ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գրութիւնս շարադրելու այս պահուս, զրկուած` ելեկտրական հոսանքի լոյսէն, բայց` յօդուածս առարկայական մշակումի ենթարկելու նախանձախնդրութեամբ, փափաքելով, սակայն զրկուած ըլլալով օգտուելու գրադարանիս հաւաքածոյի «լոյսէն» (որ ահաբեկիչներու Քեսապ ներխուժումով հրկիզուած էր), ստիպուած` կ՛ապաւինիմ տկար յիշողութեանս «հաւաքածոյին»:
Ուստի, ուղղակի նիւթին անցնելով, կը յիշեմ ընթերցումներէս ՀՅ Դաշնակցութեան 5-րդ կամ 6-րդ Ընդհանուր ժողովին մասին, որ կը գումարուէր այսպէս կոչուած` օսմանեան յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, երբ քննարկման նիւթը կուսակցութեան քաղաքականութեան ռուսամէտ կամ թրքամէտ արեւելումի հարցն էր, հասած ըլլալով քուէարկութեան հանգրուանին, որ կարծես պիտի որոշէր, որ Դաշնակցութիւնը պարտէր օգնել ռուսաստանեան եղբայր-բարեկամ կուսակցութիւններու (օրինակ` Սոցիալիստ ռեւոլուցիոներ…) յեղափոխական գործունէութիւններուն` ընդդէմ ցարական բռնապետական կարգերուն, յանկարծ խօսք կ՛առնէ մարդացած Յիսուս` Սիմոն Զաւարեանը: Ան նախ կը նկարագրէ Ռուսիոյ աշխարհագրութիւնը, անծայրածիր երկիրը, ռուս ժողովուրդին պատմութիւնը… եւ այդ ամէնուն ազդեցութիւնը ռուս ժողովուրդի բնաւորութեան, նկարագրին, սովորութիւններուն վրայ… եւ այլն եւ կ՛առաջարկէ հայոց ճիգերով չխանգարել «ճերմակ արջուն» (փաղաքշական իմաստով) քունը, եւ այդ մէկը ձգել ռուս ազգին, ինքնատնօրինման, ու մնալ Հայաստանի ազատագրութեան դատի սահմանագիծին մէջ:
Վերոյիշեալէն դաս քաղած, երբ ամէն անգամ որ կը մտածեմ Թուրքիոյ (օսմանեան թէ արդի) մասին, հայ եւ թուրք կնճիռի մասին, կը փորձեմ մտահորիզոնիս վրայ ուրուագծել Թուրքիոյ, թուրք թէ օսմանցի ժողովուրդի կազմաւորման պայմանները, անոր պատմութեան ընթացքն ու հոլովոյթը, անոր ազգային նկարագրի ոճրապաշտ երեսը, կը մտածեմ, որ այդ արիւնռուշտ նկարագիրը, ձեւով մը ժառանգական յատկանիշ դարձած է դարերու ընթացքին (ակնարկս անոր քաղաքական վերնախաւին կ՛երթայ եւ ոչ անպայման` ամբողջ ժողովուրդին):
Եւ շատ հաւանական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ետին կանգնած են այդ վերնախաւի հոգեմտաւոր գոյաւորման նպաստող պատմա-աշխարհագրական եւ ընկերահոգեբանական տուեալները, ազդակները:
Եւ այս տուեալները մեզ կը դնեն զանազան հարցականներու դէմ յանդիման:
Սելճուքեան արշաւանքները (10 դար առաջ) ազգերու պատմութեան մէջ քաջածանօթ են որպէս կարմիր, արիւնալի եւ եղեռնային արշաւանքներ, որոնք իրենց ետին կը ձգէին սուգ, աւեր, աւար եւ արիւն:
Մեկնած` հեռաւոր Ասիոյ լայնածիր տափաստաններէն, սրարշաւ, սուրի ծայրով մղուած արշաւանքներէն, հասնելով մինչեւ Հայկական Բարձրաւանդակ: Սելճուքեան գերդաստանը, կամ անոր ազգակից` գարակոյունլուները, ագկոյունլուները թէ օսմանցիները… այս թրքալեզու ցեղախումբերու իշխանաւորները մինչեւ 20-րդ դար նոյն կայսերապաշտ եւ արիւնարբու վարքագիծը կիրարկեցին` խաւարի, աւերի ու արեան մէջ նետելով ամբողջ տարածաշրջանը:
Անոնց արիւնալի տիրապետութիւնը արաբական աշխարհին վրայ երկարեցաւ աւելի քան 400 տարի: Անոնք կողոպտեցին արաբական մշակոյթը, մինչեւ իսկ «գողցան» եւ իւրացուցին` թրքացուցին ոչ միայն անոնց կրօնը, այլեւ` խալիֆայութիւնը:
Մենք` սուրիահայերս, լաւապէս իրազեկ ենք, արաբական պատմութեան ընդմէջէն, եւ քաջածանօթ, թէ սելճուքներ կամ օսմանցիներ ոչինչ, այո՛, ոչինչ տուին շրջանի մշակոյթին, այլ խլեցին, իւրացուցին ու թրքացուցին: Աւելի՛ն. անոնց հօրեղբօրորդիները` թաթարներն ու մոնկոլները Տիգրիս գետին մէջ ջրամոյն ըրին Պաղտատ մայրաքաղաքի նշանաւոր, հարուստ գրադարանը, եւ կ՛ըսուի, որ անոր ջուրերը 40 օր սեւով ներկուեցան:
(Հոս փակագիծ մը բանալով` հարց տանք. նոյնը չըրի՞ն ամերիկացիք, երբ ներխուժեցին Իրաք` խլելով աւելի քան 1,5 միլիոն զոհ եւ կողոպտելով անոր մշակութային արժէքները, թանգարանները` պատմութեան նենգափոխման թէ աճուրդի սրահներու մէջ առասպելական գումարներով գողօնը ծախելու մտօք):
Յունաստանի, թէ Պալքանեան երկիրներուն մէջ նուազ բիրտ չեղան Օսմանեան իշխանութիւնները` հասնելով մինչեւ Վիեննայի դռները: Եւ այդ երկիրները թէ ժողովուրդները դարեր շարունակ կքեցան եւ հիւծեցան այդ լուծին տակ: Միայն 19-րդ դարու ռուսական ճնշումներով դուրս շպրտուեցան այնտեղէն` հակառակ գերմանական, աւստրօ-հունգարական, անգլիական եւ ֆրանսական կայսրութիւններու թրքապաշտպան կեցուածքներուն…
Ասոր զուգահեռ, Հայկական Բարձրաւանդակը աւելի քան 600 տարի խաւարամտութեամբ, անպաշտպան «վայելեց» արիւնալի եւ ամենածանր պայմանները:
Տարիներու թաւալումին եւ զարգացման հետ միատեղ զարգացան Օսմանեան կայսրութեան ոճրածին ու ոճրամիտ վերնախաւի միտքն ու միջոցները:
Եւրոպան այս արիւնռուշտ վարչակարգին հովանաւորը եւ շահարկողը մնաց անընդհատ: Վկա՛յ Պերլինի վեհաժողովը եւ անոր որոշումները:
Եւրոպան նպաստեց այդ կարմիր մտքերու զարգացման, իբր թէ կը փորձէր հոն սահմանադրութեամբ մը քողարկել այդ վարքագիծը, երբ վերջապէս գահ բարձրացաւ Կարմիր սուլթանը` Համիտը:
Թուրքիոյ «պարտադրուած» Մայիսեան բարենորոգութիւններու ծրագիրը արեան մէջ թաղեց հայկական գաւառները 1890-1900 թուականներուն: Սպանդի եւ եղեռնագործութեան մշակուած ծրագիր մըն էր կիրարկուածը:
1908-ին հրապարակ եկաւ օսմանեան սահմանադրութիւնը` նոր ոճի եղեռնով:
Ատանայի կոտորած եւ շուտով` Մեծ եղեռն:
Արդիականացած Օսմանեան կայսրութիւնը «Իթթիհատ վէ թարաքի» կուսակցութեան գլխաւորած Թալէաթ-Էնվեր-Ճեմալ եռապետութեամբ գլխաւորուած, արժանաւորապէս ժառանգած էր Համիտեան վարչակարգին վարքագիծը, արդիականացուցած ոճրածին միտքն ու ոգին, «սահմանադրական» եղանակով Սելանիկի 1913-ի հանրածանօթ վեհաժողովի որոշումներով զինուած` ծրագրած էր իրագործել «Հայաստան առանց հայու» ծրագիրը` փանիսլամական, թուրանական, փանթուրքական կամ այլ գաղափարական գունաւորումներով:
Մէկ խօսքով, նոր ուխտ մը որդեգրուած էր: ԹՐՔԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏ:
Վերականգնել փուլ եկած Օսմանեան կայսրութիւնը` պալքաններէն մինչեւ… Թուրանիա: Պէտք էր այդ ճամբուն վրայ գտնուող արգելքները` ազգերը վերանային:
Նախ հայերը, ապա` քիւրտերը, պարսիկները, արաբները… ամէնքը:
Ազգային ուխտը այդ կը պահանջէր:
Թուրքիա այս տեսիլքով, նէօ-թուրք տարազով կը մասնակցէր Ա. Աշխարհամարտին:
Աշխարհամարտը հասցուց Թուրքիոյ մասնատումին:
Վերացուեցաւ սուլթանութիւնը: Ընդունուեցաւ հանրապետութիւնը: Նոր վարչաձեւ:
Ձախողած «Իթթիհատ վէ թարաքի»-ն փոխարինուեցաւ քեմալականներով, արդի եւ «ժողովրդավար» կարգերով:
Սակայն շարունակուեցան սպանդները: Ծրագրուած սպանդները: Հայեր, յոյներ, քիչ ետք` քիւրտեր…
Թրքական շալվարը փոխարինուած էր եւրոպական տաբատով: Թրքական ֆեսը` ամերիկեան գլխարկով: Սակայն ոճրածին գլուխը նոյնն էր:
Վկայ Տէրսիմի, Արարատի շրջաններուն մէջ հայերու մնացորդներուն, դմլիկ-զազա քիւրտերու անխնայ ջարդերը:
Աթաթուրքին յաջորդները` Իւնէօնիւ, Մենտերես, Տեմիրել, Էճէւիտ, Էվրեն, Եըլմազ, Չիլլեր… Էրպաքան եւ անոր հոգեզաւակ Էրտողան, նոյն ազգային ուխտի ուխտեալներն են:
Այս շարքէն ոչ մէկը բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է (ամբողջ մէկ դար) տարածաշրջանի երկիրներուն թէ ժողովուրդներուն նկատմամբ:
Եւ ահաւասիկ, 6-7 տարիներէ ի վեր սուրիահայերս (սուրիացիներս եւ աշխարհը) ականատես ենք Թուրքիոյ մերօրեայ, արդի վարչաձեւին կիրարկած ոճրային ամենաբիրտ… սակայն արդիական գործելակերպին:
Մինչ Սուրիան ու Իրաքը թրքական եաթաղանով արեան բաղնիքի մէջ թաղուած են, անդին Հայաստան մնացած է ազրպէյճանական մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ:
Նոյն ազգային ուխտին գործադրումը` նոյն «ուխտեալներու» միջոցով:
Ասկէ 8-9 տարի առաջ, երբ տակաւին չէր չորցած թանաքը Հայաստան-Թուրքիա փոխադարձ հասկացողութիւններու փաստաթուղթերուն, տողերուս հեղինակը հրաւիրուեցաւ Լաթաքիոյ գաղութ` 24 ապրիլի ոգեկոչական հանդիսութեան բանախօսելու:
Փորձ մը կատարեցի, 95-ամեայ հնութիւն ունեցող, այս սուրբ թուականին այժմէական նայուածքով վերլուծում մը կատարելու:
Խորագիրն ու թեման ինծի յուշեցին մեր անմոռանալի հսկաներէն, տիտաններէն` Սիմոն Վրացեանի 1930-ական թուականներուն հրատարակուած «ՎԷՄ» հանդէսին մէջ լոյս տեսած, եւ նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ին մէջ խմբագրուած երկու գրութիւն:
Նոյն թեման արծարծուած էր:
Տարբեր ժամանակաշրջաններ, տարբեր պայմաններէ մեկնած, տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած` սակայն նոյն խորքը շօշափող դաշնակցականամիտ երկու յօդուած.
«Թրքական քաղաքական բեմին վրայ հայ ժողովուրդը արդեօ՞ք լուրջ ու անկեղծ խօսակից կրնայ գտնել»:
Անկասկած որ պատասխանը միանշանակ ժխտական էր: Նոյնքան ժխտական, որքան` այսօր: Նոյն ոճրամիտ, արիւնարբու ուղեղ ու միտք ունեցող քաղաքական տարբեր-տարբեր վերնախաւեր, 10 դարու վրայ տարածուած, անկախ կուսակցական թէ գաղափարական պատկանելիութենէն: Ընկերվարական, դրամատիրական, ազատական… տեմիրէլեան, թէ էճեւիտեան, էրտողանեան թէ տենիզպայքալեան կամ քըլըճտարօղլուեան…
Բոլորը ունին մէկ ուխտ ու մէկ դաւանանք` վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, բնաջնջել հայութիւնը… Եւ այս ամէնը` «կնքահայրութեամբ» ժողովրդավար եւ համամարդկային արժէքներու տէր` Արեւմուտքին:
* * *
Հիմա, որ ազգովին կանգնած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումի նախօրէին, ի տես նոր Թուրքիոյ կիրարկած արիւնարբու քաղաքականութեան, ի տես «հայ ժողովուրդին հետ, Թուրքիոյ քաղաքական բեմէն լուրջ ու անկեղծ խօսակիցի մը» բացակայութեան, ի տես Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւին դաւանած հայաջինջ ազգային ուխտին` ես ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ո՞ւր է «Հայոց ազգային ուխտը», ի՞նչ է անոր բովանդակութիւնը, (որ հակամարդկային չի կրնար ըլլալ ամէն պարագայի): Ի՞նչ է մեր ազնիւ, մարդասէր, բայց մանաւանդ հայասէր ու հայրենասէր ազգային ուխտը. նուազագոյնի հասարակաց յայտարարը, ի հայրենիք եւ սփիւռք, կուսակցամիջեան, թէ համայնքամիջեան:
Արդեօ՞ք կայ այդպիսին: Հանրութիւնը (ներառեալ անձս) գիտէ՞: Կ՛արժէ իմանալ… եթէ այդպիսին գոյութիւն ունի: Կ՛արժէ ունենալ (անհրաժեշտ ու հրամայական), եթէ գոյութիւն չունի:
Ունենալ ու սրտին, մտքին, հոգիին մէջ պահել, պահպանել ու փայփայել… ու ամէն հայ իր ուխտը դարձնէ եւ իրագործէ զայն:
(«Գանձասար»-ի ապրիլեան յաւելուածէն)