Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այսօրուան աշխուժ, գերարագ եւ լայնատարած հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ ոեւէ անձի համար իր մտերմիկ առանձնութիւնը պահպանելը:Արդեօ՞ք այժմ ժամանակն է ընդհանրապէս հրաժարելու այդ գաղափարէն:
Երեւակայէ՛, որ կը մտնես անծանօթներով լեցուն սենեակ մը: Թերեւս ճամբորդած ես նոր քաղաք մը: Ոչ ոք կը ճանչնաս, եւ ոչ ոք քեզ կը ճանչնայ: Ազատ ես ընելու այն, ինչ որ կ՛ուզես, կամ` որեւէ տեղ երթալու, կամ` խօսելու մէկու մը հետ: Ի՞նչ կը զգաս:
Թերեւս ձերբազատած կը զգաս ազգականներու կամ բարեկամներու դատողութենէն եւ նկատողութիւններէն: Թերեւս աշխուժ կը զգաս` այս առիթը ըմբոշխնելու, կեանքը ապրելու համար քո՛ւ ուզած ձեւովդ, քո՛ւ արագութեամբդ: Բայց ինչ որ ալ ըլլան քու զգացումներդ, դուն կրնաս ապահով կերպով ենթադրել, որ կրնաս մտնել այս մեկուսացած կացութեան մէջ, առանց հեռաւոր հաւաքականութեան կամ անձի մը հսկողութեան կամ հետապնդումին: Ճի՞շդ է:
Սխա՛լ: Այդ սենեակը երբ մտնես, կը կարծես, թէ անանուն մէկն ես: Ընկերամշակութային երեւոյթ մը, որ կ՛ապահովէ մտերմիկ առանձնութիւն եւ ազատութիւն: Բայց 2017 թուականին ատիկա գրեթէ մեռած է : Մեր դարու ամէնէն հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապահովել ազգային անվտանգութիւնը եւ մեր կեանքերը բարելաւել արհեստագիտութեան միջոցով, նոյն ժամանակ` պահպանելով առանձնութեան հիմնական իրաւունքը, որ կը թուի, թէ գոյութիւն ունեցած է մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն: Սակայն բազմաթիւ միջոցներով իրարու կապուած մեր թուայնացած մարդկային ընկերութեան մէջ գրեթէ անկարելի է անանուն մնալը:
Համացանցը Մեզ Դադրեցուց Հոգ Ընելէ
Անանուն, անյայտ մնալը մարդկային իւրայատուկ փորձառութիւն մըն է: Ատիկա այն գաղափարն է, որ մենք բոլորս ունինք աշխարհին ներկայացնելիք ինքնութիւններ, բայց որոշ պարագաներու բերումով կրնանք անջատել, քողարկել այդ ինքնութիւնը եւ գործել բացարձակ գաղտնիութեան մէջ:
«Մենք կարիքը ունինք հանրային ինքնութեան` նաւարկելու համար ընտանիքի, բարեկամներու, գործընկերներու, մեր նմաններու ընկերային աշխարհին մէջ: Բայց մենք նոյնպէս կարիքը ունինք առանձին, մտերմիկ ինքնութեան, ներքին տարածութեան մը, ուր անկախ արտաքին ազդեցութիւններէ` մենք կրնանք առանձին մնալ մեր մտածումներուն եւ զգացումներուն հետ, ըլլալ` մեր հոգեկան աշխարհին հետ: Մեր ինքնութիւնը երկուքին խառնուրդով կազմուած է: Առանց մէկուն, կամ միւսին, մեր բարօրութիւնը դիւրաւ կը խանգարուի», կ’ըսէ Նիւ Ճըրզիի Ռայտըր համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս, «Սայքոլոճի օֆ սիպերըսփէյս» գիրքի հեղինակ Ճոն Սիւլըր:
Անանուն ըլլալը մեզի թոյլ կու տայ փորձել նորութիւններ կամ արտայայտել միտքեր` առանց քննադատուելու: Փենսիլվանիոյ Քառնեկի Մելոն համալսարանէն հետազօտողներ հրատարակեցին ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ կատարեցին մանրակրկիտ հարցազրոյցներ` 4 ցամաքամասներէ տասնեակ մը համացանց օգտագործողներու հետ: Օրինակ, մասնակից մը ստեղծած է անանուն առցանց համայնք մը` անգլերէն սորվողներու համար, որպէսզի գործնականի վերածեն իրենց լեզուական հմտութիւնները: Անանուն մնալը իրենց օգնած է աւելի լաւ դասաւորելու իրենց կեանքի որոշ ասպարէզները: Այլ մասնակից մը ըսաւ, որ ինք յաճախ կը յառաջացնէ հաղորդագիրներու էջ մը (message board)` օգնելու համար մարդոց լուծելու իրենց թեքնիք հարցերը, բայց կը ցանկայ մերժել անբաղձալի յանձնառութիւններ, համացանցի անջատուած բնոյթին պատճառով:
Աւելի՛ն. համացանցի նման միջավայրի մը մէջ անանուն մնալը կրնայ օգնել ապահով պահելու անձնական անվտանգութիւնը:
«Մեր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տարբեր տարիքի մարդիկ երբեմն իրաւունք ունին անանուն մնալու», կը գրեն հետազօտողները 44 հարցազրոյցներ վարելէ ետք:
Բայց, ըստ այլ հետազօտական կեդրոնի մը, մինչ համացանցը օգտագործողներուն մեծ մասը կ՛ուզէ անանուն մնալ, սակայն անոնց մեծ մասը չի կարծեր, որ ատիկա ամբողջովին կարելի է: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացի համացանց օգտագործողներուն 59 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ անկարելի է ամբողջովին ինքնութիւնդ առցանց գաղտնի պահել:
Մինչ կարգ մը մարդիկ կ՛առնեն հիմնական քայլեր, որպէսզի անանուն մնան` համակարգիչին մէջ ջնջելով փնտռտուքի պատմութիւնը(browsing history), բազմաթիւ օգտագործողներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզեն անանուն մնալ, այս քայլը չեն առներ:
Այս տարուան սկիզբը հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը բացայայտեց «մտերմիկ առանձնութեան յարակարծութիւն» (Privacy Paradox) կոչուածը. գաղափարը, որ մինչ մարդիկ կ’արժեւորեն առանձնութիւնը, սակայն գործնականին մէջ ատիկա պահպանելու համար գրեթէ ոչինչ կ’ընեն:
Մտածեցէ՛ք ատոր մասին. վերջին անգամ ե՞րբ կարդացիք այդ բազմաթիւ եւ երկար առանձնութեան քաղաքականութեան թարմացումները` նախքան «համաձայն եմ»-ը հաստատելը: Առանձնութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքը հետզհետէ աւելի անտարբեր եղած է:
Նոյնիսկ ոմանք կը պնդեն, որ նոյնիսկ վնասակար է քանի մը տեղեկութիւններ չհրապարակելը:
Աշխարհի տարածքին ասպարէզներու խորհրդատուներ կը շեփորահարեն արհեստավարժ անհրաժեշտութիւնը ունենալու բացայայտ հանրային ԼինքըտԻն նկար ամբողջական անունով, բոլոր մանրամասնութիւններով, աշխատանքի ամբողջական պատմութեամբ եւ աւելի…
Թերեւս ասիկա աւելի շատ մշակութային մեղմացում է` նախկին կաշկանդուած, ջղային վերաբերմունքի նկատմամբ:
Ես կը յիշեմ առաջին անգամ համացանցը օգտագործելս: 1990-ական թուականներուն էր, իմ հօրս համակարգիչին վրայ: Այդ օրերուն համացանցի ծառայութիւն հայթայթողները շատ հեռու կ՛երթային, ծայրայեղական աստիճանի, օգտագործողները համոզելով, որ չհրապարակեն նոյնիսկ տարրական տուեալներ իրենց հանրային դիմագիծներէն` անուն, քաղաք, նոյնիսկ սեռ, ազգային պատկանելութիւն:
Այսօ՞ր: Անձնական տեղեկութիւնները ազատօրէն կը շրջագային ամբողջ ցանցին մէջ, յաճախ` մեր կամքով. Ինսթակրամի մէջ հրապարակուած մեր եւ մեր սիրելիներուն ինքնանկարները (սելֆի), ամբողջացած` աշխարհագրական վայրի նկարներով: Ընկերային լրատու ցանցեր օգտագործողներ, որոնք մասնակից կը դառնան քաղաքական կռուըտուքի, ցեխարձակումներու եւ վիրաւորանքներու, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց յարձակումներուն թիրախը կրնայ դիւրաւ գիտնալ իրենց անուններն ու իսկական ինքնութիւնը:
«Մարդիկ հակում ունին կարծելու, թէ համացանցային տարածքը տեսակ մը երեւակայական տարածք է, առանց իսկական սահմաններու, տարածք մը, որ շատ լուրջի պէտք չէ առնել, եւ որ` ենթակայ չէ «իրական» աշխարհի օրէնքներուն եւ չափանիշներուն», կ՛ըսէ Սիւլըր:
Ընդամէնը քանի մը տարիներու ընթացքին համացանցին հետ ժողովուրդին յարմարաւէտութեան մակարդակը բարձրացած եւ հասած է այն կետին, ուր տեղեկատուութեան փոխանակումը կրնայ ըլլալ անփոյթ, կամ անխոհեմ:
Անուանեցէ՛ք ատիկա մտերմիկ առանձնութեան յոգնութիւն, բայց մեր արհեստագիտական սարքերէն (բջիջային, համակարգիչ եւ այլն) եւ ընկերային ցանցերէն մեր աճող կախուածութիւնը մեզմէ ոմանց տուած է ծոյլ վերաբերում` ամբողջովին անանուն մնալու հանդէպ:
Բայց ի՞նչ կը պատահի, եթէ դուն մէկն ես այն մարդոցմէ, որոնք կը զգուշանան, կը խուսափին Ֆէյսպուքէն, ընկերային ցանցի մէջ ներկայութիւն չունի, եւ ծայրայեղութեան կ՛երթայ թուայնացած հետք ձգելու մէջ: Ներեցէ՛ք, ձեր անանուն մնալը եւս վտանգուած է:
Ցանցէն Դուրս Գալը Ամրանալ Չէ
Մինչ Ֆէյսպուքը շրջանցելը լաւ միջոց մըն է անջատուելու, սակայն տակաւին կան միջոցներ, որոնցմով մարդիկ կրնան հետախուզել ձեր ինքնութիւնը:
Փոլ Օհմ` Ուաշինկթոնի Ճորճթաուն համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս, կ’ըսէ, որ կայ «միջազգային անանունութիւն» եւ «մակաբերական անանունութիւն». առաջինը մեր ընտրածն է` ապահով ըլլալու, երկրորդը կը վերաբերի տուեալներուն, որոնց միջոցով Կուկըլ խուզարկելով` ձեր մասին կրնայ առցանց «եզրակացնել», այսինքն միայն տուեալ մը օգտագործելով` անձնական տեղեկութիւններու կոյտ մը կը կազմէ ձեր մասին:
Արհեստագիտական սարքերէն (բջիջային, համակարգիչ եւ այլն) եւ ընկերային ցանցերէն մեր աճող կախուածութիւնը, կը մաշեցնէ մեր անանուն մնալը: Եթէ նոյնիսկ դուք ընկերային ցանցեր չէք օգտագործեր, ծանուցողներ կրնան ձեր առցանց հետքերը գտնել:
2017-ին ամբողջովին անանուն ըլլալու մասին խօսելով` Օհմ կ՛ըսէ. «Հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, որ ասիկա պարտուելու խաղ է: Մինչեւ այն ատեն որ մէկը բան մը գիտէ ձեր մասին, անոնք հաւանաբար նաեւ այլ բաներ պիտի գտնեն ձեր մասին, եւ ատիկա` անցեալէն աւելի յաջող ընելով»:
Եթէ դուք ընկերային ցանցի մէջ աշխուժ էք, ատիկա կրնայ նշանակել հին բոցեր, կամ երկար ատենէ ձեր կորսնցուցած դասընկերները չեն կրնար գտնել ձեր հետքը: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ դուք անանուն մնացած էք խոշոր ընկերութիւններու, կառոյցներու, կամ կառավարութեան համար:
«Այժմ շատ աւելի դժուար է ըլլալ անանուն, քան ատիկա եղած է 20 տարի առաջ», կ՛ըսէ Փիթըր Սուայր` իրաւաբանութեան դասախօս, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի խորհրդականներէն եղած է:
Ծանուցումի ասպարէզի մարդիկը ձեր համացանցային սովորութիւնները կը յայտնաբերեն ձեր սարքերուն (բջիջային, թապլեթ եւ լափթոփ) միջոցով` գիտնալով սովորաբար ձեր գտնուած վայրերը, գնումներու շուկաները, օգտագործած կայքերը, եւ աճող տարակարծութիւններ կան այն մասին, թէ համացանցի ընկերութիւններուն պէ՞տք է արտօնուի հետեւելու եւ վաճառելու երրորդ անձերու:
Այս տարեսկիզբին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրեց օրէնք մը, որ կը ջնջէ համացանցային ընկերութիւններու պարտադրուած պահանջները` արտօնութիւն ստանալու յաճախորդներէն, նախքան անոնց անձնական տուեալները( նոյնպէս օգտագործած սարքերն ու կայքերը) մատչելի դարձնելը:
Սուայր կ’ըսէ, որ մենք կ’ապրինք «հսկողութեան ոսկեդարուն մէջ» : Եթէ դուք հետաքննուող անձ մըն էք, ձեր մասին դրամական եւ այլ տուեալներ, ձեր օգտագործած կայքերը յայտնաբերելը շատ դիւրին է: Եւ ատիկա կ’ակնարկէ աւելի մեծ, լուրջ առանձնութեան, գաղտնիութեան մտահոգիչ խախտումներու` համացանցային անվտանգութեան եւ թուայնացած ծառայութիւններու, որոնք կը պահեն ձեր դրամատնային տուեալները, հաշիւները եւ տան հասցէները:
Այս օրերուն դժուար է անյայտ մնալը:
Աւելին կա՞յ:
Օհմ կ՛ըսէ. «Մենք կը մօտենանք ծանուցումի յաջորդ խոշոր սահմանին. ձեր գտնուած վայրին»:
Անշուշտ կայքերը կրնան ոչ մէկ ծանուցում արտօնել ձեր հետաքրքրութիւններու հիման վրայ համացանցին մէջ ձեր այցելած վայրերուն վրայ: Բայց ընկերութիւնները եւ ծանուցողները, որոնք կը հետապնդեն ճարտարագիտական եւ առեւտրական գործարքներ, կրնան գտնել ձեր այցելած ճշգրիտ կայքը եւ նոյն պահուն ծանուցում հրապարակել հոն: Օրինակ, ծանուցումը կրնայ առկայծիլ ձեր բջջային հեռաձայնի պաստառին վրայ` ձեզի ներկայացնելով սակերը վաճառատան մը, որ կը գտնուի ձեզմէ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Գործնականօրէն անկարելի է ապրիլ ամբողջովին առանց համացանցի կամ հաղորդակցութեան որեւէ սարքի:
«Այժմ վատ ժամանակ է լրտես ըլլալը », կ’ըսէ Սուայր:
Այլ խօսքով, նոյնիսկ այն մարդոց համար, որոնց գործը պէտք է ըլլայ անանուն, դժուար է անանուն մնալ:
Այդուհանդերձ, կան բազմաթիւ դէպքեր, որոնց անանուն մնալը խնդրայարոյց է, նոյնիսկ` վտանգաւոր: Արդեօ՞ք ատոր մահը իրականութեան մէջ օրհնութիւն է հանրութեան համար:
Վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ մարդոց հոգը չէ համացանցային որոշ մակարդակի գաղտնիութեան զոհաբերումը` առցանց հսկողութեամբ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:
Անանունութեան Վախճանը Լա՞ւ Է
Սուայր կ՛ըսէ, որ անանունութիւնը յարաբերաբար նոր կառոյց է, եւ թէ` քաղաքներու աճը ատիկա զարգացուց: Ուրեմն մենք առանց ատոր ապրելու աւելի շատ ժամանակ սպառած ենք, քան` ատոր հետ ապրելու:
«Անանունութիւնը գոյութիւն չէ ունեցած հին ժամանակներուն մէջ, երբ ամէն ոք գիտէր միւսին գործը: Որոշ չափով քաղաքային կենցաղը ստեղծած է անանունութիւնը: Տարբերութիւնը այսօր այն է, որ նոյնիսկ մեծ քաղաքի մը մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ձգէ հացի պատառներ, հետքեր, որոնց հետախոյզ մը կրնայ հետեւիլ», կ՛ըսէ Սուայր:
Ամէն պարագայի, ամբողջովին անանուն մնալու մեր գործունէութիւնը առաւել կամ նուազ չափով անպտուղ է: Համացանցին մէջ նոր զարգացումներու աճը, աւելի եւ աւելի սարքերու առօրեայ օգտագործումը, մեր անձնական տուեալները գործուն պիտի դարձնեն, եւ ատոնք աւելի պիտի համարկուին մեր կեանքերուն:
«Այս մեծ անջատումը կայ: Արդեօ՞ք մենք կը հաւատանք, հարցազրոյցի մը ատեն առանձնութեան մասին հարցումին մարդոց տուած պատասխաններուն, թէ համացանցին մէջ անոնց ունեցած սովորութիւններուն»:
Օգտագործուած աղբիւր `
«Պի.Պի.Սի.»