանատայի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Արմէն Եկանեան, քանատահայ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, քաղաքապետ` Ֆիլիփ Ռոյ, քաղաքապետութեան անդամ Յարութ Շիթիլեան եւ այլն: Սոյն ցուցասրահը անցեալ տարի ամրան ցուցադրած էր դոկտ. Տարագճեանի աւելի փոքր չափի գործերէն, որոնք դրուած էին իբրեւ մէկ մասը խիստ ժողովրդական  եւ ժամանակից ցուցահանդէսի մը: Անոնցմէ մէկը` «Ի՞նչ նորութիւն» խորագրեալ քանդակը նախատիպը հանդիսացաւ այս կոթողին` «Ընթերցող»-ին, որ ունի 1,7 մեթր բարձրութիւն:

«Ընթերցողը» գործ` Մկրտիչ Տարագճեանի

«Ասիկա հրաշալի քանդակ մըն է, որուն թեման չէր կրնար աւելի համահունչ ըլլալ գրադարանի միջավայրին», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ քաղաքապետ Ֆիլիփ Ռոյ եւ` աւելցուց. «Գրադարան իւրաքանչիւր այցելող պիտի դիմաւորուի այս պրոնզաձոյլ յուշարձանով, որ գեղեցկօրէն կ`ըդելուզէ արտաքին ներդաշնակութիւնն ու ներքին բովանդակութիւնը այս ստեղծագործութեան: Ոչ ալ այս գործը պիտի վրիպի անցորդներու ուշադրութենէն, ըլլան անոնք հեծանիւի վրայ, ղեկին ետեւ, թէ հետիոտն»:

Ապա ի պատիւ դոկտ. Տարագճեանի տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ առիթ մը եղաւ ծանօթանալու արուեստագէտին հետ եւ հիանալու անոր ստեղծագործութիւններով, որոնք ցուցադրուած էին գրադարանի ցուցասրահին մէջ:

Մկրտիչ Տարագճեանի գործերը կարելի է դիտել` այցելելով առցանց www.tarakdjian.com

 

Հասարակայնութեան հետ
Կապերու Բաժանմունք
Մոն Ռուայալ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>