Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Եթէ Հայերէն Գիրքերը Երբեմն Դուրս Բերէինք Իրենց Քնածութենէն Կամ Մահաքունէն

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քնածութիւն. hypnose: Մահաքուն. Coma: Գիրքի ընդհանրապէս եւ հայերէն գիրքի` մասնաւորաբար:

Հայերէն գիրն ու գիրքը եթէ այժմէական դառնային ժողովուրդին համար, եթէ ղեկավարութիւնները զայն այժմէական դարձնէին, ինքնութիւն կը պահէինք, կը տոկայինք եւ կը տեւէինք, սոսկ համայնք չէինք ըլլար, չէինք ընդուներ «ծագումով հայ» ըլլալու դասակարգումը:

Նիկոլ Աղբալեանի անունը կը սիրենք յիշել, յաճախ` հպարտութեան համար միայն: Իր ժամանակակիցները զինք կը լսէին եւ կը կարդային: Այսօր մեր պատմութեան որեւէ մէկ շրջանէն աւելի ուսումնականներ ունինք, բայց անոնց ո՞ր տոկոսը գրադարանի մը կամ պահեստի մէջ քնացող հայերէն գիրք մը կը բանայ, կը կարդայ, կապ հաստատելու համար մէկ կամ երկու սերունդ առաջ ապրած մարդոց իմացական եւ հոգեկան աշխարհին հետ: Այսօր քանի հոգի կը բանայ Նիկոլ Աղբալեանի էջերը:

Հեռանկարային քաղաքականութեան տեսանկիւնէ, մեծով պզտիկով կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ոչ թէ հայածնունդ անհատներու, որոնք պիտի շարունակեն ապրիլ, այլ հայ ազգի ապագան, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Թէեւ իրատես պէտք է ըլլալ: Գործնապաշտներու աշխարհին մէջ իմաստութիւն է կրկնել, թէ այսօր ո՞վ ժամանակ ունի զբաղելու գրականութեամբ, մանաւանդ` հայ գրականութեամբ, աւելին` անոր պատմութեամբ, խորաչափելով դարերը: Յաճախ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորուի հայ մարդուն, հայ մարդոց գիտակցական եւ հոգեբարոյական շարունակութիւնը, որպէսզի հայութիւնը տեւէ իր ուրոյն ինքնութեամբ, որպէսզի ան չըլլայ անհարազատ նորի սկիզբ: Ինչ որ կ՛ըսեմ, ոչ մէկ ձեւով կը հետաքրքրէ մեր ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): «Բիզնես»-ը եւ «քաղաքական» թափահարումները ողողած են մեծերու եւ պզտիկներու զգալու եւ տեսնելու հորիզոնները` եսապաշտութեամբ եւ անոր ընկերացող թութակաբանութիւններով:

Հայածնունդը ինքնաճանաչողութեան համար ո՞ր հայելիին մէջ կը նայի կամ պիտի նայի, որո՞ւ հայելիին մէջ կը նայի այսօր եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէ ինքզինք: Այդ «ինքզինք»-ը ի՞նչ է իր հայեացքին մէջ:

Անհատապաշտութիւնը, երեւելիական մարմաջը, գործնապաշտութիւնը, իրենց բացասականութիւններով, իրենց կարգախօսներով, խցած են ազգի ներուժի շնչերակները: Նիկոլ Աղբալեանի օրերուն you tube չկար, որ այսօր գտնէինք եւ իրարու ղրկէինք` հետաքրքրաշարժի յուզումներու համար: Գիրք կար: Բայց պէտք չէ յուսահատիլ եւ շարունակել Սիզիփոսի յամառութեամբ վերսկսիլ` սպասելով զարթօնքի մը ցնցումը: Կամ` ինքնագիտակցութիւն յառաջացնող կամքը, մեծ մը, կամ` պատմութեան ճառագայթումի աստեղային պահը:

Ներհուն մտաւորական էր Նիկոլ Աղբալեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան աքսորական լուսաւորութեան նախարարը: Գրադարանիս հատորներուն ետեւ ինկած գիրք մը, որ տարիներէ ի վեր տեղէն չէր շարժած, անտես էր, փոշոտած, սարդերն ալ ուզած էին զայն թաքցնել: Կողք` «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, Գրեց` Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ,  Հրատարակութիւն` Համազգային Ընկերութեան, Տպարան ՅՈՅՍ, 1944, Պէյրութ»,  212 էջ: Գիրքը հիմա մաքրուած է եւ հանգչած գրասեղանիս վրայ:

Նախ պէտք է կարդամ: Ես ինծի հարց կու տամ, մի՞թէ պէտք է անդրադառնամ ընթերցմանս, թէ՞ բաւարարուիմ յիշեցումով, որ այս գիրքը կայ ապահովաբար գրադարաններու մէջ, եւ այս օրերուն երբ հակամշակոյթ կը դառնանք հայկականի յարաբերաբար, պարտք պէտք է համարել Նիկոլ Աղբալեանը եւ իր միտքը դուրս բերել քնածութեան (hypnose) վիճակէն եւ մեր ազգային իրաւութիւնը` իր մահաքունէն (coma), որ զանազան ձեւերով ցուցադրութիւն է, show, Հայաստան կ՛ըսեն` շոու:

Նիկոլ Աղբալեան երբեմն յիշուող մեծանուն եւ սրբապատկերի դէմքը չէ միայն, icՒne, ոչ ալ` Համազգայինի Ճեմարանի մուտքին տեղադրուած կիսանդրին, որուն քովէն կ՛անցնինք զայն դիտելով որպէս գեղօր: Ազգի տեւականացման հաւատացող եւ անոր ուժը կենսագործող եղած է, որուն օրինակը եթէ այսօր վարակիչ ըլլայ, տէր կը դառնանք մեր լեզուին, մշակոյթին, կ՛ընդգրկուինք ապագայակերտ հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան ճամբուն վրայ:

Այսինքն կը մնանք ազգ:

Գիրքին սկիզբը կան երեք էջեր, խորագրուած` «Խօսք ընթերցողին»: 1875-ին ծնած եւ իր մահէն երեք տարի առաջ գրուած Նիկոլ Աղբալեան իմաստունին խօսքերը, որոնք կը խտացնեն ժամանակաշրջանի մը մտաւորականին երազները, ցանկութիւնները եւ սեփական ժողովուրդին պարտադրուած կացութեան բաժնեկցութիւնը: Իրա՛ւ մեծ մարդու համեստութիւն ունի Նիկոլ Աղբալեան, երբ կ՛ըսէ` առաջին տողով իսկ. «Այս գիրքը ես չեմ գրած հմուտների համար: Նրանք աւելի թերիներս կարող են մատնանշել, քան` նոր փաստեր կամ ճշդումներ այս գրութեան մէջ»:

Ապա կը խօսի այն մասին, որ երիտասարդ, «խիզախ մտածում» մը ունեցած է` գրելու «հայոց գրականութեան մի ‘‘լաւ՛՛ պատմութիւն»: Ինչպէս մեր ժամանակակիցներէն շատեր, ինք ալ խորհած է, որ բաղդատած ուրիշ ժողովուրդներու` «մեր գրականութիւնն այնքան ընդարձակ չէ, որ ջանասէր մէկը չկարենայ ընդգրկել լայնքին ու երկայնքին»: Եւ «երեք տարիս անցաւ շատ արագ, եւ ես տեսայ, թէ ծայրն եմ ծրարոց»: Այս յիշեցում է բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին ստորակայութեան զգացումէ, ինչ կը վերաբերի մեր գրականութեան, երբ կը կարծենք զայն բաղդատել ուրիշներու:

Խիստ հետաքրքրական է Նիկոլ Աղբալեանի պատումը հայերէն բառերու, կեանքէն պատկեր եւ ապա գաղափար: Կը մտածեմ, որ հայերէնի դասերը այլապէս կենդանի կ՛ըլլան, եթէ հայերէն բառերու խորհուրդին մասնակից դառնան աշակերտները, իմանան անոնց մէջ պահուած պատմութիւնը: Օրինակ, ընկճել բառը Նիկոլ Աղբալեան կը պատմէ հեքիաթի պէս, եթէ անոնք պատմուին հեքիաթի պէս, աշակերտը ոչ միայն գաղափարը կ՛ընդունի, այլ նաեւ` անոր ետին գտնուող ընկերութեան կեանքը, երբ մենամարտողը իր ծունկը կը դնէ պարտուողի կուրծքին:  Քայլ մըն ալ առաջ երթալով, եթէ հայերէն թերթերը այս գիրքէն մաս առ մաս էջեր հրատարակեն, քաղաքական բառերով յղփացած լեզուն այլ գոյն եւ խորհուրդ կը զգենու:

Երբ կը շարունակէի ընթերցումս, յիշեցի, որ տասնամեակներ առաջ հրատարակուած էին Նիկոլ Աղբալեանի երկերը, չորս գեղակազմ հատորներով: Գրադարանէս վար առի այդ չորս հատորները` տեսնելու համար, որ անոնց մէջ տեղ գտա՞ծ էր «Հայոց գրականութեան պատմութիւնը»: Հոն էր այդ «պատմութիւնը», խմբագրուած եւ աւելի ընթեռնլի էջադրութեամբ եւ խմբագրութեամբ: Շարունակեցի ընթերցումս: Մեր անմիջական ներկան հետաքրքրող էջեր, սեփականի եւ հարազատ ինքնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն պահողներուն համար:

Մեկնաբանութեան գիրք մը մեկնաբանել անհեթեթութիւն է: Ինչպէս սովորութիւն է, գիրքերուն կ՛անդադառնանք` կատարելով «մեր ընթերցումը», որ սխալ տեղ կը տանի ընթերցողը, երբ ան կը յաւակնի «մեկնաբանութիւն» ըլլալ: Հաւանական ընթերցողին պէտք է յուշել, որ կը հարստանայ, եթէ ինք կարդայ գիրքը` կանգ առնելով ամէն անգամ, երբ տող մը մտածման նոր ճամբայ ցոյց կու տայ: Այդ նոր ճամբան ընդհանրապէս կը տեսնենք մեր ներկայի անմիջականութիւններու դրդումով:

Կը սահիմ էջերուն վրայէն:

«Գիրքը չէ անշուշտ, որ արտայայտում է մարդկային հոգին, այլ` այդ գրով դրոշմուած բառերն ու խօսքերը եւ նրանց շարակցութիւնը: Այդ բառերն ու նրանց շարադասութեան կերպը պատկանում են որեւէ լեզուի. այս իսկ պատճառով գրականութիւնը միմիայն ազգային կարող է լինել, այսինքն` ոեւէ մարդկային խմբակցութեան լեզուով գրուած»: Այսինքն ուրիշի լեզուով ազգային գրականութիւն չ՛ըլլար:

Կանգ կ՛առնեմ. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ  լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»: Ժամանակակիցներէս շատեր, զանազան ճապկումներով, կը շրջանցեն այս հիմնահարցը` տեղեկութեամբ փոխարինելով խորքը:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ, ամէն անգամ որ կը դրուի լեզուի հարցը, կը սկսի բարոյախօսութիւնը, ըստ որուն, մերժում կայ անոնց նկատմամբ, որ «հայերէն չեն գիտեր» կամ «բախտը չեն ունեցած զայն սորվելու»: Եւ կը նետուին օտարագրութեան եւ անոր հունով ընթացող թարգմանութեան փրկարար գիրկը: Զոյգ երեւոյթները այսօր կը ներկայանան որպէս կացութեան պատշաճող լուծում եւ կը դառնան սփիւռք(ներ)ի մշակութային եւ քաղաքական քարոզչութեան արտայայտութիւն, ոչ միայն արտաքին աշխարհին համար, այլ նաեւ, լռելեայն ընդունելով, որ ներքինը արդէն արտաքին դարձած է, այսինքն սեփական գրականութիւնը մեզի կը ներկայանայ օտարացած:

Վերեւ նշուած միտքը անմիջապէս կը շարունակուի. «Լեզուն է, որ զատում է գրականութիւնները: Միեւնոյն գրքի տարալեզու թարգմանութիւնները տարբեր գրականութեանց են վերաբերում.  մէկը նրանցից տէրն է բնագրի, միւսներն` իրենց թարգմանութեան»: Այսինքն, երբ հայը իր գրականութիւնը կը խորհի ճանչնալ թարգմանութեան ճամբով, այդ ճանաչումը կիսատ-պռատ է: Հարկ է կրկին լսել ըսուածը. «Գիրքը չէ անշուշտ, որ արտայայտում է մարդկային հոգին, այլ` այդ գրով դրոշմուած բառերն ու խօսքերը եւ նրանց շարակցութիւնը»: Այդ «մարդկային հոգին» պատմութիւն է, եւ բառերը կազմուած են պատմութեան ընթացքին, ինչպէս մարդիկ, որոնք եղած են բախտակից, շաղուած են նոյն ժամանակին եւ նոյն տարածութեան մէջ:

Նիկոլ Աղբալեան քայլ մըն ալ առաջ կ՛երթայ եւ կը գրէ. «Լեզուն խօսող օտարը մեզ դառնում է մերձաւոր, իսկ մեր ցեղակիցը, որ չի խօսում մեր լեզուով, մեզ խորթ է թւում»:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ արմատներէ եւ ազգային հիմնահարցերէ հեռացումը որպէս ազգի հատուած` կորստեան սկիզբն է, նոյնիսկ եթէ կացութիւնը որպէս այդպիսին չենք խոստովանիր մենք մեզի եւ մեր շրջապատին:

Եթէ մեր անցեալը գիտնայինք եւ մանաւանդ եթէ ունենայինք բաւարար առաքինութիւն անոր դրական ուղիներուն վրայ մնալու, այսօր ներազգային ճակատը կ՛ըլլար աւելի զօրաւոր եւ մեր ինքնութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի չէր խաթարուեր:

Ոմանք կը գտնեն, որ հայերէնը դժուար է, բարդ է, եւ գործնապաշտի (չ)իմաստութեամբ կ՛առաջարկեն, կը թելադրեն «պարզացնել»: Այսինքն` աստիճանաբար հասնիլ Շաւարշ Միսաքեանի բանաձեւած այնքա՜ն դիպուկ «հաց-պանիրի հայերէն»ին, զոր յաճախ պէտք է կրկնել, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք եւ ո՞ւր կ՛ուզենք երթալ: Արդէն նահանջելով հասած ենք հոն, ուր օտար լեզուները դարձած են մեր հաղորդակցական ընդունուած միջոցները, կը մտածենք այդ լեզուներով, ըսող ալ եղաւ, որ լաւ է, որ օտար լեզու գիտէր, քանի որ հայերէնով իր մտածումները պիտի չկարենար արտայատել: Կը խօսէր Ցեղասպանութեան յառաջացուցած հոգեբանական հարցերու մասին:

Երբեմն հարց պէտք է տալ, թէ դարավերջին սփիւռք(ներ)ը պիտի վերածուի՞ ոչ հայախօս նորատեսակ ազգի հատուածի, պիտի կազմաւորուի՞ն անգլիախօս, սպանախօս, ֆրանսախօս, արաբախօս, գերմանախօս եւ այլալեզու հայեր, որոնց չնչին փոքրամասնութիւնը հայերէնը պիտի պահէ որպէս գիտութիւն կամ թանգարանային իր, ոչ որպէս ազգը կամ անոր մէկ հատուածը ապրեցնող «կեանքի լեզու»: Դարավերջին երբ սփիւռք(ներ)ը դադրի հայերէնը որպէս «կեանքի լեզու» ունենալէ կամ պարզապէս զայն վերջնականապէս կորսնցուած ըլլայ, ինչպէ՞ս «հայերը» պիտի հաղորդակցին-հաղորդուին անցեալին հետ` ինքնութիւն ունենալու համար:

Նիկոլ Աղբալեանի 1944-ին լոյս տեսած «Պատմութիւն հայոց գրականութեան» գիրքին մէջ պարզ իմաստութեան խօսք կայ: Կ՛ըսէ. «Լեզուի ստեղծած կապն աւելի զօրաւոր է, քան ազգակցութիւնը: Մեր լեզուն խօսող օտարը մեզ դառնում է մերձաւոր, իսկ մեր ցեղակիցը, որ չի խօսում մեր լեզուով, մեզ խորթ է թւում»: Եթէ Նիկոլ Աղբալեան այսօր ապրէր, ի՞նչ պիտի ըսէր, երբ կարգ մը հայկական շրջանակներու մէջ հայերէն խօսողը «խորթ է թւում»: Նոյն ձեւի մտածում ունեցած է Բենիամին Թաշեան: Գտնել եւ կարդալ իր «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ»-ը, ուր իր մտածման որպէս մեկնակէտ կ՛ընդունի օրացոյցի մը թերթիկին տակ գրուած քրտական առած մը, որ կ՛ըսէ, թէ իր լեզուն խօսող օտարը աւելի հարազատ է իրեն, քան` իր ազգակիցը, որ չի խօսիր իր լեզուն, եւ դառնութեամբ կամ քմծիծաղով կ՛աւելցնէ, որ այս ճշմարտութիւնը պիտի իմանար քրտական առածէն:

Եթէ մեր զանգուածները գիտնային, որ հակառակ պատմութեան դաժանութեան` Ե. դարէն ի վեր քսան հազար ձեռագիր մատեաններ հասած են մեզի, կը դարմանուէր մեր ստորակայութեան զգացումը, անոր անմիջական հետեւանք` օտարամոլութիւնը, օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը: Քսան հազար ձեռագիր մատեաններ, առանց նկատի ունենալու կորսուածները եւ «վանտալ»-ներու փճացուցածները, ինչպէս` Արմաշի վանքի ձեռագիրները:

Այս մասին է, որ կը խօսի Նիկոլ Աղբալեան. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը» (ընդգծ. Յ.Պ.): Արդարեւ, քաղաքական եւ մարդորսական ճապկումներով ինքզինք պարտադրող օտարախօսութիւն-օտարագրութիւնը եւ այդ երեւոյթը ընդունող պատեհապաշտութիւնը, որոնք սփիւռք(ներ)ի համար օրէնք կը դառնայ, կ՛առաջնորդեն ազգի անհետացման, վախճան, զոր չենք ուզեր տեսնել երեւելիական եւ դիրքապաշտական շահախնդրութեամբ:

Համաշխարհայնացման, նիւթապաշտութեան եւ զբօսի քաղաքակրթութեան թոհուբոհին մէջ, հայ գիրը եւ գիրքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հեռանան մեր տեսադաշտէն, կը կորսուի հայկական աւագ առաքինութիւնը, որուն մասին կը խօսի Նիկոլ Աղբալեան. «Պէտք է կարծել, որ շատ վաղուց գիրք գրել տալն ու ստանալը մերոնք համարած են բարեպաշտական մի գործ: Յիսուսի այն խօսքը, թէ` ‘‘Գանձեցէ՛ք ձեզ գանձ երկնքի մէջ, ուր ոչ գող կարող է մօտենալ եւ ո՛չ ցեցն ապականել՛՛, մեր գրասէր վարդապետները մեկնած են այն իմաստով, թէ գիրք ստանալ` նոյն է թէ գանձել երկնքում»: Հայ մարդիկ «գրիչ»-ներուն օժանդակած են, որ գրեն, ձեռագիր հայերէն գիրքեր պահած են կամ նուիրած, որոնք շատ աւելի թանկարժէք են, քան` այսօրուան տպագիր հայերէն գիրքերը, որոնցմէ կարծէք հրաժարած ենք:

Նիկոլ Աղբալեան կը շարունակէ խօսիլ հայ գիրի եւ գիրքի տիրութիւն ընողներու մասին: Կը գրէ. «Մեր գրչութեան հովանաւորները պէտք է կարծել, որ մեծագումար ծախքեր էին անում մեծազանգուած գիրքեր ստանալու համար: Այսպէս Ուռհայեցի մի ոսկեգործ 1630 թուին ձեռք է բերած մի ընդարձակ Ճաշոց 1068 էջնոց. գրիչն ասում է, թէ ստացողը ‘‘տեսնելով, թէ կեանքն անցաւոր է` կանգնեց այս (գիրքն) իբրեւ արձան յաւիտենական՛՛: Նոյնպիսի մի ընդարձակ Յայսմաւուրք (1352 էջ) ստացած է մահտեսի Պարոն, մի ուրիշը 974 էջնոց` մահտեսի Այվազ: 1353 թուին գրուած մի ընդարձակ Յայսմաւուրք (1202 էջ) գնած է զէյթունցի տանուտէր Վարդանը, որ հետագային նորոգած է մի խոճա` Մախսուդ անունով: Սրբազան խօսքի սէրը դարձած է գրքի պաշտամունք եւ զարկ տուած է գեղագրի գրչին եւ նկարիչի վրձինին (ընդգծ. Յ.Պ.)., մէկը գեղագրած է մատեաններ, միւսը` նկարազարդած եւ երկուսը միասին ստեղծած են յաճախ գեղարուեստական մեծարժէք յուշարձաններ»:

Ժողովուրդին սէրը եւ պաշտամունքը հայ գիրին եւ հայերէն գիրքին հանդէպ պահած է ազգ եւ ինքնութիւն: Այս վերաբերումը ունեցած են հայ մարդիկ, նոյնիսկ երբ Հայաստանէն հեռու գտնուած են: Այս` 1500  տարի: Այդ ձեւով ինքնութիւն պահուած էր, կը պահուէր մինչեւ այսօր:

Նիկոլ Աղբալեան կացութիւն մը կը նկարագրէ` վկայակոչելով Ե.-Զ. դարու պատմիչ-մտաւորական Ղազար Փարպեցին, որ դաստիարակուած է հայոց սպարապետ Վահան Մամիկոնեանի հետ: Հայ գիրի, խօսքի եւ գիրի մասին ժամանակակից հայուն իր իսկ կողմէ ստեղծած բացասականութիւններուն դէմ պատնէշուելու համար, որպէս օրինակելի եզրակացութիւն, կ՛արտագրեմ հետեւեալ պարբերութիւնը.

«Մեծ Աշխարհ, Մեծ Ժողովուրդ»

Խօսելով Հայաստանի մասին` Փարպեցին կ՛ըսէ, թէ` «մեծ աշխարհ էր մեր հայրենիքը, բայց աւելի մեծ էր հայ ժողովուրդը իր թիւով»: Հայաստանի մէկ երրորդը Յունաց ձեռքն էր, բայց այնտեղ նոյնպէս կը կարդային ու կը գրէին հայերէն: Մեծազանգուած հայութիւն կ՛ապրէր Կապադովկիոյ մէջ, որ նոյնպէս հայախօս էր եւ դարձաւ հայագիր: Մեծակշիռ գաղութ կար Պոլիս, որ երթալով ստուարացաւ: Արշակունիները արքայութեան կորուստէն յետոյ քաշուեցան արեւմուտք եւ նախարարներ կրօնական հալածանքի պատճառով գաղթեցին բիւզանդական սահմանները: Մտաւորական զանգուած մը կար Երուսաղէմ, որ հաւաքուած էր հայոց բազմաթիւ եւ հարուստ վանքերուն շուրջ: Ասոնք կը կարդային ու կը գրէին հայերէն, կը ծաւալէին հայ գիրքը եւ գործ կը հայթայթէին հայ գրչի համար (ընդգծ. Յ.Պ.):»

