Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Դէմ-Յանդիման` Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Անի»-ի Պարբերաթերթին (Մարտ 2017)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        

Իր ամէնօրեայ հեզահամբոյր բարեւին հետ, այս անգամ, գրող, պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ բազմամեայ կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ինծի յանձնեց պահարան մը, որ կը պարունակէր քոլեճի «Անի»-ի պարբերաթերթի այս տարեշրջանի թիւը:

Ի դէպ, առաջին անգամ չէ, որ նման հրատարակութիւններ կը ստանամ իրմէ: Փաստօրէն, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան տարբեր առիթներու մակագրած եւ նուիրած է իր հրատարակած հատորներէն, որոնք կը յատկանշուին իրենց գիտականութեամբ, լուրջ հետազօտողի եւ մտաւորականի պատրաստուածութեամբ:

Յետ պարբերաթերթի ընթերցման մեր ուշադրութեան առանցքը հանդիսացան երկու պատուաբեր երեւոյթներ: Առաջինը այն է, որ անիկա կը հրատարակուի 45 տարիէ (տարին մէկ թիւ), վարժարանի պատմութեան ակումբին կողմէ, որուն հիմնադիրն ու խորհրդատուն է եղած վարժարանի տնօրէնը, պարբերաթերթի ծնունդէն ի վեր: Երկրորդ, յատկապէս այս թիւին մէջ, ընթերցողը ականատես կ՛ըլլայ ոչ հայ աշակերտներու կատարած յոյժ գնահատելի աշխատանքին: Անոնք` Փերլա Պասէթ եւ Ռըտա Աթուէ (ԺԱ. դասարան), յաջորդաբար ներկայացուցած են Արշակունի եւ Բագրատունի թագաւորներու ցանկն ու անոնց մասին համառօտ տեղեկութիւններ տուած:

Ինչ կը վերաբերի բովանդակութեան, պարբերաթերթը յատկացուած է հայոց թագաւորներու, 1918 – 1920 Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետներուն եւ 1991-էն ասդին վերանկախ Հայաստանի նախագահներու կենսագրութիւններուն: Ճիշդ է, որ 40 մեծադիր էջերու վրայ տրուած նիւթերը (համառօտակի) կը կրեն աշակերտական դրոշմ, այդուամենայնիւ անոնք կը յատկանշուին իրենց լեզուի մաքրութեամբ, պարզութեամբ եւ պատմողական ոճի առկայութեան:

Թիւին մէջ խորհրդատու տնօրէնը ունի  յիշարժան երկու ուսումնասիրութիւն, որոնք կը վերաբերին «Անի» պարբերաթերթի 45 տարիներու պատմականին: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ներկայացուցած է պատմութեան ակումբի 1965 –  2017 տարիներու ատենապետներուն անունները, կարգ մը անհատներու կենսագրական գիծերը, որոնք մեր հանրութեան ծանօթ են իրենց ասպարէզով եւ կեանքի մէջ բազում բնագաւառներու մէջ յաջողութեամբ: Աւելի՛ն. ան կը ներկայացնէ պատմութեան ակումբին անցող 47 կրթական տարեշրջաններու գործունէութեան ընդհանուր պատկերը` թուելով զանազան մարզերն ու բնագաւառները:

Հետաքրքրական մօտեցումով մը, վարժարանի բազմամեայ տնօրէնը ուսումնասիրած եւ թուղթին յանձնած է նաեւ` «Անի» պարբերաթերթի իւրաքանչիւր տարուան աշակերտ խմբագիրին անունը եւ պարբերաթերթին լոյս տեսած ամիսը: Հոս, այս բաժինով, ընթերցողը կը վերյիշէ հանրածանօթ խմբագիրներու անուններ, որոնք կեանքի թաւալքին հետ արդէն դարձած են վաստակաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս` գրող, բանաստեղծ, բժիշկ, դեղագործ, ճարտարապետ, արուեստագէտ, մանկավարժ ու լրագրող:

Արդարեւ,  ուզեցինք մեր յուզախառն եւ հպարտացնող մտորումները սպիտակ թուղթին յանձնել, ինչպէս նաեւ շեշտադրել հիմնական իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի հայ վարժարանի առաքելութեան եւ տիպար ուսուցիչի կոչումին:

Իրօք, յետեղեռնեան ժամանակներէ ստեղծուած հայ վարժարանի մը` Հայ աւետարանական քոլեճին տակաւին առկայծող եւ ոգեշնչող պատկերը ո՛չ միայն պատիւ կը բերէ հայութեան, այլ նաեւ` մեր անմիջական շրջապատին` տեղացի (արաբ) ծնողներու, որոնք իրենց զաւակը յանձնած են հայ վարժարանին` հաւատալով անոր մարդակերտի ու հայակերտի առաքելութեան:

Այս առումով ինչպէ՛ս բացատրել այն սրբազան երեւոյթը, երբ արաբ աշակերտներ իրենց մանկութենէն կը յաճախեն հայ վարժարան, կը սորվին հայերէն լեզու, կը ծանօթանան հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին, կ՛ընտելանան հայ իրականութեան, կ՛ըմբռնեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ ապրումներուն գեղեցկութիւնը, մէկ խօսքով կը դառնան հայ աշակերտ, եւ շնորհիւ իրենց նուիրեալ ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին աչալուրջ հսկողութեան եւ գուրգուրանքին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պարբերաթերթին եւ ընդհանրապէս արտադասարանային աշխատանքներու:

Սա հրաշքի համազօր է այն առումով, որ, երբ նոյն գաղութին մէջ, այլ հայ վարժարան(ներ) յաճախող հայ աշակերտներ, պէս-պէս բացատրութիւններու եւ անհիմն պատրուակներու ներքեւ կը մերժեն հայերէնի դասերու մասնակցիլ եւ կը նախընտրեն հեռու մնալ հայերէնագիտական ամբողջ ուսմունքէ, այդ ալ տուեալ վարժարանին մէջ գործող պատասխանատուներու ներողամիտ հայեցողութեամբ:

Խօսքը երկու հակասական երեւոյթներու մասին է: Մէկը` պատուաբեր եւ յոյժ գնահատելի, միւսը` անտրամաբանական եւ տխրութիւն պատճառող: Մէկը` շէնշող եւ պայծառամտութեամբ յագեցած, միւսը` հիասթափութեան եւ մաշումի առաջնորդող:

Յայտնենք, որ ի խորոց սրտէ կը նշենք ախտավարակ նման երեւոյթներ, որպէսզի ցոյց տանք ներազգային կեանքի մէջ առկայ հսկայական բացթողումներու եւ անտարբեր մօտեցումներու հարթակները, որպէսզի զգաստութեան հրաւէրներէ անդին անցնելով` լծուինք հայ կեանքի ու վարժարանի բարեկարգումին:

Աւարտին, երախտագէտի մեր զգացումներուն առընթեր, էապէս կ՛ողջունենք լիբանանահայ կրթական, մտաւորական եւ ազգային կեանքի մէջ իր իւրայատուկ դերն ու տեղը ակօսած դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի յիսնամեայ վաստակը, այլապէս մաղթելով, որ անոր ստեղծած եզակի աշխատանքին ու նուիրումին ցոլքերը անպայման արդիւնաւորուին, շարունակուին եւ դառնան աւելի արգասաբեր:

Մեր կարգին ջերմօրէն կը համբուրենք այն բոլոր տեղացի աշակերտներուն սէգ ճակատները, որոնք կը յաճախեն հայ վարժարան, կը հայանան առանց կորսնցնելու իրենց ինքնութիւնը եւ պատիւ կը բերեն երկու ժողովուրդներուն:

Իսկ տեղացի ծնողքին հպարտօրէն կ՛ըսենք ձեր վարձքը կատար:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>