Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Կանգառ»-ի Կազմակերպած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Ֆիրուզէ Միրզա (Մելինէ ) Եւ Կիրօ Գարավարդանեան Անդրադարձան Երաժշտական Ստեղծագործութեանց Մէջ Արհեստագիտութեան Ներդրումին

$
0
0

Արհեստագիտական զարգացումներու բանականութիւնը սրընթաց կերպով «կ՛ողողէ» մարդկային գործունէութեան եւ ստեղծագործական  արդիւնաբերութեան գրեթէ բոլոր մարզերը, որոնցմէ զերծ չէ նաեւ երաժշտութիւնը: Ըլլալով մշակոյթի տարրական գործօններէն մէկը` երաժշտութիւնը եւս իր բոլոր տեսակներով կամ բաժանմունքներով ենթակայ է արհեստագիտական բանականութեան այս սրընթաց «յեղափոխութեան» հոսանքին: Յեղափոխութիւն, որ մտավախութիւններ կ՛առթէ, թէ` Պախի, Պեթհովենի, Արամ Խաչատուրեանի եւ այլ տիտաններու նման ստեղծագործութիւններու յառաջիկայ տարբերակները պիտի ըլլան սոսկ արհեստագիտական բանականութեա՛ն «յղացքը» (եթէ կարելի է այդպէս կոչել): Երեւոյթ մը, որ կը մտահոգէ միջազգային, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութիւնը եւ այս առնչութեամբ  «Կանգառ տուն»-ի  (GANKAR HOUSE ) նախաձեռնող պատասխանատուները` Գրիգոր Աւեսեան, Հայկ Կրակեան եւ Յովսէփ Աղճեան, իրենց կազմակերպած ձեռնարկներու ծիրին մէջ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին այս մասին երկօրեայ զրոյց կազմակերպելու:

Շահեկան այս երկօրեայ զրոյցին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Կանգառ տուն»-ի մէջ, Պուրճ Համուտ, ներկայութեամբ համալսարանական հայ եւ ոչ հայ երիտասարդ երկսեռ ուսանողներու եւ բարեկամներու բազմութեան:

Յովսէփ Աղճեան, «Կանգառ տուն»-ի անունով անգլերէնով ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկի յայտագիրի բաժիններուն: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան առաջին զեկուցաբերը` Ֆիրուզէ Միրզան:

Հայաստան ծնած, այժմ վեց տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ գործող երիտասարդ այս հայուհին մասնագիտութեամբ երկրաչափ-ճարտարապետ է, բայց խոր հետաքրքութիւն ունի երաժշտական աշխարհի ծալքերուն հետ: «Մելինէ» անունով ծանօթ այս տաղանդաւոր հայուհին ներկաներուն ներկայացուց Էմիլի Հաուի (Emily Howe ) դասական երաժշտութենէն երկու ստեղծագործութիւններ: Հմայուած` ներկաները դիւրութեամբ ընկալեցին զանոնք որպէս Ֆիրուզէ Միրզայի անձնական ստեղծագործութիւնները, որոնք խորքին մէջ պարզապէս Հաուի ստեղծագործութեան ձայնագրութիւնն էին: Մելինէ յաջողած էր իր «առաքելութեան» մէջ` շնորհիւ արհեստագիտական բանականութեան յաջող օգտագործման եւ ներդրումին: Այլ խօսքով, արհեստագիտութիւնը իր յառաջատար զարգացումով  յաջողած էր իսկական ստեղծագործութեան մը խաբկանքը տալ հանդիսատեսին:

Ապա Աղճեան բեմ հրաւիրեց օրուան յաջորդ զեկուցաբերը` Կիրօ Գարավարդանեանը` հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնելէ ետք զայն:

Համակարգչային գիտութեան մէջ մասնագիտացած եւ երաժշտական նորարարութեանց հետեւող այս երիտասարդ հայորդին նոյնպէս անգլերէնով անդրադարձաւ արհեստագիտական բանականութեան ներդրումին` երաժշտական մարզին մէջ: Վիճակագրական թուական պատկերներով ան ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտական բանականութիւնը կը «կապկէ» եւ կը փոխարինէ մարդկայինը: Կիրօ Գարավարդանեան մտավախութիւն յայտնեց, որ արհեստագիտութիւնը, իր այլազան «հնարքներիով» թէ մարդամեքենաներով, ի վերջոյ պիտի փոխարինէ մարդկային կարողականութեան զգալի համեմատութիւնը` զարկ տալով առանց այդ ալ հետզհետէ աճող անգործութեան աճին: Մտավախութիւն, որ համաշխարհային է, օրինակ Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորներու 87 առ հարիւր համեմատութիւնը կը կարծէ, որ 2020-ին արդէն արհեստագիտական զարգացման հետեւանքով պիտի հարկադրուի փոխելու իր պատճառով աշխատանքի մարզը կամ ասպարէզը: Նոյնպէս, 76 առ հարիւրը կը կարծէ, որ 2020-ին մարդամեքենաներ պիտի փոխարինեն իրենց աշխատանքը:  Ըստ իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, Գարավարդանեան ըսաւ, որ արդէն 2030 թուականին մարդուժի կարեւոր մէկ տոկոսը պիտի փոխարինուի արհեստագիտական արդիւնաբերութեամբ: «Ֆորպս»-ի (Forbes) տուեալներէն մէջբերում կատարելով` ան յայտնեց, որ 2020-ին յաճախորդներու եւ գործընկերներու  միջեւ հաղորդականութիւնը 85 առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի կատարուի արհեստագիտական բանականութեամբ`  առանց մարդկային տարրի միջամտութեան: Սահիկներու օժանդակութեամբ եւ երաժշտական կտորներու ունկնդրութեամբ Կիրօ Գարավարդանեան ներկաներուն պարզեց այն սուր նմանութիւնն ու զուգահեռը, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ փոխարինել մարդկային իրագործումները: Մերթ ընդ մերթ ան հարց տուաւ ներկաներուն, թէ կրնա՞ն զատորոշել, թէ  ներկայացուած երաժշտական կտորները արհեստագիտակա՞ն, թէ՞ մարդկային ստեղծագործութիւններ են: Բաղդատական եզրը սուր ու դիպուկ էր:

Նշենք, որ ներկայացման իւրաքանչիւր բաժինի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք իրենց ձեռնարկին պատգամը ահազանգ հնչեցնե՞լն էր, Յովսէփ Աղճեան յայտնեց, որ արհեստագիտութիւնը բաւական խորաթափանց ազդեցութեամբ կը միջամտէ ի միջի այլոց նաեւ երաժշտական մարզին մէջ «ու մենք կ՛ապրինք նոր շրջան մը, որուն հետեւանքներուն պատրաստ պէտք է ըլլանք»:

Ձեռնարկի երկրորդ զրոյցը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 23 մայիսին, նոյն վայրին մէջ: Այս առթիւ իտալացի արուեստագէտ մը իր երաժշտական ստեղծագործութիւնները պիտի ներկայացնէ: Աւարտին ներկաները համախմբուեցան համեղ կերուխումի շուրջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>