Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Ազգային Մտորումներ…

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Առաջին անգամը չէ, որ այս հարցը կ՛արծարծուի եւ այդ մասին կ՛անդրադարձուի: Վստահ եմ, որ վերջինն ալ պիտի չըլլայ: Սակայն երեւոյթը այն աստիճան նուաստացուցիչ է, որ կը ստիպէ ձայնս միացնել ձայնին այն մարդոց, որոնք տարբեր առիթներով ցուցաբերած են իրենց ընդվզումը` նոյն հարցին առնչութեամբ:

Հարցը կը վերաբերի «Զուարթնոց» օդակայանի ժամանման սրահներու գովազդի հսկայ պաստառներուն վրայ ցուցադրուած նիւթերու պատշաճութեան:

Երկու շաբաթ առաջ, գործիս բերմամբ, քանի մը օդակայաններ այցելելէ ետք, Վարշաւիոյ ճամբով հասայ Երեւան: Ճամբորդութեանս վերջին 2 ժամերուն (կէս գիշերը անց ժամը 2:00-4:00), քաղաքավարութեան զոհ երթալու գնով, կողքս նստող գերմանացիին հետ երկար զրուցած էի Հայաստանի մասին:

Ըստ երեւոյթին, Հայաստան իր առաջին այցելութիւնը ըլլալով` շատ բան չէր գիտեր հայերու եւ մեր հայրենիքին մասին: Ուստի, ամէն ջանք թափած էի լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու հայրենիքս` իր պատմական եւ մշակութային արժէքներով, տեսարժան վայրերով եւ նորագոյն նուաճումներով:

Ներկայացուցածներուս կարգին էին ապրիլեան Եղեռնի յուշարձանը` Ծիծեռնակաբերդը եւ անոր կողքի թանգարանը, ուխտատեղի եւ նուիրական սրբավայր Խոր Վիրապ վանական համալիրը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիով, Տաթեւի վանքը` իբրեւ միջնադարեան Ճարտարապետական եւ հոգեւոր մշակութային կեդրոն, նաեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող իր Ճոպանուղիով:

Նաեւ խօսած էի Դիլիջանի համալսարանին եւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մասին: Մինչեւ իսկ տեղեկացուցած էի վերջին տարիներուն  գինիի զարգացող արտադրութեան մասին, որ կը վերականգնէր Հայաստանի 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող գինիի արտադրելու ճարտարարուեստը:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, մոռցած էի ներկայացնելու մեր երկրին մէջ վերջին տարիներուն զարգացած կարեւորագոյն նուաճումներէն` բախտախաղի շքեղ եւ բազմաթիւ սրահները:

Փաստօրէն, մոռացումս այնքան ալ մեծ թերութիւն մը չէր եղած, որովհետեւ օդակայանի ժամանման սրահներուն մէջ գտնուող հսկայ ելեկտրոնային պաստառները լաւագոյն ձեւով կը ցուցադրէին այդ խաղատուներուն գովազդները: Փա՛ռք ու պատիւ օդակայանի եւ զբօսաշրջութեան մեր պատասխանատուներուն:

Օդանաւէն դուրս գալով` ուղղուեցայ թիւ 4 «կարուսել»-ի սպասման սրահը` պայուսակներուս տիրանալու: Քանի մը վայրկեան չանցած` սրահը լեցուեցաւ նոր ժամանած ճամբորդներով, որոնք մեծամասնութեամբ օտարներ էին: Ճամբորդներէն շատեր, նշմարելով այդ պաստառներուն գովազդները` կ՛ակնարկէին այն ինչը, որ մտքէս կ՛անցընէի:

– Երեւի այս երկիրը, այստե՛ղ, քազինոներէն աւելի կարեւոր ուրիշ բաներ չունի ցուցադրելու,- ըսաւ մէկը:

– Արդեօք պետութեա՞ն կը պատկանին այս քազինոները,- աւելցուց ուրիշ մը:

– Երեւի շատ հպարտ են ասոնցմով,- պատասխանեց անոր ընկերը:

– Աստուած գիտէ` որքա՜ն վճարած է ասոր տէրը, որպէսզի իր գովազդները հոս ցուցադրուին,- աւելցուց չորրորդը:

Նուաստացուցիչ եւ ամօթալի զգացումներով կը լսէի այդ խօսակցութիւնները ու անհամբեր կը սպասէի պայուսակս, որպէսզի վայրկեան առաջ դուրս գայի այդ սրահէն, նախքան նոր ծանօթիս հանդիպիլս:

Ուստի պայուսակս ստանալուս պէս, առանց իսկ չորս կողմս նայելու, դուրս սուրացի սրահէն:

Ճամբորդութեանս ընթացքին այցելած էի Լոնտոնի, Վիեննայի եւ Վարշաւիոյ օդակայանները: Այս օդակայաններուն դիմաւորման անցքերուն եւ սրահներուն պատերուն վրայ ցուցադրուած էին իւրաքանչիւր երկրի տեսարժան վայրերու նկարներ ու պատմական յայտնի դէպքեր յիշեցնող եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններ յատկանշող ազդեր: Մէկ խօսքով, պատշաճ ձեւով կը ծանօթացնէին եւ կը ներկայացնէին իրենց երկիրը այցելող ճամբորդներուն, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ կը թարմացնէին յիշողութիւնը իրենց քաղաքացիներուն:

Իսկ մե՜նք… այնպէս կ՛երեւի, որ մեր երկրին մէջ չունինք նոյնանման նիւթեր, զորս կրնանք ցուցադրել գովազդի այդ պաստառներուն վրայ. արդեօք մեր անցեալն ու ներկան աղքատ ու խղճալի ըլլալուն` պատշաճ հրամցնելիքներ չունի՞նք մեր այցելուներուն: Այդ տուն քանդող «քազինոներ»-էն բացի` ուրիշ իրագործումներ չունի՞նք ցուցադրելու եւ անոնցմով հպարտանալու:

Արդեօք այդ մեր պատասխանատուներն ու ղեկավարները առիթը չե՞ն ունեցած այլ երկիրներ ճամբորդելու եւ տեսնելու ու օրինակ առնելու այդ երկիրներէն: Կամ` թերեւս ալ տեսած են այդ ամէնը եւ սակայն կարողութիւնը չունի՞ն զանազանելու լաւը վատէն Դժբախտաբար այս բոլոր հարցումներուն պատասխանը ժխտական է:

Անոնք` նշածներս, լաւատեղեակ են «ամէն բանէ»: Սակայն, դժբախտաբար, անոնք շլացած են, եւ տարուած` իրենց անձնական շահերով եւ նիւթականով: Կը կարծեմ, որ իրապէս անոնք բոլորն ալ կորսնցուցած են իրենց ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը եւ գերադասած իրենց նիւթականը` ազգային արժէքներէն:

Սակայն ո՛չ… անոնք իրաւունք չունին մեր ազգը նուաստացնելու: Նոյնիսկ պէտք չէ իրաւունք ունենան ոտնակոխելու մեր դարերու արժէքները:

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վերջ դնել այս անտարբերութեան եւ արհամարհանքին:

Ո՞ւր են մեր ազգային դիմագիծի հանդէպ բծախնդիր պատասխանատուները, ո՞ւր է մշակոյթի նախարարութիւնը, ո՞ւր է զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, կամ ո՞ւր են մեր կազմակերպութիւնները… Արդեօք անոնք այս մասին ըսելիք չունի՞ն կամ իրենք ալ իրենց շահերով տարուած` մտահոգ են երկրի ղեկավարները վշտացնելէն եւ իրենց շահերը վտանգելէն:

Եթէ այս է իրականութիւնը, ուրեմն կը մնանք միայն մենք` երկիր այցելող բծախնդիր զբօսաշրջիկներս, եւ մեր կողքին ալ ապրուստ մը ապահովելու հազար ու մէկ մտահոգութիւններ ունեցող ճնշուած Հայաստանի բնակիչները:

Մե՛նք պէտք է տէր կանգնինք մեր արժանապատուութեան: Պէտք է պահպանե՛նք մեր մշակութային արժէքները եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, եւ ինչո՞ւ չէ, հարկ եղած պարագային ալ պէտք է զգուշացնենք եւ գիտակցութեան հրաւիրենք մեր ղեկավարներն ու պատասխանատուները.

Իսկ եթէ մենք ալ թերանանք, հաւատացէ՛ք, այդ ժամանակ ուշ պիտի ըլլայ, երբ բացագանչենք` «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>