ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
«Ազդակ» օրաթերթի 10 մայիս 2017 թիւին մէջ, «Հայրենի կեանք» էջին մէջ, հանդիպեցայ «Արցախ Տիգրանակերտի մէջ հնագիտական պեղումները կը շարունակուին» գրութեան, որ կը վերջանայ հետեւեալ անճիշդ հատուածով.
«Յիշեցնենք, որ Արցախի Տիգրանակերտին մէջ պեղումները սկսած են 2006 թուականին` հնագէտ Համլեթ Պետրոսեանի անձնական նախաձեռնութեամբ: 2008 թուականէն մինչեւ այսօր Արցախի նախագահին որոշումով Տիգրանակերտը կը պեղուի պետութեան նիւթական աջակցութեամբ»:
Ո՛չ, Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները սկսած չեն Համլեթ Պետրոսեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, այլ` «Երկիր» հասարակական կազմակերպութիւն միութեան նախաձեռնութեամբ:
Ո՛չ, Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները սկսած չեն 2006 թուականին, այլ իբրեւ տեղավայրի պրպտումներ` սկսած են 1999-ին, եւ իբրեւ մասնագիտական պրպտումներ` 2004-ին, գլխաւորութեամբ հնագէտ Համլեթ Պետրոսեանի եւ մասնակցութեամբ այլ հնագէտներու: Այսպէս, վայրի փնտռտուքները 1999-2004 եւ մասնագիտական փնտռտուքներն ու պեղումները 2004-2007-ին եղած են «Երկիր» միութեան նախաձեռնութեամբ:
Այո՛, ճիշդ է, ինչպէս կը յիշուի գրութեան վերջին, տողերով «2008 թուականէն մինչեւ այսօր Արցախի նախագահին որոշումով Տիգրանակերտը կը պեղուի պետութեան նիւթական աջակցութեամբ»:
***
Այժմ սեղանիս վրայ են բազմաթիւ տեղեկագիրներ, հաստատումներ, վկայութիւններ եւ «Ուխտագնացութիւն դէպի Արցախի Տիգրանակերտ» յօդուածաշարքս` նոթագրուած եւ մասամբ գրուած Շուշիի մէջ, 2007 սեպտեմբերին, ամբողջացած 2007-ի վերջը, Պէյրութի մէջ եւ յաջորդական յօդուածներով հրատարակուած Պէյրութի «Արծիւ» շաբաթաթերթի մէջ, 2008 թուականին:
Չեմ ուզեր վերլուծումներ կատարել, այլ միայն վկայութիւններ` վասն ճշմարտութեան:
– Արցախի Տիգրանակերտի վայրը գտնելու գեղեցիկ երազը ծնաւ 1997-ին, գրաւեալ Աղտամի աւերակներուն վրայ, երբ այդ փլատակներու լռութիւնը խզելով` ըսի ինծի ընկերակցող երիտասարդին.
– Գիտե՞ս, Մեծն Տիգրան իր աթոռանիստ Տիգրանակերտէն զատ նաեւ Տիգրանակերտ մը հիմնած է Արցախի հողերուն վրայ, այս վայրէն դէպի հիւսիս, որուն հետքը կորսուած է այժմ: Երբ այս հողերը մերն են այլեւս, կարելի չէ՞ գտնել Արցախի Տիգրանակերտը:
Երիտասարդը շեշտակի նայեցաւ աչքերուս ու շշնջաց.
– Պիտի գտնեմ Արցախի Տիգրանակերտը:
(Տես «Արծիւ» շաբաթաթերթ, 2008 «Ուխտագնացութիւն դէպի Արցախի Տիգրանակերտ», Բ. յօդուած)
– 2002 նոյեմբերին վերոյիշեալ երիտասարդը Երեւանի մէջ կը հիմնէ «Երկիր» հասարակական կազմակերպութիւն միութիւնը (ՕNG), որուն գլխաւոր ծրագիրներէն եւ նախաձեռնութիւններէն մէկը կ՛ըլլայ Արցախի Տիգրանակերտի յայտնաբերման ծրագիրը:
– 1999-էն մինչեւ 2002 թուականը, «Երկիր» միութեան անունին տակ, երիտասարդ պատասխանատուն կը ջանայ հետք մը գտնել Տիգրանակերտէն: Ի զո՛ւր: Սակայն 2004-ին Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ գիւղացիք կը յայտնեն իրեն, թէ գտած են հողոտ ճամբայ մը, որ ազերիներու կողմէ գոցուած է կտրտուած ծառերով եւ հողաթումբերով: Խորհելով, թէ այդ կրնար ըլլալ իրենց փնտռած Տիգրանակերտի հետքերէն մէկը եւ նաեւ ճշդելէ ետք թէ ականապատուած չէ ճամբան, երիտասարդ պատասխանատուն եւ գիւղացիք կը մաքրեն ճամբան, կը յառաջանան ու կը գտնեն հայկական վանային համալիր մը:
Երիտասարդ պատասխանատուն կը փնտռէ հնագէտ մը: Կը ծանօթանայ Համլեթ Պետրոսեանին, որուն շնորհիւ ի յայտ կու գայ, թէ այդ համալիրը, իր յարակից մասերով, Հանդաբերդի վանքն է:
– Երիտասարդ պատասխանատուին եւ Համլեթ Պետրոսեանին այս հանդիպումը դուռ կը բանայ համաձայնութեան մը եւ «Երկիր» միութիւնը Արցախի Տիգրանակերտի վայրը գտնելու պարտականութիւնը կը վստահի Համլեթ Պետրոսեանին:
– 2004 թուականի վերջին ամիսներուն կը սկսին հետախուզական աշխատանքները: 22 ապրիլ 2005 թուակիր տեղեկագրով մը Համլեթ Պետրոսեան կը ներկայացնէ այն հաւանականութիւնը, թէ Տիգրանակերտը կրնայ գտնուիլ Խաչենագետի ներքնահովիտի շրջանին մէջ, գետին աջ եւ ձախ ափերուն վրայ, մին Սոֆուլու գիւղը, իսկ միւսը` Շահբուլաղ կոչուող աղբիւրներու մերձակայքը: Շուտով, շնորհիւ արշաւախումբին, ի յայտ կու գայ, որ Տիգրանակերտը կը գտնուի Վանքասար բարձրացող լերան ներքնամասին վրայ:
– Վերոյիշեալ տեղեկագրին զուգահեռ, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Հին հնագիտական բաժնի դոկտոր Ժորես Խաչատուրեան եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Փիլիպոսեան կը կատարեն Տիգրանակերտի տեղագրութեան հիմնաւորումը` արձանագրելով.
«Արցախի Տիգրանակերտի աւերակները գտնւում են Շահբուլաղի աղբիւրներից դէպի Վանքասար ձգուող լերան ներքնամասում եւ նրան հարաւի կից հարթութիւններում:
– 14 դեկտեմբեր 2005-ին, Մինսքի խումբի համանախագահներու Պաքու ժամանման օրը, Հայտար Ալիեւ կոչ ըրաւ ազրպէյճանցի գիտնականներուն` ժխտել Արցախի մէջ գտնուող պեղումները եւ յայտարարել, թէ հայերը եկուորներ են միայն: Ալիեւի այս ծիծաղելի խօսքին անմիջապէս պատասխանեց «Երկիր» միութեան երիտասարդ պատասխանատուն` Տիգրանակերտի պեղումներուն նուիրուած «Սահմանների մշակոյթ» երկրորդ ցուցահանդէսի իր բացման խօսքին մէջ:
– 2006-ին «Երկիր» միութիւնը, հակառակ իր տնտեսական համեստ պայմաններուն, կրցաւ կատարել աշխատանքներ: Կատարուեցան պեղումներ, եւ ի յայտ եկան Տիգրանակերտ Քաղաքի Կեդրոնական թաղամասին մէջ վաղ քրիստոնէական պազիլիքայի մնացորդները, Միջնաբերդին վրայ «ծիծեռնակապոչ» շարուածքով պարիսպին մէկ հատուածը եւ Ամրացուած թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն յենապատը:
2007 մայիսին շարունակուեցան պեղումներ` աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ: Ամբողջական գործը նախաձեռնող «Երկիր» միութեան կողքին` տնտեսապէս մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, Ժընեւի «Արմենիա»-ն եւ «Փիլիպոսեան Եղբայրներ» հիմնադրամը: Շնորհիւ այս նիւթական կացութեան` կատարուեցան Տիգրանակերտի Քաղաքային թաղամասին պեղումները, ուրարտական կամ վաղ հայկական ամրոցի պեղումները եւ խաչքարի յայտնաբերումը:
2007 օգոստոսին «Երկիր» միութեան եւ Համլեթ Պետրոսեանի կողքին, այս նուիրական գործին իրենց մասնակցութիւնը բերին Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի դոցենտ Լիուբա Կիրակոսեանը, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս Վարդգէս Սաֆարեանը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտական եւ Ազգագրական հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Աղաւնի Ժամկոչեանը: Վերսկսան պեղումները եւ ի յայտ եկան:
Ա.- Միջնաբերդի ծիծեռնակապոչ պատը (15 մեթր), դարաւանդը պահող ամրապատի մէկ հատուածը, կացարաններու հետքերը եւ թոնիրները, խաչի բեկորներ, գունագեղ խեցեղէններ եւ փոքր առարկաներ, որոնք կը բնորոշեն պատմութեան ժամանակաշրջանները:
Բ.- Պեղուեցան եւ գտնուեցան Վանքասարի լանջն ի վեր բարձրացող պարիսպին հիմքերը (400 մեթր), որոնց 80 մեթրը բացայայտուեցաւ ամբողջութեամբ:
Գ.- Պեղուեցան Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ գտնուող քրիստոնէական պազիլիքան (5-6-րդ դար), իր աղօթասրահի արեւելեան կէսով, պայտաձեւ աւագ խորանի ետեւի մասով, ինչպէս նաեւ` հիւսիսային եւ հարաւային մուտքերով:
– (Փակագիծ մը բանալով` ընթերցողին համար պէտք է վերյիշեցնել, որ այս բոլոր աշխատանքները կատարուած են 2004 թուականի վերջին ամիսներէն մինչեւ 2007 թուականի աշնանամուտը):
***
Ինչպէս կը յիշէ Համլեթ Պետրոսեանը` «2008 թուականէն մինչեւ այսօր Արցախի նախագահի որոշումով Տիգրանակերտը կը պեղուի պետութեան նիւթական աջակցութեամբ»:
Սակայն, անգամ մը եւս շեշտեմ, Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները սկսած չեն Համլեթ Պետրոսեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, այլ «Երկիր» միութեան նախածրագրով եւ նախաձեռնութեամբ: Նախածրագրումներն ու նախաձեռնութիւնները սկսած են 1999-ին, պեղումները սկսած են 2004-ին, գործը ամբողջութեամբ պետութեան փոխանցուած է 2008-ին:
***
Կ՛ուզեմ հաստատել, որ Համլեթ Պետրոսեանը` իբրեւ հնագիտութեան դոկտոր, դասախօս ԵՊՀ-ի հայոց պատմութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոններուն, անդամ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի Եւրսոցիալիստական մշակութային փոփոխութիւններու հետազօտութեան «Սոյուզ» միութեան եւ անդամ Միացեալ Նահանգներու Հարվըրտ համալսարանի Եւրասիական հետազօտութիւններու միութեան, 2004-2007 ժամանակաշրջանին լաւագոյն ձեւով կատարեց Արցախի Տիգրանակերտի վայրը գտնելու հետախուզական աշխատանքները եւ ապա` պեղումներու մասնակի իրագործումը:
***
Այս վերջին պեղումներէն ամիս մը ետք, 2007 սեպտեմբերին, գացի Արցախ` տեսնելու համար 1997 թուականին Աղտամի աւերակներուն վրայ յայտնաբերուած եւ իրագործուած երազս:
Եւ հաստատեցի, թէ այն, ինչ որ արձանագրուած էր «Երկիր» միութեան եւ Համլեթ Պետրոսեանի տեղեկագիրներուն եւ զեկոյցներուն մէջ, ամբողջութեամբ ճիշդ էին:
Արդ, տասը տարի ետք, ինչո՞ւ այս խախտումը: Ինչո՞ւ նախաձեռնութիւնը խլել մարդոց ձեռքերէն, երբ անոնք ունեցած են գեղեցիկ երազ, նախաձեռնութեան ազնիւ կիրք եւ այս բոլորը իրագործելու կամքը:
***
Անձնական նախաձեռնութիւն…
Չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս 2004 թուականին այս գործին սկսող անձ մը կրնայ իր անձնական նախաձեռնութիւնը ունեցած ըլլալ 1999-ին սկսած եւ 2002-ին պաշտօնականացած այս գործին մէջ:
***
Կարելի չէ իւրացնել ուրիշին Երազը, երբ դուն չես ապրած տեսիլքը:
Երբ դուն չես ապրած տեսլականը` չես կրնար ապրիլ գլխաւոր երազը:
***
Այս պահուս որոշեցի առանձին գրքոյկով հրատարակել 2008 թուականին «Արծիւ» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած «Ուխտագնացութիւն դէպի Արցախի Տիգրանակերտ» յօդուածաշարքս:
Հոն իր մանրամասնութիւններով արձանագրուած են բոլոր ճշմարտութիւնները:
***
Բարի երթ կը մաղթեմ Արցախի Տիգրանակերտի նորանոր պեղումներուն:
Այսօր հողերու տակ սպասող Արցախի Տիգրանակերտը փոքր մանուկ մըն է միայն, որ կոչուած է իր պահուած տարածքովը, իր պատմական վկայութիւններովը, իր բացառիկ ճարտարարուեստով եւ հրապոյրով հասնիլ աշխարհի հնագիտական եւ պատմական մեծագոյն քաղաքներուն:
Եւ չմոռնա՛նք:
Արցախի Տիգրանակերտը Հայաստանի սահմաններուն վկայութիւնն է:
Մայիս 2017