Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայաստանի Անկախութեան
99-ամեակի Նշում
Սուրիա
* Կազմակերպութեամբ Համազգային «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 26 մայիսին Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըքլեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն:
Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան խորհուրդին:
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, որ անդրադարձաւ մայիս 28-ի խորհուրդին եւ անկախութեան արժէքին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յայտնենք, որ «Ամինեան» սրահի շրջափակին մէջ տօնակատարութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ -ի շեփորախումբը:
* 28 մայիսին Նոր Գիւղի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շրջափակէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը:
ՍԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալիս Մելքոնեան արաբերէն լեզուով իր արտասանած բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը իր սեփական ուժին վստահելով` 1918-ին հերոսամարտեր մղեց ու իր երկրի սահմաններէն դուրս քշեց թշնամին, որ այսօր կը փորձէ թափանցել Սուրիա, սակայն իր դէմ կը գտնէ Սուրիոյ քաջարի բանակն ու ժողովուրդը:
ՍԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Քրիստափոր Հապոյեան հայերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը իր անկախութիւնը կերտեց իբրեւ ազգային մէկ միաւոր, մէկ ուժ ու կամք: Անդրադառնալով սուրիական տագնապին` ան հաստատեց, որ դար մը առաջ մենք ապրելով` յաղթեցինք թուրքին, այսօր, դար մը վերջ, սուրիական հայրենիքը եւս պիտի յաղթէ նոյն ոսոխին: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը սուղ գին վճարեց հայրենակերտումին, ձեռք բերուած անկախութեան պահպանումին եւ հզօրացումին համար, այսօր ալ նոյնը կը պահանջուի, որուն համար պէտք է զօրակոչի ենթարկել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդը` եռաթեւ միասնակամութեամբ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ հաստատեց, թէ 28 մայիսը հիմնարկէքն է հայոց անկախ պետականութեան եւ ցեղասպանութեամբ չմահացող ու մահուան յաղթանակով դիմակայող հայ ժողովուրդի վերականգնումի թուականն է:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտներ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Արսէն Գրիգորեան, որոնք մեկնաբանեցին ազգային, յեղափոխական եւ ազգագրական երգերու փունջ մը:
Այս առիթով հայրենի երգիչները պարգեւատրուեցան Արամեան ընտանիքին եւ ՍԵՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
Թեհրան
26 մայիսին Թեհրանի Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն` 1918-ին նահատակուած հայազգի մարտիկներու յիշատակին:
Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ մայիս ամսուան յաղթանակներուն եւ հոգեւոր տօներուն: Ան Քրիստոսի համբարձման ու յարութեան տօներուն եւ հայ ժողովուրդի կեանքին միջեւ համեմատական եզրեր դրաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք յարութիւն առաւ: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, հաւատքին եւ արժէքներուն տէր կանգնելու առկայութեան եւ դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը 28 մայիսին հայ ժողովուրդի պայքարը յաղթանակով պսակելու գործին մէջ, աւելցնելով, որ այդ միասնական ոգին դարձեալ ի յայտ եկաւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ:
Ատրպատական
28 մայիսին, Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ մեր հայրենիքի անկախութեան եւ մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սրբազան գաղափարները` անդրադառնալով 1918 թուականին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վճռական որոշումով ստեղծուած Հայաստանի առաջին անկախութեան 99-րդ տարեդարձի ոգեշնչող օրուան խորհուրդին:
Նոր Ջուղա
* Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի 28 մայիսին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերուն նահատակուած հայորդիներուն:
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
* 31 մայիսին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը:
Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն հրաւիրուած ազգային-քաղաքական գործիչ Աշոտ Սիմոնեանը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ 1918-ին տեղի ունեցաւ մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման, Արամ Մանուկեանի ունեցած առանցքային դերակատարութեան` հայկական պետականութեան վերականգնման գործին մէջ եւ հետագային` հայկական պետականութեան շղթայական շարունակականութեան, որ իրականացաւ առաջին հանրապետութեան կերտման շնորհիւ: Ձեռնարկին իր պատգամը յղեց նաեւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանը:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Աղասի Իսպիրեան, որ մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Յունաստան
28 մայիսին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Օրուան նախագահ-հանդիսավար Տիգրան Չիչեքեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ 28 մայիսի առիթով հարկ է յիշենք անցեալը, առաջնորդուինք մայիսեան յաղթանակը կերտողներու ոգիով, եւ յոյսով դիմաւորենք ապագան` նորանոր նուաճումներ մաղթելով հայ ազգին եւ հայրենիքին:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արման Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց այս պատմական օրը` յայտնելով, թէ հայորդիին արիւնագիր պատմութեան լուսապսակ էջերը կազմեցին Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն ու Բաշ Ապարանը: Ան շեշտեց, որ 28 մայիս 1918-ը անկրկնելի թուական է` ազատութեան եւ յաղթանակի թուական հանդիսանալով համայն հայութեան համար, աւելցնելով, որ մեր պատմութիւնը դարերու ընթացքին, կը սորվեցնէ մեզի` արժէքը արեան գնով եւ անձնազոհութեամբ շահուած անկախութեան ու խաղաղութեան, իսկ մեր պատմութիւնը մեզի` կը պատգամէ յարգանքով պաշտպանել մեր ազգային ժառանգութիւնը, կ’ապացուցէ, թէ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ ու միչեւ Արցախ մեր ժողովուրդը մեռնելով ապրիլ գիտցող ազգ է:
Օրուան բանախօսն Շահան Ֆարաճեան շեշտեց մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման կարեւորութիւնը` որպէս աննախադէպ յաղթանակ, որ հայ ժողովուրդին տուաւ պետականութիւն, ազգային անձնագիր եւ ինքնութիւն ու ստեղծեց ազատ ու անկախ Հայաստան աւելցնելով, որ 28 մայիսի հրաշքին կը պարտինք ո՛չ միայն Հայաստանի այժմու սահմանները, միատարր հայութիւնն ու պետականութիւնը, այլ նաեւ` պատմական մեր իրաւունքներու նուիրագործումը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ մայիսեան անկախութեան պատմական դրուագները նկարագրող վաւերագրական երիզ մը:
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եռօրեայ Այցելութիւնը Սուրիոյ Ծովափնեայ Շրջան
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան յաճախ կ՛այցելէ Բերիոյ հայոց թեմի զանազան շրջաններ, մանաւանդ` վերջին տարիներուն երկրին մէջ ստեղծուած պատերազմական իրավիճակին պատճառով տեղափոխուած հայորդիներուն, որոնք ապաստան ընտրած են համեմատաբար աւելի ապահով քաղաքներ:
Արդարեւ, 24 մայիսին ան այցելեց Քեսապ, ուր հանդիպում ունեցաւ շրջանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ թաղականութեան եւ հոգաբարձական կազմերուն հետ եւ, լսելէ ետք անոնց մտահոգութիւնները, իր հայրական ցուցմունքները տալով, գնահատեց անոնց աշխատանքը` թելադրելով, որ աւելի աշխուժ եւ վերանորոգ թափով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:
* 25 մայիսին, Համբարձման տօնին առիթով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն նախագահեց սրբազան հայրը եւ յղեց իր պատգամը: Այնուհետեւ սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ ՍՕԽ-ի Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի Համբարձման տօնին առիթով կազմակերպած ձեռ-նարկին, նաեւ այցելեց ՍՕԽ-ի Կազդուրման կայան եւ մօտէն հետապնդեց կեդրոնի վերանորոգութեան աշխատանքները:
* 26 մայիսին առաջնորդ սրբազանը այցելեց Թարթուս, ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին եւ տուաւ իր պատգամը: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ: Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը, որ ողջունեց սրբազան հօր յաճախակի այցելութիւնը իր ժողովուրդին: Երգերով եւ արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան Թարթուսի եւ շրջակայքի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները: Սրբազան հայրը գնահատեց Թարթուսի համայնքին եւ շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ տարուած աշխատանքները` յորդորելով ներկաները, որ շարունակեն ժողովուրդին ծառայելու նուիրական առաքելութիւնը: Հանդիպումի աւարտին սրբազան հայրը Թարթուսի եւ շրջակայքի մէջ համալսարանական ուսանողներուն նիւթական պարգեւ բաժնեց որպէս գնահատանք:
Նոյն օրը երեկոյեան առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ եղաւ Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման: Աւարտին սրբազան հայրը, շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները, գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք ներկայ պայմաններու մէջ հայ դպրոցը բաց կը պահեն, թելադրելով բոլորին, որ տէր կանգնին հայ դպրոցին եւ նոր սերունդին, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան:
Այնուհետեւ «Գանձասար» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի պատիւ սրբազան հօր:
* 27 մայիսին սրբազան հայրը յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութեան եւ ՍՇՕՎ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմերուն հետ եւ լսելէ ետք իւրաքանչիւրին աշխատանքին մասին, ան իր ցուցմունքները տուաւ եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը:
Նոյն օրը, երեկոյեան, սրբազան հայրը ներկայ եղաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կիրակնամուտքի ժամերգութեան, որուն աւարտին օծումը կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած սրբապատկերի կրկնօրինակին, որ գծուած եւ նուիրուած էր Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանին կողմէ, ինչպէս նաեւ ազատագրուած Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչին: Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կարողութիւնը տուաւ, որ Ս. միւռոնով օծումը կատարենք սրբապատկերին եւ խաչին:
Այնուհետեւ «Արարատ» սրահէն առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ եւ նախագահեց Հայաստանի Ա. անկախութեան 99-ամեակի տօնակատա րութեան: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը իբրեւ քաջարի հովիւի, որ հակառակ երկրի աննպաստ պայմաններուն, վտանգներ շրջանցելով, յանձն կ՛առնէ հասնիլ թեմի բոլոր շրջանները: Այնուհետեւ թաղականութեան ատենապետ Աւետիս Կարպուշեան Լաթաքիոյ հայութեան անունով արծաթեայ շղթայ մը նուիրեց սրբազան հօր:
Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին սրբազան հայրը կարեւորեց 28 մայիս 1918-ը թուականը` հաստատելով, որ 99 տարի առաջ, ինչ որ իրագործուեցաւ Հայաստանի արեւելեան շրջանի հողատարածքին վրայ, մեր ժողովուրդին յաւիտենականութեան հիմնաքարն էր:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ազգագրական Երգերու Մեկնաբան Արսէն Գրիգորեանի Եւ Արցախեան Ազատամարտիկ Մակիչի Ելոյթը
27 մայիսին Նոր Գիւղի ընտանեկան բարեկարգուած պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ազգային-յեղափոխական եւ ժողովրդական երգերով հանդէս եկան հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեանը եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թալին Մինասեանը, ապա բանաստեղծական մէջբերումներով օրուան խորհուրդը ներկայացուց Խաժակ Տիլպերեանը:
Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի անկախութեան առաջին քայլերը, 27 մայիսին զուգադիպող Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը, ապա շնորհաւորեց հայրենի վաստակաւոր երգիչ Արսէն Գրիգորեանը` Հայաստանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական նշանակուելուն առիթով: