Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պահածոյ Խնձոր

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Երուանդ Օտեան» թատերախումբը ներկայացուց Վաչէ Ատրունիի «Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղը` հեղինակին բեմադրութեամբ:

Ասիկա հեղինակին երրորդ թատրերգութիւնն է, որ ձեռք կ’առնէ Հայաստանէն դուրս գտնուող չորս հայկական գիւղերու գոյատեւման հարցերը. Ֆրեզնօ, Քեսապ, Այնճար եւ Եագուպիէ: Վերջինը անաւարտ է: Ներկայ հատորը  հարցայարոյց  է ե՛ւ գաղափարական, ե՛ւ գեղարուեստական առումներով:

Այնճար հիմնադրուած է 1939-ին: Պապուկը, որ ճահճուտի մէջ խնձոր աճեցուցած է, կը պատկանի առաջի՛ն սերունդին: Գաղափարը  յղացուած է քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական տարիներուն, ապա գրի առնուած` 1982-84 շրջանին: Կը ներկայացուի այսօր, երբ Ձախ Յարութի  «Յիսուն տարին» արդէն կոտրած է պապուկի թոռա՛ն դուռը…

Դիպաշարը.- Գործերը վատ են: Պապուկին երկու որդիները կ’ուզեն ամէն ինչ ծախել եւ հեռանալ գիւղէն: Տան մէջ անդադար կը վիճին: Պապուկը պարտէզը կը կտակէ իր սիրելի թոռան, ապա… կը հրկիզէ իբրեւ վառելանիւթ վաճառքի դրուած խնձորի ծառերը:

Որմազդ, բեմայարդարում եւ այլն.-  Որմազդին մէջ կը տեսնուին երեք հրկիզուած ծառեր` աստիճանաբար խեղճացող ճիւղերով: Երրորդ սերունդը… ներողութի՛ւն,  ծառը փոխած է իր արեւելումը: Բայց բոլորը հաւասարապէս այրած են: Պարտէզը անտէր է, այդտեղ կը բարձրանան մոլախոտեր: Գորշ-մոխրագոյն պատկերի դիտակէտը հետզհետէ կը հեռանայ (zoom-out): Որքան հեռանանք, պատկերը այդքան կը յստականայ: Հեռանալ` կրնայ նշանակել պատմութեան վճիռ: Վճիռը դառն է… Ասիկա ինծի ծանօթ հայկական ամէնէն գեղարուեստական, ամէնէն իմաստալից եւ ամէնէն տպաւորիչ որմազդն է: Կը շնորհաւորեմ արուեստագէտը:

Բեմը, սակայն, կը նմանէր ա՛յն բեմերուն, որոնք կ’ուզեն նմանիլ գիւղական օճախի: Հանդիսատեսին հրամցուած էր ա՛յն, ինչ ան վարժ է տեսնելու: Ֆրանսերէն բացատրութեամբ` «տեժա վիւ»: Այդտեղ բացառութիւն էին առկախ պատուհանները: Պատուհանէն անդին` կային նոյնինքն տան «պատերը»: Այլ խօսքով, տունը փակ էր արտաքին աշխարհին դիմաց: Փակ էր նոյնինքն Այնճարի դիմաց: Այս յարիր է թատրերգութեան բնոյթին: Մենք բեմի վրայ չտեսանք Այնճարը եւ այնճարցին: Գոյ էր նաեւ որոշ անփութութիւն: Բեմի աջին դարսուած գործիքները ընտրուած էին անյարիր փայլքով: Ատաղձի վերաբերող գործիքները մաշած էին, իսկ հողի վերաբերող գործիքները` շողշողուն: Միթէ այդ հողագործի՞ օճախ էր, թէ՞ ատաղձագործի: Ի դէպ, պատուհանի շրջանակները առկախ էին, որովհետեւ կարելի չէր զանոնք տեղաւորել կերպասի վրայ: Առկախ էր նաեւ կախիչ մը:

Դիմայարդարումը կը հետեւէր նոյն սկզբունքին: Պապուկը կը նմանէր այլ ելոյթներու ա՛յն կերպարներուն, որոնք կ’ուզեն նմանիլ պապուկի: Ճանաչելի, ոչ յոգնեցուցիչ, «տեժա վիւ» : Երաժշտութինն ու լուսաւորումը չունէին կարեւոր դեր: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ ընտրուած էր թանկօ, առաւել եւս` արժանթինեան, օտա՛ր թանկօ: Այդ քաղաքային երաժշտութիւն է: Բայց չէ՞ որ քաղաքայինը վատ է, իսկ առօրայինը… ներողութի՛ւն,  գեղջկականը բարի: Ի դէպ, նախընտրելի էր, որ թանկոյի ձայնասփռման ընթացքին պապուկը փորձէր առնուազն աջ ձեռքի մատները շարժել հնչող նոթաներուն առընթեր:

Լեզուական.- Հանդիսատեսը կ’եզրակացնէ, որ Այնճարի լեզուն յարազօդումն էր չորս բարբառներու: Ո՛չ հայկական չորս գիւղերը նկատի չունիմ: Առաջին հերթին կը լսենք մեր բեմերու գրքունակ, անդիմագիծ բարբառը: Այս եւս յարիր է թատրերգութեան բնոյթին: Եթէ առօրային… ներողութի՛ւն, տոհմիկ թատրոն է, ապա այդտեղ կ’ակնկալենք լսել մեր տոհմիկ «թատրոներէն»: Երկրորդ հերթին` գոյ է թրքահայերէնը: Բնագիրը ինծի հասանելի չէ, կը յիշեմ, օրինակ, «լա՞ւ մը ըրեր են», «ձեռքերը կտրուին», «լէպլէպուի պէս» եւ «լոփ լոփ»: Ապա կու գայ արեւելահայերէնը. «խնձորի այգի», «գիւղով մէկ», «բեռնել», «այլանդակ», «Գէորգ տղայ» եւ այլն… վերջապէս կու գայ բառարանային բարբառը. «կոշտուկ», «գարշելի», «պահպանակ» եւ այլն… Կան բացատրութիւններ, ինչպէս` «տանիքի թելեֆոն», որ անձնապէս չկարողացայ տեղադրել: Կը թուի ըլլալ առօրային… ներողութի՛ւն, գիւղական, բայց թատերագիրը կ’ըսէ, թէ չէ փորձած վերարտադրել տեղական բարբառը: Հանդիսատեսին կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ է այս յարազօդումի բո՛յրը… ներողութիւն, այդ գոյական է, պիտի ըսէի` բուրմու՛նքը (որ վերջերս գոյապաշտական դարձած է): (1)

Թատերական .-  Գլխաւոր չորս դերակատարները ունին բեմական մեծ փորձառութիւն:  Որոշ փորձառութիւն ունի նաեւ Սթեֆանի Ղուկասեանը: Գրեթէ անփորձ է Հրակ Մկրտիչեանը: Բոլորը լաւ ըմբռնած էին, թէ ի՛նչ էր իրենցմէ պահանջուածը: Մէկ մղոն հեռաւորութենէ կարելի էր ջոկել պապուկ`ը որպէս պապուկի՛: Հայ մայրը ի հարկէ տնաշէն է: Որդիները` նիւթապաշտ դասալիքներ: Պապուկը առերես կը յարգէին, այնքան ատեն որ կտակը պատրաստ չէր: Երկու աղաւնեակները անմեղ, անփորձ եւ ամօթխած` կը թռչկոտէին: Այստեղ կը ծագի հարց. ինչո՞ւ պահել լէպլէպուի պէս… պահպանակ: Միթէ այդ ծրարները շփոթած էր պահածոյի՞ հետ: Ինչո՞ւ գործիքներու տուփը կը բանայ մայրը, այլ ոչ` հայրը: Կարելի է երկարել…

Երկու «տատրակներու» տեսարանը եւս յոյժ հասկնալի էր: Կը կրկնէր այն տեսարանները, զորս մենք վարժ ենք տեսնելու սերիալներու մէջ եւ այլուր: Կը կրկնէր մանաւանդ թատերախումբի նախորդ ելոյթի զուարճահայց տեսարանները: Անգամ մը եւս հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ «տեժա վիւ», յատկապէս ա՛յն, ինչ ինք սովոր է նոյն թատերախումբի ելոյթներու ընթացքին: Այս դիտողութիւնը չի վերաբերիր դերակատարներու բնածին ձիրքին եւ կարողութեան: Շնորհալի երիտասարդները վստահաբար կը հետեւէին իրենց տրուած ցուցմունքներուն: Նկատել, որ երկուքն ալ իրենց մատներով կը խաղան յար եւ նման ձեւով:

Ի դէպ, հարկ էր, որ գլխաւոր հերոսները ըլլային որդիները, այլ ոչ` պապուկը: Այս մասին` աւելի ուշ:

Ցաւոտ հարցը այն է, որ բեմի վրայ էին ոչ թէ միս եւ արիւն կերպարներ, այլ` տարածաչափային խօսափողեր: Խօսափողեր, որոնց պարտականութիւնն էր բարձրաձայնել թատերագրող-բեմադրողի ատենախօսութիւն… ներողութի՛ւն, դրոյթները: Այդտեղ չկար կերպարներու զարգացում:

Վարագոյրը բացուելէ առաջ բարձրախօսը դասարանին… ներողութի՛ւն, սրահին բացատրեց, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնան դասախօսու… ներողութի՛ւն, թատրերգութենէն: Այս ի հարկէ վիրաւորանք է ե՛ւ հանդիսատեսի մտային կարողութեան, ե՛ւ ելոյթին, ե՛ւ թատրոնին առհասարակ: Հարկ է, որ թատրերգութի՛ւնը խօսի, եւ հանդիսատեսը ինքնուրոյն մեկնաբանէ: Այս համահունչ է լիբանանեան լրատուութեան: Լուրերու ընթերցումէն առաջ հեռատեսիլի կայանը մեզի կը թելադրէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանենք զանոնք: Մեր լրատուութիւնը բթամտութիւն կը սնուցանէ: Այժմ թատրոնը կը հետեւի այդ օրինակին: Հարկ է շնորհակալ ըլլալ, որ չկար նաեւ «աւարտաբան» եւ ապա ներկաներու ընկալումը ստուգող քննութիւն: Տխուր օրեր…

Թատերական շարժումի թուլութիւնը կը փորձուէր սքողել արհեստական շարժումներով: Տանտիկինը դատարկ պարկ մը կը փոխադրէ  բեմին աջէն դէպի ձախ, Գէորգ ծխիկով կը զբաղի առնուազն չորս անգամ: խնձոր մը կը կեղուենք, ապա կը լքենք սեղանին վրայ: Ի դէպ, հարկ էր սրել դանակը, որպէսզի կարելի ըլլար զայն կեղուել` ըստ պապիկի բացատրած բուսա-փիլիսոփայական դրոյթին: Իր հօր հետ հանապազօրեայ վէճի ընթացքին որդին` Աւետիս, կը սկսի սրել երկու թիզ երկարութեամբ ցից մը (մեղա՜յ Աստուած…): Ի մեծ թեթեւացում սարսափահար հանդիսատեսի, որդին կը հեռանայ առանց գործածելու իր պատրաստած ցիցը: Եւ այլն…

Կային նաեւ իմաստալից բեմական պատկերներ: Աւետիս` պարտիզպան որդին, ընտանեկան ալպոմը կը թերթատէ, հարեւանցի: Կանգ չ՛առներ որեւէ յուշի առջեւ: Բարի՛: Պապուկը (բուրաւէտ) խնձորներ կու տայ երիտասարդ զոյգին: Հրակ խնձորները կը դնէ իր պայուսակին մէջ, մինչ Նաուալ պայուսակ չունի զանոնք տեղաւորելու համար: Բարի՛: Երկրորդ արարի սկիզբը հարսը պապուկի վերարկուն կը վերադարձնէ կախիչ: Ուրեմն պապուկը տակաւին ողջ է: Բարի՛: Խնձորի սակառը գետին թափելը կարելի էր ազդանշան համարել ծառերը այրելու: Բարի՛: Թերեւս կային  նաեւ պատկերներ, որոնք վրիպեցան ըմբռնումէս:

Բեմական լարումը հակոտնեայ էր դասական ընթացքին: Թատրերգութիւնը սկսաւ մեծ պայթիւնով` ահազանգի մատնելով հանդիսատեսը: Յաջորդ ռումբը ի՞նչ կրնար ըլլալ, միջուկայի՞ն: Ապա լարումը ինկաւ եւ տատանեցաւ մինչեւ աւարտ: Աւարտին ի հարկէ եկաւ երկրորդ մեծ պայթիւնը: Դասական թատրերգութիւններու մէջ լարումը աստիճանաբար կը բարձրանայ մինչեւ գագաթնակէտ, ապա կու գայ լուծումը: Ա՜հ… ներողութի՛ւն, ուշ յիշեցի, թատրոնի մէջ միակ արժեչափը հանդիսատեսի ծափահարութիւններն են: Կողքի գծապատկերին մէջ «դ» եւ «խ» գիրերը յապաւումներն են «դասական»-ի եւ «Խնձորի բուրմունք»-ի: Բոլոր պարագաներուն լարումը կրնայ զարգանալ որոշ տատանումներով:

Յանձնառու թատրոնը կը մղէ մտածելու, մտածելու հաւաքաբա՛ր, գոյութենակա՛ն հարցադրումները կու տայ գրագէտ, գեղարուեստական ձեւով: Ներկայ ուշացած մարգարէութիւնը հանդիսատեսին ջամբեց պատրաստ պատասխաններ եւ հնամաշ վիպապաշտ տարազներ, որոնք աղերս չունին պատմագիտութեան հետ: Ջամբեց, առաւել եւս վերամբարձ, ինքնագոհ ոճով, ապա սրահը հրաւիրեց իր մեծարանքի տուրքը մուծելու:

Ներկայ ելոյթը ժառանգորդն է ոչ թէ յունական հարցադրող թատրոնի, այլ` ուշ միջնադարեան տաղտկալի կրօնա-բարոյախօսական տրամներու (Morality Play): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ 15-րդ դարու պատկանող ամենայայտնի դաստիարակչական տրամը` «Ամէն ոք» (Everyman) Անգլիոյ Էլիզապէթեան թատերախումբի մը կատարմամբ: Հեղինակը անյայտ է: Այս նիւթին պիտի անդրադառնամ մօտիկ ապագային:

Գոյական Դրոյթ.- Թատերագրողը բազմիցս արտայատուած է այս ուղղութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք արօրին… ներողութիւն, հողին չեն կապուած, դատապարտուած են ըլլալու «ճամբորդող զանգուածներ»:  Բայց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայեր ճնշող մեծամասնութեամբ եղած են քաղաքացիներ: Գիւղացիներ եղած են թուրքերը, յատկապէս Պալքաններէն արտաքսուած մուսուլման զանգուածները: Խորքին մէջ գիւղացի հայե՛րն են, որ պարտադրուած են դիմելու պանդխտութեան: Յատկապէս` 19-րդ դարուն: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ չկային հայկական գիւղեր: Կը նշանակէ, որ գիւղը եւ հողագործութիւնը չէին եւ չեն արեւմտահայութեան նկարագիրը որոշող ազդակները: Ընթերցողներէն որո՞ նց նախնիքը եղած են գիւղացիներ: Գրեթէ ոչ ոքի: Շեշտեմ, որ ես նկատի չունիմ պարսկական եւ ապա ցարական կայսրութեան տարածքին ապրող հայերը: Այդ այլ նիւթ է:

Մեր գիւղերգութիւնը, որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, ազգայնապաշտ վիպապաշտութիւն է: Վերջին տասնամեակներուն ազգերու կազմութեան շուրջ ձեւաւորուած տեսութիւնները ենթարկուած են զգայացունց գլխիվայրումներու: Մինչդեռ հեղինակը որդիներու քաղաքացի դառնալու փափաքը հոգեկան բարդոյթ կը սեպէ: «… անուանումով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ քաղաքաբնակ դառնալու փորձեր կ’ընեն: Այս արդէն մէջտեղ կը բերէ իր մէջ բարդոյթ մը ամփոփող պատմութիւն մը»: Միթէ նաւերով Եգիպտոս փոխադրուած մուսալեռցիները Փոր Սայիտի մէջ ֆելլահնե՞ր դարձան: Մուսալեռցիք ճահճուտը շէնի վերածեցին, որովհետեւ այլընտրանք չունէին: Չարաչար կոտորուեցան հիւանդութեան եւ թշուառութեան պատճառով:

Ի դէպ, հեղինակը կը սիրէ ծանրաշուք, յաճախ հակասական յայտնութիւններ արձակել. «այնճարցիին Հայաստանը իր Մուսա Լեռն է», «հայու Երուսաղէմը ոգեղէն է», «Կիլիկիան մերն է», եւն.: Նման հարցերու նախապէս անդրադարձած եմ նոյն թատերախումբի եւ բեմադրողի «Գարնան երեք օրերը» ելոյթին առիթով: (2) Ի դէպ, Կիլիկիա մնայուն աշխարհագրական սահմաններ չէ ունեցած: Բանակը գլխաւորաբար կազմուած է վարձկաններէ: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը երբեք հայ չէ եղած, նոյնիսկ երբ թագաւորութիւնը տակաւին կանգուն էր: Լատին-հայ եղած են իշխանական տուները:

Գիւղերէ դէպի քաղաք հոսքը սկսած է աւելի քան հազարամեակ մը առաջ, երբ սկսած են կազմուիլ առեւտրա-արհեստաւորական քաղաքներ, ինչպէս` Անին (3): Դրամատիրական կարգերու տակ գիւղի տնային տնտեսութիւնը դատապարտուած փոխարինուելու գիւղատնտեսական հաստատութիւններով: Գիւղէն հեռանալը օրինաչափ է: Ոչ օրինաչափ էին Այնճարի եւ Ֆրեզնոյի կազմութիւնները: Անոնց նօսրացումը աւելի արագ կը կատարուէր, քան` Եագուպիէի եւ Քեսապի: Սուրիական պատերազմը ի հարկէ աղէտալի էր:

Ենթադրենք սակայն, որ թատերագրողի ահազանգը բանաւոր էր եօթանասունական թուականներուն: Այսօր մեր ինչի՞ն է պէտք աւելի քան քառասուն տարի ուշացած մարգարէութիւն մը: Ուշացած մարգարէն ոչ թէ կը զգաստացնէ, այլ կ’ողբայ Երուսաղէմը: Ո՛չ, տիկնայք եւ պարոնայք, ելոյթի ասքը չի պատկանիր «ամէն վայրի եւ ժամանակի»: Ոչ մէկ հայ պապուկի թոռնիկը մաճկալ… ներողութի՛ւն, պարտիզպան պիտի դառնայ: Մարդիկ գլուխ կը պատռեն հասկնալու համար, թէ ո՞վ է նո՛ր հայը:

Այս իմաստով հարկ էր, որ թատրերգութեան կեդրոնական հերոսները ըլլային երկու որդիները: Անոնք, որոնք երկփեղուած են ժառանգուած վերնաշէնքի եւ յարափոփոխ օտար ներկայի միջեւ: Անոնք, որոնք ոչ մէկ պիտանի ուղղութիւն ստացան դիմագրաւելու համար եւ խելայեղ թափով գրոհող արդիականութիւնը:  Ելոյթի մէջ ի հարկէ կային  ակնարկներ: Որդին կը բողոքէ, յիշողութեանս հիմնուած, մօտաւորապէս կ’ըսէ.  «Խնձորի հոտը ոսկորիս հասեր է», «Մեզի չհարցուցիր, թէ կ’ուզէ՞ք խնձոր»: Թերեւս կային նաեւ մէկ-երկու այլ ակնարկներ, զորս չեմ յիշեր, հաւանաբար որովհետեւ չեն տպաւորած զիս: Նիւթը, սակայն, չէ զարգացած, այդ պիտի պահանջէր թափանցող, առարկայական գրագէտ միտք: Հանդիսատեսին ուշադրութիւնը իսկոյն կ’ուղղուի ընչաքաղցութեան հնամաշ բներգին: Հարցը արհեստականօրէն կը փոխադրէ պահանջկոտ ընկերային գիտութիւններէ դէպի դիւրին բարոյախօսութիւն: Պապուկին որդիները կը խարանուին որպէս դասալիքներ: Քիչ էր մնացեր, որ մոռնայի, անոնք անգամ չեն այցելեր իրենց մօր գերեզմանը: Նման յոյժ հասկնալի «տեժա վիւ»-ներ ոչինչ կ’աւելցնեն հաւաքական գիտակցութեան վրայ: Թատրոնը կը վերածեն ծիսակատարութեան:  Ծիսակատարութիւնը կը հաստատէ իշխող վերնաշէնքը: Ա՛յդ էր բնոյթը, իմա` քաղաքական դերը միջնադարեան «բարոյական տրամ»-ներու:

Վերամբարձ էին ոչ միայն ոճը, այլեւ` մտայնութիւնը: Խնձորը ի հարկէ խորհրդանշական է: Կ’իմանանք, որ հայու խնձորը «աստուածային» է, որ` խնձորներ «ցանող» հայ պապուկը ցանած է նաեւ «երկնքի աստղերը», որ` Նաուալ, արաբ աղջիկը, խնձորի բոյրը կ’առնէ եւ կը հայանայ, «խնձորի բոյրը աշխարհը պիտի առնէ», գուցէ ամբողջ աշխարհը հայանայ… Մենք տենդահար կը զառանցենք, մինչ ոչ միայն արտերկրի քանի մը գիւղերը, այլ նաեւ մեր մշակոյթը կրող արեւմտահայերէ՛նը դասուած են վտանգուած սեռերու շարքին:

Որոտընդոստ ծափահարենք: Գուցէ քնաշրջիկները սթափին:

Մելոտրամա.- Ելոյթի աւարտական բաժնին մէջ գոյ էին բազմաթիւ աղիողորմ տեսարաններ: Պապուկը ի հարկէ լացաւ քանի մը անգամ: Աւետիս ողբաց, երբ իր հասցուցած պարտէզը բաժին ինկաւ Վրէժին հանդիսատեսը արտասուեց` հրեշտակաբարոյ Սեդային փոխարէն, երբ անոր անզգամ ամուսինը զինք վռնտեց տունէն, եւ հայ կինը ճամպրուկը ձեռքին ըսաւ (մօտաւորապէս) – «Լուացած եւ արդուկուած շապիկներդ պահարանին մէջ շարած եմ…»:

Ծառերուն տակ գոյ էր ի հարկէ նաեւ պարտադիր սրտառուչ սիրահար զոյգը: Նման զոյգեր կը ջերմացնէին մթնոլորտը նախորդ զաւեշտին, «գարնան երեք օրերու», «Ծառի»… Կը թուի, թէ մնայուն մաս կը կազմեն թատերախումբի բառապաշարին:

Կը թուի, թէ բառապաշարի մնայուն մաս կազմեն կարօտաբաղձ պապուկներն ու կացնահար ծառերը: «Ծառը»-ի վերջաբանը ակնյայտօրէն կը յիշեցնէ Չեխովի «Կեռասենիներու այգի»-ն: Ներկայ ելոյթին մէջ « դանդաղ, բայց ռիթմով, ծառին հասցուած կացիններու հարուածները…»  փոխարինուած են ելեկտրական սղոցի խժժոցով եւ… ծառերու լացով: Յուսանք, որ Եագուպիէի ծառերը կը փրկուին կացնահարումէ եւ հրկիզումէ:

Ցուրտ կլիմաներու մէջ խնձորներ չեն աճիր: Այդ երկիրներու  բնակիչները կը ներածեն կեռասի, խնձորի եւ այլ պտուղներու պահածոներ: Ի պահաջել հարկին, կը բանան զանոնք եւ կը հրամցնեն հիւրերու:

 

 

 

1.- Տեսակցութիւն Վ. Ատրունիի հետ, «Ազդակ», 12 մայիս 2017:

2.- «Առ յայտնութիւնն գարնանային»,  Ա. եւ Բ. «Ազդակ» 23 եւ 24 յունիս 2015:

3.- «Հայկական համքարութիւններու պատմականը», «Զարթօնք» բացառիկ, Նոր տարի 2017:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>