Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ճոնին Եւ Ընկերները» Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

$
0
0

Կիրակի, 7 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, տեղի ունեցաւ «Ճոնին եւ ընկերները» խորագիրով դասական երաժշտութեան երեկոյ մը, մասնակցութեամբ` թենոր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, սոփրանօ Նատին Նասիֆի, պարիթոն Աւօ Ագրապեանի եւ դաշնակահարներ Անթոնի Ֆայյատի ու Նանոր Մաճարեանի:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոս, արհիապատիւ Պաթագեան ու Խազումեան գերապայծառներ, Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, Պերճ վրդ. Սապեհ եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ ազգային, կուսակցական եւ քաղաքական մարմիններու պատկանող ներկայացուցիչներ ու խուռներամ բազմութիւն մը:

Համերգը սկսաւ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի սրտի խօսքով, ապա լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեան ներկայացուց Կոմիտասէն «Ով է որպէս» շարականը, որմէ ետք Ղազար վրդ. Պետրոսեանն ու Աւօ Ագրապեանը միացան Ճոնիին եւ մատուցեցին շարք մը գեղեցիկ շարականներու եւ դասական երգեր` երեք ձայներով` «Մինչ օրանէս»` Ագրապեանէն «Օ սոլէ միօ»` Տի Քափուայէն, «Սանթա Լուչիա» Քոթրոյէն: Այս բաժինէն ետք թենոր Ճոնին փունջ մը դասական երգեր ներկայացուց` «Այ Վարդ»` Սպենդեարեանէն, «Հովիւի երգը»` Աւետիսեանէն, «Բարձր սարեր`» Տիգրանեանէն, «Քուեսթա օ քուելլա»` Վերտիէն, որուն յաջորդեց լիբանանցի սոփրանօ Նատին Նասիֆը, որ իր գեղեցիկ ձայնով ներկաներուն հրամցուց շարք մը դասական տաղեր «Քուին աֆ տը նայթ»` Մոցարթ, «Ժէօ վէօ վիվր»` Քունոյէն, ապա Ճոնին եւ Նատինը միասին երկերգի շարքով մը «Սարօ-Անոյշ»` Տիգրանեանէն, «Աթինի նայա ուա ղաննի եւ նասսամ ալէյնալ հաուա» արաբերէն ու «Եու ռէյզ մի ափ»` Լավլենտէն զմայլեցուցին ունկնդիրները: Համերգին աւարտին խումբը իր բոլոր անդամներով ներկայացուց Վերտիէն «Լիպիամօ»  երգը, եւ ներկաներուն ծափահարութիւններով համերգը վերջ գտաւ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>