Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Թաթան Եւ…Երեւանը

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Երազ տեսայ ես մի գիշեր, ա՜խ երանի այդպէս լինէր
Ծաղկած լանջին Արարատին, հայոց գառներն էին արօտի
Ա՜խ երանի երազս կատարուի, Վանայ ծովից մինչեւ Արցախ
Սասունն Մուշն Արտահանն ու Անին Նորից տուն գան լինենք ուրախ
Ու երկու ափերին էլ Արաքսի, ապրենք հանգիստ լինենք խաղաղ
Երանի, երանի, երանի, երանի երազս կատարուի»: (Թաթա Սիմոնեան):

Ապրիլ 24-ի յաջորդ օրն էր:

Անարդարութեան դէմ ընդվզումով լեցուն ու պայքարի ուխտով վերանորոգուած` Թաթայի մեկնաբանութեամբ յուզումով կ՛ունկնդրեմ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նոր երգ մը, որ զիս երեւակայութեամբ կը փոխադրէ մեր աննման հայոց աշխարհ, ապա` վերադարձ դէպի իրականութիւն ու առաջին հանդիպումս Թաթային:

* * *

21-րդ դարու առաջին ամառն էր:

Արձակուրդով Մոնրէալ կը գտնուէինք, եւ նոյն օրերուն Թաթա Սիմոնեան հրաւիրուած էր ճոխացնելու Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմեսի պարանցիկը:

Այդ տարիներուն քիչեր լսած էին անոր անունը: Անոր երգերը տակաւին շատերուն անծանօթ էին:

Նմանապէս ինծի անծանօթ անուն մըն էր: Իր երգերէն հաւանաբար քանի մը հատը լսած էի, սակայն աւելի ուշ տեղեկացայ, որ այդ երգերը մեկնաբանողին անունը Թաթա է:

Քանի մը տարի ետք Թաթան չճանցողները հազուագիւտ էին:

* * *

2016: Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւն, Լոս Անճելըսի Փասատինա քաղաքին մէջ:

Խուռներամ բազմութիւն մը սրահի մուտքին իզուր կը փորձէ ներս մտնել: Դռները փակած են: Սրահը ամբողջութեամբ լեցուած է եւ դրան առջեւ սպասողները յուսախաբ` ստիպուած են վերադառնալու իրենց տուները:

Բանախօսութիւններու կողքին, պատրաստուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը եւ հրաւիրուած արուեստագէտներու շարքին է Թաթան:

Վստահաբար Դաշնակցութեան հաւատացող մըն է եւ եկած է սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերելու ազգային-յեղափոխական մէկ հատիկ երգով մը: Ժամանակի սղութեան պատճառով ստիպուած ենք գոհանալու մէկ երգով:

«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ իմ մակոյկը խորտակուի,
Փրփրադէզ ալեաց մէջը ես իմ յոյսը չեմ կտրի»:

Այդ օր, Մոնրէալի մէջ տեսած Թաթայէն բոլորովին տարբեր անձ մըն էր ան: Խանդավառ երգերը մէկդի դրած` այնքա՜ն ապրումով երգեց Սարգիս Կուկունեանի յիշատակին նուիրուած այդ հիանալի երգը:

* * *

8 ապրիլ 2017: Փալմ Սփրինկզ:

Թաթա մայր հայրենիքէն ժամանած է Քալիֆորնիա` համերգի մը «Աքուա Քալիէնթէ« քազինոյի հսկայ հանդիսասրահին մէջ:

Տոմսերը ամբողջովին սպառած են, սակայն երգահանդէսի սկսելիք որոշուած ժամուն պարապ աթոռները թիւով շատ աւելի են, քան` ներկաները:

Միայն 10 վայրկեան ուշացումով բեմ կը մտնեն Թաթան եւ իր նուագախումբի ընկերները:

«Մի քիչ ուշ սկսանք եւ այդ պատճառով էլ մի քիչ շուտ ենք վերջացնելու», կը կատակէ Թաթա:

Հանդիսատեսները սրահ մտնելու համար նախ պէտք էր անցնին քազինոյին մէջէն, եւ «դրամ կլլող» մեքենաներուն քաշողական ուժը աւելի զօրաւոր կը թուի ըլլալ, քան երգահանդէսը, որուն համար երկար ճամբայ կտրած են:

Նախ կ’ուզեն իրենց բախտը փորձել` հաւանաբար մտածելով «հայկական ժամադրութիւն» ասացուածքին մասին:

Հայկական ո՞ր ձեռնարկը ճիշդ ժամուն սկսած է …

Առաջին քանի մը երգերէն շատ բան չենք հասկնար: Ուշացողները բոլորը միասին կը խուժեն սրահ` խանգարելով ներկաները:

Իւրաքանչիւրը գրաւած է իր տեղը: Փոթորիկը հանդարտած է եւ հաճոյքով կ’ունկնդրենք Թաթան ու իր սքանչելի նուագախումբը:

«Երեւանի աղջիկները, սիրունիկ են Երեւանի աղջիկները»:

Երեւանի մէջ շատ են սիրունիկ աղջիկները: Ո՛չ մէկ կասկած, սակայն Երեւանի այդ սիրունիկ աղջիկներուն մեծամասնութիւնը այսօր ներկայ են այդ հանդիսասրահին մէջ… Երեւանէն շա՜տ հեռու, եւ այդ մէկը ցաւ կը պատճառէ Թաթային, որ երգահանդէսի ընթացքին յաճախ կը յիշեցնէ ներկաներուն:

Իւրայատուկ երգիչ է Թաթա: Իր երգացանկը մեծամասնութեամբ իր յօրինումներն են:

Տարբեր է շատ մը հայկական երգիչներէ, որոնք ուրիշ մեկնաբանողի կողմէ բազմիցս երգուած երգ մը դարձեալ կը հրամցնեն հանրութեան:

«Տաքցո՛ւր, տաքցո՛ւր, հրամցո՛ւր»:

Նմանապէս Թաթայի երգելու ոճը իւրայատուկ է:

Իրեն ընկերակցող նուագախումբի անդամները որակաւոր երաժիշտներ են, եւ որպէս նախկին երաժիշտ` ինծի համար չափազանց կարեւոր է այդ մէկը: Նուագախումբը մեծ դեր ունի կատարելիք բեմին վրայ, եւ մեկնաբանողի մը յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը լաւ նուագախումբ ունենալն է: Վստահաբար բոլորը երաժշտութիւն ուսանած են, եւ երգերու դաշնաւորումը կը կատարուի նուագախումբի անդամներուն կողմէ:

Խանդավառ քանի մը երգեր, նոյն «ռիթմով», հայկական իւրայատուկ 6/8 չափով, երբ իրարու յաջորդեն, յաճախ ձանձրացուցիչ կրնայ դառնալ, սակայն Թաթայի պարագային, իր երգերը հեռու են միօրինակութենէ, իսկ բառերը նմանապէս հայերէն երգերու մէջ շատ յաճախ կրկնուած «հեռանալ եւ մոռանալ» «քլիշէ» դարձած խօսքերուն հազիւ թէ հանդիպինք:

Իր յօրինումներէն քանի մը հատը, ինչպէս` «Անապատի արեւ» եւ «Տեսել եմ», շատ յաճախ կը մեկնաբանուին տարբեր հայ երգիչներու կողմէ:

Երգահանդէսի ընթացքին, քանի մը երգէ ետք, առիթը յարմար կը գտնէ  գովաբանելու մայր հայրենիքը:

Շատ լաւ տեղեակ է, որ հանդիսասրահի ներկաներուն մեծամասնութիւնը հայրենիքէն արտագաղթածներ են: Ոչ մէկը կ’այպանէ: Պարզապէս կը յիշեցնէ` «Մեր հայրենիք ազատ անկախ»-ը, «Մեր հայրենիք թշուառ անտէր»  պէտք չէ ձգենք: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է այդ մէկը:

«Հեռացաք հայրենիքից, սակայն քանի մը տարին անգամ մը այցելէ՛ք եւ ձեր աչքերով տեսէ՛ք` որքա՜ն յառաջդիմած է մեր հայրենիքը: Ձե՛ր հայրենիքը: Բոլորի՛ս հայրենիքը»:

«Կը հասկնամ, ամէն մարդ ճամբորդելու նիւթական կարողութիւնը կրնայ չունենալ, սակայն անոնք, որոնք կարող են արձակուրդով ճամբորդել, փոխանակ այցելելու օտար երկիրներ, թող այցելեն մեր հայրենիքը, ձեր հայրենիքը: Մեր սիրելի Հայաստանը»:

Նախքան երգահանդէսին աւարտը, պարտք կը զգայ ներկայացնելու իր նուագախումբի ընկերները:

«20 տարի առաջ, մի քիչ էլ աւել, ընկերներս ու ես Երեւանի մէջ միասին սկսանք այս նուագախումբը: Ցաւօք սրտի, այսօր նուագախումբի ընկերներս լքած են մեր սիրելի Երեւանը ու հաստատուած` էս օտար ափերում»:

Նուագախումբի անդամներէն միայն թմբկահարն է, որ իրեն հետ ժամանած է Երեւանէն: Մնացեալները արդէն հաստատուած են Լոս Անճելըս:

«Ես էլ եմ յաճախ գալիս ձեզ մօտ: Կը գամ, ձեզ կ’ուրախացնեմ, սակայն կը վերադառնամ իմ քաղաքը` Երեւան»:

«Եթէ կեանքի ճամբաներով ես հեռանամ իմ քաղաքից,
Եթէ օտար քամին տանի ինձ հարազատ իմ ափերից,
Եթէ սուզուեմ օտար նաւով ալիքներում օտար ծովի,
Յետ պիտի գամ թեկուզ անցած դարից ես կարօտից իմ քաղաքի:
Երեւանս, Երեւանս» (Թաթա Սիմոնեան):

Պաշտամունք ունի Երեւանի հանդէպ:

Բեմի երկու կողմերուն զետեղուած հսկայ պաստառներու վրայ երբ մօտէն ցոյց տրուի իր դէմքը, արցունքի քանի մը կաթիլներ կը նշմարենք:

Այդ տեսնելով` մենք եւս կը յուզուինք, սակայն յաջորդող խանդավառ երգերը «մոռցնել» կու տան մեր յուզումը, որ կը վերածուի ուրախութեան ծափերու, մինչեւ իսկ շատեր ոտքի` սկսած են իրենց կեցած տեղը պարել:

Պատշգամներու ամենավերի յարկի մէկ անկիւնը կը նշմարեմ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք եռագոյն դրօշը կը ծածանեն, իսկ աւելի ուշ կ’ուղղուին դէպի բեմ եւ եռագոյնը կ’երկարեն Թաթային, որ մասունքի մը նման կը շոյէ մեր աննման դրօշը: 60 տարի մայր հայրենիքէն դուրս պահուած եռագոյնը, որ այսօր դարձեալ կը ծածանի Երեւանի խորհրդարանի շէնքին վրայ:

* * *

Աւելի քան քառորդ դար է` հեռացած եմ երաժշտական ասպարէզէս:

Այդ թուականէն ի վեր առաջին անգամն է, որ այնքա՜ն պահանջը կը զգամ գտնուելու այդ բեմին վրայ:

Կարօտով եւ յուզումով կը յիշեմ այդ տարիները, երբ ես ալ, իմ կարգիս, նման բեմերու վրայ կը գտնուէի: Նուագախումբի ընկերներովս կը խանդավառէինք հայ թէ օտար ունկնդիրները: Կը ճամբորդէինք զանազան երկիրներ, սակայն կը վերադառնայինք մեր ծննդավայրը` Լիբանան:

Թաթայի նուագախումբի անդամներու նման, այսօր, մեր նուագախումբի անդամներէն միայն մէկ հոգի տակաւին յամառօրէն որոշած է մնալ իր ծննդավայրը:

Հեռացած ենք մեր ծննդավայրէն: Նաեւ հեռացած ենք բեմերէ, սակայն մեզ փոխարինած են նորերը: Աւելի երիտասարդները:

Այդ նորերու շարքին են Թաթայի նուագախումբի այնքա՜ն տաղանդաւոր երաժիշտները:

* * *

«Այժմ ձեզ համար կ’երգեմ այսօրուայ իմ վերջին երգը ու ապա մնաք բարով եմ ասելու ձեզ»:

Գուշակութիւնս ինծի չէ դաւաճանած:

«Վերջին զանգը»:

«Ու հնչեց զանգը հնչեց, ու հնչեց վերջին անգամ
Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու եմ ես դպրոցն ու բոլորին
Բայց ինչ արած, Մնաք բարով»:

Ամէն անգամ այդ երգը լսելուս` ես ալ իմ կարգիս կը յիշեմ մեր դպրոցը, մեր ուսուցիչներն ու դասընկեր-դասընկերուհիները, որոնց հետ մեր կապը մնացած է ամուր` հակառակ աշխարհի 4 ծագերուն ցիր ու ցան գտնուելնուս:

Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու իւրաքանչիւր ամավերջի հանդէսին կը լսենք Թաթային այնքա՜ն յուզիչ «Վերջին զանգը»:

Մինչ օտար, պետական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն յաճախ կ’երգուի Pink Floyd-ի “We don’t need no education” երգը:

Մշակոյթի ի՜նչ տարբերութիւն: Անոնք, դպրոցի վերջին զանգին, արդէն կապը կտրուած կը համարեն: Ո՛չ դպրոց կը յիշեն, ո՛չ ալ ուսուցիչ: Հաւանաբար դասընկերներէն մէկ կամ երկուքը կարճ ժամանակի մը համար յիշեն, ապա անոնք եւս մաս կը կազմեն յաւերժ մոռցուածներու փաղանգին:

Իրենց վերջին օրը, հաւանաբար, «Բնաք բարով» մըն ալ չըսեն իրենց դպրոցին:

Մեր մէջ, այդ «Մնաք բարով»-ին մէջ թախիծ կայ: Դպրոցական օրերու ամբողջ կարօտը ամփոփուած է այդ երկու բառերուն մէջ: «Մնաք Բարով», որ այնքա՜ն տխուր կը հնչէ:

«Վերջին զանգը»-ին, վերջին նոթով վերջ գտաւ երգահանդէսը: Իւրաքանչիւրս լռելեան «Մնաք բարով» ըսինք Թաթային, ու մեկնեցանք սրահէն:

Թաթա, տարիներ առաջ, իր դպրոցի վերջին զանգին մնաք բարով ըսած էր, սակայն Երեւանին` երբե՛ք: Ուր որ ալ գտնուի, կը վերադառնայ իր սիրելի Երեւանը, եւ այդ պատճառով` Երեւանէն դուրս ելած ժամանակ մնաք բարով չ’ըսեր:

Ցտեսութիւն:

Միա՛յն Ցտեսութիւն:

 

Լոս Անճելըս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>