ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Եթէ դուն Հալէպի փողոցները իջնես այս ամիս, անկարելի է, որ կապոյտը չտեսնես: Կիներն ու աղջիկները կապտաւուն կը դառնան մայիսին: Եկեղեցին ալ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս ամսուան ու կը նուիրաբերէ Աստուածածինին:
Խոսովանիմ, որ կապոյտը նաեւ իմ նախասիրած գոյներէս մէկն է: Կապոյտը երկնքի, կապոյտը անսահմանութեան, կապոյտը ծովուն, կապոյտը երազայինին, կապոյտը անմեղութեան, կապոյտը պարզութեան… Այնքան կապոյտը սիրեցի, որ Աստուած ալ արժանի տեսաւ զիս, որ մայրանոցը երկու անգամին ալ կապոյտով զարդարեմ:
Ամէն ոք իր «ակնոցով» կը դիտէ կապոյտը անշուշտ, ինչպէս` Զահրատին Կիկոն:
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Երկինքը կապոյտ – ծովերը կապոյտ
Սիրած աղջկան աչքերը կապոյտ
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի –
Կ՛ըսես ծովերը կապոյտ էին միշտ
Կ՛ըսես երկինքը կապոյտ էր արդէն
Չի հաւատար որ – նոր տեսայ կ՛ըսէ
– Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի:
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
ՀԻՄԱ կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ:
Կապոյտը շատերը կը սիրեն նաեւ: Գիտնալով հանդերձ, որ գեղեցկութիւնը յարաբերական յատկանիշ մըն է, այնուամենայնիւ, լսած եմ յաճախ աղջկան մը մը գովքը հիւսողներէն. «Շատ գեղեցիկ է. դեղին մազերով ու կապոյտ աչքերով է» արտայայտութիւնը:
Կ՛ըսենք` սնոտիապաշտութիւն է մեր մեծերուն կողմէ յաճախ կրկնուած այս արտայայտութիւնը` «Կապոյտ հլուն կախեցէ՛ք», բայց եւ այնպէս մանուկին մկրտութեան խաչին հետ կապոյտ հլուն մըն ալ կու տայ քեզի ոսկերիչը, ու դուն հաճոյքով կը դնես զայն զաւկիդ ուսին:
Կապոյտը նաեւ իր երանգներն ունի: Մուգ կապոյտը աւելի գրաւիչ է անշուշտ բաց կապոյտէն, մանաւանդ` կանացի հագուստին վրայ: Եթէ բաց կապոյտը ուխտի հագուստն է, ապա գոցը, կրնաս, օրինակ, հարսանեաց խրախճանքներուն սիրով կրել… Կարմիրին մէջ անգամ գոյներուն մէջ ամէնէն պաղ համարուող կապոյտը կայ: ճարճատուն կարմիր կրակէն ետք, երբ բոցը կամաց կամաց կը հանդարտի ու մարմանդ կը դառնայ, կապոյտ գոյնի երանգ կ՛ունենայ վառարանիդ կրակը ու ապահով ջերմութիւն կը տարածէ տանդ մէջ: Ցած ու կապուտակ կրակին վրայ է, որ նաեւ տանտիկինը կրնայ համադամ ճաշեր պատրաստել` իր տաքուկ շունչը ներդնելով անոր մէջ: Ի զուր չէր ըսեր ողորմած կեսուրս` «Սօսի՛, կրակին տակը ցածցո՛ւր…»:
Կապոյտի երանգներէն մուգ կապոյտի ընդհանուր համայնապատկերին մէջ, ահա, աստղերը գիշերուան կը պսպղան, այլապէս պիտի չտեսնուէին անոնք այսքան փայլուն, այսքան արծաթափայլ: Ու դուն կարելիութիւնը պիտի ունենաս անկաշկանդ կերպով երազանքներովդ երկինքն ի վեր թեւածելու` հասնելու համար ուր որ կ՛ուզես… Իսկ առաւօտուն, բաց կապոյտին հետ, նո՛ր օրուան, նո՛ր յոյսովը տոգորուած` կը հաւատաս, որ այդ կապոյտին տակ պիտի իրականանան գիշերուան երազներէդ գէթ մաս մը` մնացեալ բաժինը ձգելով կրկին գիշերուան կապոյտին:
Կապոյտի ամիս: Աստուածածինի ամիս: Մաքրութեան ու անմեղութեան խորհրդանիշ եւ բարեխօս մեր ու Աստուծոյ միջեւ: «Լսել եմ, որ կապոյտի վրայ ճանճեր չեն նստի»: Մարիա՛մ, եկ ու կապոյտ հագցրու ինձ ներսից ու դրսից» (Պ. Սեւակ):