Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. Իսլամական-Ամերիկեան Վեհաժողովը` Հայկական Ոսպնեակով

$
0
0

Ռիատի մէջ կայացած իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովէն բխած յայտարարութիւններն ու ձեռք ձգուած համաձայնութիւնները քանի մը կարեւոր հանգամանքներով հետագայ իրադարձութիւններու հաւանական հունաւորման մասին որոշ նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Ուաշինկթըն Ռիատի դերակատարութեան վերասահմանման փորձ կը կատարէ. փաստօրէն Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողի իր կարգավիճակը սկսած էր զիջիլ այլ տէրութիւններու: Հիմա, հսկայածաւալ պիւտճէ ենթադրող նոր համաձայնութիւններով, բանակը վերազինելու ամերիկեան որոշումը եւ անկէ բխած Ռիատը հակաահաբեկչական կեդրոն դարձնելու համաձայնութիւնը երեւութապէս սէուտակեդրոն տարածաշրջան ձեւաւորելու նախանիշերը կը փոխանցեն:

Միաժամանակ սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարզ ըսելաձեւով, բայց խառն ուղերձով կը յստակացնէր, որ միջինարեւելեան երկիրներուն փոխարէն Ուաշինկթընը չէ, որ իրենց թշնամիները ճզմելու քաղաքականութիւնը պիտի ստանձնէ: Այստեղ բնականաբար միանշանակ հակառակորդ կամ թշնամի գոյութիւն չունի. Սէուտական Արաբիոյ համար թշնամին Թեհրանն է, Սուրիոյ համար` ՏԱՀԵՇ-ը եւ Անգարան, Անգարային համար` քիւրտերը:

Ուրեմն գետնի վրայ կը թուի, որ հիմնական կտրուկ շրջադարձային փոփոխութիւններու ականատես չ՛ըլլար հանրութիւնը: Օժանդակութիւններ, սահմանափակ գործողութիւններ, այլ ուժերու կողմէ աւելի արմատական գործողութիւններու պարագային զգուշացումներ, համաձայնութիւններ եւ խաղի կանոնները թելադրելու կարգավիճակի պահպանման փորձեր եւ քաոսը վերահսկելու ընդհանուր քաղաքականութեան կիրարկման շարունակութեան փաստեր:

Ռիատակեդրոն տարածաշրջան ձեւաւորելու ամերիկեան ծրագիրը սակայն կրնայ որոշ անհանգստութիւններ յառաջացնել Անգարայի համար: Խնդիրը բնականաբար ոչ թէ Թեհրանի մեկուսացման կը վերաբերի այս պարագային, որքան այդ հակաահաբեկչական համակարգող կեդրոնին համար քրտական զինեալ խմբաւորումները իբրեւ ահաբեկիչ չդասակարգելուն: Փաստօրէն Ուաշինկթընի համար Ռիատի նոր կեդրոնը ահաբեկիչ դասակարգումին մէջ կը ներառէ ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան, Հըզպալլան ու Համասը:

Անգարան կը գիտակցի հերթական անգամ, որ իրեն համար գլխաւոր ահաբեկիչ նկատուած քիւրտ զինեալ խմբաւորումները ոչ թէ ահաբեկիչ չեն նկատուիր ամերիկեան-սէուտական ճակատին համար, այլ ազդեցիկ անշրջանցելի գործօն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար:

Հիմա արդիւնքը այն է, որ բոլորը կը խօսին ահաբեկչութեան արմատախլման կարեւորութեան մասին. Իրանն ու Դամասկոսը ահաբեկչութիւն ըսելով կը հասկնան ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան եւ ՏԱՀԵՇ-ի նմանատիպ խմբաւորումներ, մինչ Սէուտական Արաբիան հիմնականին մէջ Իրանի կողմէ հովանաւորուած Հըզպալլան եւ Համասը, իսկ Անգարան` քիւրտերը: Ուաշինկթընը այս բոլորին մէջ իր դիրքորոշումը կը նոյնացնէ Ռիատին հետ` անհանգստութեան մատնելով Անգարան:

Զուսպ ձեւով այս նոր կեդրոնի աշխատանքներուն կը միանայ նաեւ Պաքուն: Գէթ առայժմ: Անկախ անկէ ուրեմն, որ այստեղ սուր կերպով կ՛երեւին Պաքու-Թեհրան շատ լուրջ հակասութիւններ, յղացքներու ընկալման յստակ տարբերութիւններ կ՛երեւին նաեւ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ահաբեկչութիւն եւ հակաահաբեկչութիւն յղացքներուն եւ անոնց տակ տեղադրուող դասակարգումներուն միջեւ:

Ամփոփ բանաձեւելու համար արձանագրենք առայժմ, որ հայկական ոսպնեակը այս պարագային կը նկատէ Անգարայի մօտ անհանգստութիւն եւ յստակ տարբերութիւն ահաբեկչութիւն եւ հակաահաբեկչութիւն յղացքներու ձեւաւորման, ընկալման` իր եւ իր դաշնակիցներուն միջեւ. իսկ ուղղակի հակասութիւն Պաքուի եւ Իրանի. տակաւին` հետզհետէ ուրուագծուող   Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>