Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Խրիմեան Պոլիս կը մնայ հինգ տարի եւ, հակառակ իրեն պարտադրուած խիստ հսկողութեան, իբրեւ Ազգային կրօնական ժողովի ատենապետ, իշխանութիւններու քիթին տակ կը գործէ ամենայն համարձակութեամբ: Ազգային ժողովը, իր նախաձեռնութեամբ, հայկական գաւառներու վատթարացող կացութեան մասին երկու բողոքագիր կը ներկայացնէ պետութեան: Բարձրագոյն դուռը անգամ մը եւս կը վրդովի եւ այս անգամ կը դիմէ քաղաքավարի աքսորի` զայն հրաւիրելով երկարատեւ «ուխտի երթալ» Երուսաղէմ, ուր, ինչպէս կենսագիրը կը վկայէ, «հայոց արծիւը կը փակուի ճնճղուկի վանդակի մէջ»:
Փրկութիւնը կու գայ մայիս 1892-ին, երբ Էջմիածնի Հոգեւոր խորհուրդը 72-ամեայ Խրիմեանը միաձայնութեամբ կ’ընտրէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկ անուանակոչութեամբ: Ձեռնադրութիւնն ու օծումը, սակայն, կը կատարուի 16 ամիս ուշացումով, որովհետեւ սուլթանը չի փափաքիր ըմբոստ եկեղեցականը թրքական հպատակութենէ զերծ կացուցել եւ արտօնել, որ երթայ եւ կաթողիկոսական մականը ստանձնէ Էջմիածինի մէջ: Ապտիւլ Համիտ մինչեւ իսկ կը դիմէ ցարին` նոր ընտրութիւններ կատարելու պահանջով, սակայն Նիկոլայ Բ.ի այն մտավախութիւնը, թէ` Խրիմեանի ընտրութիւնը չվաւերացնելը արեւմտահայութեան մէջ կրնար շատ աւելի բարդութիւններու դուռ բանալ, կը ստիպէ սուլթանը, որ ի վերջոյ տեղի տայ եւ Խրիմեանը ազատէ թրքահպատակութենէ:
Ծանր ու փոթորկոտ կ’ըլլան Խրիմեանի կաթողիկոսութեան 15 տարիները: Վերյիշենք 1892-1907 երկարած դէպքերու շարանը. 1895-1896-ի համիտեան կոտորածներ, Վանի ինքնապաշտպանութիւն, Զէյթունի 1896-ի գոյամարտ, ազգային-ազատագրական պայքարի բազմաթիւ մարտնչումներ` Խանասորէն մինչեւ Պանք Օթոման, Սասնոյ զոյգ ապստամբութիւններէն մինչեւ Համիտի մահափորձ: Նոյն ժամանակամիջոցին արեւելեան կողմն աշխարհի կը տեսնենք ցարական աճող ճնշումներու պատճառով` Անդրկովկասի ծխական վարժարաններու փակում, հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման փորձ, հայ-թաթարական կռիւներ եւ, վերջապէս, Լա Հէյի միջազգային վեհաժողովին Հայկական հարցի ներկայացում:
Խրիմեան ազգին վեհապետն է, Հայոց Հայրիկն է: Չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ան մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ համիտեան կոտորածներէն ճողոպրած գաղթականները Էջմիածինի մէջ տեղաւորելու համար: Հանգանակութիւններ կը կազմակերպէ, նիւթապէս կ’օժանդակէ շատ-շատերու, Ռուսահայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններ ստեղծելու համար: Թրքահայութեան հարցին լուծման համար ան կը մեկնի մինչեւ Փեթերսպուրկ, կը տեսակցի Նիկոլայ Բ. ցարին հետ եւ իր քարոզներուն մէջ տեւաբար կը շեշտէ, որ` «Հայաստանը կենդանի է եւ կենդանի պիտի մնայ»: Խրիմեան երկար կը բախէ օտար դիւանագիտութեան դռները եւ ի վերջոյ կը յանգի այն համոզումին, որ` «Օտարներէն յոյս կտրենք. մեր ազգին ազատութիւնը մեր ձեռքով, մեր յեղափոխականներու միջոցով պիտի գայ: Ազատութիւնը զոհ եւ արիւն կը պահանջէ. ա՛լ բաւ է, օտարները մեզ շատ խաբեցին» (30):
Թրքահայութեան տագնապները կարծէք բաւարար չըլլային, Խրիմեան կաթողիկոսութեան շրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ ռուսահայութեան սպառնացող վտանգները: Ան բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշումին դէմ: Կը դառնայ ազգային կամքի, դիմադրական կորովի խորհրդանիշ: «84-ամեայ կաթողիկոսը… երիտասարդացած, հին հերոսական օրերը յիշելով, տիտանի պէս ծառացաւ ամեհի բռնապետութեան դէմ ու տուաւ իր խիզախ պատասխանը. «Չե՛մ կարող»…: Չքացաւ Ամենայն Հայոց խոնարհ, հնազանդ հայրապետը եւ բեմ նետուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը, հինաւուրց յեղափոխականը, Վասպուրականի արծուաթեւ մարտնչողը», պիտի ըսէր Միքայէլ Վարանդեան (31):
Ընդհանուր ընդդիմութեան պահուն Խրիմեանի թեւ ու թիկունք կը կանգնին ժողովուրդը, մտաւորականութիւնն ու կուսակցութիւնները` առաջնորդութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ Խրիմեանի համար կը ներկայացնէր «Հայկական նոր ասպետութիւնը»: Խրիմեանի շուրջ կը կատարուի ազգային ուժերու համախմբում: Արդարութիւնը ի վերջոյ կը յաղթանակէ: Իր ամուր կեցուածքով եւ անզիջող ընթացքով Խրիմեան կը հասնի փառքի գագաթնակէտին: Ներքին ու արտաքին պայմաններու բերումով ցարը 1905-ին յետս կը կոչէ եկեղեցական կալուածներու գրաւման իր հրովարտակը:
(Շար. 7)
- Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհ»-ը, Պէյրութ, 1954, էջ 69:
- Միքայէլ Վարանդեան, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներու միացեալ հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2013, էջ 324: