Կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մ. Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակին:
Յովհաննէս Խօշեան Մշակութային յանձնախումբին անունով կատարեց բացման խօսքը. ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք յոտնկայս յարգելու յիշատակը մասնաճիւղի հիմնադիրներէն, օրեր առաջ մահացած Խաչիկ Պագալեանի: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիեանը, որ ներկայացուց Պարոյր Սեւակին կեանքն ու ստեղծագործութիւնները:
Դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ կարգ մը կենսագրական կէտերու եւ շեշտեց, որ Պարոյր Սեւակին մէջ կրնանք նկատել երեք կարեւոր էութիւններ` Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը, Պարոյր Սեւակ հայորդին եւ Պարոյր Սեւակ մարդը (գլխագիր Մարդը):
Այս երեք էութիւնները իրարու համակերպելով` կը ստեղծեն բացառիկ բանաստեղծը` Պարոյր Սեւակը:
Վեր առնելու համար Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան յատկանշական գիծերը, տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին պատանի ասմունքողներ, Սեւան Սարգիսեան` «Մենք քիչ ենք բայց մեզ հայ են ասում», Սոֆի Գալուստեան` «Մօր ձեռքերը» եւ Սեւատա Անտոնեան` «Դարակէսի հիմնը»: Ինչպէս նաեւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան մէջ ընդ մէջ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն:
Երեկոյի ընթացքին հնչեց Պարոյր Սեւակի խօսքերով գրուած «Դու» երգը, ապա յոտնկայս «Երեւան, Էրեբունի» ձօներգով եզրափակուեցաւ հանդիսութիւնը: