Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ 19 (աշակերտական եւ կալա) եւ շաբաթ 20 մայիս, 2017-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» մանկապատանեկան համոյթը Տըպպայէի Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ ներկայացուց «Կարուսել» խորագիրով իր ելոյթը:
Կալա-ներկայացման առիթով բացման խօսքեր արտասանեցին Արազ Չերչեան (արաբերէն) եւ Անի Պոտրումեան (հայերէն): Ողջունելէ ետք ներկաները, անոնք ընդգծեցին, որ Խաչատուր Աւետիսեանի նուիրուած ելոյթէն միայն վեց ամիս ետք «Արին» պարախումբը գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի ջանքերով անգամ մը եւս բեմ կը բարձրանայ ու այս անգամ «Կարուսել»-ով արուեստասէր հանրութեան կը հրամցնէ նաեւ տեղական եւ օտար մշակոյթի պարեր:
«Կարուսել» ներկայացման առիթով արտասանուած խօսքին մէջ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան գրած է, որ արուեստը մանուկի մը կրթութեան կարեւոր փուլերէն մէկն է եւ մշակութային միութիւններն ու կազմակերպութիւնները այդ մէկը կը կատարեն ի գին ամէն զոհողութեան: Մածունեան իր խօսքին մէջ դատապարտած է նոր սերունդին հանդէպ հաւատք չունեցողներն ու զանոնք կորսուած համարողները` նշելով, որ արուեստի մթնոլորտին մէջ հասակ առնող սերունդը չի կրնար ուրիշին գերին ըլլալ, այլ կը կայանայ որպէս անհատ եւ կ՛ապահովէ իր դերը հասարակութեան մէջ:
Ելոյթի երկու արարներուն ընթացքին հանդիսատեսին հրամցուեցան 20 պարեր, որոնք կ՛ընդգրկէին հայկական ազգագրական եւ ժամանակակից բեմադրութիւններ, իտալական, ամերիկեան ժողովրդական, վալս, տապքէ, ինչպէս նաեւ` հետաքրքական խաղ-պարեր: Յատկանշական էին պարային բեմադրութիւնները, օրինակ, Կոմիտասի «Էս գիշեր»-ին, որուն պարուհիները հանդիսատեսը կախարդեցին աքաբելլայ-ի վրայ տնօրինած իրենց շարժումներով, կամ «Ֆէյմ» պարին, որուն ընթացքին պարողները հրամցուցին նոյն անունը կրող ժապաւէնէն բաժին մը, կամ` մանկական խաղ-պարերը, որոնց փոքրիկ պարողները իրենց տաղանդով եւ կարգապահութեամբ հանդիսատեսին կարծես փոխադրեցին իսկական կարուսելի մը վրայ: