Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Գեղարուեստաշունչ Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 95-ամեակին

$
0
0

Հայ վարժարանի մատուցած ծառայութիւնը անփոխարինելի է ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին, երբ անոր երդիքին տակ անհայրենիք սերունդներն անգամ կրցեր են պահել իրենց պատկանելիութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Այս առումով` տօնել հայ վարժարանի մը հիմնադրութեան 95-ամեակը կը նշանակէ էապէս ճանչնալ անոր կարեւորութիւնն ու խորապէս գիտակցիլ անզուգական առաքելութեան:

Ուրբաթ, 6 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի 95-ամեակը` մասնակցութեամբ վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտութեան:

Արդ, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ  ետք, Ալիսիա Իշխանեան խոր ապրումով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» բանաստեղծութիւնը: Ապա վարժարանի երգչախումբը երգեց երեք երգ («Եւ ալ աւելի», «Չիքիթիթա», «Երգ բարեկամութեան») խմբավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Արուսեակ Փաշիկեանի:

Շրջանաւարտ Մինաս Ադամեան ներկայացուց երկու երգ («Փառք ենք մենք տալիս քեզ» եւ «Ախպերս ու ես»), ընկերակցութեամբ դպրոցի շրջանաւարտներու նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին` Շահան Քիլաղպեան (դաշնակ) եւ Լոռի Պիլալեան (սրինգ):

Միջնակարգ դասարանի աշակերտ Ռիթա Գասպարեան զգացումով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» կտորը: Վարժարանի պարախումբը ներկայացուց շարք մը պարեր («Հայկական բանակ», «Հարէմ», «Հազար գոյներ», «Ռուսական», «Վարդ սիրեցի», «Ուզուն տարա», «Նուպար», «Փրեկոմէշ»), պարուսոյց ունենալով` Անի Կոստանեանը:

Զուգանուագով մը հանդէս եկան Աւօ Տաքէսեան (ջութակ) եւ Արի Տաքէսեան (կիթառ), ապա 6-րդ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին պար մը` «Ճանաչիր»: Իսկ ձեռնարկի աւարտին, մասնակից դասարաններ խանդավառութեամբ լեցուած պարերու փունջ մը ներկայացուցին:

Իր փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեան ըսաւ, թէ հայ դպրոցը մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց մըն է, ուր հայ աշակերտին կը ջամբուի բարձրորակ կրթութիւն եւ ազգային պատկանելիութեան զգացում: Ան շեշտեց, որ հայ վարժարանը էական դեր ունի լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման մէջ, եւ նախանձախնդիր է հայ աշակերտին փոխանցելու դարերու խորքէն եկած մշակութային արժէքներու հարստութիւնը:

Ան յատկապէս ընդգծեց, որ մեր աշակերտները «Յոյսի ծիլեր»-ն են այն ազգին, որուն հաւատքի կայծը վառ մնաց նոյնիսկ ցաւի ու տառապանքի մէջ: Այսօր մեր մատղաշ սերունդը երգով ու պարով, հայ մշակոյթը ներշնչման աղբիւր համարելով, նախատինք կը կարդայ թուրքին: Աւարտին, տնօրէնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերելով նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Էշրեֆիէի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան օրհնութեան աղօթքով փակեց ձեռնարկը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>