Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Առարկայականութեան Ի Խնդիր` Ճիշդ Ուղի Ընդգրկելու Համար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայ հանրային կեանքի մէջ, քաղաքական, կրթական, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, գիտական, եկեղեցական եւ այլ, կը յայտնուին կարծիքներ` տուներու, սրճարաններու եւ ժողովներու մէջ, լրատուամիջոցներով, բեմերէ:

Առարկայական տուեալներու բացակայութեան ոչ ոք հարցականի կրնայ ենթարկել այդ կարծիքներու ճշդութիւնը եւ բարեկամեցողութիւնը, նոյնիսկ երբ անոնք մրցակցական նպատակներ կը հետապնդեն:

Եւ քանի որ կանոն է խօսքի ազատութիւնը, հանդուրժելի են բոլոր կարծիքները: Հետեւա՞նքը…

Նուազագոյն պարկեշտութեամբ եթէ դիտենք կացութիւնները եւ ներկայացող տուեալներու պատկերը, պարզապէս կը հաստատենք, որ արտայայտուած կարծիքները մեծաւ մասամբ կը կռթնին ենթակայական գնահատումներու եւ տուեալներու վրայ: Ուստի անոնք միշտ վիճելի են, ժամանակաւոր, կողմնապաշտ, մասնակի, եւ փոխանակ բերելու յստակացումներ, որոնք անհրաժեշտ են ճիշդ դատումներու եւ կողմնորոշումներու համար, կը շեշտեն շփոթները:

Անորոշութիւնը եւ «մօտաւորապէս»-ը պատճառ կ’ըլլան ամլացնող վէճերու, կը յառաջացնեն շփոթներ, եւ ազգին նաւը կը յառաջանայ միայն պարզ աչքերով դիտող ղեկը բռնած նաւապետի ճապկումներով, ֆրանսացին կ’ըսէ` pilotage à vue, նաւավարութիւն` առանց հեռուն տեսնելու, առանց կողմնացոյցի եւ հեռադիտակի:

Արդարեւ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ըսելէ եւ ծրագրումներ ընելէ առաջ, հարկ է ունենալ առարկայական, ոչ ենթակայական եւ բոլորին համար անվիճելի տուեալներ եւ տեղեկութիւններ, անվիճելի ճշգրիտ թիւեր եւ վիճակագրութիւններ: Այս` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Մեր «քաղաքականութիւններ»-ը եւ «նախաձեռնութիւններ»-ը նկատի կ’ունենան «ինչ կ’ուզենք»-ի հայրենասիրական կամ փառասիրական ցանկութիւնները, առանց նկատի առնելու «ի՞նչ ենք»-ը, «ի՞նչ կրնանք»-ը, մեր կարողութիւնները, ազգային գոյացումը երաշխաւորող տուեալներու կենսական պատկերը:

Միշտ կարելի է խօսիլ եւ հանրութիւն յուզել «պահանջ»-ներով, ցանկութիւններով, հեռանկարներով, որոնք վերջին հաշուով կը նմանին մենախօսութեան: Ամբոխավարական խօսքը կարիք չունի առարկայականութեան եւ զանգուածներուն կը մատակարարէ ինքնամոռացման եւ հաւկուրութեան անվաղորդայն ապրումներ` մասնակիին տալով ընդհանրական եւ տիեզերական բնոյթ, տուեալ պահու մը անվաղորդայն հրավառութիւններու ծնունդ տալով:

Ազգապահպան Անհրաժեշտ Եւ
Առարկայական Տուեալներ

Այսօր իրապէս ի՞նչ գիտենք նոր սկսած դարու հայ ժողովուրդի համրանքի մասին: Համրանքը կ’ենթադրէ թիւ, թիւերը, ըստ էութեան, անվիճելի պէտք է ըլլան:

Կարելի՞ է հայ ազգի մարդահամարը կազմել: Անկարելի՞ է այդ ընել:

Պետութիւնը, եկեղեցին(ներ)ը, կուսակցութիւնները եւ այլ կառոյցներ եթէ փորձեն համրանքի գնահատում ընել, կամ եթէ անոնց դիմուի այդ գնահատումը լսելու համար, պիտի գտնուինք արտառոց տարբերութիւններու առջեւ:

Կարելի՞ է աշխատանքի ծրագրում ընել` առանց գիտնալու, թէ անոր իրականացումը որո՛նց համար եւ որոնց հետ պիտի ըլլայ:

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը (յաճախ կրկնուող եւ ամբոխավարական ճառի մակարդակին մնացող բառ) սերտօրէն կ’առնչուի ազգի համրանքին եւ անկէ յառաջացած մարդուժին: Հայրենիք կը պահուի՞ եւ ազգ կը գոյանա՞յ առանց մարդուժի:

Ո՞վ պիտի իրականացնէ այս մարդահամարը` որպէս սոսկ թիւ: Կարելի կ’ըլլա՞յ ստեղծել պետական-համազգային կառոյց մը, որ յառաջիկայ երկու կամ հինգ տարիներուն սկսի եւ իր լրումին հասցնէ համահայկական մարդահամար մը, եթէ հնարաւոր ըլլայ ճշդելով նաեւ զանազան ազդակներու բերումով յառաջացած «ծագումով հայեր»-ու կամ «կորսուած համարուածներ»-ու համրանքը:

Այս համրանքին համար թուական լրիւ ճշգրտութիւն պիտի չըլլայ, այլ` վիճակագրական, պայմանաւ որ անճշդութեան տոկոսը գիտնանք, ան ըլլայ ընդունելիի եւ տրամաբանականի սահմաններուն մէջ:

