Դիմադրութեան օրուան նշումի հատուածականացումը խորքին մէջ լուրջ հարուած է համալիբանանեան մտածողութեան կայացման գործընթացին: Գործընթաց մը, որ աւելի քան անհրաժեշտութիւն է լիբանանեան պետութեան եւ հասարակութեան համար:
Քաղաքականէն մինչեւ մշակութային, հիմնական տօն-խորհուրդներէն մինչեւ մարզական կեանք համայնքայինի եւ առ այդ հատուածի գերադասումը համալիբանանեանին կը շարունակէ գլուխ ցցել եւ իւրաքանչիւր գործնական հանգրուանի համոզել, որ տեսութենէն իրողականի անցում կատարելու դժուարութեան մէջ է առաջադրուած գործընթացը:
Դիմադրութեան դերի նուազայնացումը կամ յաճախ նիւթի արծարծումէն խուսափումը ո՛չ միայն հասարակական շրջանակներու մէջ է, այլ նաեւ պետական: Երեւոյթները մտածել կու տան, որ լիբանանեան մէկ համայնքի եւ մէկ դաւանանքի կողմէ է, որ Դիմադրութեան գնահատականը կը կատարուի իբրեւ ո՛չ միայն լիբանանեան, այլ նաեւ տարածաշրջանային կարեւորութիւն ունեցող երեւոյթ:
Երբ նման առաջնային հարցեր, նիւթեր իրենց սպառիչ քննարկումներուն իբրեւ հետեւանք յստակ բանաձեւերու եւ եզրակացութիւններու չեն յանգիր, կը մնան ընդգծելի այս կամ այն հատուածին, մերժելի այլ շրջանակի, խուսափելի մէկ երրորդ կողմէն, հետեւաբար չեն ներկայանար իբրեւ ամբողջ Լիբանանի կամքն ու դիրքորոշումը ներկայացնող խորհուրդ, տօն, նշում:
Բացասական այս երեւոյթը բնականաբար կը շահարկուի արտալիբանանեան կեդրոններու կողմէ: Լիբանանեան կազմակերպութիւն մը կը դասակարգուի իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն. այս պարագային պաշտօնական Պէյրութի մասնակցութեամբ կայացած համագումարի կողմէ հնչած այս պիտակաւորումները չեն արժանանար լիբանանեան համարժէք պատասխանի կամ կեցուածքի` աւելիով շեշտելով համալիբանանեան դիրքորոշումի բացակայութիւնը նման կարեւոր իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Խնդիրը այս պարագային կրնայ հետզհետէ աւելի զգայուն, անմիջական եւ սպառնական գոյներով յայտնուիլ: Որովհետեւ դասակարգումներով չեն բաւարարուիր միջազգային այս որոշումները. կը հետեւի նման խմբաւորումներու դէմ միջազգային դաշինքներ կազմելու անհրաժեշտութիւնն ու համապատասխան զինուորաքաղաքական գործողութիւններու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան շուրջ ուժերու համախմբումը:
Պաշտօնական վերաբերումի անորոշութիւնը, անյստակ դիրքորոշումներու փոխանցած շփոթը կը խորացնեն նոր ճգնաժամերու դիմագրաւման հաւանականութեան համոզումները: Լիբանանեան դիւրաբեկ կայունութեան վրայ կառուցուող պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն վարած քաղաքականութիւնը կը տուայտի մէկ կողմէ ներլիբանանեան միասնականութիւնը պահպանելու, միւս կողմէ միջազգային հանրութեան կողմէ մերժելի չըլլալու երկուութեան մէջ, դիւանագիտական աճպարարութիւններու երբեմն համեմատաբար յաջող, յաճախ ալ ձախող փորձեր կատարելով:
Արտաքին գործօններու ազդեցութեամբ շարժող լիբանանեան գործընթացները որոշ հանգրուաններու կը յաջողին կայացնել ներլիբանանեան միասնականութիւնը, որմէ նաեւ` կը յանգին գործնական եզրակացութիւններու: Ապա քաղաքական շոգեկառքը վերստին երկար դադար կ՛առնէ, որովհետեւ չի կայանար անհրաժեշտ համախոհութիւնը: Կանաչ-նարնջագոյն-կարմիր եւ հակառակ ուղղութեամբ վառող-մարող լոյսերը տակաւին Պէյրութի մէջ չէ, որ կը միանան ու կ՛անջատուին:
Դիմադրութեան եւ անոր կապուած կարեւոր այլ երեւոյթներու մասին համալիբանանեան մտածողութիւն, բանաձեւ եւ գործնական դիրքորոշում պէտք է դուրս բերել անորոշութեան փապուղիներէն: Առանց նման հարցերու շուրջ համախոհութեան կայացման որեւէ որոշում, որեւէ հանգուցալուծում կարճաժամկէտ իրողութեամբ կրնայ յատկանշուիլ եւ իբրեւ այդպիսին ալ դժուարացնել սկսելու համար օրէնսդիր իշխանութեան վերաբերող որեւէ օրինագիծի շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան գոյացումը:
Իրադրութիւնները փոխկապակցուած են, այո. ամէնէն կարեւոր խորհուրդներուն շուրջ հատուածայինէն համալիբանանեանին անցումը անշրջանցելի նախադրեալ է հետագայ հանգուցալուծումները արդիւնաւէտ եւ երկարատեւ դարձնելու առումով: