ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ո՞վ ըսաւ, որ հեքիաթները կը պատկանին միայն գիրքերու աշխարհին: Ո՞վ կրնայ ընդմիշտ հաստատել եւ կամ կը համարձակի յայտնել, թէ հեքիաթները լոկ մտային եւ հոգեկան աշխարհի արտայայտութիւններ են. առասպել ու շինծու պատմութիւն կ՛ընդգրկեն, երեւակայական հիմք ունին եւ կը ծառայեն մանուկներու ներաշխարհի զարգացման:
Այո՛, ըստ բառարաններու անոնք այդպէս են եւ պիտի մնան իբրեւ այդպիսին: Ճիշդ է նաեւ այն, որ անոնք ունին դաստիարակիչ յատկութիւն եւ կեանքի համեմը ըլլալու կարողութիւն: Անոնցմով մեր շրջապատը դարձած է աւելի բարօր, ուժեղ եւ կենսուրախ, իսկ կեանքը` խորիմաստ եւ ըմբռնելի:
Փաստօրէն, հեքիաթներու աշխարհին քաջածանօթ իւրաքանչիւր անհատի վայրկեանն անգամ եղած է առաւել բուրումնաւէտ եւ հեզահամբոյր. ահա մեծադիր գաղտնիքը անոնց գեղեցկութեան:
Այդուհանդերձ ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ հզօր երեւոյթներու, որակական շունչ ունեցող ապրելակերպերու, ազգի մը հոգեմտային շտեմարանը սնուցող կառոյցներու, քրտնաջան աշխատանքի ու անմնացորդ նուիրումի տիպար օրինակներու, որոնց ներկայութիւնը ո՛չ միայն հարստացուցած է շրջապատ մը ամբողջ, այլեւ` տուեալ հաւաքականութեան գոյութեան իմաստը ամրագրած ըստ ամենայնի:
Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ անոնք` տուեալ երեւոյթ(ները) ուղղակի կ՛առնչուին մեր կեանքին ու առանձնապէս հաւաքական միջավայրին:
Ի դէպ, նման մտորումներու յորձանուտին յանձնուեցայ, ինծի պէս շատեր, երբ վերջերս հայ մամուլի էջերուն ընթերցեցի երկու ծանուցում-հրաւէր:
Մէկը կը վերաբերի դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տնօրէնութեան յիսնամեակին նուիրուած հանդիսութեան մը կայացման, միւսը` «Հայ աւետ. քոլէճի անցնող յիսուն տարին» վաւերագրական ցուցահանդէսի մը բացման, որոնք տեղի պիտի ունենան 27 մայիս 2017-ին:
Յետ ընթերցման, զարմանալիօրէն, մտքի պաստառիս վրայ ուրուագծուեցաւ բառ մը, որ շատ համեստ է իր իմաստով, սակայն առինքնող` խորհուրդով:
Իրօք, բառը «նոյն» ածականն էր, որմէ նաեւ` «նոյնանալ» չէզոք բայը եւ այլն: Պիտի ըսուի, միթէ կարելի՞ է նոյնացնել երկու երեւոյթներ, անհատականութիւններ եւ կամ արարքներ, երբ իրարմէ կը տարբերին նիւթական թէ բովանդակային առումով:
Աւելի՛ն. ճիշդ պիտի ըլլա՞յ միաձուլել, օրինակ` հայ վարժարանն ու տնօրէնը կամ ուսուցիչը, զանոնք մէկ հարթակի վրայ զետեղել, չէ՞ որ անոնք կը տարբերին իրարմէ. մէկը մնայուն է, միւսը` գնայուն: Ահա այս մտածումն էր, որ չարչրկեց մեր միտքը եւ մղեց սպիտակ էջին յանձնելու անպաճոյճ կարգ մը մտքեր, խօսքե՜ր ի խորոց սրտի, այո՛, խօսքե՜ր երախտագիտութեան ու խոր յարգանքի:
Խոստովանինք, որ այդքան ալ դիւրին չէ քանի մը տողով անդրադառնալ գրող-մտաւորական, ներհուն պատմաբան, ակադեմական եւ հանրային գործիչ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի մասին: Դիւրին չէ, ո՛չ թէ անոր համար, որ մօտէն չենք ճանչնար զինք, այլ` նկատի առած հայ մտաւորականին լայնածաւալ աշխատանքը, որ կ՛ընդգրկէ բազում բնագաւառ եւ ունի աւելի քան վեց տասնամեակի պատմակշիռ ծանրութիւն:
Արդ, երբ շեշտը կը դնենք հայ վարժարանի անփոխարինելի առաքելութեան, անոր ունեցած ուժեղ դերակատարութեան եւ անգնահատելի ներդրումին վրայ, ապա անմիջապէս հարկ է լոյսին բերել տուեալ կառոյցին ղեկը ստանձնած տնօրէնի մը ջանադիր աշխատանքը, հայ տիպար եւ ուսումնատենչ սերունդներ պատրաստելու անոր նախանձախնդիր ոգին ու ամբողջական նուիրումը:
Յստակացնենք, որ, թէեւ մեր մտածումին կիզակէտը նշեալ վարժարանն ու տնօրէնն է, այդուամենայնիւ մտահան չենք ըրած, չենք կրնար ընել երբեք, թէ հայ վարժարանի գոյութեան երաշխիքը եթէ մէկ կողմէ հայ ծնողքն է եղած, միւս կողմէ` անտրտունջ ծառայութեան կոչուած ուսուցիչներն են հանդիսացած, իրենց կողքին ունենալով մեծահոգի խնամակալներու, հոգաբարձուներու եւ ազնիւ բարերարներու փաղանգ մը:
Վերը ընդգծեցինք հայ վարժարանի ու տնօրէնի մը «հեքիաթ»-ային կեանքը:
Ահաւասիկ քաղցրահունչ եւ դիպուկ օրինակ մը, որուն մասին կրնան վկայել իրերայաջորդ սերունդներ, յայտնապէս տուեալ վարժարանի (ՀԱՔ) շրջանաւարտ, երբ անոնց հարց տրուի, թէ ինչպիսի՞ յուշեր եւ տպաւորութիւններ պահած են իրենց դպրոցէն եւ մանաւանդ` տնօրէնէն, առանց վարանումի եւ շուտափոյթ պատասխանը կ՛ըլլայ հետեւեալը, թէ ունեցած են տնօրէն մը` յանձին պարոն Զաւէն Մսըրլեանի, որուն ուսումնատենչ ու պայծառ միտքը, խոնարհ ու ազնուասիրտ հոգին, լուրջ ու կարգապահ կազմաւորումը, ակադեմականի պահանջկոտութիւնը, աշխատասէր մարդու կերպարը, ազգային ու մարդկային վսեմ մօտեցումները, ժուժկալ կեանքը, բայց մանաւանդ հայրական հոգածութիւնը, անմոռանալի յիշատակներ են, որոնք մեծապէս ազդած են իրենց աշակերտական տարիներուն:
Խորքին մէջ ըսել ուզուածը այն է, թէ տնօրէնի պաշտօնին կոչուած հայ մտաւորականին, ակադեմականին թէ դաստիարակին ամենաթովիչ յատկութիւնն է եղած ապրիլ ու ստեղծագործել, սիրել ու դաստիարակել հայօրէն, եւ ձեւով մը նոյնանալ այն միջավայրին հետ, որ օրրանն է հանդիսացած մարդակերտումի եւ հայակերտումի:
Արդ, այս պատեհ առիթին, յիշատակելին կը մնայ այն, թէ յիսուն երկա՜ր տարիներու հեռաւորութեամբ եւ ծառայութեամբ յատկանշուած դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի անունը, վաստակն ու ներդրումը, արդէն հիմքն են տուեալ վարժարանի գոյութեան եւ ապագայ կեանքի հունաւորումին:
Փաստօրէն, իբրեւ երկարամեայ ու անխոնջ տնօրէն, վաստակաւոր կրթական մշակ ու ներհուն պատմաբան, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ներկայութիւնը գաղութահայ կեանքի թէ պատուաբեր հարթակներու վրայ ինքնին երեւոյթ մըն է, որ արժանի է բոլորիս գնահատանքին:
Երբ մեր երախտագէտի խօսքը կ՛արտայայտենք իրարմով ապրած երկու արժէքներու մասին, պարզապէս անոնց նոյնացած հոգեկանութեան, գեղեցիկ ապրումներուն եւ զիրար ըմբռնելու կարողութիւնը կ՛ուզենք շեշտադրել, իբրեւ գերազանց օրինակ գաղութահայ կեանքի պահպանման եւ հայաբոյր միջավայրի ստեղծումին:
Պարզապէս նոյնանա՜լ… ահա՛ գաղտնիքը բարգաւաճման եւ յաջողութիւններու:
20 մայիս 2017