Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Զինադադարի Անդադար Խախտում

$
0
0

djagad-1_122915

Բազմիցս խօսուած ու նշուած է, թէ Միջին Արեւելքի ներկայ պայթուցիկ կացութիւնը իր տարբեր տեսակի ազդեցութիւնը ունի կովկասեան բարձրաւանդակի ռազմաքաղաքական իրավիճակին վրայ:

Շատեր կը հաստատէին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ծայր առած ներկայ պատերազմը, լուսանցքի տակ առած պիտի ըլլայ շրջանէն ներս գոյութիւն ունեցող այլ թնճուկներ, որոնց կարգին` յատկապէս Արցախի հիմնահարցը:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, այդ քաղաքական վերլուծաբաններն ու դէտերը նկատի չեն առած այլ գործելաձեւ, այլ դիրքորոշում, այլընտրանք:

Արդարեւ, դեկտեմբերի սկիզբները Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն Պաքու այցելեց եւ առանց բառերը ծամծմելու եւ իր արտայայտութեան ետին պահւըտելու` հաստատեց, թէ իր պետութիւնը ամէն ճիգ պիտի թափէ օժանդակելու համար դաշնակից Ազրպէյճանին, որպէսզի ան վերատիրանայ այսպէս կոչուած` «բռնագրաւուած հողեր»-ուն:

Յստակ է, թէ Տաւութօղլուի այդ յայտարարութիւնէն ետք, հետզհետէ աւելի սաստկացաւ կացութիւնը Արցախի սահմանամերձ շրջաններէն ներս: Այս գծով, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեղին է փոխանցել: Մէկ շաբթուան ընթացքին, ազերի բանակը աւելի քան 280 անգամ խախտած է զինադադարը: Աւելի քան երեք հազար կրակոց, հրացանաձգութիւն եւ աւելի ծանր հրետանիի գործածութիւն: Իսկ անցեալ շաբաթավերջին, հրասայլեր ալ գործի լծուած էին` յաւելեալ «լրջութիւն» մը տալով ներկայ իրավիճակին:

Թուրքերու մեղսակցութեամբ, ազերիներու այս յարձակողական քաղաքականութիւնը կարելի է մեկնաբանել չորրորդ-հինգերորդ դարերէն ի վեր յիշուած, նշուած եւ կիրարկուած լատիներէն հանրահռչակ ասացուածքով` «Si vis pacem, para bellum», այսինքն` «Պատերազմէ՛ խաղաղութեան համար»: Մինչդեռ, թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի յանձնախումբին եւ թէ՛ հայրենի կողմի կիրարկած քաղաքականութիւնը` «Խաղաղութիւն`   խաղաղութեան համար»… «Si vis pacem para pacem», անշուշտ որոշ տարբեր մօտեցումներով:

Բազկերակ քննել չէ Ալիեւի կատարածը: Յստակ է, թէ Անգարա-Պաքու մօտիկ ու մտերմիկ խօսակցութեամբ ու խորհրդակցութեամբ կը կատարուին այս գործողութիւնները: Եւ հաւանաբար, զարմանալիօրէն այս վերջին օրերու զինադադարի խախտումը (յաւելեալ) դիտմամբ կը կատարուի միայն արցախեան սահմանամերձ շրջաններէն ներս: Այս իւրայատուկ դիրքորոշումը հաւանաբար կարելի է բացատրել այն տրամաբանութեամբ, որ միայն արցախեան հողամասեր ռմբակոծելով` Պաքու կրնայ այդքան ալ չխախտել Ռուսաստանի ազգային շահերն ու հաշիւները` կովկասեան շրջանէն ներս:

Սակայն այս գծով, արդէն իսկ Ռուսաստանը իր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ քարոզչական մեքենային միջոցով, արտայայտած է իր դժգոհութիւնը եւ նոյնիսկ դիմած է սպառնական միջոցներու:

Այս բոլորը մէկդի դրած, հոս տեղին է անդրադառնալ եւ կարեւորել այն իրողութիւնը, որ մէկ շաբթուան ընթացքին այս անակնկալ ռմբակոծումներուն արդիւնք` Արցախի պաշտպանութեան բանակէն ներս արձանագրուած են չորս զոհեր… «Խաղաղութիւն` խաղաղութեան համար» քաղաքականութենէն հեռու պարզուած անընդունելի պատկեր մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>