ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 7 յունիսին Թուրքիոյ խորհրդարանը 240 թեր ձայներով վաւերացուց Քաթարի մէջ թրքական ուժերու տեղակայման վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որ հետագային նաեւ ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ: Այդ համաձայնագիրը թէեւ ստորագրուած էր դեկտեմբեր 2015-ին, սակայն անոր վաւերացումը արագացուեցաւ Քաթարի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին լոյսին տակ:
Հարցը այն է, որ Թուրքիան Քաթարի ամէնէն սերտ գործընկերներէն մէկն է եւ անոր նման սերտ կապեր ունի Համասի ու մանաւանդ Իսլամ եղբայրներուն հետ: Աւելի՛ն, Քաթարի դէմ արշաւը ծաւալած պետութիւններուն կողմէ ահաբեկչական որակուած այդ շարժումները գաղափարակից են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Ուստի Անգարա ունի այն մտավախութիւնը, որ եթէ Քաթարը ծունկի գայ, ապա կարգը կրնայ իրը ըլլալ: Ահա թէ ինչու ատիկա կանխարգիլելու համար, մանաւանդ սէուտական զինուորական միջամտութեան մը կամ զինուորական յեղաշրջումի մը կարելիութեան շուրջ մամլոյ տեղեկութեանց լոյսին տակ, կը շտապէ իր ուժերը, թէկուզ խորհրդանշական թիւով, ուղարկել Քաթար` յղելու համար այն պատգամը, թէ այդ երկիրը կարմիր գիծ է: Այդ քայլը, սակայն, Թուրքիան կը դնէ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ հետ անխուսափելի ճակատումի մը ուղիին վրայ: Թուրք-սէուտական եւ Թուրքիա-Ծոցի երկիրներ լարուածութեան տարբեր դրսեւորումները հաւանաբար շուտով տեսնենք միջինարեւելեան տարբեր թատերաբեմերու վրայ:
Միւս կողմէ, Իրան իր կարգին ստանձնած է Սէուտական Արաբիայէն սննդեղէնի ներածումներէն կախեալ Քաթարը երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր սահմաններու փակումին պատճառով շուտով ստեղծուելիք սննդեղէնի ճգնաժամէն փրկելու պարտականութիւնը: Քաթարի ձեռքը ոլորելու արշաւը ձախողութեան մատնելը եւ ընդհանրապէս Ռիատի մէջ արաբական-իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովէն ծնած հակաիրանեան եւ հակաիսլամ եղբայրներ նոր առանցքի դիմակայումը Իրան-Թուրքիա հասարակաց շահ մըն է, որուն թելադրած թուրք-իրանեան մերձեցման հրամայականին լոյսին տակ պէտք է դիտել Իրանի արտաքին գործոց նախարարի չորեքշաբթի օր Անգարա կատարած այցելութիւնը: Արդէն կարելի է կայացած նկատել, մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ նախատեսուած, գործնապաշտ եւ մարտավարական նկատառումներով այդ մերձեցումը, որ կու գայ ամրապնդելու Քաթարի հարցով ստեղծուած թուրք-սէուտական լարուածութիւնը: