Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հերոսներու Կտակով…

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Հաճելի է, երբ ուրախ պահերու կը հանդիպինք իրարու, որովհետեւ կ՛ուզենք մեր ուրախութեան բաժնեկից դարձնել մեզի սիրելի անձը կամ անձերը: Առաւել ուրախութիւն է ու հպարտանք, երբ միատեղ կը հաւաքուինք նշելու համար գեղեցիկ տօն մը, առիթ մը, անցեալի կարգ մը յիշատակելի դէպքերու թարմացումով` նորութիւններ քաղելու, ճաշակելու այն զգացումը, որ գոհունակութեան պայծառութիւնը կը սերմանէ:

Այսօր այդ ուրախութեան խանդը պարգեւուած է բոլորիս. ապրում մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս հպարտօրէ՛ն կը կրէ զայն իր սրտին մէջ, իր ինքնութեան մէջ, իր ստացած ազգային դաստիարակութեան մէջ, իր գոյատեւման մէջ. յիշողութիւն մը, որ իր անջնջելի ու անպարտելի կնիքը կը դրոշմէ յարատեւ մեր պայքարին մէջ:

Թշնամին չյաջողեցաւ իր նենգ ծրագիրին մէջ. սպաննեց մեզ, բայց վերապրեցանք, ջանաց խեղդել մեր ձայնը, բայց մենք զայն հնչեցուցինք աշխարհի մեծ պետութիւններու սրահներուն մէջ, թալանեց, հալածեց, քանդեց մեր տունն ու ինչքը, մենք այլ տեղ դարձեալ քար-քարի վրայ դնելով` կառուցեցինք հայկական ոճով ու նրբաճաշակութեամբ հայարուեստը, ստեղծեցինք նորէն, ապրեցանք նորէն ու պատմութեան մէջ դարձեալ գրիչը սկսաւ արձանագրելու մեր ճարտարութիւնը:

Մնացինք աւանդապահ, ինչպէս` այսօրուան Համբարձման տօնը, կառչեցանք մեր իրաւունքին ու կերտեցինք խիզախ ամրոցը, որ մայիսի 28-ին պարզեց իր եռագոյն դրօշը, կամրջեցինք մտային մեր անդաստանը հայրենիքին` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի կերտումին:

Իբրեւ այդպիսին` սփիւռքի տարբեր տարածքներուն մէջ հիմնուեցաւ կանացի կազմակերպութիւնը, որ կը սատարէ հայապահպանման գործընթացին, հայրենասիրական ու գաղափարական վեհ զգացումներով վարակելու համար շուրջինները: Այլ խօսքով, իւրայատուկ դերով կը ներկայանայ հայ կինը` թէ՛ իր մտաւոր ներդրումով եւ թէ՛ իր կազմակերպական յենարանով ու աշխուժութեամբ: Էակ մը, որ երջանկութիւն, գուրգուրանք, ընտանեկան քաղցր ջերմութիւն, սէր, յարգանք կը մատուցէ իր շուրջիններուն, եւ երբեմն ալ ի՛նք կ՛ապրի յանկարծական կորուստի «խուլ վախ»-ը, որ աստիճանաբար ալեխառն մտածումներու մէջ թաղէ ինքզինք: Չի յոգնիր, չի վարանիր եւ չի խուսափիր հայ կինն ու հայ մայրը դժուարին վիճակներէ, այլ, ընդհակառակն, նոյնիսկ առանձնութեան գետնի վրայ, կուտակուող սեւ ամպերու բարբարոսութեան հոսանքին դէմ կը սպառնայ ու կը խոյանայ յանդիմանական սուր ժանիքներով:

Երանութեամբ լցուած այս առաքինի տիպարին մեր պատմութեան մէջ կը հանդիպինք տարբեր փուլերու` իբրեւ թագուհի, քաղաքական գործիչ, արուեստագէտ, դաստիարակ, հնարագէտ մտաւորական կամ այլ, որ անկոտրում հաւատքով ու անվհատ նուիրագործութեամբ կը ձգտի հասնիլ լաւագոյնին ու կատարեալին:

Հայ մայրն է, որ թիկունք կը կանգնի հերոսական մեր մղած մարտերուն, եւ իր ամենաթանկագինը կը նուիրէ իր ազգին` «անմահ հերոսի խիզախ մայրը» կոչումին արժանի ըլլալով:

Միայն տարեդարձներու նշումով չէ, որ կ՛ոգեկոչենք հայ կնոջ կամ մօր ներկայութիւնը տան մէջ. անոր տօնը մնայուն կը հնչէ մեր շրթներէն, որովհետեւ իրեն վստահուած պարտականութիւնը կը կատարէ փրկութեան յոյսի նախաձեռնութեամբ: Աւելի՛ն. մայիսեան անկախութեան յաղթանակը երբ կերտուեցաւ Արամ Մանուկեանի խստապահանջ կոչով ու Ռուբէն Տէր Մինասեանի կազմակերպման պարտադրանքով, Շուշիի ազատագրումը դարձաւ հրամայական խստագոյն որոշում ու իրագործում, երբ այնտեղ շահէններու, մերուժաններու, մհերներու ու վիգէններու արիւնը միախառնուեցաւ հողի ազատագրման, այն պահուն, երբ թշնամին անխնայ հարուածեց ու իր սուրը դարձեալ հայու արեան հետքեր կրեց, հայ կինը, սօսէ մայրիկներու, սաթոներու, սոնաներու քաջարիութեամբ, խոյացաւ դէպի թշնամին` ի գին ամէն զոհողութեան եւ մահն առած ըլլալով իր աչքին. հայ կինը նոյնիսկ մուտք գործեց թրքական շրջանակներէ ներս, հանըմներու տարբեր ծառայութիւններ մատուցելով, որպէսզի անոնց բերնէն քաղէ այն կարեւոր տեղեկութիւնները հայերու ինչքերուն ու կոտորածներուն մասին: Երբեմն ալ ականատես դարձաւ, թէ այսինչ էֆենտին ի՛նչ գոհարեղէն մը, թանկարժէք առարկայ մը բերած է ու նուիրած` իր կնոջ: Աւելի՛ն. հայ կինը հայ մանուկները թուրք տուներէն փրկելու ազատարար աշխատանքին իր մասնակցութիւնը բերաւ. իր ճարտարութեամբ, թուրք հանըմներու «վստահութիւնը» շահած ըլլալով, երբեմն առիթ կրնար ձեռք ձգել առանձնանալու պզտիկին հետ եւ գաղտնի, իբր թէ հանըմին չենթարկուելու զայրոյթը մեղմացնելու պատրուակով, փոքրիկին հետ հայերէն քանի մը բառ փոխանակելու պատեհութիւնը կը գտնէր, վստահութիւն կը ներշնչէր այդ փոքրիկին, որ անպայման իր իսկական մայրը պիտի գտնէ, կամ ո՛ր գիւղէն եկած ըլլալը, անունն ու հօր անունը իմանալով` կամ նոյնիսկ ամենափոքր տեղեկութիւնն անգամ հայ յեղափոխականներուն լուր պիտի հասնէր` այդ փոքրիկներուն կեցութեան սպառնացող վտանգը նկարագրելով ու հասցէները փոխանցելով:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ այս խիզախ կիներուն հայթայթած տեղեկութեանց համաձայն, առեւանգուած հայ փոքրիկներուն մօտաւորապէս քառասուն առ հարիւրը կարելի եղած է շատ հապճեպ ձեւով «ետ խլել» թուրք տուներու բռնի թրքացման քաղաքականութենէն:

Եւ տակաւին, հայ մայրն է, որ պիտի շարունակէ հոսանքն ի վեր թիավարել, իր զաւակը դաստիարակել, զարգացնել, սորվեցնել անոր առաքինի ու գիտակից ըլլալ եւ, ինչո՞ւ ոչ,  ծառայել ժողովուրդին` անշահախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ, ինչպէս մեզի կտակած են դարաւոր պատմութեան անմա՛հ հերոսները…

 

26/5/2017
Այնճար

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>