Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրիահայ Պղնձագործներու Աշխատանքները Կը Ցուցադրուին Սարդարապատի Թանգարանին Մէջ

Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութեան:

Սարդարապատի թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ պղնձագործութեամբ զբաղող հայկական ամէնէն յայտնի տոհմը Գալամքարեաններու տոհմն է, որուն աշխատանքները ներկայացուած են թանգարանին մէջ:

«Գալամքարեաններու խանութը Հալէպի մէջ գործած է մինչեւ 1961 թուականը: Գալամքարեանները Արեւմտեան Հայաստանէն տեղափոխուած են Այնթապ, ուրկէ հաստատուած են Հալէպ եւ Դամասկոս: Անոնք, իբրեւ յայտնի պղնձագործներ ունէին իրենց դրոշմակնիքները, որոնք ներկայացուած են թանգարանին մէջ», ըսած է Կ. Արիստակէսեան:

Ան յայտնած է, որ հաւաքածոն Հայաստանին նուիրած է Յարութիւն Գալամքարեան, ըստ իր կտակին (ան մահացած է 2015-ին):

Հաւաքածոն Հայաստան տեղափոխուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի աջակցութեամբ: Հաւաքածոն Հայաստան տեղափոխուած է այն պայմանով, որ ցուցադրուի որեւէ թանգարանի մէջ: Կարէն Արիստակէսեան նշած է, որ կը ծրագրեն ունենալ նաեւ արհեստագործական դպրոց, որովհետեւ պղնձագործական հմտութիւնները մեր մօտ վերացած են, եւ այդ արհեստը վերածնելու հարց կայ: «Բաւական հետաքրքրական ցուցադրութիւն մըն է, որուն բացումը արդէն իսկ կատարած ենք ու կը ներկայացնենք մեր հանրութեան», ընդգծած է Կ. Արիստակէսեան:

Յիշեցնենք, որ մայիս 28-ին ցուցահանդէսը դիտած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Օրորա» Մրցանակին Դափնեկիրը Դարձաւ Բժիշկ Թոմ Քաթինա

Սուտանի 750 հազար բնակիչ ունեցող Նուպա լեռներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն ունեցող միակ վիրաբուժը` Թոմ Քաթինա, մայիս 28-ին, հռչակուած է «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր: Յաղթողին անունը յայտարարած եւ մրցանակը յանձնած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր:

Յայտնենք, որ իբրեւ «Օրորա»-ի դափնեկիր` Թոմ Քաթինային շնորհուեցաւ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ, որ բացառիկ կարելիութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:

Նշենք, որ Սուտանի Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող հիւանդանոցը բաւական հեռու է միւս բնակավայրերէն, եւ հիւանդները յաճախ ոտքով կը հասնին այնտեղ: Հիւանդանոցը այսօր ունի 450 մահճակալ, բայց յաճախ անոնք չեն բաւեր` բոլոր հիւանդներն ու վիրաւորները ընդունելու համար. լրացուցիչ մահճակալները ստիպուած կ՛ըլլան պատշգամ դնելու: Մեծահասակներու համար նախատեսուած մէկ մահճակալի վրայ, իբրեւ կանոն, միաժամանակ կը պառկի քանի մը փոքրիկ:

Հիւանդանոցին մէջ կայ նաեւ ժամանակակից սարքերու պակաս: Ցաւազրկման համար անոնք շատ հին սարքեր կ՛օգտագործեն, իսկ մինչեւ վերջերս անդամահատումը կ՛ընէին սովորական սղոցով: Անցեալ ամսուան վերջը, Քաթինայի համաձայն, երկարամեայ սպասումէ ետք, իրենց հիւանդանոցը վերջապէս ստացած է նկարող սարք:

Հիւրերը մեծարանքի արժանացուցած են նաեւ մրցանակի միւս երեք յաւակնորդները` Սոմալիէն Ֆարթուն Ատանին եւ անոր դուստրը` Իլուատ Էլմանը, Աֆղանիստանէն կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող Ճամիլա Աֆղանը, Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ Մոհամետ Տարուիշը եւ Տենիս Մուգվեկէն, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ Քոնկոյի մէջ սեռային բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50 հազար կիներու:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են 100 LIVES եւ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ, հայ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան , Նուպար Աֆէեան եւ Քառնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Նշենք, որ «Օրորա» մրցանակաբաշխութիւնը ստեղծուած է այն նպատակով, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրած բոլոր հայերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեն փրկիչներուն: Հարիւր տարի առաջ անոնց դրսեւորած քաջութեան յիշատակին` մրցանակով պիտի պարգեւատրուին ժամանակակից հերոսները, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը յանուն ուրիշներու փրկութեան:

Տեղեկացնենք, որ 2016-ի «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարկրիթ Պարանկիցէ եւ 2017-ի նոյն մրցանակը շահող  բժիշկ Թոմ Քաթինա առաջին անգամ ըլլալով իրարու հանդիպեցան Գիւմրիի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Գիւմրիի մէջ Պարանկիցէ եւ Քաթինա այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (Նիր իսթ ռիլիֆ) պատմական մանկատուներէն մէկը` «Թռչունեան տուն» մանկատուն, ուր կ՛ապրին 3-18 տարեկան 80 փոքրիկներ:

«Անցումային Շրջանի Աւարտը. Հայաստանը 25 Տարի Անց. Հիմա Ի՞նչ» Գիտաժողովը Սկսած Է Երեւանի Մէջ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը Երեւանի մէջ կազմակերպած է երկօրեայ գիտաժողով, որուն ընդգրկած նիւթերը կը վերաբերին Հայաստանի յետանկախութեան շրջանին:

«Անցումային շրջանի աւարտը. Հայաստանը 25 տարի անց. հիմա  ի՞նչ» խորագիրով գիտաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 23 մայիսին, Երեւանի մէջ, «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ:

Բանախօսութիւններով հանդէս եկան անուանի դիւանագէտներ, շրջանային  մասնագէտներ եւ գիտնականներ:

Բանախօսներու շարքին էին յայտնի տնտեսագէտ, «Ինչու կը ձախողին պետութիւնները» գիրքի հեղինակ Տարօն Աճեմօղլու, «Էքոնոմիսթ» թերթի թղթակից Թիմ Ճուտա: Դեսպաններ Էտուարտ Ճերեճեան եւ Ճեք Մեթլոք խօսեցան Խորհրդային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մշակութային եւ ընկերային հետեւանքներուն մասին:

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան, գործարար Ռուբէն Վարդանեան եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան նոյնպէս ներկայ գտնուեցան քննարկումին:

«Անցումային հանգրուանի աւարտը» համաժողովի առաջին մասը տեղի ունեցած էր ապրիլին, Լոս Անճելըսի մէջ:

Յանձնուեցան Հայաստանի Նախագահի Մրցանակները

Վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2016-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը, կը հաղորդեն Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Վկայագիրները եւ դրամական պարգեւը մրցանակակիրներուն յանձնած են Սերժ Սարգսեան ու «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ժան Պօղոսեան:

«Ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ տարիներու սեւեռուն եւ հետեւողական նպատակադրում: Տեղեկատուութեան, գիտելիքի, հմտութեան եւ փորձի համադրումը երբեք չի կրնար անհետեւանք մնալ: Իւրաքանչիւր վայրկենական պայծառացման պատմութեան թիկունքին թաքնուած է երկար տարիներու տքնաջան աշխատանք», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Երկրին ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ այս պարգեւատրումը երիտասարդներուն համար պիտի ըլլայ յաջողութեան պատմութեան առաջին էջը:

Հայաստանի նախագահի հրամանագիրներով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձերուն 2016-ի մրցանակ շնորհուած է Բագրատ Էսդուգեանին (Թուրքիա)` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը «Ակօս» թերթին մէջ միշտ արծարծելու համար, Հանս-լուկաս Կիզերին (Զուիցերիա)` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ ունեցած ծանրակշիռ վաստակին համար:

Մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան 99-ամեակին եւ Հանրապետութեան տօնին առիթով մայիս 28-ին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պետական բարձրագոյն պարգեւներու յանձնում. տարբեր ծառայութիւններու համար տարբեր աստիճանի պարգեւներու առընթեր, հայրենիք- սփիւռք կապերու խորացման եւ ընդլայնման գործին իրենց բերած նպաստին համար երախտագիտութեան շքանշան ստացած են Լիբանանէն Բիւզանդ Գէորգեան, Քուէյթէն Յարութ Պետիրեան, Սուրիայէն Արթին Վարդանեան. Մովսէս Խորենացի շքանշան` Իրանէն Դերենիկ Մելիքեան, իսկ «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակի մետալ` Լիբանանէն Նազարէթ Սապունճեան:

Ճարտարագիտութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի մրցանակներ շնորհուած են Գէորգ Պաղտասարեանին եւ Մարինէ Միկիլեանին` «Մագնիսաառաձգական փոխազդեցութիւններու ներգործութիւնը հաղորդիչ սալերու եւ թաղանթներու վրայ» (անգլերէն) մենագրութեան համար, գրականութեան մարզին մէջ` Ղուկաս Սիրունեանին` «Բաց ըրէք` ես եմ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար:

Արուեստի մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի 2016-ի երիտասարդական մրցանակ շնորհուած է Ռիմա Նանեանին` «Անորոշ մարմնաւորումներ» նկարչական շարքին համար, Լեւոն Պօղոսեանին` «Հին Աստուածներ» քանդակներու շարքին համար: Գրականութեան մարզին մէջ` Արմէն Սարգսեանին` «Չկարդացած գիրքերու փոխարէն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար, Արամ Մամիկոնեանին` «Ծանր ջուր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար:

Դասական երաժշտութեան մարզին մէջ Հայաստանի նախագահի երիտասարդական մրցանակ շնորհուած է` «Երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ` Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանին եւ Մարիանա Մարտիրոսեանին, «Գործիքային կատարում» անուանակարգին մէջ` Ռոման Նամալեանին (դաշնակ) եւ Արսէն Զաքարեանին (քլարինեթ):

Երեւանի Մէջ Մօտ 2 Միլիոն Ծաղիկ Կը Ցանուի

Ըստ Երեւանի քաղաքապետութեան, մայրաքաղաքի ծաղկային տարածքներու համալրման գարնանային ծրագիրի ծիրին մէջ մայիս 5-էն սկսած են երեւանեան այգիներու, պուրակներու եւ փողոցներու կանաչ գօտիներու ծաղկապատման աշխատանքները:

Մօտաւորապէս 2 միլիոն հունտերէն 1,2 միլիոնը մայրաքաղաքի փողոցներ  տեղափոխուած են Երեւանի քաղաքային ջերմատունէն: Այս ուղղութեամբ գարնանային հանգրուանի աշխատանքները պիտի աւարտին յունիս 15-ին: Նշուած ժամանակաշրջանը ամէնէն արդիւնաւէտն է ծաղիկներ տնկելու եւ անոնց կպչողականութիւնը ապահովելու համար:

Նշենք, որ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ 2015-ին իրականացուած ծաղկապատման աշխատանքներուն ընթացքին տնկուած ծաղիկներուն թիւը հասած էր 2,2 միլիոնի, որմէ 1 միլիոն 250 հազարը աճեցուած էր Երեւանի քաղաքային տնկարանին մէջ:

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Ապրիլին 45 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրուած Է

Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ «այս տարուան առաջին եռամսեակին, համեմատած նախորդ տարուան եռամսեակին հետ, արձանագրած ենք զբօսաշրջութեան 18 առ հարիւրի աճ»:

Այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն նախորդ տարուան չորս ամիսներուն հետ համեմատած 25 առ հարիւրի աճ արձանագրուած է, իսկ միայն ապրիլին 45 առ հարիւրի աճ եղած է, զեկուցեց Զէյթունցեան:

Զարմինէ Զէյթունցեան նշեց նաեւ, որ նախորդ տարուան ապրիլին քառօրեայ պատերազմը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած է զբօսաշրջիկներու թիւին վրայ:

«Մեր հիմնական թիրախային շուկան Իրանն է, Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ Ֆիլիփինէն աճ կայ: Իսկ ներքին անձնագիրներով այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն արդէն եօթը հազարէն աւելի զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան: Մենք աշխուժօրէն կ՛աշխատինք ռուսական լրատուամիջոցներուն հետ: Այս ընթացքին Հայաստան եկած են նաեւ քանի մը պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք ժապաւէն կը պատրաստեն մեր երկրին մասին: Աշխուժ խթանման աշխատանքներու շնորհիւ է նաեւ, որ Հայաստանի ճանաչելիութիւնը կը բարձրանայ», ըսած է Զէյթունցեան:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-Ի Խումբ Մը Աշխատակիցներ Միացած Են Հեծանիւով Դէպի Աշխատավայր Ուղեւորուելու Միջազգային Նախաձեռնութեան

Երեւանի փողոցներուն մէջ օրէ-օր կ՛աւելնայ հեծելանւորդներու քանակը, որ ո՛չ միայն նոր միտում մըն է, այլեւ` առողջ հասարակութիւն ունենալու կարեւոր քայլ: Հայաստանի մէջ սկսած է աւելնալ այս փոխադրամիջոցէն օգտուողներուն թիւը, սակայն հեծանիւով աշխատանքի ուղեւորուողներուն թիւը տակաւին չբարձրացաւ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ՛իրականանան «Հեծանիւով դէպի աշխատավայր» երթալու արշաւներ, եւ շատ մը մարդիկ արդէն կ՛օգտագործեն այդ ձեւը: Հեծելանւորդութիւնը ունի իր առաւելութիւնները թէ՛ անհատին, թէ՛ հասարակութեան, եւ թէ՛ միջավայրին: Իրականութեան մէջ, հեծելանւորդութիւնը կրնայ դառնալ նոր սկիզբ` հանրային առողջութեան մարզին եւ շրջակայ միջավայրին կարեւոր հարցերը մեր երկրին մէջ լուծելու համար:

Հեծելանւորդներու թիւի բարձրացումը իր ուղղակի դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցին մէջ. ինքնաշարժներու թիւի կրճատման զուգահեռ, կը կրճատուի նաեւ մթնոլորտ արտանետուող վնասակար կազերուն ծաւալը: Ասիկա առաւելութիւն է նաեւ քաղաքային տարածքներու եւ քաղաքներու, մասնաւորապէս` Երեւանի բնակիչներու համար: Հեծանիւով երթեւեկելը ամէնօրեայ ճանապարհային երթեւեկի խցանումներէ խուսափելու ամէնէն յարմարաւէտ եղանակներէն է` յատկապէս ամրան տաքին: Այս փոխադրամիջոցին ընձեռած կարելիութիւնը արդիւնաւէտ է նաեւ գումար տնտեսելու եւ ժամանակ խնայելու առումով: Հեծանիւ վարելը առտուները մարզանքի յարմար տարբերակ է եւ կը նպաստէ գրասենեկային աշխատանք ունեցողներու առողջ ապրելակերպին:

Յայտնենք, թէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի խումբ մը աշխատակիցներ միացած են հեծանիւով դէպի աշխատավայր ուղեւորուելու միջազգային օրուան` առաւօտեան սահմանուած ժամանակացոյցը սկսելով հեծանիւ վարելով: Արշաւի մասնակիցները աշխատավայր` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կեդրոնական գրասենեակ հասած են հեծանիւներով: Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուած մօտեցումը կարեւոր արժեհամակարգ է ընկերութեան աշխատակիցներուն եւ անոնց շրջանակներուն:

«Իւրաքանչիւր լաւ նախաձեռնութիւն արժանի է իրականացման եւ հետեւաբար կը պահանջէ քաջալերանք եւ աջակցութիւն: Մենք բարձր կը գնահատենք շրջակայ միջավայրի եւ սեփական առողջութեան հանդէպ մեր ընկերութեան աշխատակիցներուն պատասխանատու մօտեցումը: Ընկերութեան տարածքին վրայ գործող` հեծանիւներուն համար նախատեսուած կայանատեղիի մը առկայութիւնը կարեւոր պայման է այս նոր վարքագիծը մեր աշխատակիցներուն եւ անոնց շրջանակներուն մէջ խրախուսելու, նոյնիսկ աւելի մեծ թիւով հասարակութեան օրինակ ծառայելու համար», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Նշենք, թէ նոյն օրը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի այն աշխատակիցները, որոնք փափաքը ունէին սորվելու հեծանիւ վարել, ուղղուած են դէպի «Յաղթանակ»-ի զբօսայգի, ուր ընկերութենէն կամաւորներու օգնութեամբ սորված են այդ կարեւոր եւ առողջարար հմտութիւնը:

Ամերիկեան Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Նոր Ծրագիր Կ՛իրականացնէ Արարատեան Դաշտին Մէջ

Հայաստանի համար առանցքային գիւղատնտեսական կեդրոն հանդիսացող Արարատեան դաշտը կը դիմագրաւէ ստորգետնեայ ջուրերու գերսպառման հարց: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը իր աջակցութիւնը կը բերէ այս հարցին կարգաւորման գծով:

Ջուրի գերսպառման եւ կորուստի հիմնական պատճառները, ըստ կատարուած ուսումնասիրութեանց, ձկնաբուծութեան էական աճն է, հինցած եւ անարդիւնաւէտ ձկնաբուծական սարքերու կիրարկումը, ապօրինի հորեր արտօնող կաշառակերութիւնը, ջուրի խնայողութեան քաղաքականութեան թոյլ կիրարկումը եւ Արարատեան դաշտի բնակիչներու բնապահպանական իրազեկութեան ցած մակարդակը: Այժմ, խմելու եւ ոռոգման ջուրի հասանելիութիւնը սահմանափակ դարձած է 30 գիւղերու եւ մարզերու 260 հազար բնակիչներու համար:

Ջուրի սակաւութեան այս ճգնաժամային հարցին անդրադառնալու նպատակով, Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը սկսած է «Ջրային աղբիւրներու մասնակցային եւ արդիւնաւէտ օգտագործում» (Փիուր Ուոթըր) ծրագիրը, որ պիտի խթանէ ջուրի պատասխանատու կառավարումը Արարատեան դաշտին մէջ` հանրային իրազեկման եւ քաղաքացիական մասնակցութեան յաւելման միջոցով:

Շուշիի Բնակչութիւնը Տարուէ Տարի Կ՛աւելնայ

«1992 թուականին մենք ժառանգեցինք աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ հարց դրուած էր վերականգնիլ եւ նոր շունչ տալ բերդաքաղաքին», ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան` նշելով, որ անցած 25 տարիներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:

Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին` քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5 հազար մարդ. ուրախալին այն է, որ տարուէ-տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:

«Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008-էն բնակարաններ չունինք: Կան դատարկ տուներ, որոնց տէրերը շատոնց է` քաղաքին մէջ չեն ապրիր եւ կարելիութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել եւ տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարանի կարիքը ունին», աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնակչութեան թիւի պահպանման:

«Անցեալ 4 տարիներուն ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմնականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում եւ փոքրիկներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի «Ջդրդուզ» կոչուող հատուածը պետական ֆինանսաւորումով կ՛իրականացուին ասֆալթապատման աշխատանքներ», մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն տեղական շինանիւթեր` պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:

Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը` դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>