Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Անդրլեռնային

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Մայիս 4-էն սկսեալ, լիբանանեան չորս այլ ժապաւէններու առընթեր, «Մեթրոփոլիս Ամփիր» եւ այլ սրահներու մէջ կը ցուցադրուի Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ»-ը  (2016, 105 վ.):  Ժապաւէնի աւելի խօսուն վերնագիրն է «Թրամոնթան», որ կը նշանակէ անդրլեռնային,  անծանօթ: Որմազդին մէջ կը տեսնենք տակաւ անէացող բազմաթիւ պղտոր ուրուագծեր: Ապա` լեռնաշղթան, որ կը փակէ տեսադաշտը (1):  Վերնագիրը ներշնչուած է Ժորժ Պրասենի յօրինած մէկ երգէն (2):

Բեմադրիչին աւարտական աշխատանքն է «Հինգերորդ զօրասիւնը» (2010, 29 վ), որ կը խօսի քաղաքացիական պատերազմի օրերու Պուրճ Համուտի մասին: Այդտեղ դեր վերցուցած էին մեր թատրոնի տասնեակ մը ծանօթ դէմքեր: Երկու ժապաւէնները կը պեղեն քաղաքացիական պատերազմի խոցերը: Ցոյց կու տան անելի մատնուած լիբանանցիին տուայտանքը: Ժապաւէնները մասնակցած են փառատօներու եւ  ստացած` մրցանակներ:

Դիպաշարը.- Ռապիհ  24 տարեկան տաղանդաւոր երաժիշտ մըն է, որ պատերազմի պատճառով շատ կանուխ կուրացած է: Կը փորձէ անցագիր (իմա` պաշտօնական փաստաթուղթ) ստանալ եւ կը բացայայտէ, որ ինք որդեգիր մըն է, որ` ինք չի կրեր իր իսկական անունը (ինքնութիւնը): Ժապաւէնը ապա ցոյց կու տայ Ռապիհի ոդիսականը` գտնելու համար իր բնախօսական ծնողքը, իմա` ծագումնաբանական ինքնութիւնը: Ռապիհ իրականութիւն կը փնտռէ նոյնիսկ հոգեբուժարանի մէջ, ուր ապաստանած է իր մօրեղբօր գործակիցներէն մէկը (կողքի նկարը): Ռապիհ կը լսէ բազմաթիւ հակասական խօսքեր (3): Իմա` պատմութիւնը կազմուած է հակասական, յօրինուած ասքերէ: Յոյժ յետարդիական դրոյթ մը:

Կուրացուած որբ գուսանի ոդիսականը (4) կ’ունենայ դաժան աւարտ: Ծերունի մը, որ, ըստ տուեալներու, իր մեծ հայրն է, մեծ մօր հետ խորհրդակցելէ ետք կը մերժէ ընդունիլ Ռապիհը որպէս ժառանգ: Պատմութիւնը կը մերժէ Ռապիհին տալ վաւերական ինքնութիւն: Ռապիհ կ’ընդունի իր կեղծ անցագիրը: Ռապիհ որոշած է իր ինքնութիւնը գտնել իր երաժշտութեան մէջ: Անոր ինքնութիւնը պիտի որոշէ ոչ թէ պատմական անցեալը, այլ` ապրող ներկան:

Պարզ է, որ պատումը այլաբանական է: Այս մասին բազմիցս արտայայտուած է բեմադրիչը: Ռապիհ կը մարմնաւորէ Պարաքաթ Ժապպուրը, որ ի ծնէ կոյր տաղանդաւոր երաժիշտ մըն է, որ մաս կը կազմէ աչազուրկներու եկեղեցական համոյթի մը: Այս մասին եւս կան բազում ակնարկներ տեղական եւ միջազգային լրատուական միջոցներու մէջ: Բեմադրիչը ժապաւէնի գաղափարը յղացած է կարդալէ ետք  Ճոն Հալլի (1935-2015) «Շօշափել ժայռը» գիրքը (J.M. Hull, Touching the Rock, 1990): Փրոֆ. Հալլ որդին էր աւստրալիացի քարոզիչի մը: Կը դասախօսէր եւ կը գրէր կրօնական նիւթերու մասին: Կուրացած է չափահաս տարիքի հասնելէ ետք: Ի դէպ, կրօնական բնոյթի ակնարկներ կան ժապաւէնին մէջ, յատկապէս պատումներ յօրինող ծերունիներու մօտ: Ռապիհ իր անկողնին մէջ երկնցած մութին մէջ կը մրմրայ սաղմոս մը…

Տեսակցութեան մը ընթացքին բեմադրիչը յայտնած է, թէ «Ռապիհ» առաջին պատկերն է եռագրութեան, իր բացատրութեամբ «եռածալ»-ի մը (triptych) (5):

Պատկերներու լեզուն.- Ժապաւէնը կը բացուի նախաբանին մէջ յիշուած «թրամոնթան» տեսարանով: Շուտով տան դարպասի ճաղերու առջեւ կը յայտնուի Օմար, թշուառ տեսքով մարդ մը: Անցեալը կը հալածէ Հիշամը` Ռապիհի քեռին, այն անձը, որ զինք «գտած» եւ փրկած է: Օմար կ’ըսէ, թէ իր վէրքը տակաւին չէ բուժուած, թէ` բժիշկը սխալ դարմանում կատարած է:  Յստակօրէն` այլաբանական, պատերազմի խոցը տակաւին առկայ է, անոր հետքերը վերացնելու փորձերը եղած են անճարակ:

Հիշամ պատերազմի ընթացքին հրամանատար մը եղած է:  Մասնակից, թերեւս նոյնիսկ պատասխանատուն է պատերազմական ոճիրի մը: Ոճիրի մը, որ հաշմած եւ որբացուցած է Ռապիհը: Հիշամ ապա դարձած է Ռապիհի պահապան հրեշտակը: Թերեւս կը հաւատայ, որ այդպիսով կը քաւէ իր մեղքը: Հիշամ ի հարկէ կը փորձէ թաղել ցաւոտ անցեալը (6): Բոլորը կը փորձեն թաղել ցաւոտ անցեալը: Կը դիմեն կամաւոր կուրութեան:

Մենք չենք տեսներ Օմարին վէրքը: Աւելի՛ն. ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին մենք չենք տեսներ որեւէ աւեր, պատերազմի որեւէ նիւթական հետք: Չենք տեսներ, օրինակ, խնամքով դասաւորուած մարմիններ, որոնք կը ձեւացնեն ըլլալ խողխողուած դիակներ (7): Մենք կը տեսնենք պատերազմի հոգեկան աւերը: Այս իմաստով «Ռապիհ»-ը խելացի, գրագէտ ժապաւէն մըն է:

Վանդակաճաղը պատկերաւոր լեզուի բառապաշարին մաս կը կազմէ: Վանդակաճաղը կը բաժնէ, կը ծածկէ: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ Փարաջանովի «Նռան գոյն»-ին եւ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչ»-ը կապակցութեամբ (տե՛ս «Ազդակ»-ի 14 յուլիս 2014 եւ 14 մարտ 2017-ի թիւերը): Այս ժապաւէնին մէջ վանդակաճաղ մը կը տեսնենք Մալեքներու տան հոգեկան կեդրոնին, նստասենեակին մէջ (8): Այդ կ’ըսէ, որ տան մէջ պահուած գաղտնիքներ կան: Երբ Ժուլիա Քասսար կը պարտադրուի դիմագրաւելու իրականութիւնը, պահ մը կը փորձէ պահուըտիլ, կը մտնէ վանդակաճաղի ետեւ (տե՛ս անոր մութ ուրուագիծը կողքի նկարի աջին), ապա դուրս կու գայ եւ կը խոստովանի, որ ինք Ռապիհի բնախօսական մայրը չէ: Ի դէպ, կինը իսկապէս տագնապահար է: Ան նոյնիսկ ենթագիտակցաբար ինքնասպանութիւն կը փորձէ` ինքզինք նետելով ինքնաշարժի մը առջեւ:

Աւելի ուշ, Ռապիհի մօրեղբայրը բարոյական ճնշումի տակ կը գտնուի յայտնելու համար, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած էր պատերազմի ընթացքին: Մօրեղբայրը նոյնպէս կը մտնէ վանդակաճաղի ետին: Այստեղ կը տեսնենք ժապաւէնին մէջ նախապէս սահմանուած պատկերաւոր «պարբերութեան» հետագայ գործածութիւն: Ժապաւէնը ստեղծած է իր պատկերաւոր լեզուն: Այս յատուկ է գրագէտ բեմադրիչներու: Շա՛տ բարի:

Ժապաւէնը նման վանդակաճաղեր ցոյց կու տայ ամէնուր: Կարիք կա՞յ բացատրութեան: Կարգ մը քննադատներ ճաղերու առկայութիւնը մեկնաբանած են որպէս նկարչական չափազանցուած քմահաճութիւն: Այդ անարդար է, ցոյց չի տար պատկերաւոր խօսքի ընկալում:

Կրկնութիւնը, աւելի ճիշդ ըսած` շրջանային (cyclic) պատումը յատկանշական է այս ժապաւէնի կառոյցին: Անոր օղակները կը կազմեն Ռապիհի ապարդիւն ուղեւորութիւնները: Ուղեւորութենէ մը դարձին, ուշ գիշերին տան բակին մէջ զինք սպասող մայրը տուն մտնող Ռապիհին դիտել կու տայ, որ ոտքերը ցեխոտ են: Այս  այլաբանական սուր դիտողութիւն է: Իւրաքանչիւր ուղեւորութիւն նոր սուտեր կ’աւելցնէր ասքին: Ժապաւէնի լեզուն նուրբ է:

Աւելի ուշ Ռապիհ, որ նախապէս «Դուն իմ մայրս չե՛ս» գոռացած էր, մեղմօրէն «Մամա» կը կանչէ եւ կը կծկուի մօր մօտ:

Քարտէսի վրայ Ռապիհ կ’առաջնորդուի այլո՛ց ձեռքերով: Ռապիհի ուղեւորութիւնները կը հետեւին այլո՛ց ցուցմունքներուն:

Կան նաեւ դիւրաւ հասկնալի պատկերներ: Ուղեւորութեան ընթացքին ինքնաշարժը կ’անցնի նեղ եւ դարձդարձիկ գիւղական, աւանդական ճամբաներէ: Բացատրե՞մ: Ռապիհ կը ճաշէ մութի մէջ առանձին: Բացատրե՞մ:  Յաճախ կը քալէ մութին մէջ առանձին: Մութ կրնայ նշանակել ոչ միայն անորոշութիւն, այլեւ` դաւ, սուտ:

Բեմադրիչը մթութեան հակադրած է պայծառ բնանկարներ: Բայց այդ պաստառներու գոյները մեղմ են: Այս համահունչ է բեմադրիչի ասքին առհասարակ: Ուղեւորութիւններէն մէկուն ընթացքին շարժավարը, որ շատոնց լքած է իր պապենական աւերակ գիւղը, անցողակի կ’ըսէ, թէ որոշած է իր զաւակները տանիլ, որպէսզի ծանօթանան իրենց հօր ծննդավայրին: Պուլղուրճեան հեռու է պոռոտ ատենախօսութիւններէ:

Պայծառ բնանկարներուն կը հակադրուի նաեւ աղահանքի գորշ, ամուլ ամայութիւնը: Ինքզինք այդտեղ աքսորած է մօրեղբօր մօտիկ ընկերը` պատերազմական այլ յանցագործ մը: Յիշենք այն մեղսակիցը, որ ապաստանած էր հեռաւոր հոգեբուժարան մը:

Հարսանիքի ընթացքին բոլորը խելակորոյս կը պարեն, կը պարեն, որպէսզի մոռնան: Խորապատկերի վրայ կը տեսնենք Ռապիհի զայրացած դէմքը: Խելառ երգին բառերը տխուր են: Ազատ թարգմանութեամբ կ’ըսէ. «Նուագէ՛ ռապապա, երգէ՛ սիրածներու բաժանում …անոնք հեռացան վիշտը ձգելով իմ սրտի մէջ» (9):

Քամերան յաճախ Ռապիհը կը նկարէ ետեւէն, կը հետեւի զերթ դիտորդ` պահելով որոշ հեռաւորութիւն: Այսուհանդերձ, հանդիսատեսը կը զգայնակցի (empathy) Ռապիհի: Շարժապատկերային իմաստով այս դժուար իրագործելի է: Հանդիսատեսը կը զգայնակցի, այլ ոչ թէ կը կարեկցի: Ռապիհ մութին մէջ առանձին կը քալէ, բայց խեղճ չէ:

Այս ամէնուն վերեւ կը սուրայ աշնանային քամին, որ կ’ապտակէ բոլորը, զկենդանիս եւ զմեռեալս: Քամին սահմաններ չի ճանչնար: Ժապաւէնին ասքը չի կանգնիր Մալեքներու դարպասին առջեւ, չի կանգնիր նաեւ Լիբանանի աշխարհագրական սահմաններուն առջեւ… Ժապաւէնին  պատկերաւոր լեզուն տպաւորիչ է:

Խաղարկութիւն.–  Ժուլիա Քասսար հիանալի դերասանուհի է: Կարող դերասան է նաեւ Ժորժ Տիապ, որ փոքր դեր մը ունի: Բեմադրիչը, սակայն,  հիմնուած է ոչ արհեստավարժ դերասաններու վրայ: Բազմաթիւ հեղինակային բեմադրիչներ նոյնպէս յենած են ոչ արհեստավարժներու դերակատարութեան (10): Ռապիհ ի ծնէ կոյր է, այն անձն է, որ հաւանաբար երբեք պիտի չկարենայ դիտել ժապաւէնը: Կարելի չէ անոր դիմախաղը դատելու համար դիմել սովորական չափանիշներու: Ռապիհ հազիւ թէ ժպտի: Անոր դէմքը առհասարակ կ’արտայայտէր վճռակամութիւն եւ ցասում: Այս յատկապէս ցայտուն էր, երբ կ’երգէր կամ կը նուագէր: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ երգիչի եւ ունկնդիրի հակադրութիւնը:

Մեծ պաստառի վրայ կոյր աչքեր դիտելը կը վրդովէ հանդիսատեսը: Տարբեր խառնուածքի անձեր երեւի ունենան տարբեր հակազդեցութիւն: Բեմադրիչը առած է խիզախ, վտանգաւոր քայլ:

Երաժշտութիւնը  հիմնական դեր ունի ժապաւէնին մէջ: Ռապիհ ոչ միայն կ’արտայայտուի երաժշտութեամբ, այլեւ իր ինքնութիւնը կը գտնէ այդտեղ: Սինթիա Զաւէն, որ ի դէպ, բեմադրիչին կինն է, գործակցած է Պարաքաթ Ժապպուրի հետ յօրինելու համար յատուկ ձայնագրութիւն, որ հիմնուած է արեւելեան դասական երաժշտութեան վրայ: Ցաւօք, այս մարզին մէջ մեր մեծամասնութիւնը չունի բաւարար գիտելիք:  Կ’իմանամ, որ այն հիմնական երգը, որ կը լսուի ժապաւէնի սկիզբը եւ աւարտին, «Պատասխան տո՛ւր» (իպաաթլի ժաուապ) ունի աւելի քան եօթը դարու հնութիւն: Կը պատկանի «Պայաթի» երաժշտական կաղապարին (մաքամ), որ ձայնային առումով մօտիկ է արեւմտեան մինէօր (Flat) թախծոտ ձայնաշարին: Նոյն մաքամին կը պատկանի, օրինակ, Ում Քալսումի կատարած Ապտուլ Ուահապի «Այս իմ գիշերն է» երգը (11):

Երգը Ռապիհի ճիչն է, միաժամանակ` գոյատեւելու կամքը: «Յաւերժ պիտի տոկամ վիշտերուս», կը կրկնէ երգիչը (12):

Խոր հնութիւն ունի նաեւ այն թանկագին, բայց որբ ջութակը, որ Ռապիհ կ’որդեգրէ եւ կը վերածէ իր խօսափողին (13): Ոչինչ գիտենք ջութակի ծագման մասին: Այս իմաստով այդ թանկագին «որբը» նման է Ռապիհի:

Սինթիա Զաւէնին յօրինած դաշնակի երաժշտութիւնը այնքան ազդու էր, որ քանի մը անգամ ուշադրութիւնս շեղեց պատկերէն,  յատկապէս` վերը տեսնուած միջանցքի տեսարանի ընթացքին: Վստահ չեմ` այս մեղադրա՞նք է, թէ՞ գովասանք:

«Ռապիհ» խոր զգայնութեամբ, ժամանակակից ըմբռնումներով գրագէտ ժապաւէն մըն է:

———————————————

  1. «Ազդակ» իր 15 մայիսի թիւով արտատպած էր «Daily Star»-ի հակիրճ ակնարկը:
  2. «Je Suis Un Voyou» – Georges Brassens, 1995, որ կ’ըսէ.- Le temps, à grands coups de faux, peut faire des siennes… J՛ai perdu la tramontane en perdant Margot:
  3. Որոնց շարքին` նաեւ այն վարկածը, որ իբր թէ կարճ շրջան մը մնացած է «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Հաւանաբար բեմադրիչի կողմէ ակնարկ` իր ծագումին:
  4. Ի դէպ, կ’ենթադրուի, որ Հոմերոս նոյնպէս կոյր էր:
  5. Եռ-ա-ծալ, յունարէն` թրի-փթիխ: Երեք յարակից պատկերներէ կազմուած պաստառ:
  6. Ի դէպ, Թաուֆիք Պարաքաթ, որ իսկապէս Պարաքաթ Ժապպուրի քեռին է, ցուցաբերեց աւելի քան ընդունելի խաղարկութիւն:
  7. Ականջը խօսի բոլոր ցեղասպանագիրներուն, արհաւիրքը կարելի չէ վերարտադրել:
  8. Արեւելեան բնակարանները ունէին կեդրոնական սենեակ, ուր կը տեղաւորուէր տան նահապետը:
  9. Ռապապէ լարային լացակումաց գործիք մըն է: Երգի արաբերէն բառերն են «Տիքի տիքի եա ռապապա… տիքի աֆըրաք ալ հապապա, պաատա մա րահու ուղապու… Ուալլատու պիքալպի ալաազապա:
  10. Ականջը խօսի բոլոր անոնց, որոնք միլիոններ կը յատկացնեն հոլիվուտեան աստղեր վարձելու համար:
  11. «Հեզիհի Լէյլեթ»-ի, բառերը` Ժորժ Ժրտաքի, 1968:
  12. «Հա ասպոր ալա թուլ ալա ահզանի»:
  13. Կ’իմանամ, որ ջութակը կը պատկանի Սինթիա Զաւէնի մեծ հօր:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>