Կան օրեր, որոնք պարզապէս օրեր չեն, ինչպէս որ կան մարդիկ եւ սերունդներ, որոնք պարզապէս մարդիկ եւ սերունդներ չեն: Անոնք ուրիշ են, տարբեր են, իրապէս անզուգական են: Օրե՜ր եւ անձե՜ր: Մէկ օր` մայիս 28, եւ անկրկնելի սերունդ` անկախութեան սերունդ:
Մէկ տարիէն պիտի լրանայ անկախութեան 100-ամեակը: Արդեօք անկախութեան կերտիչ, յեղափոխական գործիչ, մտաւորական, համեստ եւ գաղափարական Մեծն Արամ Մանուկեանը, յեղափոխական ականաւոր ղեկավար Ռուբէն Տէր Մինասեանը, մանկավարժ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանը, վրիժառու, Հայաստանի առաջին ռազմական նախարար Դրաստամատ Կանայեանը ի՞նչ խորհուրդ կրնային տալ մեր սերունդին: Հաստատօրէն գիտեմ, որ անոնք մեզի ցոյց պիտի տային մէ՛կ ուղղութիւն եւ մէ՛կ հաւատամք: Անոնք պիտի առաջնորդէին մեզ` ցոյց տալով գաղափարականութեան ուղին: Մեզ պիտի տոգորէին ժողովրդավար մտածողութեամբ եւ ընկերվարական սկզբունքներով: Մեզի պիտի ներշնչէին ծառայութեան ոգի, եւ հաստատէին, թէ ա՛յդ է միակ ճանապարհը ազգակերտման: Յուսալքման ամէն մտածում պիտի վանէին մեր մտքերէն եւ, փոխարէնը, պիտի ծաղկեցնէին մտասլաց եւ նպատակադրուած յստակ գործելակերպ: Այլ խօսքով, պիտի ուղղէին եւ առաջնորդէին մեզ դէպի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:
Այս տարի մայիս 28-ը տօնակատարեցինք Բիւրականի բանակավայրին մէջ, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի կազմակերպած հաւաքով մը: Խնճոյքի ժամանակ, երբ երգիչը կ՛երգէր «Արարատը մեր լեռն է» ես գոհունակ, սակայն միաժամանակ վրդովումով աչքս յառած էի Արարատին, որ իր դիւթական անվեհութեամբ վկան է մեր պատմութեան օրհասական եւ փառահեղ բոլոր իրադարձութիւններուն: Ականատեսն է եղած մեր աննկարագրելի տառապանքներու, մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան, մեր արի զաւակներու սխրագործութիւններուն:
Եւ հարցում մը կը պարտադրէր ինքզինք… արդեօք այսօր ի՞նչ կը մտածեն եւ ի՞նչ կ՛ընեն փշաթելերէն անդին, պատմական հայրենիքին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները: Արդեօք անոնք գիտե՞ն, թէ այսօր մայիս 28 է, թէ` այսօր մեր անկախութեան փառաւոր տօնն է, թէ` այսօր մեր յաղթանակի՛ տօնն է. կը գիտակցի՞ն, որ մայիս 28-ի օրինակով մեր ազգի պայքարի ոգին եւ ուժը անպարտելի են, եւ թէ` այդ ոգին իրենց մէջ ալ անթեղուած է եւ անպայման օր մը պիտի արեգակէ:
Այո՛, մայիս 28 սովորական տօն մը չէ: Անիկա մեր նորագոյն պատմութեան մեկնակէտն է: Եւ պէտք է տօնուի արժանավայել կերպով, պետականօրէն` իր ամբողջական իմաստով, մանաւանդ` ՀՅ Դաշնակցութեան անուրանալի դերը արժեւորելով անոր կայացման մէջ: Մայիս 28-ը ա՛յն տօնն է, որ տակաւին երկար ժամանակ իր գաղափարական խորհուրդով եւ քաղաքական առաջադրանքներով պիտի միախմբէ մեզ Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, մինչեւ Պոլիս ու Տիգրանակերտ, մինչեւ Համշէնի եւ Տէրսիմի սէգ լեռներ:
Մայիս 28-ը հայ նոր սերունդները պիտի առաջնորդէ դէպի նոր ազատագրումներ:
Երեւան 29/05/2017