Երբ առաջարկուեցաւ գաղութային այլ նախաձեռնութեան մը առիթով Լիբանան գտնուած միջոցիս սրտի խօսք մը ըսել մայիս 28-ի այս կեդրոնական նախաձեռնութեան առիթով, միակ մտասեւեռումս օրուան բանախօսին պատգամներուն կրկնութիւնը չընելն էր, մանաւանդ որ երկրորդ պատգամաբեր մըն ալ պիտի արտասանէր Լիբանանի ԿԿ-ի խօսքը: Ուստի Լոս Անճելըսէն սրտի երկու խօսք:
Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, յարգելի հիւրեր եւ ներկաներ, սիրելի համակիրներ եւ հայրենակիցներ, ընկերներ եւ ազգային կեանքի գործակիցներ, սրտակից հայ ժողովուրդ,
Մեծ հրճուանքով եւ գոհունակութեամբ կը ձայնակցիմ ձեզի մեր այնքան սիրելի, սփիւռքի բաբախող սիրտ Լիբանանի մայիս 28-ի 99-րդ այս տօնակատարութեան:
Ա՛յն մայիս 28-ին, որ ստեղծեց նոր հարիւրամեայ տրամաբանութիւն մը, որ հայ մարդուն տուաւ անգամ մը եւս պատուով ապրելու, դարձեալ իր ինքնիշխան հողին վրայ մաքառելու, նորէն իր դրօշակը հպարտօրէն պարզելու, վերանորոգ երազելու եւ երազանքը իրականութեան վերածելու, հողը պատրաստեց միանգամընդմի՛շտ Արցախը օտարի լուծէն ազատագրելու, առիթը ստեղծեց յետցեղասպանութեան նորաստեղծ ո՛ղջ սփիւռքի մը ազգային ջիղը ամրացնելու, եւ վերջապէս, ընդլայնեց հայօրէն տոգորուելու տեսլականն ու կարողականութիւնը:
Ա՛յն մայիս 28-ին, որ այսօր նորանկախ Հայաստանը պետական յանձնաժողովի ծրագրումով պիտի նշէ ու վերապրի անոր իմաստն ու մեծութիւնը: Հայրենի պետականութեան նախաձեռնութիւն մը, որ իր տրամաբանական ընթացքով ակնկալելի է, որ անդրադառնայ մայիս 28-ի կերտման ու իրագործման մէջ ա՛յն առիւծի բաժինին ու դերին, որ ՀՅԴ-ն իր բնազդով օրին առաջնորդեց եւ հասցուց իր կիզակէտին ու հայրենիք կերտող նպատակին:
Դաշնակցութեան կերտած «Նեմեսիս»-ի, անոր սնուցանած Գարեգին Նժդեհի Զանգեզուրի, սարդարապատեան խոյանքներու արդիւնք մայիս 28-ի եւ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ այլեւայլ էջերու այսպիսով ճիշդ հասցէագրումն ու շաղկապումը, եւ արդար բնութագրումը պիտի նպաստեն նորանոր նուաճումներու, աւելի հեշտ յառաջացման եւ արդիւնաւորման: Մենք փառաբանանք փնտռող կամ որոնող կազմակերպութիւն չէինք եւ չե՛նք: Բայց այնքանով, որ մեր հնոցի, Դաշնակցական դարբնոցի արտադրանքը կը պատկանի մեր ազգի դափնեպսակին, նոյնքանով ալ ան մեր կենսագրութիւնն է եւ կը բնութագրէ մեր նկարագիրն ու գոյութեան իմաստը, եւ մեզ ու հայ ժողովուրդը կը մղէ ու կ՛առաջնորդէ նորանոր սլացքներու եւ նուաճումներու:
Մեր ազգի ղեկավարման եւ զանգուածներու կազմակերպական ա՛յն կարողութիւնը, որ մենք ցուցաբերեցինք մայիս 28-ի նախօրէին ե՛ւ անոր վաղորդայնին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, ամուր քայլերով առաջնորդեցին հայ ժողովուրդը դէպի իր յաւելեալ ամրակայում: Եւ նո՛յն այդ ղեկավարութիւնը, որ ապա տրամադրեցինք սփիւռքին` սփիւռքը կազմակերպելով ու Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելով եւ քաղաքականօրէն հետապնդելով, տուին եւ տակաւին կու տան իրենց արդիւնքները:
Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մենք իբրեւ կազմակերպութիւն կը գիտակցինք, որ մեր այդ ղեկավարման կարողութիւնը կը զարնուի ամէնօրեայ փորձաքարի եւ կը դիմագրաւէ ծաւալող մարտահրաւէրներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի նորաստեղծ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման:
Սակայն ո՞վ ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը դիւրին օրերու կուսակցութիւն էր եւ է: Լաւատեսութիւն թող չթուի ձեզի, եթէ ըսեմ, որ դաշնակցականի մեր կարգապահութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռանկիւնի փոխադարձ յարգանքը, զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը, մեր սկզբունքներէն չշեղելու եւ չզիջելու մօտեցումը, ընդելուզուած` մեր ճկունութեան եւ քաղաքական փորձին, աւելի՛ն, մեր ծառայելու աննկուն կամքն ու տրամադրելիութիւնը, լաւագոյն գրաւականները պիտի ըլլան մեր կազմակերպական եւ ազգային միասնականութեան հզօրացման, եւ ա՛յն հաւատամքին կայացման, որ մեր ազգի լաւագոյն օրերը տակաւին կը պատկանին ապագային: Ազգո՛վին լուսաւոր այդ ապագային:
Չկա՛յ օր մը, որ այս կուսակցութիւնը, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Երեւանէն, Ստեփանակերտէն մինչեւ Սիտնի ու Թեհրան, չորոնէ, չփնտռէ մեր ազգի ամէնէն բարդ ու դժուար խնդիրները, եւ իր ազգային օրակարգը չծանրաբեռնէ եւ ինքզինք պատասխանատուութեան առջեւ չդնէ հայ ժողովուրդի մեծ ու նուազ մեծ խնդիրները լուծելու համար:
Սիրելինե՛ր, Լիբանանը` իբրեւ Միջին Արեւելքի առաջատար եւ հայահոծ գաղութ եւ Արեւմտեան Ամերիկան եւ յատկապէս Քալիֆորնիան` իբրեւ հայ սփիւռքի Արեւմուտքին գտնուող առաջատար եւ հայաշատ զանգուած` կոչուած են առանցքային դեր ստանձնել ու մեր յետցեղասպանութեան հարիւրամեակի եւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակէն ետք եկող հայ նոր իրականութեան մէջ:
Այս նոր իրականութեան մէջ բացայայտ է, որ ի հեճուկս մեր մաքառումներուն, ինչպիսին էր անցնող տարուան քառօրեայ պատերազմը, հայաստանեան եւ արցախեան մեր դրուածքը նոր դժուարութիւններ կը յաղթահարէ: Բացայայտ է նաեւ, որ ի դէմս սփիւռքի մեր հայապահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման իրագործումներուն, սփիւռքեան մեր մարտահրաւէրները մէկ կողմէ կը բնութագրուին ձուլման եւ այլասերման լուրջ վտանգներով, եւ միւս ճակատին վրայ կը դիմակալեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ թշնամական առճակատումները, Հալէպի հայկական թաղամասերէն մինչեւ Ուաշինկթըն Տի Սի:
Իբրեւ հայահոծ գաղութներ եւ իբրեւ սփիւռքեան այս գաղութներու ղեկավարութիւն տրամադրող շարքային դաշնակցականներ, մեր օրակարգն է սփիւռքը տոկուն պահել եւ անոր կարողականութիւնը ծառայեցնել Հայաստանի եւ Արցախի ամրակայման եւ հզօրացման: Մեր օրակարգն է հզօր սփիւռքով Հայ դատի լուծման մէջ առանցքային դերակատարութիւն վերցնել: Մեր օրակարգն է Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները էապէս զարգացնել, նոր հեռանկարներ որոնել ու գործադրել, եւ իսկապէս զայն հասցնել նախանձելի մակարդակի: Մեր օրակարգն է այս բոլորին մէջ սերնդափոխութիւն ապահովել եւ համապատասխան աւանդ փոխանցել նոր սերունդին ամէնուրեք: Եւ անշուշտ մեր օրակարգն է այս բոլորը իրագործելու համար շարունակել եւ ունենալ կուռ, միասնական, նպատակաուղղուած, վճռական, տարբեր երդիքներու տակ գործող, սակայն նոյն երդումով առաջնորդուող շարքեր:
Եւ պիտի չըլլայ օր մը, երբ այս կազմակերպութիւնը պիտի խուսափի այս օրակարգէն եւ այդ պատասխանատուութիւններէն, որովհետեւ Պէյրութէն Լոս Անճելըսի դառն իրականութիւնները մեզմէ այդ կը պահանջեն, եւ մայիս 28-ի այս տօնակատարութեան, ի՛նչ դպչող թելադրականութեամբ, որովհետեւ Սարդարապատն ու ազատագրուած Շուշին եւ բռնագրաւեալ Մուշը մեզի այդ կը յորդորեն:
Կեցցե՛ն ՀՅԴ-ի քաղաքական բանակի զինուորագրեալ ու միակամ շարքերը,
Կեցցե՛ն մայիս 28-ով սկսած ազատ ու անկախ Հայաստանն ու Արցախը,
Ապրի՛ս, դո՛ւն` հա՛յ ժողովուրդ: