Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ժորժէթ Պոյաճեանի Յիշատակին

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն օրէն, երբ հողին յանձնեցինք մեր սիրելի եւ յարգելի ուսուցչուհին, իրերայաջորդ սերունդներու երկրորդ մայր եւ դաստիարակ հանդիսացած Ժորժէթ Պոյաճեանը` իր ետին ձգելով բարի եւ ուրախ յիշատակներ:

Ան ծնած է հայ նահապետական ընտանիքի մը տան մէջ, Սուրիոյ հայահոծ քաղաքներէն Հալէպի մէջ: Ան իր մանկութեան յաճախած է Կիլիկեան վարժարան, ապա` Ամերիկեան քոլեճ` ստանալու համար բարձրագոյն ուսում:

Ան ուսուցչութեան սկսած է Հալէպի մէջ: 1966-ին հաստատուած է Լիբանան եւ իր առաքելութիւնը շարունակելու համար սկսած է դասաւանդել Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ:

1988-ին կը փոխադրուի Ազգային Կիլիկեան վարժարան` շարունակելու համար իր ծառայութիւնը իր ազգի զաւակներուն:

Մենք օրիորդ Ժորժէթը ճանչցած ենք իբրեւ ազնիւ, բարի, խստապահանջ եւ անաչառ ուսուցչուհի, սիրած է իր ասպարէզը, տալով իր լաւագոյնը հայ աշակերտին կրթութեան եւ զարգացման: Այսօր ան մեզմէ բաժնուած է յաւիտեան` մեզի ձգելով քաղցր յիշատակներ:

Մենք` իբրեւ Հայաշէնի զաւակներ եւ Թորգոմեանի շրջանաւարտներ, կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ` երախտագիտութեամբ եւ սիրով. կ՛աղօթենք ու կը խնդրենք Աստուծմէ, որ անոր յիշատակը անթառամ պահէ մեր սրտերուն մէջ եւ հոգին արժանացնէ երկնքի արքայութեան, ընտանիքին ալ պարգեւելով համբերութիւն եւ հոգիներու խաղաղութիւն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles