Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս նախաձեռնեց Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ շրջապտոյտի, որ սկսաւ Սէուտական Արաբիայէն: Թրամփ նոյնպէս այցելեց Իսրայէլ, ապա` Հռոմ եւ Պրիւքսել: Այս շրջագայութեան տարբեր մեկնաբանութիւններով անդրադարձան արաբական եւ արեւմտեան լրատու միջոցները: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Արաբիոյ Թրամփը» անուանելը` յիշելով անցեալի «Արաբիոյ Լորանսը» (Lowrence օf Arabia):
Ն.
«Ալ Ժազիրա»
Տանըլտ Թրամփ Կ՛աւարտէ
Միջին Արեւելք Իր Այցելութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահը պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն միջեւ խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ, բայց չի յստակացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ատիկա նուաճել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւարտեց երկօրեայ այցելութիւնը Իսրայել եւ բռնագրաւուած տարածքներ, ուր տեսակցեցաւ Իսրայելի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ խումբ մը պաղեստինցիներու հետ զրոյցի ընթացքին Թրամփ ըսաւ. «Անձնապէս յանձնառու եմ օգնելու պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն` նուաճելու համար խաղաղութեան համաձայնութիւնը»:
Իսրայելի թանգարանին մէջ զրուցելով` Թրամփ պաղեստինցիներուն եւ իսրայելացիներուն միջեւ համաձայնութեան բացակայութեան պատասխանատու նկատեց պաղեստինցիները:
Թրամփ աւելցուց. «Նախապէս, տեսակցութեան ընթացքին Ապպաս ինծի հաւաստեց, որ պաղեստինցիները պատրաստ են հասնելու խաղաղութեան»:
Թրամփի այցելութեան ընթացքին Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինցիները բողոքի ցոյց կատարեցին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին իսրայելեան բանտերուն մէջ գտնուող հազարաւոր պաղեստինցիներուն, որոնց հացադուլը թեւակոխած էր վեցերորդ շաբաթը: Ցուցարարները նոյնպէս մերժեցին Կազան կառավարող Համաս շարժումը «ահաբեկչական» նկատելու Թրամփի պատկերացումը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրկին մերժած էր բանակցութիւններու մէջ Համասի հաւանական դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ գործընկերներու համաձայնական դաշինք մը պէտք է կազմուի` պայքարելու համար «ծայրայեղականութեան» դէմ, յիշատակելով Համասը, լիբանանեան շիի Հըզպալլան եւ Իրանը:
Բեթղեհեմի մէջ Ապպասի հետ միացեալ յայտարարութեամբ մը Թրամփ ըսաւ. «Ահաբեկիչները, ծայրայեղականները եւ անոնք, որոնք կ՛օգնեն անոնց, պէտք է ընդմիշտ վռնտուին մարդկային ընկերութենէն»:
Թրամփ չյստակացուց, որ այս առճակատումը ինչի՛ կը յանգեցնէ: Ան նոյնպէս չխօսեցաւ մանրամասնութիւններու մասին, թէ ինչպէ՛ս սկսիլ բանակցութիւններու` իսրայելացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ:
«Այս այցելութիւնը բաւական բարձր էր` որպէս դերասանութիւն եւ խորհրդապաշտութիւն, բայց բաւական ճղճիմ` որպէս էութիւն», ըսաւ Թարեք Պաքոնի, «Շապաքա» պաղեստինեան քաղաքական կայքի խորհրդատուն: Ան աւելցուց. «Մենք չենք խօսիր առարկայական հարցերու մասին, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր, չենք խօսիր պաղեստինեան գերիշխանութեան, պետականութեան, հրէական բնակավայրերու կառուցման դադրեցման, կամ Կազայի շրջափակման վերացման մասին»:
Յստակութեան Բացակայութիւն
Հրէական բնակեցման վայրերու առաջնորդ մը, Այսրյորդանանէն, ըսաւ, թէ ինք կը հաւատայ, որ Թրամփի յայտարարութեան մէջ յստակութեան բացակայութիւնը կրնայ նշանակել, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը լքած է պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատման իր թիրախը:
Օտետ Ռեւիւի` Եշայի բնակեցուածներու խորհուրդի գլխաւոր օտար պատուիրակը, ըսաւ, որ Ապպասի հետ յայտարարութեան ատեն Թրամփ չէ նշած պաղեստինեան անկախութիւնը եւ միայն խօսած է «խաղաղութեան» մասին:
«Մենք կրնանք խաղաղութեան հոլովոյթի գուշակելու խաղը միշտ խաղալ: Ի վերջոյ խաղաղութեան առաջնորդելու ոչ իսկ մէկ զիջում կայ, որ պաղեստինցիները այժմ կրնան ընել: Իսրայել պատճառ չունի հրաժարելու պաղեստինեան տարածքներու իր հակակշիռէն: Ճիշդ հիմա, բռնագրաւումը ձրի, եւ նոյնիսկ շահաբեր է Իսրայելի համար: Մենք պէտք է հասկնանք իրավիճակը. կայ բռնագրաւող մը եւ բռնագրաւեալ մը: Բացի եթէ Միացեալ Նահանգներ կարենան ճնշում բանեցնել բռնագրաւողին վրայ, չկայ պատճառ մը, որ Իսրայել հրաժարի այդ վերահսկողութենէն», ըսաւ Թարեք Պաքոնի:
Պաղեստինցի գործիչներ նոյնպէս նշած են, որ Պաղեստինի եւ Իսրայելի առնչուող Թրամփի հռետորաբանութիւնը չի տարբերիր նախկին վարչակազմինէն:
«Պի. Պի. Սի.»
«Թրամփ, Աստուծոյ Ծառայ». Սէուտցիները Ինչպէ՞ս
Կը Դիտեն Անոր Այցելութիւնը
Իբրեւ բացայայտ հակադրութիւն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելութեան վերաբերեալ սէուտցի պաշտօնատարներու լաւատես յայտարարութիւններուն` «Թուիթըր»-ը օգտագործող բազմաթիւ արաբներ աւելի թերահաւատ տեսակէտներ արտայայտած են:
«Թրամփի դուստր» արաբերէն եզրը որոշ ժամանակ մը շատ տարածուած էր «Թուիթըր»-ի մէջ:
Շատեր, որոնք ձեռնարկած են երգիծանքի, հրապարակած են պատկերներ` յղում ընելով իսլամութեան եւ իսլամներու մասին Թրամփի ժխտական մեկնաբանութիւններուն: Անոնց արձագանգը եկած է Ռիատի մէջ արաբական- իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովի ատեն:
«Մեզ Փրկեցէ՛ք Այս Սատանայէն»
«Թուիթըր» գործածողներ շրջանառութեան մէջ դրած են տեսանիւթ մը, որ սէուտցի հոգեւորական Սաատ պըն Ղոնէյմ նախապէս հրապարակած էր (այժմ` ջնջուած):
Տեսանիւթին մէջ կ՛ըսուէր. «Օ՜, Աստուա՛ծ, Թրամփ քու ծառաներէդ մէկն է, անոր ճակատագիրը քու ձեռքերուդ մէջն է: Հրամայէ իրեն, ինք ուզէ կամ ոչ, ծառայելու իսլամներու գերագոյն շահերուն եւ մեղմացնելու անոնց կեղեքումը, զրկանքը: Փրկէ՛ մեզ իր սատանայութենէն եւ առաջնորդէ զինք քու ուղիիդ»:
Պըն Ղոնէյմ սէուտական «Սապք» թերթի կայքին ըսաւ, որ ինք այդ գրութիւնը «Թուիթըր»-ի մէջ հրապարակած է յաջող այցելութեան յաջորդած Սէուտական Արաբիոյ մասին Թրամփի դրական յայտարարութենէն ետք: Ղոնէյմ աւելցուց, որ իր գրութիւնը կը ներառէ իսլամներուն համար աղօթք մը` փրկուելու Թրամփ «սատանայէն»:
Ընկերային ցանցերուն մէջ շատ շրջանառուող նմանակում մըն է իւրայատկութիւններով մշակուած Թրամփի դէմքը` որպէս մօրուքաւոր սէուտցի հոգեւորական:
Նկարը տեղադրուած է հոգեւորական Ղոնէյմի եւ Թրամփի աւելի փոքր երկու լուսանկարներու կողքին, շրջապատուած` կիսամերկ կիներով: Նկարներուն վերեւ գրուած է. «Սէուտցի հոգեւորականը ֆաթուա (իսլամ կրօնաւորի հրահանգ) կ՛արձակէ. Թրամփ Աստուծոյ պատգամաբերն է, եւ անոր հնազանդիլը` Աստուծոյ հնազանդիլ է»:
«Դուք Առանց Մեզի Գոյութիւն Պիտի Չունենայիք»
«Թուիթըր»-ի մէջ աւելի քան 70 անգամ հրապարակուած երգիծանկար մը Թրամփը եւ սէուտցի ղեկավարները կը տեղադրէ Եմէնի հակամարտութեան կեդրոնը:
Երգիծանկարը ցոյց կու տայ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը եւ իր տղան` ընկերակցութեամբ Եմէնի նախագահ Ա. Մ. Հատիի, որոնք հլու-հնազանդ բարի գալուստ կը մաղթեն Թրամփի, երբ ան դուրս կու գայ օդանաւէն:
Կարմիր գորգին մէկ կողմին վրայ կան եմէնցիներու դիակներ: Միս կողմին վրայ սուրը ձեռքին մարդ մը կանգնած է` ծնրադիր, պուրքա հագած կնոջ մը վերեւ, զայն գլխատելու համար: Երգիծանկարը կը հեգնէ արաբ ղեկավարները եւ կ՛ըսէ. «Այն բանէն ետք, երբ Թրամփ արաբական 7 երկիրներէ իսլամ քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլեց, Սէուտական Արաբիոյ Մահը («մահլաքա», բառախաղ` «մամլաքա» թագաւորութիւն բառին հետ) կը պատասխանէ` զայն դիմաւորելու համար 17 իսլամ առաջնորդներ հաւաքելով»:
Այլ երգիծանկարի մը մէջ Տանըլտ Թրամփ կ՛արհամարհէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը եւ գահաժառանգ իշխանը` անոնց վրայ պոռալով:
Նկարին վերեւ գրուած է. «Ձեր ամբողջ ունեցածը միայն դրամ է, եւ դուք առանց մեզի` չէք կրնար գոյութիւն ունենալ: Ինչո՞ւ մեզի չէք վճարեր»:
«Միտըլ Իսթ Պիսթ»-ի Հեգնանքը
Միջին Արեւելքի Արեւը Թրամփը
Կը Վերածէ Նարնջագոյնի
Լրագրողներ հաստատած են, որ արեւոտ Սէուտական Արաբիա այցելութեան պատճառով, Տանըլտ Թրամփի մորթին գոյնը այժմ փոխուած է նարնջագոյնի, երեք նրբերանգ աւելի մութ, քան` Միացեալ Նահանգներէն դուրս եկած ատեն: Նախագահ Թրամփ, որուն մորթին գոյնը նախապէս նկարագրուած էր իբրեւ «ոսկեայ բոց»` դէպի «այրող նարնջագոյն» թեքումով, այժմ խորացած եւ կարմրած է` առնելով նարնջագոյն եւ մեծ դդումի երանգ:
Իսրայելացի եւ պաղեստինցի տեսողական արուեստագէտներ ժողովներ կը գումարեն` փորձելով ճշդել «բնական երեւոյթը» Թրամփի նարնջագոյն մորթին:
Պաղեստինցի արուեստագէտ մը ըսաւ. «Կ՛ակնկալեմ հետեւեալ տեսակէտը. տեսարան մը գրեթէ նման` Արգասաբեր Մահիկի հիւսիսային լոյսերուն»:
Երուսաղէմէն իսրայելացի արուեստագէտ լուսանկարիչ մը ըսաւ. «Եթէ ես յաջողիմ լուսանկարել ծիրանանարնջագոյն երեւոյթը Նեթանիահուի եւ Թրամփի միացեալ մազերուն, ատիկա պիտի ըլլայ Թրամփի այցելութեան ամէնէն խանդավառ արդիւնքը»:
Ս. Արաբիոյ Թագաւորը` Թրամփի. «Շնորհակալ Ենք,
Այժմ Կրնաք Մեկնիլ»
Կ՛ըսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելած օրերուն սկսած էր դժգոհիլ, որ ան տակաւին Սէուտական Արաբիա կը գտնուի: «Տեսէ՛ք, ես անոր տուի փայլուն մետալը, ստորագրեցի 100 միլիառ տոլար արժող զէնքի համաձայնագիրը եւ քաղաքավար կերպով ժպտեցայ, երբ ան սպիտակամորթ ծեր մարդու մը նման պարեց: Ան միայն պէտք է նկարուի բազէի մը հետ, որպէսզի ամբողջացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական յատուկ ճամբորդութիւնը, ինչպէս որ մենք կ՛անուանենք: Ուրեմն, խե՛րն անիծածս, ինչո՞ւ ան տակաւին հոս է: Կը կարծէի, թէ ան շուտով Իսրայել պիտի երթար: Անկեղծօրէն ես կը փորձուիմ շարք մը լուրջ զիջումներ հրամցնել հրեաներուն, եթէ անոնք կ՛ուզեն Թրամփը օր մը առաջ ընդունիլ», ըսած է թագաւորը:
Ան շարունակած է. «Խնդիրը միայն ինքը չէ, այլեւ այն մարդը` Ճարետը, որ ինծի ներկայացուց որպէս իրենց մասնագէտը Միջին Արեւելքի հարցերուն: Ես անբան ուղտեր ունիմ, որոնց կարծիքը կրնամ առնել` նախքան այդ մարդուն դառնալս»:
Իվանքայի, Ճարետ Քուշնըրի Այցելութիւնը Հաստատեց
Սէուտական Կարծիքը Հրեաներու Մասին
Ըսելով, որ իրենք զզուած են, բայց քիչ մը հանգստացած` անդրադառնալով, որ իրենց կարծրատիպերը փաստօրէն տեղին են, Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները Իվանքա Թրամփի եւ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպումներէն դուրս եկան, աւելի համոզուած եւ վստահ` հրեաներու մասին իրենց ունեցած ժխտական կարծիքներուն:
«Իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ինծի ըսուած է, որ հրեաները անբարոյական եւ նախապաշարուած են միայն դրամով եւ իշխանութեամբ, բայց ես չէի կրնար վստահօրէն գիտնալ, որովհետեւ անոնց բնաւ չէի հանդիպած: Բայց Ճարետի եւ Իվանքայի հետ տեսակցելէ ետք ես վստահօրէն կրնամ ըսել, որ հրեաները սոսկալի են ճիշդ այնքան, որքան մենք կը կարծէինք», ըսաւ սէուտցի իշխան մը:
Ո՞վ կրնայ մեղադրել սէուտցիները, երբ Ճարետ եւ Իվանքա յստակօրէն կը ներկայացնեն այն չափանիշները, որոնց բոլոր հրեաները կը ձգտին:
Քիմ Եոնկ-Ուն. «Զո՞վ Պէտք Է Սպաննեմ, Որպէսզի Դէպի
Հոս Քիչ Մը Ուշադրութիւն Կեդրոնացնեմ»
Կը հաղորդուէր, որ Քիմ Եոնկ-Ուն խոր յուսախաբութիւն կ՛ապրէր վերջերս, երբ անոր` հրթիռ արձակելու յաջող փորձերը չկրցան իր ակնկալած միջազգային լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացնել, որովհետեւ Թրամփ Միջին Արեւելք կ՛այցելէր եւ լուսարձակները հոն կեդրոնացած էին:
Հիւսիսային Քորէա հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Քիմ Եոնկ-Ուն կ՛ըսէ. «Խե՛րն անիծացս, ես զո՞վ պէտք է սպաննեմ, որպէսզի քիչ մը ուշադրութիւն կեդրոնացնեմ մեր վրայ»:
Նոյնիսկ քանի մը ամիս առաջ հրթիռի յաջող փորձարկում մը մեծ, ցնցիչ լուր մը պատմութիւն մը պիտի ըլլար, բայց քանի որ բոլոր աչքերը ուղղուած էին Թրամփի, Երուսաղէմի եւ Մեքքայի վրայ, Հիւսիսային Քորէայի միջադէպը ընթացիկ լուրի մը վերածուեցաւ: Կը հաղորդուի, որ Քիմ Եոնկ-Ուն պոռացած է իր զօրավարներուն վրայ. «Մենք կրակեցինք հրթիռներ, եւ ի՞նչ հաղորդուեցաւ լուրերէն: Նարնջագոյն անբանը կը պարէ սուրերով»:
Տեղեկութիւնները անցեալին արդէն կը նշեն Քիմ Եոնկ-Ունի այդպիսի զայրոյթը` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով շուքի մէջ մնալուն համար: Ան անգամ մը զայրացած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի մահապատիժները միշտ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն, քան հիւսիսքորէայինները: «Օ՜հ, տեսէ՛ք, ՏԱՀԵՇ գլխատեց մէկը, դուք գիտէք, թէ ես ինչպէ՛ս սպաննած եմ մէկը»:
Արաբական Երկիրները Խնդրած Են Փոխ Առնել
Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութիւնը,
Քանի Ամերիկացիները Անիկա Չեն Օգտագործեր
Խոստանալով անիկա անյապաղ վերադարձնել, երբ Միացեալ Նահանգներուն պէտք ըլլայ, Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներ խնդրեցին նախագահ Թրամփէն` փոխ առնել Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը, որ «քանի որ դուք հիմա ատիկա յստակօրէն չէք օգտագործեր»:
«Ես կարդացի ամերիկեան սահմանադրութիւնը, որ խորքին մէջ գէշ չէ: Անիկա կը վերաբերի ժողովուրդի իրաւունքներուն, հաշիւներուն եւ գումարներուն: Եւ ոչինչ կայ անհաւատները գլխատելու մասին, կամ` կիներուն պարտադրելու, որ տունը մնան», ըսաւ սէուտցի քաղաքացի մը:
Ան աւելցուց. «Ես վստահ չեմ, թէ ամերիկացիները ինչո՛ւ դադրեցան այդ սահմանադրութիւնը օգտագործելէ, բայց մենք պիտի ուզէինք ատիկա օգտագործել»: Անոր արձագանգեց Թուրքիոյ քաղաքացի մը, որ ըսաւ. «Ամերիկեան սահմանադրութիւնը կը ճշդէ կառավարման համապարփակ համակարգ մը եւ մարդկային բացառիկ իրաւունքներ, մինչ նոր ընդունուած թրքական սահմանադրութիւնը պարզապէս հազար անգամ գրուած հետեւեալ բառերն են` «Ես` Էրտողան»:
Լսելով այս խօսքերը` Թրամփ ըսաւ, թէ ինք զարմացած է. «Ամբողջ այս ընթացքին ես բնաւ գաղափար չունէի, որ մենք սահմանադրութիւն ունինք: Ես միշտ կը կարծէի, որ Խանը Քուրան բռնած է, գոնէ Սթիվը ինծի այդպէս բացատրած է», ըսաւ Թրամփ: