Պաշտօնական Մոսկուայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնները համահունչ են Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն գնահատականը կատարելու առումով:
«Տարբեր աղբիւրներից ստացուած տեղեկութիւններով` մայիսի 15-ի կէսօրին ազրպէյճանական կողմը գնդակոծել է շփման գծի հակառակ կողմում գտնուող ռազմական համակարգը, ինչին համապատասխանաբար արձագանգ է տուել միւս կողմը»:
Պարզ է բովանդակութիւնը եւ պատասխանատուութեան հասցէականութիւնը: Ազրպէյճանական զինեալ ուժերն են, որոնք յարձակողապաշտութեամբ հանդէս եկած են, որոնց դիմաց հայկական կողմը հակազդած է:
Վերջապէս կարելի էր ըսել, բայց քաղաքական միտքը աւելի պիտի փորձէ տրուած գնահատականներուն քաղաքական շարժառիթները ընկալել:
Բնականաբար առաջին անգամը չէ, որ շատ բացայայտ ձեւով Ազրպէյճանը զինադուլ կը խախտէ, կը հրթիռակոծէ, թափանցման գործողութիւն կը նախաձեռնէ, կամ անզէն բնակչութիւն կը ռմբակոծէ: Այս վերջին` զինակէտ խփելու դէպքէն շատ աւելի աչքառու, շատ աւելի աղաղակող փաստերով Ազրպէյճանը յարձակողապաշտութեան հետեւողական փաստեր ցոյց տուած էր:
Մինչ այժմ պատասխանատուութիւններու հաւասարազօրութեան անհեթեթ խաղն էր, որ կը կիրարկուէր ո՛չ միայն միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` ԵԱՀԿ-ի
համապատասխան կառոյցներուն կողմէ, այլ նաեւ Մոսկուայի կողմէ, որ բնականաբար իր համանախագահող երկրի գործընկերներուն համահունչ յայտարարութիւններու հնչեղութիւնն ու բառապաշարը կը պահէր:
Այժմ կը թուի, որ իրադրութիւնը փոխուած է. պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման խաղի կանոնները քաղաքական տրամաբանութեամբ շրջուած կը թուին ըլլալ:
ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փակումը Պաքուի կողմէ անհետեւանք պիտի չմնար. Պաքուն օգտագործեց իր վեթոյի իրաւունքը` մերժելու համար երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգումը, կամ աւելի ճիշդը` գործունէութեան նոր ժամկէտի ճշդումը: Այս ոչ կառուցողական եւ ուղղակի ԵԱՀԿ-ն հարուածող իր քայլով Պաքուն արցախեան-ազրպէյճանական քաղաքական հակամարտութիւնը կը տեղափոխէր ԵԱՀԿ-Ազրպէյճան հարթութիւն:
Հասցէական հնչեղութիւնը պարզապէս պատասխան էր Ազրպէյճանի առած քայլին: Որքան ԵԱՀԿ-ի շահերը հարուածողի դիրքերուն վրայ յայտնուի Պաքուն, այնքան հնչեղութիւն պիտի ստանան հասցէական մեղադրանքները:
Իսկ այդ մեղադրանքներուն համար, այլեւս շատ անհրաժեշտ պիտի չըլլան շփման գիծերու մէջ տեղադրուելիք մշտադիտարկման նորագոյն սարքերը կամ անկէ բխելիք հետաքննութեան մեքենականութիւնները: Պարզապէս պիտի ըսուի (ինչպէս կ՛ըսուի հիմա)` «հիմնուելով բազմաթիւ հաւաստի տուեալներու վրայ»®:
«Ա.»