Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

«Վերջապէս հասաւ մայիս 5-ը: Ազգի եւ եկեղեցւոյ մէկ տարուան երկունքը ունեցաւ ամենաբարեյաջող ծնունդ: Համազգային ժողովը կատարեալ կարգապահութեամբ, գիտակցական միաբանութեամբ եւ գործի ծանրութեանը արժանավայել լրջութեամբ… 72 քուէով ընտրեց առաջին կաթողիկոսացու ամենապատիւ Խրիմեան Հայրիկը…

«Այնչա՜փ մեծ է ընդհանուր ոգեւորութիւնը, այնչա՜փ զօրեղ է ընդհանուր հրճուանքը, որ մենք չենք կրնար գտնել որեւէ արտայայտիչ խօսք` գոնէ մօտաւորապէս այդ զգացումներուն զեղումը արտայայտելու համար»(1):

Ներկայացուած թղթակցութիւնը կը վերաբերի ճիշդ 125 տարի առաջ, 5 մայիս 1892-ին, Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան: Լրաբերը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան «Արարատ» պաշտօնաթերթն է, իր 25-րդ տարուան 5-րդ թիւով:

Հայոց Հայրիկը 125 տարի առաջ ընտրուած է Լուսաւորչի Ս. Աթոռին 125-րդ գահակալը:

72 տարեկան վանեցի Մկրտիչ Խրիմեանը 72 քուէով, միաձայնութեա՛մբ, ընտրուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Ընդհանուր ոգեւորութիւնը, պաշտօնաթերթին բառերով, «այնչա՜փ մեծ է», որ չէ պարփակուած ու չի պարփակուիր իր ժամանակին ու միջավայրին մէջ: Այդ ոգեւորութիւնը, Մկրտիչ Խրիմեանի անձին հանդէպ համաժողովրդային խանդավառութիւնը, խորքին մէջ սկիզբ առած է շա՜տ առաջ եւ եկած-հասած է մեր օրերը: Փաստը` այսօրուան այս հանդիսութիւնն է, որ կը փորձէ արժանի յարգանքը մատուցել այն մեծ հայուն, կրթական մշակին, գրագէտին, հոգեւորականին եւ հասարակական գործիչին, որուն 87-ամեայ կեանքն ու վաստակը կը խտացուի մէկ բառով` ՀԱՅՐԻԿ:

Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոս իր նախորդներէն Խրիմեանի մասին արտայայտուած ժամանակ կ’ըսէ. «Ամէն մարդ երկու հայր ունի` իրը եւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը»(2): Որքա՜ն պարզ, անպաճոյճ, եւ սակայն` խորունկ եւ իմաստալից բնորոշում:

Հայրը հեղինակութիւն է, տէր է, պահապան է, պաշտպան է, հովանի է, առաջնորդ է մարդուս համար: Եթէ այս մէկը ճշմարտութիւն է մարդու համար, որքա՜ն աւելի ճշմարիտ է անոր համար, որուն հայ մարդը Հայրիկ կոչումը տուաւ:

Կոչում մը, որ մոռցնել տուաւ Խրիմեանի եկեղեցական բոլոր տիտղոսները, մինչեւ իսկ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անոր հանգամանքը: Կոչում մը, որ անցնող տասնամեակներուն անպայման բա՛ն մը ըսաւ մեզի, բա՛ն մը ըսաւ հայութեան մէջ ծնած, հայութենէն ամբողջովին չկտրուած ամէ՛ն հայու: Ու եթէ նոյնիսկ մարդիկ չճանչցան Խրիմեանը, յարգեցին ու երգեցին` «Հայրիկը ծերացել է` ազգին համար զոհուելով»:

Կարելի է լաւապէս գնահատուիլ մտաւորական այս կամ այն խաւին կողմէ: Կարելի է իբրեւ օրինակ ցոյց տրուիլ այս կամ այն գաղափարաբանութեան հետեւորդներուն կողմէ: Կարելի է նոյնիսկ, այս կամ այն իրագործումին համար, ժողովուրդին մէկ հատուածին համար նկատուիլ կարեւոր դէմք, սակայն ամբո՛ղջ ժողովուրդին կողմէ, իր ողջութեա՛ն իսկ անսահման կերպով սիրուելու համար, 42 տարեկանին Հայրիկ կոչումին արժանանալու համար եւ վախճանումէն 110 տարի ետք իսկ, հայ մարդոց հոգիներուն մէջ ոգեւորութիւն արթնցնելու համար իսկապէս երեւոյթ մը եղած պէտք է ըլլալ:

Որբութեան եւ չքաւորութեան դառնութիւնները ճաշակած այս խոնարհ գիւղացին ինքնաբուխ ձգտումով, կամքի եւ հոգեկան զօրութեամբ, դարձաւ հայութեան կեանքին մէջ նոր էջ բացող ռահվիրայ մը: Վան, Կովկաս, Պոլիս, Երուսաղէմ, Կիլիկիա, Տարօնի աշխարհ, Պերլին, Եւրոպա եւ Էջմիածին եղան իր կեանքին փոթորկալի վայրերը: Վարդապետ, եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս` եղան իր անունին կցուած եկեղեցական կարգերը: Ուսուցիչ, քարոզիչ, գրագէտ, հոգեւոր հովիւ, առաջնորդ ու խմբագիր` եղան այդ կարգերը լեցնող ու արժեւորող գործունէութեան տարբեր երեսները: Նոյն բառերն ու մակդիրները ուրիշներու եւս տրուած են ու կը տրուին, բայց Հայրիկի անունին կապուած` անոնք անկրկնելի խորհուրդ մը ունին իրենց մէջ:

Կենսագիրները կը վկայեն, որ Խրիմեան մեր մէջ եղաւ ազգային տոհմիկ արժէքները անմահացնող մեծագոյն դէմքը, դպրոցի եւ մամուլի ճամբով հայութեան ազգային գիտակցութիւն սերմանողը եւ մեր նորագոյն պատմութեան «Գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը», ինչպէս որ պիտի բնորոշէր Սիամանթօ(3):

Հետեւաբար, այսօր, աւելի քան երբեք, Խրիմեանը վերապրեցնելու անհրաժեշտութիւն մը կայ ազգային-հաւաքական մեր կեանքին մէջ: Խրիմեանը` իբրեւ ժողովրդանուէր ծառայութեան տիպար, իբրեւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, լուսաւորութեան, մտային ու հոգեկան զարգացման աղբիւր: Կ’արժէ, որ նորահաս սերունդները Խրիմեանով ճանչնան մեր արդի պատմութիւնը, Խրիմեանով պեղեն հայ կեանքը եւ Խրիմեանով ծանօթանան հայ մարդու առաքինութիւններուն եւ բարոյական հիմերուն:

Բայց ո՞վ էր Հայ եկեղեցւոյ այս մեծ տերվիշը, որ հազուադէպ ներդաշնակութեամբ մը իր մէջ կը մարմնաւորէր կրօնն ու հայրենիքը, քրիստոնէական հաւատքն ու ազգութիւնը, Աւետարանն ու Արարատը:

Խրիմեան ծնած էր 4 ապրիլ 1820-ին, Վանի Այգեստան թաղամասի Կրըմցոնց  ընտանեկան յարկին տակ: Հօրեղբայրը կտաւագործ էր, հայրը` առեւտրական: Հօրեղբօր արտադրութիւնները կը վաճառուէին Խրիմ: Այդ պատճառով ալ գերդաստանը ստացած է խրիմցի անունը եւ Խրիմեան մականունը:

Պատանի Մկրտիչ շատ կանուխ կը կորսնցնէ հայրը: Նոյնիսկ չի ճանչնար զայն: Իր դաստիարակութեամբ կը զբաղի հօրեղբայրը` ծայր աստիճան առաքինի, ընթերցասէր եւ բարեսէր անձնաւորութիւն մը: Առաջին ուսուցիչը կը հանդիսանայ հօրեղբայրը, իսկ երկրորդ ուսուցիչը` Վասպուրական աշխարհը իր յիշատակներով, հին դարերու կիսաւեր եւ կանգուն եկեղեցիներով, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կապուած յուշարձաններով: Պատանին կը շրջագայի Վասպուրական աշխարհի գաւառները եւ իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ սեփական ժողովուրդին դժնդակ վիճակը, իրաւազուրկ կացութիւնը, աղքատ եւ տգէտ ըլլալը, անցեալին հետ հոգեկան կապերու խզումը:

Իբրեւ դիտող եւ մտածող մարդ` ան կը փորձէ գտնել հայութեան թշուառութեան պատճառները, կ’ուսումնասիրէ հայ-քրտական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները: Հայը, քիւրտն ու թուրքը այդ օրերուն մնայուն պայքարի մէջ էին Հայաստան աշխարհի մէջ: Թուրքը երկրի իրաւական տէրն էր, քիւրտը` իրական տէրը, իսկ հայը` պատմական իրաւատէրն ու իրաւազուրկը: Հայրենի աշխարհին մէջ կատարուած այս թափառումները, իրենց ձգած ազդեցութեամբ, Խրիմեանի մէջ կը կերտեն գիտակից հայը եւ մարտնչող հայրենասէրը:

Խրիմեան համալսարանական կրթութիւն չի ստանար, քոլեճ կամ երկրորդական վարժարան ալ չի յաճախեր: Ան իր ամբողջ գիտութիւնը կը պարտի ինքնազարգացման եւ շրջագայութիւններուն: Խրիմեանի բարոյական եւ մտաւոր հարստութիւնը կը մշակուի իր ընթերցումներուն, մտածումներուն եւ խոկումներուն ճամբով: Իր շրջագայութիւններուն շնորհիւ` ան ձեռք կը բերէ կեանքի մեծ փորձառութիւն, կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, իր մէջ կը կրէ անոր զրկանքներն ու տառապանքները եւ կեանքի բովին մէջ կը մշակէ կրօնական-բարոյական իր ըմբռնումները:

Երիտասարդութեան սեմին, կրօնական աշխարհահայեացքով մարդ է արդէն Խրիմեան: Ան կը փափաքի վարդապետ ըլլալ, սակայն մօրը կամքին հնազանդելով, գրեթէ ակամայ, 27 տարեկանին կը պսակուի Յովհաննէս Սեւիկեանի դստեր հետ:

Վրայ կը հասնի 1847-ի քրտական ապստամբութիւնը: Կառավարութիւնը կոչ կ’ուղղէ Վասպուրականի հայ երիտասարդութեան զօրակոչի ենթարկուիլ` քիւրտերու դէմ կռուելու համար: Խաղաղասէրի իր խառնուածքով, Խրիմեան կը մերժէ քիւրտերու դէմ զէնք վերցնել, կ’անցնի Կովկաս` իր ետին ձգելով դեռատի կինն ու նորածին աղջնակը: Դէպի Կովկաս եւ անկէ Պոլիս կատարած ուղեւորութեան ժամանակ ան աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի երկրին, անոր պատմութեան ու ներկային: Կը պատրաստուի կռուիլ խաւարի եւ յետամնացութեան դէմ: Կը պատրաստուի անձնուիրաբար աշխատիլ «գիւղաբնակ եղբարց» լուսաւորութեան համար, զանոնք պաշտպանելու համար ընկերային չարիքներէ եւ անմարդկային անարդարութիւններէ:

(Շար. 1)

 

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 1892, ԻԵ. տարի, Ե. թիւ, էջ 384:
  2. Վազգէն Ա. կաթողիկոս, «Գալիքի տեսքով. ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, ուղեգրութիւններ (1933-1954)», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1988, էջ 7:
  3. Սիամանթօ, «Ամբողջական երկեր», Պէյրութ, 1974, էջ 97:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>