ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակեցին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը, որ ուշագրաւօրէն կը տարբերի Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995-ի զինադուլի խախտումներուն վերաբերեալ նախապէս անոնց հրապարակած յայտարարութիւններէն:
Համանախագահները նշեալ յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ թէեւ կը կրկնեն երկու կողմերը նոյն նժարին վրայ դնելու վատ սովորութիւնը, սակայն առաջին բաժինին մէջ անկէ շեղում մը արձանագրեցին. անոնք առաջին անգամ ըլլալով յստակօրէն մատնացոյց ըրին նախայարձակ կողմը: «Տարբեր վստահելի աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկութեանց համաձայն, Ազրպէյճան 15 մայիսին շփման գիծին մէջ հրթիռ արձակած է` ոչնչացնելով ռազմական համակարգ: 16 մայիսի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը հայկական զինեալ ուժերը պատասխանած են», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Մէկ օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերոնշեալ զարգացումին անդրադառնալով իր կարգին այդ ողջունելի շեղումին համահունչ կերպով կը նշէր. «Տարբեր աղբիւրներէ ստացած մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, իրավիճակը սրած է, երբ 15 մայիսին Ազրպէյճանի տարածքէն հարուածած են հակառակ կողմը գտնուող զինուորական համակարգեր: Միւս կողմը, բնականաբար, արձագանգած է»:
Զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի բացակայութեան` զինադուլը խզող կողմին վերոնշեալ յստակ նշումները մինչեւ օրս կիրարկուած քաղաքականութենէն նշանակալից շեղում մըն են: Բան մը փոխուած է:
Զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմը, հակառակ 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն, տակաւին չէ կիրարկուած, սակայն, ըստ երեւոյթին, սկսած է գործել: Իրողութիւն մը, որ կրնայ վկայութիւնը ըլլալ Արցախի հիմնահարցի լուծման մէջ յառաջընթացի նուազագոյն նշոյլն իսկ խափանող Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական կեցուածքը շրջանցելու որոշումի մը: Կը թուի, թէ զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմը այսուհետեւ այսպէս կամ այնպէս պիտի կիրարկուի, եւ վերոնշեալ յայտարարութիւններով այդ պատգամն է, որ յստակօրէն կը յղուի ազրպէյճանական կողմին:
Մեծ տէրութիւնները միշտ ալ տեղեակ եղած են, թէ ո՛վ կը խախտէ զինադուլը, անոնք ունին ատիկա ճշդելու միջոցները: Այլ խօսքով` զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմ մը իրողութեան մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, սակայն անոր կիրարկումն էր, որ կը բացակայէր: Այժմ այդ մեքանիզմը սկսած է գործել. համանախագահներուն ու Զախարովայի յայտարարութիւնները անոր առաջին կիրարկումն են: Ազրպէյճանին կը մնայ ընտրել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի համաձայնութիւններով գոյացած մեքանիզմին կիրարկման ու այս մեքանիզմին կիրարկման միջեւ: