Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ    

Պոլիս` սուլթաններու մայրաքաղաքին մէջ, Մկրտիչ Խրիմեան ամբողջովին անծանօթ մըն է: Ապրուստը ապահովելու համար ան կը ստիպուի երկու տարի կօշկակարութիւն ընել: Անոր շուրջ կը հաւաքուին մշեցի եւ վանեցի պանդուխտները: Կօշկակարը կը դառնայ «ղարիպներու վարժապետ»: Ան կը մխիթարէ պանդուխտ հայրենակիցները, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ անոնց: Շուտով պանդուխտներու շրջանակէն հռչակը կը հասնի ամիրայական շրջանակներ: Կը հրաւիրուի պաշտօնավարելու Խասգիւղի աղջկանց վարժարանը:

«Հայաստանցի վարժապետ»-ը լայն ընդունելութիւն կը գտնէ պոլսահայութեան մէջ, որովհետեւ «Հայաստանի ցաւերու պատմիչն» է ան, «Բացառիկ դէմք է, կենդանի Հայաստանն է», Գառնիկ Գիւզալեանի բառերով(4): Անոր կարողութիւններէն օգտուելով` պատրիարքարանը կրթական գործով զայն կը գործուղէ Սիս, ուր ան կը մնայ մէկ տարի: Խրիմեան կ’այցելէ նաեւ Երուսաղէմ` աւետեաց երկրին ծանօթանալու համար:

Այս հանգրուանին ի յայտ կու գան Խրիմեանի բանաստեղծական շնորհները: Ան լոյս կ’ընծայէ «Հրաւիրակ Այրարատեան» եւ «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց» գործերը, առաջինը հայրենասիրական, իսկ երկրորդը` կրօնական ապրումներով բանաստեղծութիւններ: Զոյգ «Հրաւիրակ»-ները երեւան կը հանեն Խրիմեանի ազգային ու հոգեւոր մտածողութեան գլխաւոր ըմբռնումները:

1853-ին, եօթը տարուան բացակայութենէ ետք, Խրիմեան կը վերադառնայ Վան, ուր ծանր հարուած մը կը սպասէր իրեն: Վանի մէջ մահացած էին մայրը, կինն ու դուստրը: «Նախախնամութիւնը, իր իսկ բացատրութեամբ, կը տնօրինէ բարին»(5), եւ տարի մը ետք, Աղթամարի վանքին մէջ ան կը ձեռնադրուի Վարդապետ, անփոփոխ պահելով աւազանի անունը:

Յատկանշական է 34 տարեկան տէր Մկրտիչի վարդապետական անդրանիկ քարոզին բնաբանը` «Հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց իւր»(6), որովհետեւ բնաբանին հետեւողութեամբ, Խրիմեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կը հանդիսանայ քաջ ու նուիրեալ հովիւ մը, որ իր անձը կը նուիրէ հայութեան դատին, իրաւունքներուն, քաղաքական եւ հոգեւոր ազատագրութեան նպատակին:

Դժբախտաբար Աղթամարի պահպանողական միաբանութիւնը թոյլ չի տար նորընծայ վարդապետին իր երազը իրականացնել եւ Մխիթարեաններու օրինակով Աղթամարը վերածել հայկական Վենետիկի: Խրիմեան կը փափաքէր ժառանգաւորաց վարժարան բանալ, տպարան եւ մամուլ հիմնել,  վանքին ու ժողովուրդին ծառայել: «Լոյս, գիտութիւն տարածելը հայկական խաւարի մէջ, դպրոց բանալը, մամուլ, գրականութիւն ստեղծելը եղել է նրա ամենասիրած եւ ամենաառաջին գործը,- պիտի հաստատէր Սիմոն Զաւարեան Խրիմեանի թաղման արտասանած դամբանական իր խօսքին մէջ ու պիտի շարունակէր,- զարթեցնել կամայականութեան տակ հեծող մարդոց արժանապատուութիւնը, զարգացնել գերութեան մէջ ապրող հայի` ազգային ինքնաճանաչութիւնը եղել է Մեծ Մարդասէրի ջանքերից մինը»(7):

1854-ին Խրիմեան Պոլիս է: Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ քարոզիչն է ան: Հոս անոր քարոզներուն բնաբանն է` «Հուր եկի արկանել…» («Եկայ կրակը վառելու…»)(8): Իսկապէս ալ ան կրակ ու բոց քարոզներով կը բորբոքեցնէ Պոլսոյ հայ հաւատացեալներուն սիրտերն ու միտքերը: Իր խօսքերը թէեւ հեռու են ճարտասանութենէ, բայց հոգիները ցնցելու գաղտնիք մը ունին: Իր քարոզներուն նիւթը Հայաստանն է ու հայութիւնը: «Աղեաց խորերէն կը սիրէ նա հայն»(9), պիտի ըսէր Պետրոս Դուրեան: Իր ըսելիքներէն չվախցող մարդն է ան: Երեւոյթները կը նշէ իրենց հարազատութեամբ, պատասխանատուները` իրենց անուններով:

Անվախ Խրիմեան առիթով մը կը դիմէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հայազգի դէմքերուն եւ իր խօսքը սուլթանի վառօդապետին` Տատեան ամիրային ուղղելով` կ’ըսէ. «Կը բաւէ՛ արքունիքին վառօդ մատակարարես: Ամբարած վառօդներէդ քիչ մըն ալ Հայաստանի հայերուն տուր` թշնամիներու դէմ գործածելու համար»: Ապա խօսքը արքունի ճարտարապետին` Պալեան ամիրային ուղղելով կ’ըսէ. «Կը բաւէ՛ սուլթանին համար պալատներ շինես, եկո՛ւր, քեզի Հայաստան տանիմ, հոն մեր նախնիներու աւերակներ շատ կան: Եկուր եւ նորոգէ մեր փլած եւ կիսաւեր ամրոցները, բերդերն ու պալատները»(10):

Խրիմեան լաւ քարոզախօս է, բայց քաջ կը գիտակցի, որ բանաւոր խօսքը շատ շուտ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը: Ան անհրաժեշտ կը գտնէ ունենալ գրաւոր խօսք, մամուլ եւ տպարան: Հետեւաբար, Պոլսոյ ազդեցիկ հայ գերդաստաններու նիւթական աջակցութեամբ, 1855-ին ան կը սկսի հրատարակել «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթը` նպատակ ունենալով խօսիլ պատմական մեր հայրենիքին, անոր անցեալի բարգաւաճութեան, ներկայի դժբախտ վիճակին, հայրենաշէն հայ քաջերու եւ հայրենիքին վերաբերող հոգեւոր հարցերու մասին: «Նոր հայութիւնը կայ, այդ գաւառի, բուն հայկական հողերու վրայ ապրող հայութիւնն է, կքած, անցեալին հետ իր կապերը կտրած, ցաւի եւ տառապանքի տակ ճնշուած ու մերձիմահ: Ահա այս հայութիւնն է, որ պիտի վերածնի», կը գրէ ան(11):

«Արծուի Վասպուրական»-ի էջերէն Խրիմեան կը պայքարի պանդխտութեան դէմ եւ կոչ կ’ուղղէ հայրենադարձութեան: Ան աշխարհասփիւռ հայութենէն կը պահանջէ վերադառնալ հայրենիք եւ շէնցնել մեր պապերէն ժառանգ մնացած երկիրը: Խրիմեանի ամբողջ ճիգը հայը իր հայրենիքին մէջ պահելն է: Անոր նիւթական կացութիւնը բարելաւելն է: Իր մտածումներով ան մեր ժամանակակիցն է: Ան կը հաւատայ, որ հայութեան հոգեւոր եւ նիւթական բոլոր ուժերը պէտք է կեդրոնացնել Հայաստանի մէջ եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի հայը չլքէ հայրենի հողը, չհեռանայ «դրախտանման ոստանէն»: Ան սեփական ուժի կերտման պաշտպանն է: Կը մերժէ օտարին կապուած յոյսերը: «Այն ազգ եւ աշխարհ որ հայ չէ, մեզ հետ չի լար, այլ մեզ չէ պէտք օտարին լաց: Ես գիտեմ եւ դու գիտես, թէ սոսկ լալով ու ողբերով եթէ շաղախենք մեր հայրենեաց հող, հայրենիք չի շինուիր», կը շեշտէ ան(12):

«Արծուի Վասպուրական»-ը Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ 12 թիւ` յունիս 1855-էն յունիս 1856: Այնուհետեւ ան կը փոխադրուի Վասպուրական: Կիւթենպերկեան գիւտին լոյսը Արեւմտահայաստան հասցնելու Խրիմեանի երազը կ’իրականանայ եւ հայ գաւառը կ’ունենայ իր առաջին թերթը: Դժբախտ պայմաններու մէջ հայրենի երկրէն փախուստ տուած հայ միտքը ի վերջոյ կը վերադառնայ հայրենիք, կը հայրենանայ, կ’ենթարկուի մեր ժողովուրդի առողջ ազդեցութեան, կը կապուի գաւառի համեստ խաւերուն` ականջալուր դառնալով անոր կարիքներուն, սպեղանի` անոր ցաւերուն:

(Շար. 2)

Դասախօսութիւն` ներկայացուած Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին:

——————-

Ծանօթագրութիւններ

  1. Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհը», Պէյրութ, 1954, էջ 21:
  2. Թորգոմ արք. Գուշակեան, «Խրիմեան Հայրիկ», Անթիլիաս, 1990, էջ 22:
  3. Է. Ա. Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», 1997, թիւ 3, էջ 33:
  4. «Սիմոն Զաւարեան», խմբագիր` Հրաչ Տասնապետեան, Ա. հատոր, 1983, էջ 177:
  5. Է.Ա. Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», 1997, թիւ 3, էջ 33:
  6. Պետրոս Դուրեան, «Ի դիմաւորութեան Ամեն. Հայրիկին», «Երկեր», Անթիլիաս, 1987, էջ 40:
  7. Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհը», Պէյրութ, 1954, էջ 27:
  8. Նոյնը, էջ 26:
  9. «Խրիմեան Հայրիկ երկեր», Ե. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 428:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>