Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ստացուած Գիրքեր. Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ, Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինի միջոցներով 2016-ին լոյս տեսաւ Զաւէն Մսըրլեանի պատրաստած «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» հատորը, բաղկացած` 439 էջերէ: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1981-ին: Իսկ երկրորդ տպագրութիւնը լոյս կը տեսնէ որոշ բարեփոխումներով:

Երկու խօսքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ որդիական պարտականութենէ մը աւելի, գիրքը կը նպատակադրէ արդար տուրք մը տալ իր հօր` Մկրտիչ Մսըրլեանին եւ անոր ազգային-քաղաքական գործունէութեան:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ Մկրտիչ Մսըրլեանի կենսագրական գիծերը, անոր կեանքին սկզբնական շրջանը, գաղափարական ուղին, «Զարթօնք»-ի հիմնադրութիւնը եւ անոր մէջ Մսըրլեանի կարեւոր ներդրումը, Մկրտիչ Մսըրլեանի գործունէութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ազգային կեդրոնական վարչութենէն ներս, ՀԲԸՄ-ի մէջ անոր ծառայութիւնը, Հայ դատին ի նպաստ տարած աշխատանքները, Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադրութիւնը, Մկրտիչ Մսըրլեանի կատարած նուիրատուութիւնները եւ Պաղեստինի աղէտէն մինչեւ իր մահը երկարող ժամանակաշրջանը:

***

Մկրտիչ Մսըրլեան ծնած էր 1898-ին, Էլմալու քաղաքը (հարաւ-արեւմտեան Փոքր Ասիա), ուր իր պապերը 1721-ին եկած էին Ղարաբաղէն: Տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ազգային վարժարանին մէջ իր ուսումը ստացած էր, որուն աւարտին տարի մըն ալ հոն ուսուցչական պաշտօն վարած էր:

Մսըրլեան գերդաստանի արցախեան ծագման անդրադառնալով Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ հայրը հպարտ էր իր ղարաբաղեան ծագումով: Արդարեւ, Էլմալուի հայոց աւանդութեան համաձայն` իրենց պապերը Ղարաբաղէն Թուրքիա գաղթած են Պարսկաստանի Շահ Աբաս Ա.ի (1589-1628) օրով: Ըստ աւանդութեան` Շահ Աբաս թագաւորին օրով պարսիկ զինուորները Ղարաբաղի եւ մօտակայ շրջանները կը գրաւեն Հասան Գուլիի հրամանատարութեան տակ, եւ հայ քաղաքներն ու գիւղերը կրակի տալով` բնակչութեան մեծ մասը կը քշեն Պարսկաստան: Այդ շրջանին շուրջ 21 ընտանիքներ կ՛ազատին տեղահանութենէ եւ յաջորդաբար կը փախչին, կ՛իջնեն եւ կ՛ապաստանին Կիլիկիոյ կողմերը: Հոն չեն յաջողիր բնակութիւն հաստատել, ուստի կ՛երթան Կէօլ Հիսար ըսուած գիւղաքաղաքը, ուր եւս երկար չեն մնար ու բաժնուելով կը շարժին դէպի մերձակայ կուսակալութիւնը: Եօթը ընտանիք կը դիմեն Սպարթա, եօթը ընտանիք ալ Պուրտուր, մնացեալ եօթը ընտանիքներն ալ` յաջորդաբար` Անտիֆիլի, Գասապա, Կէօմպէ եւ Թէքքէ բնակավայրերուն մէջ ժամանակաւոր կայքէ ետք կը հաստատուին Էլմալու քաղաքի Թէփէճիք ըսուած հողամասը, որ երեք հարիւր աքճէի կը գնեն եւ հոն վերջնականօրէն կը տեղաւորուին: Ասոնցմէ երկու ընտանիք բաժնուելով կը հաստատուին ծովեզերեայ Անթալիա քաղաքը:

Ըստ պուրտուրցիներու` իրենց պապերը Շահ Աբասի յատուկ ֆէրմանով Պարսկաստանէն գաղթած են «մեծ սով»-էն (1607) ետք: Այս ֆէրմանը մինչեւ Մեծ եղեռնը պահուած է պուրտուրցի Փիլիպոս Առաքելեանի ընտանիքին մօտ ապա` անհետ կորսուած:

***

Կենսագրական բաժինին մէջ Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ հայրը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին 1916-ին օսմանեան բանակի մէջ իր պարտադիր ծառայութիւնը կատարած էր իբր անզէն, ըլլալով Անգարայի մէջ երկաթուղային վարչութեան գլխաւոր հաշուակալը: Զինադադարէն ետք վերադարձած էր իր ծննդավայրը եւ Ֆինիքէի մէջ ատաղձի առեւտուրի գործին մէջ մտած էր: Քեմալական շարժումի ընթացքին աքսորուած էր Խարբերդ, ուր յաջողած էր փախչիլ կեդրոնացման ճամբարէն ու 1922-ի վերջերուն յաջողած էր Սուրիա անցնիլ: Ապա նախ հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին եւ յետոյ Պէյրութի մէջ հաստատուած էր, աշխատելով ատաղձի վաճառական Քապպարաներուն մօտ, իսկ 1934-ին հիմնած էր իր սեփական ատաղձի գործը, զոր շարունակած էր մինչեւ 1961: Իր ատաղձի գործին կեդրոնը 1942-ին Հայֆա փոխադրած էր, քայլ մը, որ 1948-ի արաբ-իսրայէլեան առաջին պատերազմին իրեն մեծ վնասներու ենթարկեց: Եղած էր Լիբանանի եւ Պաղեստինի մեծ առեւտրականներէն: Արաբերէն լեզուին լաւատեղեակ ըլլալուն ու շնորհիւ իր առեւտրական հմտութեան` եղած էր Լիբանանի Ատաղձի վաճառականներու ընկերութեան ընդհ. տնօրէնը, 1953-1956: Իր այս վերջին հանգամանքով անդամակցած էր լիբանանեան եռանդամ առեւտրական պատուիրակութեան, որ 1954-ին Մոսկուա այցելած էր Լիբանանի եւ Խ. Միութեան միջեւ ատաղձի առեւտուրին հիմը դնելով:

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը առեւտրական էր, բայց ոչ չարաշահող: Ան փոխառութեամբ կամ այլապէս, շատ-շատերու հայ թէ օտար օգնած էր, իրենց դրամագլուխ հայթայթելով, որ գործի մը ձեռնարկեն ու ինքնաբաւ դառնան: Շատեր իրեն նկատմամբ եղած էին պարտաճանաչ, ուրիշներ պարտազանց:

***

Մկրտիչ Մսըրլեան 1930-ին ամուսնացած էր Սաթենիկ Թոմայեանին հետ, Հռոտոսի մէջ: Ունեցան երեք զաւակներ` Դաւիթ, Զաւէն եւ Հայկ-Արամ:

Ազգային կեանքով կանուխէն հետաքրքրուած էր ունենալով զօրաւոր հայկական ոգի: Իր ծննդավայրէն սկսեալ, ուր իր ծառայութիւնը բերած էր Հայց. եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին, իր որդեգրած երկրի` Լիբանանի մէջ եւս շարունակած էր ազգին ծառայել: Թրիփոլիի մէջ եղած էր տեղւոյն ազգային վարժարանին հոգաբարձութեան անդամ, 1923-1925:

1936-ին իր անձնական գործը ամուր հիմերու վրայ դնելէ ետք իր ներսիդին կազմաւորուած գաղափարականին դրսեւորման գոհացում տալու եւ իր ազգին ծառայելու համար անդամակցած էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ ՀԲԸ միութեան, գլխաւորաբար ներշնչուելով ազգային յեղափոխական գործիչ Միհրան Տամատեանի տպաւորիչ անձնաւորութենէն: Այս վերջինը կ՛ըլլար իր կուսակցական կնքահայրը, որ իրենց կ՛ըսէր, թէ «Ան հետեւորդ մը ըլլալու սահմանուած չէր, այլ` առաջնորդ մը»: Իրաւամբ ալ այդպէս կ՛ըլլար:

Մկրտիչ Մսըրլեան 1936-1948-ի շրջանին Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸ միութեան ղեկավարութեան մէջ կ՛ըլլար, յաճախ իբր պատասխանատու առաջնորդ:

***

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը անշահախնդիր հայրենասէր մըն էր բառին իսկական առումով: Զինք կ՛առաջնորդէր հայկական ոգին: Ազգային շահը ամէն բանէ վեր տարազումը կարելի էր իր նշանաբանը նկատել: Այլամերժ չէր, կ՛ատէր այլամերժութիւնը. իր գաղափարին փարելով հանդերձ այլոց գաղափարները կը յարգէր: Կը հաւատար խօսքի, գաղափարի եւ խղճի ազատութեան: Առողջ սկզբունքներու վրայ տեղադրուած միասնականութեան ու համերաշխութեան կը հաւատար: Անկաշառ էր ու անկողմնակալ: Զինք կոչած են համերաշխութեան առաքեալ:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ իր հայրը ազգային ժողովականութեան մէջ գտնուած շրջանին միշտ ջանացած է բոլորէն ընդունելի եզրակացութիւններու եւ որոշումներու յանգիլ, յաճախ գտնելով հաշտարար ելքը: Իսկ եթէ պայքարիլ պէտք էր, գիտէր մաքուր կերպով պայքարիլ: Երբ իր տեսակէտին արդարացիութեան ու ազգին բերելիք օգուտին անկեղծօրէն համոզուած էր, անտեղիտալի յամառութեամբ կը պայքարէր ուրիշներն ալ ջանալով համոզել ու իր տեսակէտին բերել:

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը ՌԱԿ-էն ներս կ՛ըլլար «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր հիմնադիրներէն մին (1937) եւ անոր տպագրական մամուլը նուիրողը իր տիկնոջ անունով (1942), եւ թուղթի հայթայթումով անոր Համաշխարհային Բ. պատերազմին անխափան հրատարակուելուն պատճառ հանդիսացողը: 1941-ին «Զարթօնք»-ի գրական մրցումը կը հիմնէր յատուկ նուիրատուութեամբ: Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկսելէն շրջան մը ետք կ՛ըլլար ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը, իսկ 1942-ին միակ լիբանանահայ հիմնադիրը կը դառնար Եգիպտոսի «Հայ Ազգային Հիմնադրամ»-ին: 1942-1945 ՌԱԿ-ի Կեդրոնի լիազօր ներկայացուցիչ կը նշանակուէր Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Յորդանանի եւ Կիպրոսի շրջանակներուն մօտ: Այդ շրջանին յաճախ ի՛նք վարած է կուսակցութեան փոխյարաբերութիւնները միւս հայ կուսակցութիւններուն հետ: Եղած էր ՌԱԿ-ի թեկնածու 1943-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեան: Թէեւ յաջողած, սակայն ձախողեցուած էր հոգատար իշխանութեան սարքած խարդախութեան շնորհիւ: Պատերազմէն ետք ընտրուած էր իբր կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կազմող: 1946-ին կ՛ըլլար Թէքէեան Մշակութային միութեան հիմնադիրներէն մին: 1966-ին ՌԱԿ-ի վեթերանի վկայական տրուած էր իրեն:

Մկրտիչ Մսըրլեանի համար հայն ու հայութիւնը իբրեւ ամբողջութիւն վեր էին մասնիկէն ու հատուածէն: Այդ ոգիով առաջնորդուած, ան հասաւ բոլորին:

ՀԲԸՄ-ի շարքերուն անդամակցած իսկ տարին, 1936-ին, մաս կը կազմէր Միութեան Պէյրութի մասնաժողովին: Կրկին մաս կազմելով սոյն մարմնին 1942-1944-ին: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, եղած էր Բ. ատենապետը ՀԲԸ միութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Նպաստից կեդրոնական յանձնաժողովին: Բազմաթիւ անձեր անդամագրած էր Միութեան, հանգանակութիւններ գլխաւորած էր Միութեան նպաստ ապահովելով: 1945-ին եղած էր ՀԲԸ միութեան քառորդ միլիոն տոլար հանգանակութեան Լիբանանի Հանգանակիչ մարմնի ատենապետը: 1956-ին արժանացած էր Միութեան վեթերանի վկայականին:

Մկրտիչ Մսըրլեան ջերմօրէն կը քաջալերէր ՀԲԸ միութեան ՀԵ ընկերակցութիւնը, մանաւանդ անոր ենթակայ Գրասէր երիտասարդներու միութիւնը իրենց պաշտօնաթերթ «Ծիածան»-ով եւ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութիւնը:

***

Մկրտիչ Մսըրլեան հայ եկեղեցւոյ զաւակ էր, հաւատացեալ ու եկեղեցասէր, սակայն յաճախ եկեղեցի չէր երթար: Իր բարեկամներուն մէջ ամէն ցեղէ, ազգէ, կրօնէ կամ յարանուանութենէ ու գաղափարէ մարդիկ կային: Բոլորին հանդէպ յարգանք ունէր:

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը հայ գիրն ու գրականութիւնը սիրող մըն էր: Ընթերցասէր էր մոլի ըլլալու չափ: Կարդացած էր հայ գրականութեան գլուխ գործոցները: Լաւատեղեակ էր ազգային եւ եկեղեցական պատմութեան: Ունէր ճոխ գրադարան մը:

Հօր ազգային բեղուն ծառայութիւններուն անդրադառնալով Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծիրէն ներս եղած էր Ազգային Կեդրոնական առաջին վարչութեան գանձապահ (1941-1944), Կիպրոսի թեմի Ազգ. երեսփոխան` Ազգ. Ընդհ. ժողովէն ներս, 1942-ին նպաստած էր լիբանանահայոց թեմէն ներս ազգային համերաշխութեան հաստատման, նոյն տարին հանդիսացած էր պաշտպան հայ ուսուցիչներու իրաւունքներուն, անոնց գործադուլի աւարտման նպաստելով: Եղած էր Անթիլիասի դպրեվանքի խնամակալութեան անդամ (1943-1944): Իբր Կիպրոսի թեմի աշխարհական պատգամաւոր` մասնակցած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութեան 1941-ի ապարդիւն եւ 1943-ի յաջող ընտրութեանց: Շնորհիւ իր ջանքերուն` համերաշխութիւն գոյացած էր եւ Գարեգին արք. Յովսէփեանցը ընտրուած էր կաթողիկոս, որուն թեկնածութիւնը ժողովին ինք առաջարկած էր: Եղած էր եգիպտահայ օգնութեան խառն մարմնի անդամ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ: 1945-ին իբր Տանն Կիլիկիոյ Ազգային ընդհանուր ժողովէն ընտրուած պատգամաւոր` մասնակցած էր Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսական ընտրութեան: 1943-ին Երուսաղէմի  վանքի տագնապին լուծման նպաստած էր, մաս կազմած ըլլալով տեղապահ Խադ արք. Աջապահեանի գլխաւորած Ազգային վարչութեան պատուիրակութեան: Գարեգին Ա. կաթողիկոսի կոնդակով նշանակուած էր անդամ` Հայաստանի օժանդակ կիլիկեան թեմերու կեդրոնական յանձնաժողովին (1945-1946): Եղած էր Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յոբելինական կեդրոնական յանձնախումբի անդամ (1947):

Ասոնցմէ դուրս եղած էր ատենապետը «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային ֆոնտի կեդրոնական մարմնի (1944), հիմնադիրներէն եւ բարերար «Անի» գրական ամսագիրին (1946), երգահան Բարսեղ Կանաչեանի յոբելինական կեդրոնական կոմիտէի պատուոյ նախագահ (1946), գրագէտ Անդրանիկ Անդրէասեանի յոբելինական պատուոյ յանձնախումբի անդամ (1977):

Լիբանանեան չափանիշով` մաս կազմած էր Լիբանանի ազգային համագումարին (1943), եւ կարեւոր նուիրատուութեամբ նպաստած: Սոյն Ազգային համագումարը իր կարեւոր դերը ունեցաւ երկրի անկախութեան եւ Ազգային ուխտի նուիրագործումին մէջ:

* * *

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ մտաւորականներու դատումով Մկրտիչ Մսըրլեան եղած է անշեղ եւ հաստատամիտ հայրենասէր, ջերմօրէն ազգասէր եւ հայրենասէր եւ թէ բառին լայն ու խոր առումով հայրենասէր էր ան: Հայրենասիրութիւնը իր էութեան անբաժանելի մէկ մասն էր: Հայրենիքի կարօտը կը կրծէր իր ներաշխարհը:

Մկրտիչ Մսըրլեան, որ մայր հայրենիքը կը նկատէր ամէնուն յուսոյ կռուանը եւ հայուն միակ փրկութեան լաստը, 1945-ին բախտաւորուեցաւ իր այնքան սիրած մայր հայրենիքը այցելելու իբր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորներէն մին: Մայր հայրենիք ժամանելու իր առաջին ելոյթը եղած էր հայրենի հողը համբուրել յուզելով Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսէն սկսեալ բոլոր ներկաները:

Մկրտիչ Մսըրլեանի հայրենասիրական ոգին դրսեւորուեցաւ այն բոլոր ձեռնարկներուն եւ հանգանակութիւններուն մէջ, որոնք կատարուեցան ի նպաստ մայր հայրենիքի եւ հայրենադարձութեան:

* * *

Խորհրդային Միութեան կառավարութիւնը 21 նոյեմբեր 1945-ին պաշտօնապէս որոշեց կազմակերպել սփիւռքահայոց ներգաղթը դէպի Խորհրդային Հայաստան: Ներգաղթողներուն պիտի տրուէր 30.000 ռուբլի, հպատակութիւն եւ այլ դիւրութիւններ: Ներգաղթը ունէր քաղաքական երես եւ կը հետապնդէր Բ. աշխարհամարտի  ընթացքին մեծ թիւով այր մարդոցմէ դատարկուած մայր հայրենիքի բնակչութեան թիւը, որ վտանգաւոր կերպով պակսած էր, աւելցնել: Արդէն 1921-էն 1936 ներգաղթ տեղի ունեցած էր դէպի մայր հայրենիք. 40.000-է աւելի հայեր ներգաղթած էին այդ տարիներուն: Ներգաղթը նաեւ կու գար նեցուկ կանգնելու Կարս-Արտահանի պահանջին, անոր ուժ տալու մտադրութեամբ:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներուն մէջ կազմուեցան ներգաղթի տեղական մարմիններ: Ներգաղթի Լիբանանի եւ Սուրիոյ առաջին կոմիտէի պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ Մկրտիչ Մսըրլեան:

Մկրտիչ Մսըրլեան երբ հայրենասիրական ոգիով կը խօսէր ժողովուրդին բեմերէն կամ անհատապէս, միշտ կը շեշտէր, թէ անոնք որոնք վեց ամիսով իրենց ապրուստը ապահոված են, առ այժմ ներգաղթելու չէին, չենթարկուելու համար դժուարութեանց:

1946-1947-ին Սուրիայէն եւ Լիբանանէն 32.328 հայեր ներգաղթեցին մայր հայրենիք: Մկրտիչ Մսըրլեան ներգաղթի կոմիտէին մօտ մերժած էր իբր միջնորդի դերով ներկայանալ, ընտանիքներ Հայաստան ճամբելու համար, հակառակ իրեն եղած բազմաթիւ դիմումներուն:

Հայրենադարձութիւնը ընդհանուր առմամբ լաւ կերպով չէր կազմակերպուած: Չափազանցեալ խանդավառութեան մթնոլորտ մը կար, հակառակ կարգ մը մը խոհեմութեան խօսքերու: Միւս կողմէ, կազմակերպիչ մարմիններէն ներս եղան այլազան կամայականութիւններ: Ասիկա ստեղծեց հականերգաղթ տրամադրութիւն եւ մթնոլորտ: Փոխանակ իրապէս խեղճ նիւթական պայմաններու մէջ գտնուողներու, երբեմն ներգաղթեցին բարեկեցիկ եւ բարւոք նիւթականի տէր անհատներ: Ուրիշներ ստացուածք ծախեցին եւ չստացան ներգաղթի արտօնագիր:

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը ուրախ էր, որ համայն սփիւռքէն 105.000 հայեր ներգաղթած էին ու մայր հայրենիքը զօրացուած էր նոր աւիշով: Կը գիտակցէր կազմակերպիչներու թոյլ տուած սխալներուն եւ ներգաղթողներէն շատերուն կրած դժուարութիւններուն, սակայն չէր ընդուներ, որ ներգաղթի շարժումը իբրեւ սկզբունք դատապարտուէր:

Մկրտիչ Մսըրլեան նաեւ դէմ էր արտագաղթին, որ տեղի կ՛ունենար մայր հայրենիքէն, Խորհրդային Միութեան մէջ հետագային վաւերացուած օրէնքի մը հիմամբ:

* * *

Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը խորապէս ազգասէր եւ հայրենասէր անձ մըն էր: Ազգային կարիքներուն իր մասնակցութիւն բերելը պարտաւորութիւն կը նկատէր: Բարեսիրութիւնը ընդհանրապէս եւ ազգային կարիքներուն հասնիլը մասնաւորաբար, իր մէջ վաղուց գոյ էր երբ դեռ հեռու էր ապագայի ունեւոր առեւտրականի օրերէն:

Ան բարեսիրտ էր ու երբ բախտը ժպտեցաւ, շրջան մը երբ ազատ նախաձեռնութեամբ ատաղձի մեծ վաճառական էր, ան առատաձեռնօրէն հասաւ ազգային կարիքներուն, առանց խտրութեան: Տուաւ ոչ միայն հայուն, այլ տեղացի իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդին ու պետութեան: Մկրտիչ Մսըրլեան հանդիսացաւ լիբանանահայ գաղութի ազգային կարիքներուն հասնող մեծ նուիրատուներուն անդրանիկը:

Մկրտիչ Մսըրլեան իր նուիրատուութիւնները կ՛ընէր պարագաներէ թելադրուած կամ սրտաբուխ կերպով, երբեմն հրապարակաւ, երբեմն գաղտնի, մինչեւ իսկ իր ընտանիքի անդամներէն ծածուկ: Բարեսրտութեան կողքին իր ունեւորութեան շրջանին առատաձեռն էր:

1936-էն մինչեւ Պաղեստինի աղէտը (1948), 180.000 լ. ոսկի (այսօրուան հաշիւով մէկ միլիոն տոլար) հասնող զանազան նուիրատուութիւններ ըրած էր հայ թէ օտար բազմաթիւ հաստատութիւններու, կարօտեալներու, ուսանողներու: Անոնցմէ մի քանին յիշելու համար թուենք – «Զարթօնք» օրաթերթի մամուլը, Ազունիէի ազգային բուժարանին մէջ սենեակի մը կառուցումը, Հայ ազգային հիմնադրամին եւ «Անի» գրական ամսագրին կարեւոր յատկացում, նոյնպէս «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային զօրասիւնի ֆոնտին, Ս. Էջմիածնին, Անթիլիասի դպրեվանքին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, լիբանանահայ թեմին եւ ՀԲԸՄ-ին:

Ոչ միայն առատաձեռն էր Մկրտիչ Մսըրլեան եւ առաւելագոյն գումարներով կը գլխաւորէր ազգային այլազան հանգանակութիւններ, այլեւ յաճախ ինք կը դառնար մղիչ ուժը իբրեւ հանգանակիչ մարմիններու ատենապետ կամ պարզ ազգային, մղելու համար ունեւոր ազգայինները որպէսզի իր օրինակին հետեւէին:

Իր ազգային-եկեղեցական բեղուն գործունէութեան համար Գէորգ Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս 1945-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ադամանդակուռ Ա. կարգի շքանշանով եւ հայրապետական կոնդակով պատուեց զայն:

Մկրտիչ Մսըրլեան 1969-1974 տարիներուն ապրեցաւ գլխաւորաբար Լոնտոն իր երէց զաւկին մօտ: 1974-ին վերադարձաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 1979-ին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>