Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Կրթական հաստատութիւններուն պէս, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ալ կը պատրաստուին տարեվերջի իրենց աւարտական հանդէսներով եւ հունձքերով ներկայանալ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին, ինչպէս նաեւ «Արեգ» թատերական դպրոցի տնօրէն Ռոպերթ Առաքելեանին եւ «Թորոս Ռոսլին» դպրոցի տնօրէն Վազգէն Մուղալեանին հետ, որոնք ներկայացուցին դպրոցներու միամեայ աշխատանքներն ու ծրագիրները:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Արեգ» թատերական դպրոցի ամավերջի աւարտական հանդէսին մասին:
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի աւարտական հանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի, «Արմէնեան» սրահին մէջ: Ունինք 26 շրջանաւատներ` 13 «Աղբալեան» մասնաճիւղէն, 13 «Լեւոն Շանթ»-էն: Ընդհանրապէս ամէն տարի տարբեր բաներ կը ներկայացնենք, ինչպէս, օրինակ, հատուածներ ներկայացումներէ, սքեչներ, մանրապատումներ, վարժութիւններ եւ այս մէկը կը ձգենք աշակերտներու նախասիրութեան, բնական է, որ ամէն բան չի ձգուիր աշակերտներու նախասիրութեան, մենք կը փորձենք իրենց ցանկութիւնը յղկել, շտկել դէպի ճիշդը, դէպի լաւը, օգտակարը, արդիւնաւէտը: Այս պարագային իրենք ընտրեցին իրենց ներկայացնելիք վարժութիւններու համակարգը: Վարժութիւններ, որոնք կը վերաբերին բեմական շարժման, բեմական խօսքին, դերասանի վարպետութեան, դիմախաղի, բեմին հետ կապուած տարբեր-տարբեր բաներու. կան երաժշտական վարժութիւններ, պարզ վարժութիւններ, պարզ գործողութիւններ, խմբային տեսարաններ եւ այլն: Լաւ միջոց մըն է, իբրեւ ուսանողական աւարտական ներկայացում, դրսեւորելու բոլորին կարողութիւնը տարբեր մարզերու մէջ: Բայց այն, ինչ որ իրենք կը ներկայացնեն, բոլորը կրնան ընել. պարզապէս վարժութիւններու մեծ տրցակով թուղթեր կան` պատրաստուած թիւերով, աշակերտները կը քաշեն այդ թիւերէն, որո՞ւ ի՛նչ կ՛իյնայ, այդ կ՛ընէ: Վարժութիւններու համակարգը տարուան աշխատանքներն են, որոնք բոլորն ալ կրնան ընել, այլ խնդիր է, թէ ո՛վ, ի՞նչ կը սիրէ: Անշուշտ որ թատերական վարժութիւնները չենք կրնար թուղթի մէջ ձեւակերպել եւ որոշ սահմանափակում մտցնել, որովհետեւ անսահման են: Սահման չունի թատրոնը, պարզապէս մենք ընտրած ենք մէկ մասը:
«Ա.».- Քանի՞ տարի աշակերտները կը մնան «Արեգ» թատերական դպրոցին մէջ:
Ռ.Ա.-Երկու տարի, որմէ ետք կ՛անցնին «Արգ» թատերախումբ, ուր ամէն տարի կը ներկայանան հանրութեան իրենց դերերով, կը մեծնան, աւելի կը զարգացնեն իրենց կարողութիւնները: Կը փորձենք ամէն տարի տարբեր ժանրի դերեր տալ իրենց, որպէսզի իրենց թատերական տարբեր կողմերը բացայայտուին: Այսպէս կը մեծնան ու կ՛անցնին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, մենք կ՛ուզէինք երիտասարդական թատերախումբ մը ալ ստեղծել, որովհետեւ կարիքը կայ երիտասարդական թատերախումբի, բայց յուրախութիւն բոլորիս` «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այս տարի հանդէս եկաւ երիտասարդական ներկայացումով մը, ուր գլխաւոր դերակատարները «Արեգ»-էն են: Այս մէկը ուրախալի երեւոյթ է, կը նշանակէ` նպատակը իրագործուած է:
«Ա.».- Յաճախ կը լսենք արտայայտութիւններ նոր սերունդի անտարբերութեան մասին, թէեւ անձնապէս չենք կիսեր այդ արտայայտութիւնը: Որպէս նոր սերունդի հետ աշխատող անձնաւորութիւն` դուք ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:
Ռ.Ա.-Ես ալ երբ փոքր էի, նոյն արտայայտութիւնները լսած եմ մեր սերունդի մասին: Հայրս կ՛ըսէր, որ իրենց սերունդին մասին ալ այդպէս կ՛ըսէին, մեծ հայրս ալ նոյնը կ՛ըսէր իրենց սերունդին մասին: Կեանքը կը շարունակուի, փոխարինողներ, այդ օղակը ամբողջացնողներ միշտ կու գան, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ նոր սերունդը վերջն է. եթէ նայինք մեր դպրոցներուն մէջ հանրակրթական կամ մասնագիտական, տուեալ պարագային` «Լեւոն Շանթ»-ի մէջ, եթէ դպրոցէ դպրոց շրջինք, կը տեսնենք, որ ի՜նչ անհատականութիւններ սկսած են ձեւաւորուիլ, եւ պատասխանատուները, ուսուցիչները անոնց ձեռքը բռնած` կ՛ուղղեն դէպի զարգացում, դէպի կարողութիւններու յղկում: Ինչպէ՞ս կրնայ նոր սերունդը լաւ չըլլալ, ճիշդ չըլլալ, երբ այսօր մեր բեմերուն վրայ կը տեսնենք հրաշալի նուագողներ, ցուցահանդէսներու հրաշալի գծագրիչներ, դերասաններու կատարումներ, կեանքը կը շարունակուի: Պարզապէս մենք վարժ ենք նշանաւոր անհատներու դիմագիծով ճանչնալ տաղանդները, եթէ Պարոյր Սեւակի դիմագիծը չունի… եթէ Վահրամ Փափազեանի դիմագիծը եւ ձայնը չունի… կարծես մենք զանոնք կը սպասենք, կառչած ենք հինին եւ զանոնք նախապաշարումով կ՛ապրիք, եթէ Նիկոլ Աղբալեանը Չարենցը չբացայայտէր, ի՞նչ կրնար ըլլալ: Մէկ խօսքով, պէտք է հաւատալ ու նորը փնտռել, տեսնել, յայտնաբերել, զարգացնել, ներկայացնել եւ հպարտանալ ու ծափահարել անոր:
«Ա.».- Խօսինք «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշխատանքներուն մասին:
ՎԱԶԳԷՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ.- Ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ին, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտներու ցուցահանդէսն է եւ միաժանակ` մնացեալ աշակերտներու խմբային ցուցահանդէսը: Երկար տարիներէ ետք կրկին կ՛ունենանք աւարտական դասարան: Այս տարի չորս շրջանաւարտներ ունինք, որոնք երկար շունչի վրայ հետեւած են «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի դասընթացքներուն եւ այսօր, իրենց ուսուցիչներուն վկայութեամբ, պիտի ստանան իրենց աւարտական վկայականը: Խօսելով «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի աշխատանքներուն մասին` կրնամ ըսել, որ այս տարի շատ լաւ արդիւքներ ունեցանք. համեմատելով նախորդ տարուան հետ` այս տարի շատ աւելի էր աշակերտներուն թիւը, նախապէս ունէինք 70 աշակերտ, իսկ այս տարուան աշակերտները կը հաշուեն մօտ 100 հոգի:
Նախապէս «Թորոս Ռոսլին» դպրոցին մէջ դասարանային հասկացողութիւն չկար: Աշակերտները կ՛աշխատէին, եւ երբ ուսուցիչները տեսնէին, որ կարողութիւններով օժտուած են, կ՛անցնէին միւս ուսուցիչին: Այս երկու տարուան մէջ ձեւը փոխեցինք եւ վերածեցինք դասարանային դրութեան: Կրնամ վկայել, որ դպրոցը այսպէս լաւ հիմերու վրայ դրուեցաւ, որովհետեւ նախորդող տարիներուն յաճախ կը լսէի արտայայտութիւններ ծնողներէն, որ իրենց զաւակը կ՛երթայ-կու գայ եւ չեն գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի աւարտէ: Այս մտահոգութենէն ելլելով, երբ յանձն առի տնօրէնութիւնը, փորձեցի ծրագիր մը որդեգրել, ձեւ մը գտնել, որպէսզի թէ՛ ծնողները գոհ մնան, թէ՛ աշակերտները: Այս ծրագիրը շատ աւելի ընդունելութիւն գտաւ ծնողներուն կողմէ: Անցեալ տարի իւրաքանչիւր աշակերտի վկայագիր յաձնեցինք, որպէսզի գիտնան, թէ իրենք ո՛ւր հասան: Այլ խօսքով մասնագիտական մօտեցումով կը ցուցաբերենք, որպէսզի աշակերտը գիտնայ, թէ ինք ամէն տարի ի՛նչ ձեւով պիտի յառաջդիմէ: Գոհ եմ այս տարուան արդիւնքներէն, եւ կը պատրաստուինք ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահին մէջ, ուր պիտի յանձնենք չորս աւարտողներուն վկայականները, եւ հանրութիւնը առիթ պիտի ունենայ դիտելու աշակերտներուն աշխատանքները:
«Ա.».- Ի՞նչ բաժանումներ ունի դասարանային համակարգը:
Վ.Մ.- Նախ ըսեմ, որ 5 տարեկանէն կը սկսինք ընդունիլ: Այս տարուան մեր լոզունգն էր` «5 տարեկանէն 55 տարեկան»: Ունինք նախապատրաստական դասարան: Փոքրիկները երեք տարի կ՛աշխատին Մարալ Իրամեանին հետ: Այս տարիներու ընթացքին փոքրիկները կամ աշակերտները կը սկսին արմատ նետել, օրէնքները հաճելի ձեւով ընդունիլ, ընկալել, որպէսզի սկսին սորվիլ գծելու դարձուածքները եւ ձեւերը: Ասկէ ետք կու գայ միջակ դասարանը, որ 10 տարեկանէն մինչեւ 14 տարեկան է: Այստեղ ես եւ Տալիա Խտըշեանը կը դասաւանդենք: Այս բաժինի աշակերտներուն թիւը բաւական մեծ է: Հոս կը սկսինք շատ աւելի մասնագիտական աշխատանքներու ենթարկել պատանիները. կը սորվեցնենք օրէնքներ եւ մանաւանդ գծագրական նիւթերու օգտագործումը: Երեք տարի ետք կ՛անցնին մեծերու մասնագիտական բաժին, ուր կը սկսին իւղաներկով, աքրիլիքով, կուաշով պատկերներ գծել: Այս կարգին կը դասաւանդեն` Միրէյ Կոկիկեանը, Վարդան Խապայեանը եւ Գէորգ Ուլաշեանը: Այս տարուան վերամուտին չորս աշակերտներէն խնդրեցինք, որ աւարտականի իրենց աշխատանքները պատրաստեն. իւրաքանչիւր աշակերտ 3 գործ պատրաստած է, եւ այդ գործերուն հիման վրայ մենք վկայականները պիտի շնորհենք իրենց:
«Ա.»- ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն տարեկան աշխատանքը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ.-Համազգայինը ունի գեղարուեստի 4 դպրոցներ, որոնցմէ երկուքը այսօր արդէն ներկայացան` «Թորոս Ռոսլին» գծագրական կերպարուեստի դպրոց եւ «Արեգ»-ը որպէս թատերական դպրոց, ասոնց կողքին ունինք մեծագոյնը, որ երաժշտական դպրոցն է, նաեւ «Գայեանէ»-ն, որ պարի դպրոցն է: Որովհետեւ մեր աշակերտները դպրոցական են, հետեւաբար կէսօրէ ետք կը սկսի գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութիւնը, մանաւանդ` ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը: Եթէ մէկը այդ օրերուն մեր կեդրոնները այցելէ, պիտի տեսնէ մեղուի փեթակ մը, ուր մեղուները ժրաջան կ՛աշխատին: Իրապէս երեւոյթը շատ հաճելի է: Ինչպէս կրթական հաստատութիւնները իրենց տարեվերջի քննութիւններով եւ հանդէսներով զբաղած կ՛ըլլան, մեր գեղարուեստի դպրոցներն ալ կը պատրաստուին ամավերջի աշխատանքներուն եւ արդիւնքներուն:
Ես կ՛ուզեմ շեշտել գեղարուեստի դպրոցներուն անհրաժեշտութիւնը մեր զաւակներու անհատականութեան կազմաւորման մէջ: Մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները անփոխարինելի դեր ունին: Այսօր եթէ սփիւռքի մէջ մենք մեզ պահած ենք, այդ մէկը շնորհիւ մեր մշակոյթին եղած է: Եթէ մեր աշակետները մօտ չըլլան մեր մշակոյթին, շատ բան կրնանք կորսնցնել ապագայի հաշուոյն: Այսօր կ՛ապրինք գերարդիական ժամանակաշրջան մը, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը մեզ կը հեռացնեն խորքային աշխատանքներէն, կարելի է ըսել նաեւ, որ դիւրակեցութիւնը, հանգստութիւնը, անտարբերութիւնը տիրած են մեր կենցաղին վրայ: Բայց հակառակ տիրող մթնոլորտին` բարեբախտաբար մենք տակաւինք ունինք մարդուժ, ունինք նոր ու առողջ սերունդ: Ես կը հաւատամ, որ մենք եթէ հաւատանք, որ ունինք նոր ուժ եւ քաջալերենք, անպայման կ՛ունենանք յաջող սերունդներ: Պատկերացուցէք` այս տարի աշակերտներու թիւի յաւելում ունեցանք: Երբեմն կը մտածեմ ու կ՛ըսեմ, որ «Լեւոն Շանթ» շէնքը նեղ կու գայ մեզի: Կը կարծեմ, որ եկող տարի աւելի թիւ պիտի ունենանք, որովհետեւ ամավերջի հանդէսներու ներկայացումներու եւ վկայականներու երեւոյթէն ետք շատ ծնողներ պիտի ուզեն, որ իրենց զաւակն ալ մասնակցի Համազգայինի դպրոցներուն. այս բոլորը մեր էութեան եւ գոյութեան մէկ մասնիկն են:
Այս ուրբաթ տեղի պիտի ունենայ «Թորոս Ռոսլին»-ի ամավերջի ցուցահանդէսի բացումը եւ ամավերջի վկայականաց բաշխումը, տարիներէ ի վեր աւարտող չենք ունեցած, բարեբախտաբար այս տարի ունինք. հետաքրքական է նաեւ այն, որ այս տարի մեր ցուցահանդէսը կը կատարենք «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, ուր մեծ արուեստագէտներ իրենց գործերը կը ներկայացնեն: Այս երեւոյթը, կը կարծեմ, մեր աշակերտներուն մղիչ ուժ պիտի ըլլայ, որպէսզի իրենք ալ զգան, որ կրնան տեղ հասնիլ: Գիտէք` «Թորոս Ռոսլին» դպրոցէն ելած են անուանի արուեստագէտներ: Հետեւաբար մենք ալ մեր կարգին կը քաջալերենք մեր աշակերտները, որ մեծ նուաճումներ արձանագրեն: Իսկ յաջորդ օրը` շաբաթ, «Արեգ»-ի վկայականները պիտի տրուին: Եկող շաբաթ ունինք պալէի ելոյթը. «Գայեանէ»-ի ծիրէն ներս ստեղծած ենք նաեւ պալէի դասարանը. այս տարի առաջին տարին է, որ առանձին ելոյթ պիտի ունենայ «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
Յաջորդ շաբաթ կը հասնինք «Գայեանէ»-ի ելոյթին, որ բաւական մեծ աշխատանք է. այս տարի ժողովուրդը պիտի տեսնէ այդ աշխատանքին արդիւնքը, երբ մենք 400 աշակերտ բեմ պիտի հանենք: Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններու ընթացքը կը փակենք «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանցի ամավերջի հանդէսով, ուր բաւական աւարտականներ ունինք:
«Ա.».-Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք գեղարուեստի դպրոցներու աշխատանքը:
Յ.Հ.- Ես կը կարծեմ, որ մենք ունինք դրական մթնոլորտ. որքան դժուարութիւններ ըլլան, որքան ալ անտարբերութիւններ, մենք ունինք եւ պիտի ունենաք աշակերտեր, որոնք պիտի միանան մեր դպրոցներուն եւ արդիւնք պիտի տան: Մենք անցեալի փառքերով պէտք չէ բաւարարուինք, չենք կրնար գոյատեւել յիշելով միայն անցեալի դէմքերը, մեր փառքերը: Պէտք է գիտակցինք մեր գոյութեան եւ ստեղծենք նորերը, անպայման պիտի գան նորերը, եւ ասիկա կախեալ է մեզմէ, մեր իրականութենէն, մեր մօտեցումէն: Քիչ մը աւելի կեդրոնացում, քիչ մը աւելի քաջալերանք մեր զաւակներուն` արդէն բաւարար է կերտելու համար առողջ սերունդ: Չըսենք, որ մարդուժ չունինք, ո՛չ, ունինք, մեր ունեցածներով խրախուսուինք: Ահա այսպէս կը շարունակուի պատմութիւնը: Եթէ երբեք մենք ունեցած ենք դէմքեր, բնական է, որ այսօր ալ ունինք, վաղն ալ պիտի ունենանք: Մենք մեզ ճանչնանք, մեզ արժեւորենք եւ հաւատանք արդիւնքին ու կը ստանանք զայն:
Ռ.Ա.- Ժամանակը պիտի բերէ նորերը, այնքան ատեն որ ժամանակը առաջ կ՛ընթանայ, իրեն հետ կը բերէ ամէն ինչ, ուղղակի պէտք է կարենալ որսալ, գտնել, ուղղել: Օկիւսթ Ռոտենը հետաքրքական արտայայտութիւն մը ունի, որ կ՛ըսէ. «Ես քարին վրայէն կը հեռացնեմ աւելորդ մասերը, չեմ քանդակեր»: Այսինքն պէտք չէ ծեփել աշակերտը, պէտք չէ իրմէ ստեղծել այնպիսի նոր բան, որ դուն կ՛ուզես, այլ պէտք է տեսնել իր ձիրքը, կարողութինը ու գուրգուրալ անոր վրայ: Պէտք է անոր ճամբու վրայի խութերը վերացնել, սխալները հեռացնել եւ արդիւնքը արդէն մէջտեղ կ՛ելլէ: Տաղանդներ կու գան եւ հազարաւորներու մէջէն մէկը կրնայ ըլլալ հանճարեղ, պէտք է գտնել զայն, իսկ աշխատանքի ճամբու ընթացքի, միայն եթէ թատրոնի մասին խօսինք, տարբեր մակարդակի ձիրքեր կան, նուազագոյնը կ՛ունենանք շատ զարգացած եւ շատ բանիմաց սերունդ եւ շատ լաւ հանդիսատես, իսկ անոնց մէջ տաղանդներ, անհատներ անպայման կան, եւ փաստը մէջտեղն է:
Վ.Մ.- Ես շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ մեր ծնողներուն, որովհետեւ իրենց զաւակները կը ղրկեն հայակական կեդրոններ, ուր փոքրիկները կը սորվին թատրոն, պար, նկարչութիւն: Ասկէ երեսուն տարի առաջ եւ աւելի` նման մօտեցում չկար: Անհատապէս տաղանդներ կը փայլէին, բայց այսօր կը տեսնենք ծնողներու զոհողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս շաբաթ օրերը իրենց զաւակը կը բերեն ու կը սպասեն, որ աւարտէ դասը ու բան մը սորվի: Ինծի համար այս երեւոյթը շատ կարեոր է, խորապէս շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ մեր ծնողներուն, որ իրենց ազատ ժամերը կը զոհեն, որպէսզի մեր փոքրիկները` վաղուան մեր ապագան, ըլլայ լեցուն մեր մշակոյթի հետ առնչուած զանազան մասնագիտութիւններով:
Ռ.Ա.- Գործակցութիւնն է, որ արդիւնք կու տայ, մէկ ձեռքը ծափ չի զարներ: Վարչութիւն, տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ծնողներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ` ահա հաւաքական այս աշխատանքը անպայման իր արդիւնքը կու տայ: