ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր աշխարհայեացքով ընկերվարական կուսակցութիւն է: ՀՅԴ-ի ընկերվարական մտածողութեան զարգացումը զուգահեռաբար ընթացած է միջազգային ընկերվարական մտածողութեան զարգացման հետ:
ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութեան սկզբնական երկու աղբիւրներն են նարոդնիկական շարժումն ու մարքսականութիւնը, որովհետեւ հայ ազգին մէկ մասը կ՛ապրէր գիւղերը, իսկ միւս մասը` արդիւնաբերական քաղաքներու մէջ:
ՀՅԴ-ի ընկերվարական մտածողութեան զարգացումը անցած է հետեւեալ փուլերէն` նարոդնիկականութիւն, ուղղափառ մարքսականութիւն, վերաքննական մարքսականութիւն, նոր ձախ եւ արդի ընկերվար-ժողովրդավարութիւն:
Ստորեւ պիտի բացատրեմ հինգ փուլերը, որոնցմէ անցած է ՀՅԴ-ի ընկերվարական գաղափարական միտքը` ՀՅԴ-ի հիմնադրութենէն մինչեւ ներկայ ժամանակները.
1.- Նարոդնիկականութիւն. ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական մտածողութեան հիմնական եւ սկզբնական աղբիւրներէն մէկը նարոդնիկականութիւնն էր. նարոդնիկական գերակշռող ազդեցութեամբ էր, որ կը զանազանուէր ՀՅԴ-ն հայկական քաղաքական միւս ուժերէն: Իր հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ն հայկական հասարակական կեանքին մէջ եղաւ հիմնական ուժերէն մէկը, որ որդեգրած էր նարոդնիկական շարժման սկզբունքները: ՀՅԴ-ի նարոդնիկական ընկալումը կը կայանար հայ գիւղացիի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ազատագրութեան մէջ, եւ ատիկա կ՛իրականանար հողերու հաւասար բաշխումով` բոլոր գիւղացիներուն միջեւ:
Գետնի վրայ գործադրութեան իմաստով, Դաշնակցութիւնը նարոդնիկական շարժումէն իբրեւ ժառանգ մնացած հողային բարեկարգումի սկզբունքը իրագործեց 1915-1917-ին, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումէն ետք, բոլոր գիւղացիներուն միջեւ անոնց հաւասար բաշխումով, եւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ, երբ Սիմոն Վրացեանն էր գիւղատնտեսութեան նախարարը. ան հանրայնացուց հողերը` հողատէրերուն ձեռքէն խլելով զանոնք:
2.- Ուղղափառ մարքսականութիւն. Մարքսի եւ Էնկելսի «Համայնավար մանիֆեստ»-էն ծնունդ առաւ ուղղափառ մարքսականութիւնը:
«Մանիֆեստ»-ը կը դաւանէր, որ պրոլետարիատը (բանուոր դասակարգ) պիտի մղէ դասակարգային պայքար` ընդդէմ պուրժուաներուն (քաղքենիութեան) եւ յեղափոխութեամբ պիտի կերտէ ընկերվարական համակարգ` արտադրութեան միջոցներու հանրային սեփականատիրութեամբ:
1880-ական թուականներուն դրամատիրութիւնը վայրագօրէն զարգացած էր եւ ստրկացուցած` բանուոր դասակարգը Ռուսիոյ մէջ. ռուսական բանուորութեան նիւթական թշուառ վիճակին պատճառով Ռուսիոյ մէջ ձեւաւորուեցաւ մարքսականութիւնը, որուն հայրը եղաւ գաղափարախօս եւ տեսաբան Կէորկի Պլեխանով:
Ինչպէս ռուսական կայսրութեան բոլոր բանուորները, հայ բանուորն ալ թշուառ կեանք մը կը վարէր, այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ բանուորներու հարցերու լուծման ժամանակակից, յառաջդիմական միտքերէն մէկը նկատուող ուղղափառ մարքսականութեան նկատմամբ, եւ ահա, իր շեշտուած մարքսական մտածողութեամբ յատկանշուած, հիմնադիր երրորդութեան անդամ Ռոստոմ Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութեան» բաժինին մէջ կը ներառէ ուղղափառ մարքսականութեան դրոյթները եւ բառացիօրէն կը գրէ. «Մենք գործ կը դնենք ամէն միջոց` պահպանելու գոյութիւն ունեցող համայնական սկզբունքները, մենք կ՛աշխատենք տարածել համայնական սեփականատիրութիւնը,համայնական աշխատանքը, որպէսզի աւելի պատրաստ գտնուինք անցնելու այն հասարակական կազմակերպութեանը, որն այսօր-էգուց կը հաստատուի տնտեսապէս աւելի զարգացած երկրներում` պրոլետարիայի յեղափոխութեամբ»:
Հոս ՀՅԴ-ի անդրանիկ ծրագիրը կը հաստատէ, որ միայն «պրոլետարիատի յեղափոխութեամբ» է, որ կը կերտուի աւելի արդար ընկերային համակարգ: ՀՅԴ-ն որդեգրեց ուղղափառ մարքսականութիւնը` իր հիմնադրութենէն մինչեւ իր Դ. Ընդհանուր ժողով (1907): ՀՅԴ-ն գործադրեց այս տեսութիւնը ռուսական առաջին յեղափոխութեան (1905) ընթացքին, երբ առաջնորդեց հայ բանուոր դասակարգը եւ եղաւ անոր ազատագրութեան ջահակիրը:
3.- Վերատեսական մարքսականութիւն. 1905-1907 թուականներուն ընթացքին ՀՅԴ-ն մասնակցած էր երկու յեղափոխութիւններու (Ռուսական եւ պարսկական). առաջինէն դուրս եկաւ բարոյական յաղթանակով, իսկ երկրորդէն` քաղաքական: 1900-ականներու ընթացքին Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ծնունդ առաւ նոր տեսութիւն մը, որ վերատեսութեան կ՛ենթարկէր մարքսական «պրոլետարական յեղափոխութիւն» հասկացողութինը: Այդ տեսութիւնը հիմնուած էր ժողովրդավարական, խաղաղ բարեփոխումներու միջոցով ընկերվարութեան կիրարկման վրայ: Այս տեսութիւնը որդեգրուեցաւ ընկերվար-ժողովրդավարներուն կողմէ, երբ անոնք սկսան մուտք գործել խորհրդարաններ եւ յառաջ տարին իրենց ընկերային ու տնտեսական ծրագիրները` խորհրդարանական գործունէութեան ընդմէջէն: Վերատեսական տեսութեան դրօշակիրներն էին գերմանացի ընկերվարական տեսաբաններ Օկիւսթ Պեպելն ու Էտուարտ Պեռնշթայնը:
Իր Դ. Ընդհանուր ժողովին ՀՅԴ-ն վերջնականապէս որդեգրեց ընկերվարութիւնը իր ծրագիրին մէջ. սակայն ընկերվարութիւնը պաշտօնապէս ընդունելով հանդերձ, ան չհրաժարեցաւ ազգին ծառայութեան եւ հայութեան բովանդակ շահերու պաշտպանութեան սկզբունքէն, այլ օգտագործեց ընկերվարութիւնը հայ անհատի ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական ազատագրութեան նպատակով: Ահա հատուած մը` ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին որդեգրուած ծրագիրէն, որ կը փաստէ, թէ ընկերվարութիւնը չի հակասեր ազգային հասկացողութեան. «Փափաքելով հանդերձ ոչնչացնել բոլոր սահմաններն ու խտրութիւնները ազգերու միջեւ, ձգտելով հանդերձ կազմակերպել մէկ, ներդաշնակ, ամբողջական մարդութիւն մը, այսօրուան կտոր-կտոր, բաժան-բաժան ու հակամարտ աշխարհին տեղ, ընկերվարութեան իրագործումը չի պահանջեր արդի ուրոյն ազգային միութիւններու ի սպառ ձուլումը, միութիւններ, որոնք իրենց պատմականօրէն ժառանգած բեղմնաւոր մասնայատկութիւններով կարող են միայն ճոխացնել ապագայ ընկերվար մարդկութիւնը»:
Իսկ իր` ընկերվարութեան իրագործման միջոցը Դաշնակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց` «պրոլետարական յեղափոխութիւն»-էն անցում կատարելով բարեփոխական ընկերվարութեան (ներառեալ` խաղաղ միջոցներու որդեգրումը), եւ ինքզինք մղեց դէպի չափաւորութիւն: Ահա հատուած մը` նոյն ծրագիրէն, որ կը փաստէ նշեալ անցումը. «Աշխատաւոր դասակարգերի կռիւը յանուն սոցիալիզմի առաջ է տարւում բոլոր հնարաւոր միջոցներով` տնտեսական եւ քաղաքական գետնի վրայ»:
ՀՅԴ-ն այս տեսութիւնը գործադրեց 1917-1920 թուականներուն` պատմական հետեւեալ փուլերուն. Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ` «Անդրոկովկասեան սէյմը»-ի եւ յեղափոխական տեղական մարմիններուն մէջ, ապա` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ. օրինակ` ձրի ուսման ու առողջապահութեան ապահովումով բոլոր քաղաքացիներուն եւ «Արարատ» քոնեաքի ընկերութեան պետականացումով:
4.- Նոր ձախ. 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք ՀՅԴ-ն սփիւռքի կազմակերպման գործին լծուեցաւ եւ կեդրոնացաւ հայապահպանման աշխատանքին վրայ` ժամանակաւորապէս առկախելով ընկերային պահանջներուն հետապնդումը:
Սակայն շուտով համաշխարհային տարողութեամբ եկան 1960-ականներու տաք ամառները: Ամէնուր` բողոք, ցոյց եւ ապստամբութիւն: Մարդիկ սկսած էին ընդդիմանալ պահպանողական հասարակութեան հասկացողութեան: Ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական յեղափոխութիւնը արդէն սկսած էր աշխարհի չորս ծագերուն: Հայրիշխանական, ազգայնամոլական, աշխարհակալ եւ ռազմապաշտ աշխարհը ներքին խոր տագնապ կը դիմագրաւէր, եւ անոր այլընտրանքային արեւը արդէն սկսած էր ծագելու` խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան ճառագայթներով: Լրատուամիջոցները միշտ կը խօսէին հակապատերազմական ցոյցերու, սեռային հաւասարութեան համար բողոքներու ու պայքարի, աշխատաւորներու իրաւունքներու համար գործադուլներու, ըստ գոյնի խտրականութեան դէմ դասադուլերու եւ ազգային-ազատագրական պայքարներու մասին: Յիշեալ բոլոր իրադարձութիւնները մեծապէս ազդեցին հայութեան եւ մանաւանդ հայ քաղաքական միտքին վրայ: Հայ եւ յատկապէս դաշնակցական մտաւորականութիւնը համախմբուեցաւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի շուրջ: Ընկերվարութիւնը վերստին «դարակէն դուրս» ելաւ, բայց այս անգամ` մշակութային եւ ընկերային գետնի վրայ: Երիտասարդութեան քաղաքականացում, կիներու մուտք` ազգային-քաղաքական դաշտ եւ գաղափարաբանական զրոյցներ…այսպէս էր ՀՅԴ-ի ընկերվարական ուղղութիւնը 1965-էն մինչեւ 1985: Ահա 1978-ին բարեփոխուած ՀՅԴ ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինէն` երկու հատուածներ, որոնք կը փաստեն այդ ժամանակ ՀՅԴ-ի որդեգրած արմատական ընկերվարական գաղափարական ուղին. «Ընկերվարութիւնը աշխատաւոր ընդհանրութեան եւ մարդ անհատի ազատագրութեան ամէնէն գաղափարական եւ ամէնէն յեղափոխական շարժումն է: Ան էապէս տնտեսական- յեղափոխական շարժում է»: «Ընկերվարութիւնը կը մերժէ ամէն տեսակ աշխարհակալութիւն, ինչ պիտակ ու բնոյթ ալ կրելու ըլլայ ան, դրամատիրական թէ գաղափարախօսական, իբրեւ դասակարգային-քաղաքական շահագործման մէկ այլ արտայայտութիւն, եւ կը դաւանի բոլոր ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքը, իբրեւ հիմնական կռուաններէն մէկը ընկերվարական արդար կարգերու կերտման»:
5.- Արդի ընկերվար-ժողովրդավարութիւն. 1980-ականներէն սկսեալ ծնունդ առաւ նոր-ազատականութիւնը` արմատականացնելով դրամատիրութեան անմարդկային սկզբունքները. նոր-ազատականութիւնը կեանքի բոլոր երեսները ենթարկեց շուկայականացման, հանրային օգուտը վերածեց սեփական օգուտի, հաւաքական շահը` անձնական շահի: Նոր-ազատական սեփականաշնորհումներէն, շուկայականացումներէն եւ ազատ առեւտուրի համաձայնութիւններէն ծնաւ ներկայ համաշխարհայնացումը: Վերջինս ստիպեց ընկերվարութիւնը կատարելու զիջումներ, որդեգրելու շուկայական տնտեսութիւն եւ մասամբ նաեւ` սեփականաշնորհումներ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նոր-ազատականութիւնը մուտք գործեց նաեւ մեր հայրենիքին մէջ: Այստեղ ՀՅԴ-ն չէր կրնար անգործ մնալ, ան իր ԻԷ. Ընդհանուր ժողովին (1998) կը մշակէ իր նոր ծրագիրը` արդիականացնելով իր գաղափարական ուղեգիծը եւ յստակացնելով իր ընկերվարական տնտեսական քաղաքականութիւնը` հետեւեալ հատուածով. «Ընկերվարութիւնը կ՛ընդունի բազմաձեւ սեփականատիրութիւն `պետական, հաւաքական-համագործակցական եւ մասնաւոր-անձնական»: Այսինքն ՀՅԴ-ն չէր մերժեր անձնական սեփականատիրութիւնը, սակայն չէր ուզեր եւ չ՛ուզեր ալ, որ տնտեսական բոլոր մարզերը սեփականաշնորհուին: Այսպիսով, ՀՅԴ-ն կ՛ընդունի ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը: Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ-ն մերժեց եւ մինչեւ օրս կը մերժէ մենաշնորհները: 1998-ին վերամշակուած իր ծրագիրին մէջ նշուած «Ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներ» բաժինին մէջ ՀՅԴ-ն կը նշէ, թէ ինք կը ձգտի «ձեւաւորել արդիւնաւէտ, մրցունակ, ընկերային արդարութեան եւ պետական կարգաւորումներով հաւասարակշռուած տնտեսական համակարգ, որ հիմնուած պիտի ըլլայ երկրի ու ժողովուրդի նիւթական, արհեստագիտական, մշակութային եւ մտաւոր ներուժի առանձնայատկութիւններուն վրայ»: Ճիշդ է, որ ՀՅԴ-ն ընդունած է շուկայական տնտեսութիւնը, բայց այդ մէկը կ՛ընդունի միայն ու միայն պետական հսկողութեամբ, որպէսզի վերջ դրուի համեստ դասակարգերու զրկանքին: Ահա հատուած մը ՀՅԴ-ի վերամշակուած նոյն ծրագիրէն, որ կը ճշդէ այս կէտը. «Քաջալերել պետութեան հովանաւորութիւնը եւ հսկողութիւնը` ի խնդիր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտադրական ճիւղերու զարգացումին, բնութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին, աշխատանքի ապահովումին, ինչպէս նաեւ` բնակչութեան ժամանակակից չափանիշներով անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարումին»: