Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեսակէտ. Պասքեթպոլէն Անդին

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

«Չէ՞ք տեսներ ինչպէ՛ս աշխարհի չորս կողմերէն հայեր որքան խանդավառութեամբ կը հետեւին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբին եւ կ՛ուրախանան անոր յաղթանակներով: Դեռ ի՜նչ կը խօսիք, հայ, մայ  եւ այլն…»:

Փոխանցուածը այն է, թէ, եթէ հասարակութիւնը տուեալ պահուն ուրախ եւ բաւարարուած է, առարկութիւն պէտք չէ ունենալ, որովհետեւ այդպիսով առնչեալ միջոցառումը ինքզինք արդարացուցած կ՛ըլլայ:

Միեւնոյն ամբոխային տրամաբանութեամբ, քննադատելի պէտք չէ ըլլայ ուրեմն երեխայի մը այն սննդականոնը, որ առանձնապէս բաղկացած է պաղպաղակէ: Պաղպաղակէն աւելի հաճելի ու բաւարարող բան կա՞յ երեխաներու համար…

Բայց եթէ մանուկներն ու հասարակութիւնները ատակ ըլլային ապահովելու իրենց անհատական ու հաւաքական շահերը, ընդհանրապէս ծնողներու եւ ղեկավարութիւններու կարիքը` իբրեւ ապագայատես եւ ուղղորդող տարր, չէր զգացուեր ընկերութիւններու մէջ: Այս իմաստով, ինչպէս ծնողք մը պարտաւոր է հետապնդել աւելի քան պաղպաղակի մը առթած ուրախութիւնը իր զաւկին, այլապէս նախանձախնդիր ըլլալու անոր առողջութեան, այդպէս ալ ղեկավարութիւնը հետամուտ պէտք է ըլլայ ճարտարելու հասարակութեան համապարփակ բարօրութիւնը, առանց կլանուելու անմիջական զեղումներէ, որոնք, վերջին հաշուով, յղի կրնան ըլլալ նոյնինքն այդ հասարակութիւնը վնասող գործօններով:

Ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ կազմը օտարացնելու գնով ձեռք բերուած պասքեթպոլային յաջողութիւնները աշխարհասփիւռ հայերու որոշ տոկոս մը կը խանդավառեն: Ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ այդ խաղերը, աժան, բայց հաճելի հայրենասիրական պահեր կը շնորհեն անոնց, սակայն կարճաժամկէտ այդ հեշտանքներով արդարացնել առկայ կնճիռը, պարզապէս մակերեսային մտաշխատութիւն մը պիտի ըլլայ…

ՀՄԸՄ-ի հետաքրքրութեան հորիզոնը, իբրեւ հայկական միութիւն, շաբաթօրեայ «քոնվուաներէն» քիչ մը աւելի լայն է ըստ էութեան: Էութիւն մը, որ կ՛արտացոլայ անոր ծրագիրին ու կանոնադրութեան մէջ, բայց վերջինները կարեւոր չեն անշուշտ: Կարեւորը ղեկավարութեան ցանկութիւնն է եւ համակիրին քմահաճոյքը, նոյն այդ համակիրին, որ դեռ երէկ, ամպագոռգոռ զայրոյթով պատկերազարդ հայհոյանքներու թիրախ կը դարձնէր իրենց կազմը օտարացուցած հայկական միւս խումբերը …

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>