Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

$
0
0

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպած վեցերորդ միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան – Լ. Մկրտիչեան քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 5 հոգինոց խմբակներ, որոնք մրցեցան իրարու դէմ` նախապէս սերտած ըլլալով միութեան պատրաստած «ԱՐՑԱԽ… ՔԱՋԱՐԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՅ ԵՐԿԻՐԸ» խորագրեալ գրքոյկը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունեց  մասնակիցները եւ բացատրեց մրցումին օրէնքները: Գարատաղլեան նշեց, որ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» կոչին, ՀԿՀՄ-ը իր տարեկան միջդպրոցական զարգացման մրցումին նիւթը ընտրած է Արցախը` պատրաստելով տեղեկութիւններով եւ գիտելիքներով  հարուստ գրքոյկ մը եւ անկէ աւելի քան 500 օրինակներ բաժնելով լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժնի աշակերտներուն: Գարատաղլեան աւելցուց, որ ՀԿՀՄ-ի նպատակը միայն մրցում մը կազմակերպել չէ, այլ լիբանանահայ աշակերտին գիտելիքներու զարգացումը` ընտրուած թեմային շուրջ. այդ պատճառով է, որ միութիւնը ամէն տարի կը հրատարակէ իր կազմակերպած զարգացման մրցումին յատուկ գրքոյկը:

Ապա Լիւսի Տէօքմեճեան վարեց զարգացման մրցումը, որ բաղկացած էր 4 բաժիններէ, իւրաքանչիւր բաժին` 15 հարցումներէ:

Մրցումի աւարտին ՀԿՀՄ-ին եւ աշակերտութեան իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ բարձր գնահատեց կազմակերպիչ միութեան այս օգտաշատ տարեկան նախաձեռնութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը` սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ երիտասարդ սերունդներուն համար: Դեսպան Մկրտչեան եզրափակելով իր խօսքը, շնորհաւորեց կազմակերպողներն ու մասնակցողները` մաղթելով, որ անոնք մնան միշտ մայր հայրենիքի ու Արցախի կողքին:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անդամ եւ միութեան կազմակերպած զարգացման մրցումներու գրքոյկներու պատասխանատու խմբագիր Լիւսի Տէօքմեճեանի պարգեւատրումը: Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ միութեան ատենապետ Արամ Գարատաղլեան ըսաւ. «Միութենական կեանքին մէջ յաճախ շուքի տակ կը մնան անհատներու ներդրումները, եւ ամէն յաջողութիւն կ՛անցնի միութեան վերնագրին տակ, սակայն գիտակից ղեկավարութիւն մը պէտք է քաջ գիտնայ այդ անհատներուն տարած աշխատանքը եւ ըստ այնմ արժեւորէ զանոնք… Վարձքդ կատա՛ր, ընկերուհի՛ Լիւսի, այն ամէն ինչին համար, որ կատարեցիր, կը շարունակես եւ պիտի շարունակես կատարել ՀԿՀՄ-ին համար»:

Ապա մասնակից  խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ` ձեռամբ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Վլատ Պօղոսեանի ու Հայ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի, իսկ շահող խմբակը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ներկայացնող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը, նաեւ` ՀԿՀՄ-ի տրամադրած 500 ամ. տոլարի նիւթական պարգեւը:

Արդարեւ, դատական եռանդամ կազմին որոշումով Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան 2017 թուականի զարգացման մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը (86/100), երկրորդ դիրքը` Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը (82/100), ), իսկ երրորդ դիրքը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը (79,5/100):

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն  աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>