Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հին Ու Նոր Երազներ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսպէս, տարեշրջանը կ՛աւարտենք Միացեալ վարժարանի հեռանկարով եւ նորարարութեան ձգտումով վերամուտին նոր` Միացեալ վարժարանի դռները կը բանանք, միաւորելով ազգային 6 վարժարաններ:

Անցնող տասնամեակներուն մեր թաղային դպրոցները եղած էին մեր դպրոց, եկեղեցի, ակումբ երրորդութեան ողնայարը:

Անցնող տասնամեակներուն մեր պատանեկան, երիտասարդական, ուսանողական թէ միութենական բոլոր աշխատանքներուն մատակարարը այդ դպրոցները եղած էին:

Անցնող տասնամեակներուն իրերայաջորդ սերունդներ լուռ ու մունջ, ծով համբերութեամբ մեր դպրոցները կանգուն պահեցին: Պատերազմի ամէնէն դժուար օրերուն, ռումբերու տակ դպրոց բացին, սերունդներ դաստիարակեցին, հերոսներ ծնան այդ թաղերէն, Պուրճ Համուտը պաշտպանող տղաքը այդ դպրոցներէն էին: Հայաստանի երազը վառ պահողը այդ դպրոցի ուսուցիչներն էին:

Դպրաց դասերը, կիրակնօրեայ դպրոցները, թաղականները, խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները` բոլորն ալ այդ թաղային դպրոցներէն ելած էին: Այսօր պիտի փակուին այդ կառոյցներուն դռները, եւ պիտի ունենանք նորը: Պիտի ունենանք աւելի արդիական, աւելի մասնագիտական, աւելի ուրախ եւ պայծառ դասարաններ: Բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ այդ թաղային վարժարաններու ոգին եւ շունչը, նուիրումի եւ անձնազոհութեան օրինակը նոյն մակարդակով պահպանուի:

Կեանքի օրէնքն է, ճիշդ է, պէտք է նոր աշխատելաոճ` նոր ուժերով օժտուած: Սակայն նորերը պէտք է մասնակից ըլլան մեր ազգային, միութենական, կրօնական, մշակութային թէ այլ ձեռնարկներու եւ նախաձեռնութիւններու:

Պատկանելիութեան զգացումը պէտք է ունենան: Հինէն եկած աւանդութիւնները պէտք է պահուին:

Ամէն բան ձեւական, մակերեսային, նկարուելու եւ դիմատետրերու էջերով չ՛ըլլար: Ոգի պէտք է այդ նոր շէնքին մէջ: Շունչ պէտք է այդ նոր կառոյցին մէջ:

Վարձքը կատար բոլոր ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն, տնօրէններուն, խնամակալութիւններուն, ծնողական յանձնախումբերուն, քահանաներուն, որոնք տարիներու վրայ իրենց արիւնն ու քրտինքը տուին: Ամիսներով ամսական չգանձեցին եւ լուռ ու մունջ աշխատեցան: Ամիսներով դժուար պայմաններու մէջ մնացին, սակայն միշտ իրենց դպրոցին կողքին եղան:

Կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ նոր դպրոցը նոր շունչ եւ ոգի բերէ մեր գաղութին:

Յուսանք, որ իւրաքանչիւրս կարենանք մեր դրական ներդրումը ունենալ այս նախաձեռնութեան:

Լարուած ճիգով նոր երազներ ունենանք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>