Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտները, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեանի, Գարիկ Յակոբեանի եւ Մարալ Պասմաճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայան:
Մուտքին աշակերտները քաջալերական խօսքերով դիմաւորեց «Օ. Թի. Վի.»-ի օրուան հիւրը` Ժիպէյլի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ, ապա կայանի հայերէն լուրերու հաղորդավար Ծովակ Թիւթելեան ստանձնեց աշակերտներուն ծանօթացման աշխատանքները` կայանի աշխատանքային տարբեր բաժիններուն մէջ: Բաժին առ բաժին պտտելով, աշակերտները ծանօթացան կապոյտ պաստառի ետին ստեղծագործող մեծաթիւ անձնակազմին խօսնակներու, խմբագիրներու, բեմադրիչներու, համադրողներու, տեսասփռողներու եւ այլազան պաշտօնեաներու աշխատանքային նրբութիւններուն: Աշխատանքները լուսաբանելու եւ աշակերտներու հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին Ծովակ Թիւթելեանին կը միանար կայանի աշխատակցուհի Տիանա Սալիպա:
Տպաւորիչ էր աշակերտներուն հանդիպումը յայտնի դերասան Ուիսամ Սապպաղին հետ, որ կարճ զրոյցի մը ընթացքին լուսանկարուեցաւ փոքրիկ դերասաններուն հետ: Իրենց երկամեայ ուսումնական ծրագրին վերջին օրերուն «Արեգ»-ի աշակերտները ունեցան տպաւորիչ օր մը եւս, որ ինքնին գործնական դաս մըն էր, յիշարժան իրադարձութիւն մը…
ԹՂԹԱԿԻՑ