ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ
Պատուարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Կարդացի «Ազդակ» օրաթերթի շաբաթ, 6 մայիս 2017 թիւին մէջ, էջ 4, լոյս տեսած յօդուածը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը Տընիզ Ամմունի: Պէյրութի մէջ տոքթ. Ֆուատ Ղոսն կը յայտարարէ. «Միակ քաղաքայինն եմ, որ ներկայ եղայ նահատակներու կախաղանին, 1915 օգոստոսին եւ 1916 մայիսին»:
Թերթերու մէջ այսպիսի շահեկան յօդուածներու հրատարակութիւնը կարեւոր է, որպէսզի ան, որ չի ճանչնար թուրքը, կարդալով այսպիսի գրութիւններ, տեղեակ ըլլայ անոր ոճրային քաղաքականութեան մասին: Թուրք ըսուած ազգ մը գոյութիւն չունէր աշխարհի տարածքին: Անոնք վայրի ցեղախումբեր եղած են, Չինաստանի խորքերէն սկսած են յառաջանալ դէպի միջինարեւելեան երկիրներ` թալանելով, հրկիզելով այն բոլոր գիւղերը, քաղաքները, որոնց կը հանդիպէին, սպանդի ենթարկելով տեղացի ժողովուրդները: Այսպիսով հասած են մինչեւ Հայաստան` մեր չքնաղ հայրենիքը:
Թուրքիան պատասխանատու է իր կատարած թալանին, բռնագրաւած հողերուն, սպանդի ենթարկած ժողովուրդներուն: Պարտաւոր է այս բոլորին հատուցել: Ես տարբերութիւն չեմ դներ թուրք պետութիւններուն միջեւ, չեմ զանազաներ մէկ թուրք պետութիւնը միւսէն: Օսմանեան է, երիտասարդական է, աթաթուրքական է, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն է (Իթթիհատ վէ թերաքի) բոլոր իրերայաջորդ պետութիւն ըսուածները պատասխանատու են իրենց գործած ոճիրներուն համար:
Կարդացած եմ գիրք մը` Պետրոս Զարդարեանի հեղինակութեամբ, լոյս տեսած Սթոքհոլմ, 1998-ին, որուն խորագիրն է «Թուրք ազգ մը գոյութիւն ունի՞ արդեօք»…