Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մայրերու Օրուան Նշում Այնճարի Մէջ

$
0
0

Մայրերուն հանդէպ երախտագիտական զգացումներն ու յարգանքը արտայայտելու նպատակով Ազգ. Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը կազմակերպած էր Մայրերու օրուան տօնախմբութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ, շաբաթ, 13 մայիս, 2017-ին, Այնճարի  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, ողջունեց ներկաները` նշելով, որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնը` իրենց մայրերուն հանդէպ:

Ան հաստատեց, որ միայն մայրն է, որ կրնայ յաղթահարել կեանքի որեւէ դժուարութիւն` պահելու համար իր ընտանիքը եւ դառնալու այդ սուրբ օճախին ճրագը: Ան մաղթեց բոլոր մայրերուն, որ իրենց զաւակներուն աչքին լոյսը արեգակի պէս շողայ ու պայծառութիւն բերէ հայ ազգին :

Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը:

Ծիլ, բողբոջ եւ կոկոն  դասարանի աշակերտները  արտասանեցին, որմէ ետք կոկոն ու ծաղիկ դասարանները ներկայացուցին «Է մամ լայք եու»` մայրերու նուիրուած երգը, այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մօր նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:

Ապա բեմ բարձրացաւ Ա. Բ. Գ. կարգերու երգչախումբը «Մայ մամ» երգով, որուն յաջորդեց Դ. Ե. Զ. դասարաններու երգչախումբի «Կանաչ հեքիաթ» եւ «Գոյներ» երգերը:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները  ներկայացուցին «Մամա մամա» պարը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան, որ բնութեան զարթօնքն ու հայ մօր նուիրուած տօնը շաղկապելով` հաստատեց, որ իւրաքանչիւրը իր եզակի դերակատարութիւնը ունի մարդկութեան կազմաւորման հանգրուաններուն մէջ:

Մօր նուիրաբերումը դրուատելով` ան վեր առաւ հայ մօր զոհաբերումը` ըսելով, թէ ան իր տան սեմին մի՛շտ ներկայ, մի՛շտ քաջալերող եւ մի՛շտ պատրաստ կանգնած է` յանուն իր օճախի պահպանման եւ հայեցի կրթութեան:

Ապա ան ներկայացուց առաջին դասիարակը ` մայրը, որ իր զաւակին առաջին քայլերէն կ՛ընկերակցի անոր եւ միշտ կ՛ուղղէ դէպի այն ուղին, ուր կը դրոշմուի գիտակցութիւնը`  զատորոշելու էականը երկրորդականէն:

Հայ մօր վճռորոշ եւ նուիրական դերը ներկայացնելով` Թալին Մարտիրոսեան անդրադարձաւ իր զաւակը վասն մարդկութեան փրկութեան զոհաբերող Աստուածամօր տիպարին:

Ան հաստատեց, որ հայ մօր դերը առանձգային ազդեցութիւն ունեցած է մեր կրօնական եւ աւանդական կեանքին մէջ, ան օրինակ առնելով պապենական օճախի համոզումներն ու սովորութիւնները, նկատել տուաւ, որ ներկայ սերունդը կը գտնուի ազդեցութեան տարբեր գօտիներու մէջ, ուր հայ մայրը իր հմտութեամբ պէտք է զարգացնէ զաւակներուն մէջ լայնախոհութիւնն ու քննական մտածողութեան կարողութիւնները:

Մէջբերելով Պալզաքի «Ազգի ապագան մայրերուն ձեռքն է» յայտնի արտայայտութիւնը` ան խօսեցաւ ազգային գոյամարտին մէջ հայ մօր ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան մասին: Վերադառնալով Տէր Զօրի անապատներուն մէջ տառապող հայ մայրերու զոհաբերութիւններուն, անցնելով Մայիսեան անկախութեան ու սարդարապատեան սխրագործութիւններէն, սփիւռքի տառապալից գոյատեւման պայքարին մէջ հայ երիտասարդին թիկունք կանգնած նուիրեալ մայրերէն  եւ վերջապէս կանգ առնելով Արցախի նորօրեայ պատմութեան իրենց զաւակները հայրենիքի փրկութեան նուիրած հայ մայրերուն-պատգամաբերը ընթերցեց Շուշիի գումարտակի հրամանատար` նահատակ Դուշման Վարդանի մօր արտասանած խօսքը ու  եզրափակեց պատգամը ըսելով` «Բիւր յարգանք մեր հերոսածին մայրերուն»:

Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, Դ. Ե. Զ. կարգերու պարախումբը  բեմը զարդարեց «Քո մաման» երգախառն բեմականացումով:

Արաբերէն արտասանութեամբ հանդէս եկաւ ութերորդ դասարանի աշակերտ Ալիսա Չափարեան, որուն յաջորդեց միջնակարգի աղջիկներուն պարախումբի ռուսական պարը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Ե. Զ. կարգերու հայկական ժողովրդական պարով:

Հանդիսութեան աւարտին վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան բեմ հրաւիրեց  օրուան պատգամաբեր  Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեանն ու վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը` կատարելու համար կարկանդակի հատումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>