Ազգային իրաւ եւ ոչ ցուցադրական վերականգնումի համար, հոն, ուր այսօր կան, ինչպէս կ՛ըսուի, «մեծակշիռ գաղութներ», կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որ անոնք կարդան եւ գրեն հայերէն: Ինչպէ՞ս պիտի պայքարինք տնանկի հոգեբանութեան դէմ, որպէսզի այլեւս չըսենք, թէ այսինչը կամ այնինչը տեղացիէն լաւ կը խօսի մեզ հիւրընկալած ժողովուրդի լեզուն, այլ ըսենք, որ անոնք հայերէնը Աւետիք Իսահակեանէն եւ Նիկոլ Աղբալեանէն եւ Մուշեղ Իշխանէն աւելի լաւ կը խօսին:

Անհրաժեշտ է, քաղաքական եւ դիրքապաշտական ամէն կարգի ճապկումներու դէմ պայքարելու համար կրկին եւ կրկին կարդալ Նիկոլ Աղբալեանի ազգային խոր իմաստութիւնը. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ  լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը» (ընդգծ. Յ.Պ.):

Այսինքն կենսական է առաջքը առնել օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան ապազգայնացնող նահանջականութեան եւ հայերէնը դարձնել բոլորին հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան գաղափարը: Ի հարկէ այս կ՛իրականանայ իրա՛ւ ղեկավարութեան ծրագրումով եւ առաջնորդութեամբ` մերժելով անխուսափելի համարուող նահանջականութիւնը:

Իսկ մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Նահանջականութիւնը կը ծեփենք նոր նահանջով: Յաճախ կը յիշեմ եւ յիշած եմ մամիկի մը պարզ իմաստութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ` «ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր»: Մեր օտարաբարբառ եւ օտարագիր դարձած համայնքներուն մէջ, ծունկը գետին դնողները քարվանասարայներ շինած են եւ այդպէս ալ կը շարունակեն:

Դեռ ունի՞նք բաւարար առաքինութիւն, հռոմէացիներու virtus-ը, մեր հոգիի ականջները կարենալ բանալու համար Նիկոլ Աղբալեանի խօսքին` փոխանակ անոր կիսանդրին դիտելով բաւարարուելու:

Այս կ՛ըլլայ առաջին քայլը ազգային վերականգնումի անսեթեւեթ քաղաքականութեան:

Ողջմտութեամբ Նիկոլ Աղբալեան կը գրէ. «Գրերու գիւտով հայ մշակոյթը ուրոյնացաւ եւ զատուեցաւ յոյներու եւ ասորիներու մշակոյթէն» (ընդգծ. Յ.Պ.): Եւ քիչ մը անդին կ՛աւելցնէ. «Եւ վերջապէս, գրերու գիւտը հնարաւորութիւն կու տար ազգային ինքնուրոյն գրականութեան մը ստեղծումին»:

Այսօր մեր մշակոյթի գործիչները եւ ղեկավարութիւնները, հեռանկարային ազգային քաղաքականութիւն մը որդեգրելով` պիտի կարենան վաղուան համար վերամտածել ազգի ուղին, որպէսզի չկորսուի «ուրոյնացում»-ը:

Այլապէս ինքնութիւն, վերապրում, ազգային իրաւունքներու հետապնդում կը դառնան տեղ չհասցնող հնչեղ ճառերու  նիւթ:

1 յունիս 2017, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>