Յաւելեալ ճշգրտութեան համար կարելի է կազմել որակի արժեւորման աստիճանաչափ` գիտնալու համար, թէ որո՛նք են ազգի անդամութեան յատկանիշները, որպէսզի ազգը չդիտուի որպէս անորոշ դիմագիծով միգամած մը: Անորոշութիւնը երբեք ճիշդ ուղիով չ’առաջնորդեր բոլոր տեսակի ղեկավարումները:

Այս «մարդահամար»-ը սիրողական աշխատանք չէ, թաղային եւ համայնքային գնահատում չէ: Անիկա կը պահանջէ կարեւոր վարկեր, մասնագիտական կազմակերպում եւ լիավճար աշխատողներ:

Մարդահամարի իրականացման կողքին, միաժամանակ, ճիշդ բանաձեւուած եւ շփոթներ չստեղծող հարցարանով, այլ տեղեկութիւններ պէտք է հաւաքել, օրինակ` այրերու եւ կիներու համեմատութիւնը, տարիքային շերտերը, հաղորդակցութեան ընթացիկ լեզուն, ուսման մակարդակը, գործունէութեան մարզերը (գիտութիւն, հողագործութիւն, առեւտուր, արհեստներ եւ այլն), դասակարգում կատարելով ըստ եկամուտի եւ կեանքի պայմաններու, կարողութիւններու: Այս բոլոր մանրամասնութիւնները ի յառաջագունէ կ’ուսումնասիրուին եւ կը ճշդուին մարդահամարը եւ վիճակագրութիւնը կազմակերպելու կոչուած կեդրոնական ոչ սիրողական մարմինին կողմէ:

Զուգահեռաբար կը կազմուի, օրինակ, հայկական վարժարաններու եւ ուսուցման կեդրոններու ցուցակը, լրատուամիջոցներու, հայկական կեդրոններու, միութիւններու, անորոշ սահմանումով «կազմակերպութիւն»-ներու եւ եկեղեցիներու ցանկը:

Նկատի ունենալով, որ ներկայիս ընդհանրացած է եւ յառաջիկայ տարիներուն աւելի պիտի ընդհանրանայ ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնը, կարելի է կազմել համահայկական հասցէարան, եւ արագացնել կապերը բոլորին հետ` յաղթահարելով մեկուսացումները եւ հեռաւորութիւնները:

Մի՞թէ պարզ չէ, որ յանձնառութեան եւ համագործակցութեան առաջին եւ կարեւոր քայլը տեղեկանալով կը սկսի:

Ազգի Տեսանկիւնէն Կենսական Է
Այս  Տեղեկութեան Շտեմարանը

Ազգային պետութիւնը եւ հայոց իրաւունքներու վերականգնումը, ոչ ոք կը կասկածի, թուղթով եւ ձայնային ալիքներով չեն կրնար առաջնորդուիլ: Ո՞ր առարկայական եւ ենթակայական պատուանդանին վրայ կը գտնուին անոնք` տոկալու, տեւելու եւ յաջողելու համար: Առանց սեփական կարելիութիւններու հիմնուած քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հաղորդակցական (media) նախաձեռնութիւններ կա՛մ կը ձախողին, կա՛մ կը խրին հաւաքականութիւններ զուարճացնող ամբոխավարութեան մէջ:

Արդէն հինցած նորութիւն է խօսիլ «լոպիստական» (lobbying) աշխատանքի մասին: Ան գոյութեան իրաւունք ձեռք բերած է բազմաթիւ մարզերու մէջ: Համակրանք շահելու (ոչ գութ) եւ ազդեցութիւն կարենալ բանեցնելու «լոպիստական» աշխատանքը պէտք է ունենայ նեցուկներ` տեւաբար մրցակցութեան մէջ եղող աշխարհի մէջ: Մեր պարագային, այս աշխատանքին համար կարեւոր է մեր ռւժի մէկտեղումը եւ օգտագործումը: Այդ ուժին առարկայական գնահատումը չունինք: Ինչ որ կը կարծենք ունենալ զուտ ենթակայական, մասնակի է եւ շատ կը տարբերի մէկ անձէն միւսը, մէկ խմբաւորումէ միւսը:

Ուստի անհրաժեշտ է ձեռնարկել յիշուած եղանակով ամբողջական մարդահամարի եւ տեղեկահաւաքի` ազգի ներուժը լաւապէս ծառայեցնելու համար ազգին, միաժամանակ, ստացուած տուեալներու լոյսին տակ, ձեռնարկել այդ համրանքի ազգային որակով եւ ազգային աւազանի մէջ պահպանման:

Պարզ. համազգային մարդահամար, համազգային կարողութիւններու ճիշդ գնահատում, համազգային նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ իմաստուն կերպով օգտագործման համար:

Ո՞վ պիտի ձեռնարկէ:

Անկասկա՛ծ` հայրենի պետութիւնը, համախմբելով գիտական եւ տնտեսական ուժերը: Որպէսզի կարողութիւններու հիման վրայ կատարուի աշխատանքի բաժանում, այս անգամ` իրաւ հզօրութիւն ստեղծելու համար:

Այս աշխատանքը չստորադասել այլ մտահոգութիւններու, որպէսզի օր մը ստիպուած չըլլանք ըսելու, որ ուշացած ենք, կարելի չէ, եւ շարունակենք ենթակայական ոլորտներու մէջ խարխափել եւ հով տալ ամբոխավարութեան:

5 մայիս 2017, Քուինզ, Նիւ Եորք


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>