Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Միսիոնարուհին

$
0
0

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Այնքան տաքուկ, համեստ, գուրգուրոտ տակաւին, շուէսթր Հաննան էր, ինչպէս որ կը յիշէինք զինք, բոլոր այն գեղեցիկ զգացումներով տոգորուած` հանդէպ իր նախկին աշակերտներուն, իր սիրելի Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան եւ հարազատ Այնճարին:

Հոս է ան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկին հրաւէրով` ներկայ գտնուելու գիշերօթիկի 70-ամեակի հանդիսութեան, այն գեղեցիկ հիմնարկին, որուն հազարաւոր աշակերտները այսօր կը գտնուին ամէնուրեք, դառնալով, դեսպաններ իրենց յիշողութիւններով, յուշելու վկայութիւններ, քոյրերուն զոհողութեան եւ նուիրումին, ինչպէս նաեւ` բաժնեկցելու շատ գեղեցիկ եւ սիրելի յիշատակներ Այնճարէն:

Այսօր հպարտութեամբ եւ խառն զգացումներով կը դիմաւորենք քոյր Հաննան, այն տիպարը, որ գործեց քոյր Հետուիկին, քոյր Մարիին եւ քոյր Աննային կողքին, երկար տարիներ:

Գեղեցիկ եւրոպացի կինը, իր գերմարդկային սիրոյ եւ կարեկցութեան զգացումներով` հանդէպ հայ ժողովուրդի որդիներուն: Այդ օրերու գաղթական Այնճարը այնքա՛ն կարիքը ունէր այս միսիոնարուհիներուն բերած զոհողութիւններուն, նուիրումին եւ անսակարկ սիրոյն:

Այսօր քոյր Հաննան տակաւին կը ծառայէ իր սիրելի հայ ժողովուրդին` Հայաստանի մէջ, տիրապետած` հայոց լեզուին, իր սաներուն սրտին, անխոնջ աշխատելու զօրաւոր կամքով: Եւ ահա աւելի քան երբեք Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը եւ գիշերօթիկը կը յատկանշուին իրենց յատուկ առաքելութեամբ: Հոս քոյր Հետուիկին ժառանգը, քրիստոնէական ըմբռնումը եւ Տէր Յիսուսի սիրոյն մղիչ ուժը հիմերն են այս սրբազան գործին ու կը շարունակեն մնալ` փոխանցելու բարի աւանդը սերունդէ սերունդ, առաւել` հայրենիքի սէրն ու մարդկութեան կարեկցելու բուռն փափաքը, խաղաղասէր ու ընկերասէր: Եւ աշակերտները կու գան ըսելու` «Սքանչելի կերպով իմ կեանքս փոխուեցաւ, երբ Տէր Յիսուս իմ սրտիս մէջ եկաւ»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles