Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Ազգերու պատմութեան հոլովոյթին մէջ անկախութեան համար մղուած մարտերը անկասկած ունին իրենց իւրայատուկ տեղն ու նշանակութիւնը` նկատի առած այն անվիճելի իրողութիւնը, որ նոյն այդ մարտերու երկունքի  ընդմէջէն է միայն, որ կը ծնի տուեալ ազգի ազատ ու արժանավայել կեանքի տիրանալու իրաւունքը:

Արդարեւ, որքան ալ ազատութեան եւ անկախութեան տիրանալու ազգի մը ձգտումը ըլլայ հարազատ ու իրաւացի, նոյն այդ անկախութիւնը  կերտելու համար անժխտելիօրէն պէտք է ստեղծել սեփական ուժին ապաւինելու հաստատ համոզում եւ պայքարի անկոտրում կամք, բաւարար չէ ունենալ փափաք կամ երազանք. նախ ստեղծուելու է այդ հարազատ ապրումին կեանք եւ մղում տուող պարարտ  ենթահող, որուն ընդերքին կենարար սնունդը կը կազմեն մարդ անհատի իմացականութիւնը, ծաղկող ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը, հաւաքականութեան մօտ ինքզինք կառավարելու եւ ինքն իր ճակատագիրը ճշդելու հասունցած գիտակցութիւնը, եւ այս բոլորէն ետք միայն տուեալ ազգը ի վիճակի կրնայ ըլլալ աներեր ոստումով ու ռազմունակ շունչով նետուիլ մարտի դաշտ, որու փոթորիկներու արհաւիրքին դիմաց ան յանձնառու ոգիով պատրաստ կ՛ըլլայ քալելու անտրտունջ եւ անխոնջ քայլերով անկախութեան առաջնորդող  յաճախ դժուար անցանելի արահետներէն:

Տեղին է նշել անկախութեան գաղափարի անզուգական նուիրեալ` Նժդեհի նշանաւոր այն պատգամը, ուր ան կ՛ըսէ.

«Անհատ թէ ժողովուրդ միշտ ալ աւելի ուժեղ են, քան կարիքը, քան վտանգը, քան թշնամին, անոնք միշտ ալ կարող են գերազանցել այս բոլորը, եթէ իրենց մօտ չտկարանայ սեփական ուժերով ոտքի կանգնելու կամքը… Վաղը յաղթելու է ան, որ մինչ այդ վաղը իր հոգու մէջ կը տանի յաղթանակը: Հասկնանք այս ճշմարտութիւնը, եթէ չենք ուզեր կորչիլ որպէս ազգ»:

Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք, մինչեւ 20-րդ դարու հայակուլ եղեռնը, հայութիւնը ապրեցաւ իր ազգային պատմութեան ամէնէն ճակատագրական ու տխուր ժամանակահատուածը. հայուն համար, որպէս ազգի, իր գոյութեան ապահովման ամէնէն դաժան ժամանակաշրջանն էր, շուրջ վեց դարերու տառապանքով ան բարձրացաւ իր անհասանելի գողգոթան` աչքը յառած  խաղաղ կեանքի սպասուած արեւածագին, ապրեցաւ արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, հիւսիսէն կամ հարաւէն մեր դարաւոր հայրենիքը ասպատակող ու մեզ անհայրենիք ձգելու միտող արշաւանքներու արհաւիրքը, սակայն հայը` որպէս պայքարող եւ  արտակարգ նկարագրի տէր ազգ, ըմբոստ ու ազատատենչ Հայկի տիպարը պահեց անեղծ իր նկարագրային  հիւսուածքին  մէջ: Բաւարար է արագ ակնարկ մը նետել մինչեւ 20-րդ դար շուրջ 600 տարիներու մեր ազգային պատմութեան թաւալումին, երբ մոնկոլեան արշաւանքներէն մինչեւ օսմանեան կեղեքումներն ու ջարդերը` հայը ապրեցաւ պատերազմի եւ խաղաղութեան իրար յաջորդող անվերջ հանգրուաններ, եւ այսպէս, եթէ շրջան մը գործեց որպէս խաղաղ շինական, շատ արագ սակայն շտապեց մարտի դաշտ` որպէս հայրենիքի զինուոր, սուրը ձեռքին, եւ այսպէս, այդ դարերու մեր պատմութիւնը  ընթացաւ խաղաղութեան եւ պատերազմի այնքան արագ դարձող էջերու յաջորդականութեան ընդմէջէն:

Արդեօ՞ք Հայկական Բարձրաւանդակի  աշխարհագրական արտակարգ դիրքը իր բարձր արժէքով պարտադրած էր մեր ազգի ճակատագրին տհաճ այս հոլովոյթը, թէ՞ ըմբոստ Հայկի ժառանգորդ հայու խառնուածքը բնութագրող ռազմունակ եւ միշտ անհանդարտ նկարագրի հետեւանքն էր, որ կը կրէինք հայօրէն: Արդիւնքը մէկ է ու միեւնոյնը` Հայաստան պիտի մնար միշտ կռուադաշտ եւ կրէր արշաւող ցեղախումբերու եւ զօրքերու հալածանքն ու աւերը, իսկ հայ ժողովուրդը պիտի հասնէր  մինչեւ Ցեղասպանութեան ու անորոշութեան անդունդը,  որմէ հրաշքով ազատած` ինքզինք պիտի գտնէր իր պատմական հայրենիքէն տեղահան եղած ու ցիրուցան վիճակի մէջ:

Ահա քանի մը տողերու նկարագրականով` օտարի լուծին չխոնարհող մեր ազգի ապրած դարերու տեւողութեամբ` ոդիսականը: Անկախ դէպքերու զարգացումէն, հայու խառնուածքին մէջ կայ առեղծուածային մէկ երեւոյթ. հակառակ իր ապրած անհատնում արհաւիրքներուն, ան զարմանալիօրէն կառչած մնացած է ազատ ու անկախ ապրելու հաւատքին ու զայն դասած` իր սեփական հանգիստէն առաջնահերթ: Աւելի՛ն. ազգը արիւնաքամ ըրած Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած եւ առանց կաշկանդուելու իր հոգեվարքին մէջ գտնուող մարդու իր կաշին փրկելու բնազդի ստեղծած սարսափէն` հայը անբացատրելիօրէն յաջողած է անգամ մը եւս բռունցք բարձրացնել իր արիւնէն չյագեցած նոյն թշնամիին դէմ, եւ նետուած` ազատ ու անկախ հայրենիքի ստեղծման գոյամարտի դաշտ:

1915 ապրիլ-1918 մայիս` ընդամէնը 3 տարի, եւ հայու գրեթէ անշնչացած մարմինը անգամ մը եւս  գերմարդկային ոստումով ու յարուցեալ կամքով ոտքի պիտի կանգնէր` տարբեր ռազմաճակատներու վրայ առանձինն մարտնչելով զինք յամառօրէն ոչնչացնել  ծրագրած թուրքի դէմ:

Եւ պիտի իրականանար անհաւատալին: 1918-ի մայիսեան մարտերը պիտի արձանագրէին հայու յաղթանակը շեփորող իրենց աւարտը, պիտի կերտուէր պատմական այնպիսի իրագործում, որ ռազմագիտական տրամաբանութեամբ անբացատրելի կը թուէր ըլլալ` նկատի առած այդ փուլին հայուն համար ստեղծուած անբարենպաստ պայմանները, որոնց ուղղութեան հակառակ` ան յաջողած էր դէպքերուն տալ համեմատաբար հայանպաստ զարգացում ու աւարտ:

Ուրեմն արդար է հաստատել, որ այդ օրերու դէպքերու զարգացման ուղին անցած էր հայու ազգային նկարագրի եւ անոր բարոյահոգեբանական ամրութեան տուեալներու բովէն: Հայը ճգնաժամերու ընթացքին ցուցաբերած է միշտ գերազանցապէս իմաստուն եւ յանդուգն կեցուածք: Այլապէս ինչո՞վ կը  բացատրուի այն անժխտելի փաստը, որ Եղեռնի արհաւիրքէն հազիւ ազատած ազգ մը, որ կը դիմագրաւէր միաժամանակ ներքին քաղաքական սպառնալիքներ եւ կենցաղային նոյնքան ջլատող ու ծանր կշռող պայմաններ, պիտի յաջողէր սանձել թիւով զինք գերազանցող եւ աւելի ուժեղ թրքական զօրքերու բուռ մը հայութիւնը կուլ տալու ախորժակը:

Այս անբացատրելի երեւոյթին կարելի է միայն տալ Մայիսեան Հրաշք անունը. հրաշք մը, որուն կերտողը նախ նոյն այդ ազգի հրաշագործ զաւակներն էին, եւ օրին անոնց համախումբ եւ աննահանջ մնալու հաստատ որոշումը` ազգային ազատագրական պայքարի դրօշի ներքոյ: Հրաշք պէտք է տեսնել նման կացութիւններուն մէջ, երբ ազգի մը զաւակները կը յաջողին ունենալ հաւաքական բարձր գիտակցութիւն, եւ ամէն մէկու համար իր սեփական կեանքը փրկելէն աւելի գլխագիր սկզբունք կը նկատուի, հաւաքականութեան եւ ազգին անվտանգութիւնը, եւ որ այս համոզումին գործնական ու յաջող արդիւնքներու ձեռքբերման համար ազգը կը յաջողի վերաբերիլ խոհեմ եւ կը վերանայ անձնական ու հատուածական շահերէն կամ զգայնութիւններէն, բայց որ մանաւանդ եւ ամէն  բանէ աւելի` իր ծոցէն կը ծնի այդ բարձրարժէք համոզումը գործնականացնող եւ խթանող ղեկավարութիւն: Մայիսեան բռնկող ռազմաճակատներէն մինչեւ հեռաւոր թիկունքային դիրքեր թէ թշնամի զօրքերով շրջափակուած Երեւանի իւրաքանչիւր թաղամասի մէջ, հայ անհատի համար այս գաղափարը օրին անցած էր անսակարկ հաւատքի կարգին եւ դարձած` անշեղ սկզբունք:

Այսպէս, ուրեմն, նոյնինքն ազատ ու անկախ Հայաստանի հռչակումին մէջ  պէտք է տեսնել  բարձրարժէք սխրագործութիւն եւ եզակի յանդգնութիւն` նկատի առած օրին ստեղծուած այն ծանր պայմանները, որոնք կը փակէին մեր ազգի դիմաց յոյսի ամէն դուռ, արդար  գնահատական պէտք է տալ այդ պայմաններուն դիմաց չընկրկող հայու անձնուրաց վերաբերմունքին, յոգնած եւ արիւնաքամ, ան յաջողեցաւ, միայն իր սեփական ուժին ապաւինած, կենաց մահու հերոսական կռիւներ մղել եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի երազը կեանքի կոչել: Այդ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայութեան մէջ ծնունդ առած  աննկուն կամքի ամրութեան յենած` Հայ յեղափոխական  դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ համախմբել  եւ գոյամարտի ճակատ առաջնորդել հայութեան բոլոր հատուածներն ու ուժերը: Եւ որքա՜ն երկար է շղթան այն անհատնում սխրագործութիւններուն եւ դէպքերուն, որոնց ընդմէջէն  կարելի պիտի ըլլար նկարագրել անկախութեան մարտերու ընթացքին արձանագրուած գերմարդկային ուժի  արտայայտութիւնը, ամէն մէկ դէպք ու հերոսութիւն  արժանի` սերունդներու դաստիարակիչ ոգեղէն սնունդ համարուելու:

Այդ հերոսապատումին արդիւնքը ծնունդ տուաւ  մայիս 28-ով ծագող հայոց  նորագոյն պատմութեան հրաբորբ արշալոյսին:

1918 մայիս 28-ով կերտուած ազատ ու անկախ Հայաստանի ծնունդը տարածաշրջանի դէպքերու պատահական զարգացումներուն արդիւնքը չեղաւ, այլ այդ ծնունդը ամէն բանէ առաջ մեր ազգի ողջ էութեան մէջ  խորապէս արմատացած համոզումի եւ այդ համոզումին խորութեամբ եւ հարազատութեամբ դրսեւորուած կամքի արտայայտութիւնն էր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող հայ քաղաքական մտքին համար չկար այլ ընտրանք,  եւ պէտք էր ստեղծել ազատ ու անկախ պետականութիւն, որուն ընդմէջէն միայն կարելի պիտի ըլլար տեսնել հայութեան համար ապահով ապագայ, խաղաղ երկինք եւ անկախ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւն:

Այս միտքը հասած էր իր հասունացման կէտին` անխոնջ պայքարի եւ մեծ զոհողութիւններու գումարումով:

Մայիսեան յաղթանակներով կերտուած անկախ Հայաստանի ծնունդը ունեցաւ ոչ միայն քաղաքական մեծ նշանակութիւն` որդեգրելով ազգային պետականութեան հիմեր նկատուող պետութեան մը ինքնուրոյն բոլոր խորհրդանիշները, այլ աւելի՛ն, անոր մէջ պէտք է տեսնել բարոյահոգեբանական մեծ նուաճում,  երբ մեր ազգի զաւակներուն մէջ մայիսը վերականգնեց անսակարկ պայքարի ճամբով եւ սեփական ուժին ապաւինած` հաւաքական երազ  իրականացնելու հաւատք, որ կազմեց անկիւնաքարը հայկական անկախ եւ ինքնուրոյն պետութիւն ունենալու մինչեւ այդ երազ թուացող ծրագրին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար իրականացած էր  իր գոյութեան իմաստը հանդիսացող ծրագրին մէկ կարեւոր բաժինը, եւ արդէն անոր զաւակներու ընտրանին անհաւատալի թափով լծուած էր պետականաշինութեան տքնաջան աշխատանքին`  նորաստեղծ պետութենէն ներս թէ անոր սահմաններէն շատ հեռու: Թափ ստացած քաղաքային կենսական աշխատանքներու կողքին, Դաշնակցութեան կեդրոնացումն ու նշանակէտը մնացին միշտ անշեղ արտաքին թշնամիէն: Այս իրողութեան հակառակ` երկրի սահմաններէն ներս ներքին անդորրը խանգարող տարրերուն մօտ ծրագիրները հակոտնեայ էին, անոնք հարբած հեռաւոր հիւսիսէն փչող պոլշեւիզմի քամիներէն, թուրքի հետ եղբայրութեան սին եւ դաւադիր քարոզներով կ՛ականահարէին մինչեւ այդ ծով զոհողութիւններով կանգնեցուած երիտասարդ պետութեան հիմերը, աւեր գործելով ճակատի վրայ տեղակայուած բանակային միաւորներուն մէջ, մինչեւ հեռաւոր սահմանային գիւղեր: Դաշնակցութեան համար իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահելը ոչ մէկ օր, պետութեան կարճատեւ գոյութեան ընթացքին, եղած էր առաջնահերթ խնդիր, կարեւորը երկիրը ապահով պահելն էր ու ազգի մնացորդացը փրկելը: Կացութիւնը հակակշիռէ դուրս կու գար, ու այսպէս, նոյնիսկ խորհրդային կարգերու ճամբով եթէ համեմատական ապահովութիւն կը ստեղծուէր երկրին մէջ, Դաշնակցութեան համար ընդունելի պիտի նկատուէր նաեւ այդ դառն ելքը` քաջ գիտակցելով, որ պոլշեւիզմի շունչը օտար էր մեր միջավայրին մէջ հետեւաբար անոր հմայքը շուտով պիտի ցնդէր հայու ներաշխարհէն, եւ վաղ թէ ուշ ան պիտի թօթափէր իր վրայէն այդ օտարոտի զգեստը: Երիտասարդ հանրապետութիւնը ինկաւ խորհրդայնացման անորոշութեան ծովերուն մէջ, հայութիւնը ապրեցաւ շուրջ 7 տասնամեակներ իր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը աղաւաղող համայնավար կարգերու ապազգային լուծը, բայց հայ ազգի ազատատենչ ապրումը մնաց հաւատարիմ իր ծնունդին` հակառակ տիրող այն տպաւորութեան, որ հայու սրտին մէջ դադրած է ապրելէ  ազատ ու ինքնիշխան Հայաստանի երազը:  Տասնամեակներ անց ազգային պետական հարազատ արժէքներու վերադարձի պահը դարձեալ պիտի հնչէր, եւ ժողովրդային պոռթկումը դառնար անխուսափելի, ահա վերստին պիտի արձանագրուէր շատ որոշիչ եւ վճռական վերադարձ դէպի առաջին հանրապետութեան ոգին: Անկախութեան սերմը առողջ մնացած էր հայկական լեռնաշխարհի պարարտ հողի խորքը եւ մայիսեան առասպելանման իրագործումին շնորհիւ է, որ ամէն խորհրդային հայ քաղաքացիի հոգիին մէջ վառ մնացած էր ազատ հայրենիք ունենալու կրակը:

Այսպէս, սարդարապատեան ոգիով ներշնչուած  1988-ի ցուրտ օրերուն ոտքի ելաւ բովանդակ ազգը` պահանջելու արդարութիւն եւ պատմական իր իրաւունքներու վերականգնում:

Վերջին հաշուով, մայիս 28-ով հաստատուած էր արիւնով գրուած մեր պատմութեան տխուր էջերէն դէպի փառաւոր փուլի անցում, եւ նոյն այդ անցումին շնորհիւ` հայը իրաւունք ստացած էր տարբերուելու այսօր տարածաշրջանի մէջ ցեղախմբային վիճակներ պարզող ազգերէն,  որոնք մինչեւ օրս ալ ձախողած են պետութիւն դառնալու իրենց ճիգին մէջ: Պահանջատէր հայութեան համար կողմնացոյցը միեւնոյն ուղղութեամբ էր, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հանդիսացած էր պարզապէս կիսատ մնացած նախաքայլը` իր վերածնունդը ապրող ազատ ու անկախ պետութեան. ճիշդ է, որ անցեալին աւելի մեծ իրագործում ակնկալել հնարաւոր չէր` նկատի առած երկիրը  օրին խեղդող անհամար ներքին թէ արտաքին վտանգները, որքան ալ համարձակ ու տրամաբանական փորձեն ձեւանալ այդ իրագործման քննադատողներն ու կերտուած արժէքի հաշուոյն նսեմացնելու ճիգ թափող մեծամիտ արտայայտութիւնները: Եղեռնին յաջորդած օրհասական պահուն Երեւանի շուրջ համախմբուած ու բնաջնջման վտանգը դիմագրաւող հայութեան զոյգ հատուածներուն համար պէտք էր օրին անյապաղ ստեղծել փրկութեան լաստ, հիմնել ազգային անկախ պետութիւն եւ այդ ճամբով հաստատել նաեւ հայու ինքնիշխան եւ ապահով ըլլալու իրաւունքը: Խորհրդային կարգերու փլուզումով նաեւ հայու համար ստեղծուած էր ճգնաժամ, պէտք էր ունենալ սեփական ուժին ապաւինելու յանդգնութիւնը եւ քալել դէպի ազգային պետական ինքնուրոյն ծրագիր: Եւ այս յանդուգն ոգիի հարազատ ու գործնական արտայայտութիւնը եղաւ անկախութիւն պահանջող թէ արցախեան ազատագրական պայքարի դաշտ իջնող հայ հաւաքականութեան,  բայց մանաւանդ երիտասարդութեան  բնական ու աներկիւղ խոյանքը: Խոյանք, որուն արդիւնքը եղաւ ազատ պետականութեան վերականգնում ու պատմական իրաւունքներու մասնակի ձեռքբերում: Մի՞թէ այսօր նոյն մղումով չէ, որ Հայաստանի սահմաններուն թէ արցախեան խրամատներուն մէջ դիրքապահ մեր հերոս զինուորները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զոհելու իրենց գերագոյնը` ի սպաս մեր անկախ պետութեան ամբողջականութեան եւ սահմաններու անվտանգութեան:

Անցեալէն մինչեւ այս պահը արձանագրուող եւ կրկնուող դէպքերու հոլովոյթէն մեկնած` տեղին է հաստատել, որ պետականաշինութիւնը եւ հայրենակերտումը անսպառ ու մեծ զոհողութիւններ պահանջող գործընթաց է. մեր ազգը թէեւ արդարօրէն կրցաւ վերստին իր արժանավայել ներկայութիւնը հաստատել անկախ պետութիւններու կարգին, բայց անկախ պետութեան հիմնասիւները ամրացնելու եւ կառոյցը ուժեղացնելու աշխատանքը չունի եւ չի կրնար ունենալ վախճան: Պէտք է ունենալ հեռանկար, ունենալ դէպի լաւագոյնը կամ ամենագեղեցիկը ձգտումը, բայց պետութեան կառուցուածքը ապահով եւ հաստատ պահելու առաջնահերթութիւնը հարկ է որ ազգի բովանդակ բաղադրիչներուն մօտ մնայ լիարժէք եւ ամէնօրեայ օրակարգ` բոլորանուէր գործով ծառայելու համար պետական  կառուցուածքի հզօրացման եւ մեր սահմաններու պարսպապատման:

Այս համոզումով կեանքի կոչուած էր եւ այսօր ալ,   ինչպէս միշտ, լծուած աշխատանքի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,  Դաշնակցութեան համար չկայ աւելի վսեմ ու նուիրական նպատակ, քան` հայ ազգի եւ պետութեան բարօրութեան ու անվտանգութեան ի խնդիր տարուած պայքարը: Ապա թէ ոչ, ինչո՞ւ է անոր գոյութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Եթէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը եւ անթիւ նահատակները, ֆետայական շարժումի ռահվիրաներէն մինչեւ մայիսեան գոյամարտի ճակատներու վրայ անմահացածները, սփիւռքի զինեալ պայքարի անձնուէր սերունդէն մինչեւ արցախեան ազատագրական պայքարի նուիրեալները, եթէ անոնք յանձն առին գերագոյն զոհողութիւններ, անոնք բոլորն ալ իրենց ներաշխարհին մէջ կը պահէին ազատ ու անկախ պետութեան գաղափարը, անամպ երկինքի տակ զարգացող հայրենիքի հեռանկարը, անոնք կը հաւատային, որ հոն միայն կրնան իրականանալ ու ծաղկիլ հայու անհատական թէ հաւաքական իղձերն ու երազները: Ոչ մէկ պարագայի անոնք կը ծառայէին կերտելու դաշնակցական իշխանութիւն, նպատակը այդ չէր, այլ` կերտել ազգի բոլոր հատուածներուն ձգտումներուն գոհացում տուող եւ համայն հայութեան իղձերուն գուրգուրացող երկիր: Իսկ այսօր մեր հայրենիքի շուրջ ստեղծուած քաղաքական բարդ կացութիւններուն դէմ յանդիման նոյնն է դաշնակցական անհատի թէ կազմակերպութեան համոզումը` անվտանգ ու առանց ցնցումներու պահել երկիրը, մեր բոլորին հայրենիքը, ի գին ամէն զոհողութեան եւ առանց իրարմէ անջատելու անվտանգութեան հրամայականի ներքին թէ արտաքին զոյգ սահմանումները:

Անվտանգ հայրենիք ունենալու եւ պահելու օրակարգը այսօր աւելի քան երբեք առաջնահերթութիւն է, որուն իրականացման համար հայու գործը ընթանալու է միասնական կամքով եւ անաղմուկ գործելաոճով` հեռու արկածախնդրական ցնցումներէ եւ իրապաշտօրէն, առանց մտահան ընելու այդ աշխատանքին ընթացքը դժուարացնող ծովածաւալ կարիքները, ներազգային թէ միջազգային առումով, պետական թէ քաղաքացիական կենսական բոլոր  բնագաւառները ներառած: Վերջին հաշուով, կա՞յ արդեօք աւելի հաճելի ու ոգեւորող զգացում, քան` անհատապէս կամ հաւաքական մղումով հայութեան ճակատագրին մասնակից ըլլալու զգացումը: Պէտք չէ ըլլալ թերահաւատ եւ առաջնորդուիլ միայն մերօրեայ նիւթապաշտ աշխարհի տրամաբանութեան արտասանած ճառերով, որոնց մէջ նկատի կ՛առնուին թիւերու շահադիտական տուեալներ կամ զիջումային բարոյալքող տրամաբանութեամբ, երբեմն զառանցանք նկատուող խոստումներու հաշուարկներ… Եթէ անցեալին հայը առաջնորդուած ըլլար նման նահանջող տրամաբանութեամբ, անհնար պիտի ըլլար քանի մը հազար հաշուող հազիւ զինուած ու սոված կամաւորներով կերտել մայիսեան հրաշագործ յաղթանակ, եւ այն ալ` առարկայական այնքան անբարենպաստ պայմաններու մէջ, ու իրականացնել ազատ ու անկախ հայրենիքի դարաւոր երազ: Այսօր մեր հաւաքականութեան մէջ ծուարած արտագաղթի իրենց հերթին սպասող թերահաւատները կամ արեւմտեան խաբող գարուններու արժէքներէն սնանող «համաշխարհային» ազատականութեան վաճառականները տեղ չունին մեր հաւաքական երթին մէջ, անոնք չեն կրնար մաս կազմել մեր հաւաքական երազին, չհասունցած եւ վիժեցնող ապրումներով արկածախնդիրներն ալ կրնան լաւագոյն պարագային յաջողիլ ժամանակաւոր յուզումներ ստեղծել մեր ազգային կեանքին մէջ: Իրապաշտ ու ազգանուէր գործի հրապարակը միշտ ալ զբաղեցուցած են լուռ ու գործնապաշտ յամառութեամբ անաղմուկ եւ նպատակասլաց մղումով հայրենաշինութեամբ զբաղող ուժերն ու նուիրեալները: Անոնք անպայման պիտի յաջողին հայութիւնն ու հայրենիքը  աւելիով մօտեցնել մեր դարաւոր երազին, որքան ալ գործելու դժուար պայմաններ ստեղծուին անոնց համար: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած կազմակերպական ընտանիքին համար չկայ աւելի օգտակար ու իր ծրագրին հարազատ գործելաոճ, քան` նշուածը: Այս համոզումով, իր հիմնադիր սերունդի ազատատենչ գաղափարներէն կեանք ստացաւ կազմակերպութիւնը, գործեց նոյն այդ հիմնադիր հսկաներու անաղմուկ եւ անձնուրաց համոզումով եւ անոնցմէ ներշնչուած` կերտեց հանրապետութիւն, ինկաւ, բայց չյուսահատեցաւ, մնաց հետեւողական իր ճիգին մէջ ու վերստին ապստամբ մղումով ոտքի ելաւ, չխոնարհեցաւ թուրքի ուղեկից պոլշեւիզմի անդիմագիծ ծրագիրներուն դիմաց, դարձաւ սփիւռք, այո՛, բայց վերածուեցաւ նոյն այդ սփիւռքը կազմակերպող հիմնական ուժին, տասնամեակներ գուրգուրաց ազգային ինքնուրոյն արժէքներուն ու վերադարձաւ հայրենիք եւ միշտ իր լռակեաց նկարագրին հաւատարիմ` կազմակերպեց պահանջատէր սերունդ, յառաջացուց մարտական միաւորներ, դարձաւ բանակ եւ իր շարքերէն նուիրաբերեց իր շարքայիններու ընտրանին, բովանդակ հայութեան հետ կերտելով փառաւոր արցախեան յաղթանակ: Այսօր ան կը շարունակէ անաղմուկ իր գործը, երբեմն` թէկուզ ներկայանալով որպէս համեստ հայրենիքի զինուոր, իր կողմէ կատարուած պատմական սխրանքները յաւերժացնող, բայց յաճախ այլոց կուրծքերուն վրայ փայլող  շքանշաններէն հեռու, համոզուած ըլլալով, որ խլացնող ճառերով կամ ազգը շլացնող խոստումներով չէ, որ պիտի վերականգնի իր երազած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը` ամբողջական հայութեան  հայրենիքը, այլ միայն` գործով, նուիրեալ գործով, անաղմուկ ու անսակարկ գործով, կեանքի խաղաղ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման թէ պատերազմական տաք ճակատներու վրայ, դաշնակցականավայել, փոխարէնը չսպասող նուիրումով ու գործով: Մայիս 28-ի փառահեղ էջերը կը պատկանին արդէն պատմութեան, իսկ այսօրուան մեր պարտաւորութիւնն է կերտել ապագայ, նայիլ նոր մայիսներու ուղղութեամբ, միշտ պատուով յիշելով անցեալը: Այսօր, հայրենիքի ու Արցախի դիմակայած միջազգային դժուար կացութիւններուն դիմաց, մենք պարտաւոր ենք գործել շրջահայեաց տրամաբանութեամբ, անաղմուկ քայլերով պատրաստուելու գալիք զարգացումներուն: Հայկական քաղաքական ներքին կեանքին մէջ ընտրական թուային ժամանակաւոր նուաճումներէն շատ անդին, միայն հեռատես ծրագրումով պատրաստուիլ գալիք մարտերուն, ու համախումբ եւ միակամ շարքերով, ընդունելով, որ նոյնիսկ եթէ մեր մեկնակէտերը կամ նախընտրութիւնները իրարմէ տարբերին, կարեւորը` քալենք նոյն ուղղութեամբ, ժամանակը չէ ներքին թշնամիներ փնտռելու եւ ներքին ճակատի վրայ անիմաստ ու մեր ուժերը սպառող պայքարներ ստեղծելու, յատկապէս այս խնդիրին մէջ միշտ դասեր քաղելով 1918 մայիսեան ճակատներու վրայ  հրաշագործ միասնականութեան շնչող ու շունչ տուող փորձառութենէն:

Վերջապէս, մեր այսօրուան հաւաքը թող թեւածէ մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութեան սահմաններէն անդին, թող ըլլայ հայրենասիրութեան գիտակցութեան վերահաստատումի եւ վերընձիւղման առիթ, միասնաբար հաստատելու, որ բոլորիս համար հայրենիքը անվտանգ պահելու ճիգը մեզմէ ամէն մէկուն պարտքն է եւ միակ երաշխիքը` գալիք մեր բոլոր մարտերու հայրենանպաստ եւ հայանպաստ աւարտին, մեր բոլորին պարտքն է չխնայել ամէն ճիգ` յանուն վաղուան արդար ու անվտանգ, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի ստեղծման…

Յարգա՛նք հայ ժողովուրդին եւ մայիսեան հրաշք յաղթանակներ կերտած  սերունդի եւ ղեկավարներու յիշատակին, փա՜ռք մերօրեայ հայ բանակին եւ անոր անձնուէր զինուորներուն ու սպաներուն, որոնք կ՛արհամարհեն ամէն դժուարութիւն եւ խիզախ կամքով կը խոյանան դէպի անմահութիւն` մինչեւ վերջին շունչ կռուելու անշեղ վճռակամութեամբ:

Մեր փառքի պատմութեան անզուգական  հերոսներու շունչով կանգնեցուած պատուանդանն  է մայիսի 28-ը, մեր յաղթանակներու երթը լուսաւորող անշէջ փարոսը:

Ու այսպէս, մայիս 28-ի անեղծ ու աներկիւղ  շունչով մեր սերունդի  պարտքն է կերտել նորանոր մայիսներ…

29 մայիս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>