Երկրորդ անգամն ըլլալով, Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը կը մասնակցի «Լիբանանի երգչախմբային միջազգային փառատօն»-ին, որ կազմակերպուած է Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, երգչախմբային միջազգային «Փոլիֆոլիա» ընկերութեան եւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին նախաձեռնութեամբ:
Երեքշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի Սուրբ Պարպարա եկեղեցւոյ մէջ «Կարկաչ» երգչախումբի պատանեկան կազմը ներկայացուց հայկական եւ արաբական շարք մը խմբերգներ` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, արժանանալով տեղացի երաժշտասէրներու բուռն գնահատանքին: Համերգի ընթացքին խմբավար Զաքար Քէշիշեան բացատրութիւններ տուաւ երգերու բովանդակութեան մասին:
Համերգին մասնակցեցան նաեւ Նորվեկիայէն եւ Էսթոնիայէն ժամանած արհեստավարժ զոյգ երգչախումբեր, որոնք նոյնպէս ունկնդրեցին ու բարձր գնահատեցին պատանի կարկաչականներուն կատարումներն ու հայկական մանկապատանեկան խմբերգները:
«Լիբանանի երգչախմբային միջազգային փառատօն»-ը տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ եւ կ՛ընդգրկէ Լիբանանի տարբեր քաղաքներ ու շրջաններ: Այս ծիրին մէջ այսօր` շաբաթ, 20 մայիսին տեղի պիտի ունենայ նաեւ խմբերգային արուեստին նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ընթացքին Զաքար Քէշիշեան պիտի ներկայացնէ «Լիբանանի հայութեան ներդրումը Լիբանանի երգչախմբային արուեստին մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը: Գիտաժողովին զեկուցումով հանդէս պիտի գայ նաեւ դոկտ. Էտի Թորիկեան: